Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Սեպտեմբեր 29, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Արժանթին

Արժանթինի Հայութեան Երթ` Դէպի Ազրպէյճանի Դեսպանատուն

Արժանթինի հայ համայնքի երիտասարդական կազմակերպութիւնները, Արժանթինի հայկական հաստատութիւններուն (IARA) աջակցութեամբ, 25 սեպտեմբերին երթ կատարեցին դէպի Ազրպէյճանի դեսպանատուն` իրենց բողոքը արտայայտելով 13 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ յարձակման դէմ: Այս մասին կը գրէ «Տիարօ Արմենիա»-ն:

Նկատի ունենալով, որ 27 սեպտեմբերին ամբողջացաւ Արցախի դէմ Թուրքիոյ աջակցութեամբ Ազրպէյճանի սանձազերծուած պատերազմին 2-րդ տարին, երիտասարդները ընդգծեցին. «13 օր առաջ Ազրպէյճան սկսաւ նոր յարձակումի, այս պարագային` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ժողովուրդին դէմ»:

Անոնք շեշտեցին, որ ազրպէյճանական բանակը կազմակերպուած յարձակումներ գործած է Հայաստանի տարբեր բնակավայրերու, սահմանամերձ շրջաններու վրայ, դիտել տալով, որ այս յարձակումը ուղղուած էր Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ, եւ որուն պատճառով արձանագրուած են զոհեր: Հակառակորդը թիրախաւորած է նաեւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ:

Ցուցարարները ընդգծեցին, որ յարձակման պատճառները նոյնն են, ինչ որ 1915-ին, երբ գործադրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը` փանթրքական ծրագիրը:

«Ասիկա նոր ցեղասպանական փորձ է, եւ ապացոյցները յստակ են: Մենք պէտք է խստօրէն դատապարտենք ազրպէյճանական եւ թրքական ռազմական գործողութիւնները, որոնք կը սպառնան տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ ապահովութեան: Թող ամբողջ Արժանթինը գիտնայ, որ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան երկու ցեղասպան պետութիւններ են», ընդգծեցին երիտասարդները` տեղւոյն իշխանութիւններուն ուղղուած խնդրագիրին մէջ:

Երիտասարդները նաեւ ուղերձ յղեցին Արժանթինի մէջ Ազրպէյճանի նորանշանակ դեսպանին` շեշտելով, որ Արժանթինի մէջ կարելի չէ պարտադրել ժխտողականութեան քաղաքականութիւն, եւ որ իրենք պիտի չլռեն:

Սպանիա

Ազրպէյճանի Բարբարոսութիւններու Դէմ Ցոյց

Վերջերս Սպանիոյ Ալիկանտէ քաղաքին մէջ քաղաքապետարանի շէնքի մօտ կազմակերպուեցաւ ցոյց` դատապարտելով 13 սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ  տեղի ունեցած Ազրպէյճանի բարբարոսութիւնները: Յիշեալ քաղաքի հայկական միութեան նախագահ Յասմիկ Քոչարեան յայտնեց, որ ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերած են հայեր ոչ միայն  Ալիկանտէն, այլ նաեւ  դրացի քաղաքներէն:

Քոչարեան ընդգծեց, որ տեղի համայնքը բաւական գործօն է: Նման նախաձեռնութիւններով համայնքը հանդէս եկած էր նաեւ քառօրեայ եւ 44-օրեայ պատերազմներուն ժամանակ:

Ան յայտնեց, որ յառաջիկային պիտի կազմակերպեն երթ մը, որուն հաւանութեան կը սպասեն: Երթի ընթացքին պիտի պահանջեն Ազրպէյճանի մէջ գտնուող գերիներու ազատ արձակում, ինչպէս նաեւ` ազրպէյճանցիները հայկական հողէն դուրս հանել, աւելցնելով, որ երթը պիտի սկսի հրապարակէն եւ պիտի հասնի մինչեւ Ալիկանտէի քաղաքապետարան:

Յայտնենք, որ Ալիկանտէի համայնքը կը գործէ 2007 թուականէն ի վեր: Առաջին հայկական խաչքարը Սպանիոյ մէջ տեղադրուած է Ալիկանտէ քաղաքին մէջ, 2008 թուականին: Հոն կը գործէ հայկական դպրոց մը` 83 աշակերտներով:

Միացեալ Նահանգներ

Հայ Ռազմագերիներու Գլխաւոր Փաստաբան Սիրանուշ Սահակեանի Այցելութիւնը

«Արդարադատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոն»-ի, Հայ իրաւաբաններու միութեան եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրով 10 սեպտեմբերին մարդկային իրաւունքներու պաշտպան եւ մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի հայ ռազմագերիներու եւ անոնց ընտանիքներու գլխաւոր փաստաբան Սիրանուշ Սահակեան այցելեց Լոս Անճելըս:

Պրպենքի «Պեշիր Մարտիրոսեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք, որուն զուգահեռ նոյն կեդրոնի այլ սրահի մը մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ նուիրուած Արցախէն տեղահան եղած ընտանիքներու: Հայկական իրաւական կեդրոնի համանախագահ Սթիւ Տէտէեան, որ նաեւ վարեց օրուան հանդիպումը, ներկայացուց Սահակեանը եւ հրաւիրեց զայն արտասանելու իր խօսքը:

Սահակեան ներկայացուց հայ ռազմագերիներու վիճակը, մանրամասն փաստերով եւ ապացոյցներով խօսեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ ազրպէյճանական վարչակարգի յանցաւոր անմարդկայնութեան մասին:

Աւելի ուշ, երեկոյեան Սիրանուշ Սահակեան ներկայ գտնուեցաւ Քալիֆորնիոյ Շերման Օքս քաղաքին մէջ գտնուող Յովհաննիսեանի բնակարանին մէջ հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման նուիրուած դրամահաւաքի յատուկ հանդիպումին:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ իրաւաբան Արմէն Յովհաննիսեան, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ Հայ իրաւաբաններու միութեան նախագահ Լիւսի Վարպետեանը: Վարպետեան խօսեցաւ Սահակեանի աշխատանքի կարեւորութեան եւ անոր աջակցելու անհրաժեշտութեան մասին: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յովիկ Սալիպան, որ  ընդգծեց, թէ ՀՅԴ-ն Հայաստանի կամ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ կը շարունակէ աջակցիլ Հայ իրաւական կեդրոնի նախաձեռնութիւններուն եւ Սահակեանի նման հայրենասէրներու աշխատանքին, որովհետեւ ՀՅԴ-ն իր միասնական համաշխարհային կազմակերպութեամբ միշտ կանգնած է հայ ազգի զինուորներու կողքին եւ անոնց հետ է:

Յայտնենք, որ Սահակեան Երեւանի Համեմատական իրաւունքի միջազգային կեդրոնի նախագահն է եւ հրաւիրուած էր Լոս Անճելըս` իր եւ իր գործընկերներու կողմէ ազրպէյճանական գերութենէն հայ ռազմագերիները տուն բերելու աշխատանքներու մասին հանրութեան տեղեկացնելու համար: Սահակեան` իբրեւ հայ ռազմագերիներու իրաւապաշտպան, հայ ռազմագերիներու անունով մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան հայցեր կը ներկայացնէ:

Սահակեան ոչ միայն կը ծառայէ որպէս Երեւանի Համեմատական իրաւունքի միջազգային կեդրոնի նախագահ, «Իրաւունքի ուղի» հասարակական կազմակերպութեան համահիմնադիրն է եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի օժանդակ դասախօս, ուր նաեւ կը հանդիսանայ մարդկային իրաւունքներու եւ ընկերային արդարութեան մագիստրոսական ծրագիրի համակարգող: Երեւանի համեմատական իրաւունքի միջազգային կեդրոնի  հետ իր աշխատանքի միջոցով ան ներկայիս համագործակցութեան մէջ է Արդարադատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու հայկական իրաւաբանական կեդրոնին հետ` ապացոյցներ եւ վկաներու ցուցմունքներ հաւաքելու, իրաւական փաստաթուղթեր ՄԻԵԴ ներկայացնելու համար:

Ուաշինկթընի մէջ հաստատուած Հայկական իրաւական կեդրոնը միջազգային իրաւական հաստատութիւն մըն է, որ հիմնադրուած է 2016 թուականին Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի հիմնադրամին ներդրումով:

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը 264.500 Տոլարի Կրթանպաստ Յատկացուցած Է

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան կրթանպաստներու յանձնախումբի ատենապետ Ճան Չերքեզեան տեղեկացուց, որ 2022-2023 կրթական տարեշրջանին համար ընկերակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի համալսարաններուն մէջ իրենց ուսումը շարունակող 84 ուսանողներու տրամադրած է 232.500 ամերիկեան տոլար կրթանպաստ:

Ընկերակցութիւնը նաեւ 32 հազար ամերիկեան տոլար կրթանպաստ յատկացուցած է Հայաստանի մէջ համալսարանական ուսման հետեւող ուսանողներու, շարունակելով հայ ուսանողներու` նեցուկ կանգնելու իր առաւել քան 50 տարիներու աւանդութիւնը, որմէ օգտուած են հազարաւոր համալսարանականներ:

Ընկերակցութիւնը աշխարհի տարածքին կրթական այլ ծրագիրներ եւս կ՛իրականացնէ եւ յատկանշական աջակցութիւն կը տրամադրէ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանութեան վարժարանին:

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց ՀՕՄ–ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը

13 սեպտեմբերին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց ՀՕՄ-ի Արեւմտեան շրջանի նորընտիր Շրջանային վարչութեան այցելութիւնը` գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեանի:

Հանդիպման ընթացքին առաջնորդ սրբազանը դրուատեց ՀՕՄ-ի աշխարհատարած գործունէութիւնը` շեշտը դնելով Արեւմտեան շրջանի կառոյցին ցուցաբերած այն բազմամակարդակ օգնութեանց վրայ, որոնք ուղղուած են Հայաստան-Արցախի, Ջաւախքի, սփիւռքի կարիքաւոր գաղթօճախներուն, եւ որոնք կ՛ընդգրկեն բազմակի երեսներ, ինչպէս` հայրենեաց մարտիկներու եւ անոնց ընտանիքներու, լիբանանահայ եւ սուրիահայ աղէտեալ հայրենակիցներու նիւթական, բժշկական, կրթական, բարոյահոգեբանական մնայուն օժանդակութիւն` ՀՕՄ-ի տեղւոյն մասնաճիւղերու ճամբով:

Սրբազանը վեր առաւ Հայ եկեղեցւոյ եւ ՀՕՄ-ի միջեւ ստեղծուած դար մը եւ աւելի յարաբերութիւնը` դիտել տալով, որ բոլոր միութիւններէն եւ կառոյցներէն աւելի յառաջադէմ է ՀՕՄ-ը, որ շօշափելի եւ պատկառանք առթող քանակութեամբ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ ե՛ւ հայրենիքի, ե՛ւ աշխարհացրիւ հայկական օճախներուն: Այս առիթով ան շնորհաւորեց նորընտիր վարչութիւնը` յոյս յայտնելով, որ դեռ երկար կը շարունակուի ՀՕՄ-ի հետ սրտակցական կապն ու փոխադարձ յարգանքը Արեւմտեան թեմէն ներս, յատկապէս երբ ազգ ու հայրենիք որեւէ աղէտի կամ դժուարութեան պահուն այս շրջանին կը նային` իբրեւ անմիջական օգնութեան հասնող օրհնաբեր ձեռք ու առատաձեռնութեան խորհրդանիշի:

Հանդիպումի ընթացքին վարչութեան անդամները նաեւ արտայայտուեցան իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն` անդրադառնալով յետհամավարակի գաղութային կեանքի մէջ տիրող ոչ բարենպաստ մթնոլորտին, դիտել տալով, որ այդ մթնոլորտը նաեւ կը դժուարացնէ բարեսիրական կազմակերպութեանց գործունէութիւնը, եւ այս վիճակի յաղթահարման համար անոնք հայցեցին սրբազանին խրատն ու ցուցմունքը:

Առաջնորդ սրբազանը յորդորեց ՀՕՄ-ի նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը շարունակելու իր հայրենանուէր եւ հայանուէր գործունէութիւնը` հաւատարիմ մնալով իր պատմական դերին, նախնեաց աւանդին, ինչպէս նաեւ` հայրենի եզերքին ու համայն հայութեան անընդհատ տրուելու եւ բաշխուելու իր վսեմ առաքելութեան:

Քանատա

Ժողովրդային Հաւաք` Ի Նպաստ Արցախի Անկախութեան Պաշտպանութեան

Նոր թափ առած դիմադրութեան շարժումի ծիրէն ներս  4 սեպտեմբերին Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային զօրակցական հաւաք` ի նպաստ Արցախի անկախութեան պաշտպանութեան ու արցախահայութեան, եւ ընդդէմ` Արցախի հայաթափումի սպառնալիքին:

Հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց Գրիգոր Պէպէճեան, որ անդրադարձաւ պահի լրջութեան` լուսարձակի տակ առնելով Հայաստանի ու Արցախի ճգնաժամային իրավիճակը եւ շեշտելով Թորոնթոյի հայութեան անվերապահ աջակցութիւնը դիմադրութեան շարժումի գաղափարներուն, տեսլականին, քաղաքական ուղղուածութեան եւ պահանջներուն:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ «Դիմադրութիւն»  շարժումի հաւաքէն բաժիններ, ուր շեշտադրուած էր շարժումի գաղափարախօսութիւնն ու նպատակները: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Յայտնենք, որ յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն տեղի պիտի ունենան նաեւ լսարաններ եւ ձեռնարկներ:

Լոյս Տեսաւ Զարեանի Եւ Տարելի Միացեալ Հատորը

Վերջերս Համազգայինի Քանատայի Շրջանային վարչութեան Հրատարակչական հիմնադրամի «Օշական» մատենաշարէն լոյս տեսաւ Կոստան Զարեանի «Կղզին եւ մի մարդ» եւ Լորընս Տարելի «Պրոսպերոյի կղզին» գործերը պարփակող միացեալ հատորը:

Ընդառաջելով մատենաշարի խմբագրական խորհուրդի դիմումին` հատորին կազմութիւնը, խմբագրութիւնը եւ բոլոր ծանօթագրութիւններու պատրաստութիւնը կատարեց հանրածանօթ գրականագէտ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, որուն գրական վաստակին մէջ նկատառելի տեղ կը գրաւէ Զարեանի կեանքին ու գործին ուսումնասիրութիւնը:

Զարեանի գործը առաջին անգամ լոյս տեսած է 1955-ին` «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ (գիրքով`  2016-ին, Հայաստանի մէջ): Հեղինակը իր վիպակին նիւթը քաղած է իտալական Իսկիա կղզիին վրայ իր կեցութեան տարիներէն` կերպարներու շարքին ներկայացնելով իր վաղեմի բարեկամ անգլիացի նշանաւոր գրագէտ Լորընս Տարելը: Հատորին միւս գործը` «Պրոսպերոյի կղզին» ուղեգրութիւնը, որուն կերպարներէն մէկը Զարեանն է, հայերէնի թարգմանած է հանգուցեալ դոկտ. Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեան:

Զանազան ուսումնասիրութիւններ անդրադարձած են Զարեանի եւ Տարելի բարեկամութեան, որ ծաւալած է երկու գրողներուն Յունաստանի եւ Իտալիոյ կղզիներուն վրայ իրենց կեցութիւններու շրջանին: Ներկայ հատորը առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացնէ երկու գրագէտներու յարաբերութեան ամբողջական թղթածրարը, որքան որ ցարդ հասանելի է: Այդ նիւթերը մեծ մասամբ այս հատորին համար թարգմանած ու հրատարակութեան պատրաստած է դոկտ. Մատթէոսեան:

ՀՕՄ–ի Հեծելարշաւ–Նուիրահաւաքին Գոյացած 25 Հազար Տոլարը Պիտի Նուիրուի «Զինուորի Տուն» Վերականգնողական Կեդրոնին

Հայ օգնութեան միութեան Քանատայի Շրջանային վարչութիւնը տեղեկացուց, որ թորոնթոհայեր Խորէն Մարտոյեանի եւ Րաֆֆի Տեմիրճեանի ձեռնարկած  հեծելարշաւ-դրամահաւաքը հանգանակած է 25 հազար ամերիկեան տոլար:

Երեւանի «Զինուորի տուն» վերականգնողական կեդրոնին ի նպաստ հեծելարշաւը սկիզբ առաւ 12 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 7:00-ին, Մարքամի «Յոյսի անտառ» պուրակին մէջ տեղադրուած` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշաքարին մօտէն` ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան անդամ Անի Հոթոյեան-Ժոլիի, որ վարչութեան անունով յաջողութիւն մաղթեց հեծելանւորդներուն:

14 օգոստոսին, 389 քիլոմեթր արշաւելէ ետք, Մարտոյեան եւ Տեմիրճեան Օթաուայի Եուսուֆ Քարշի կիսանդրիին մօտ ծափողջոյններով դիմաւորուեցան ՀՕՄ-ի անդամներու կողմէ: ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան անունով  Ազգանուշ Հատիտեան գնահատեց մարզիկները, որոնք ջանք չխնայեցին այս հեծելարշաւէն գոյացած  25 հազար ամերիկեան տոլար գումարով հայրենիքի պաշտպանութեան համար վիրաւորուած զինուորին աջակցելու: Անգլերէն լեզուով շնորհաւորական  խօսք արտասանեց նաեւ Օթաուայի «Սեւան» մասնաճիւղի ատենապետ Թալին Շիրիքճեան:

 

Նախորդը

Հետաքրքրական. Եղնիկը` Ջերմուկի Խորհրդանիշ

Յաջորդը

Ո՞վ Պիտի Կերտէ Ազգային Միասնականութիւնը

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?