Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ – Գաղութ

Հոկտեմբեր 13, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ 

Կիպրոս

ՀՄԸՄ–ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան

7 հոկտեմբերին Ազգային առաջնորդարան այցելեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանը եւ հանդիպում ունեցաւ  թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանին հետ:

Հանդիպման ընթացքին անոնք խօսեցան ՀՄԸՄ-ի Կիպրոսի մասնաճիւղի Ընդհանուր ժողովի եւ նոր վարչութեան ընտրութեան մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձան Հայաստանի եւ սփիւռքի կարգ մը երկիրներու մէջ կատարուած գործունէութեանց, դիմագրաւած այլազան դժուարութիւններու առնչուած հարցերուն, նոր ծրագիրներու եւ մարտահրաւէրներու մասին:

Սրբազան հայրը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց հանդիպման համար,  բարձրօրէն գնահատեց ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը` հաստատելով, որ անիկա կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է սփիւռքի տարածքին ընդհանրապէս եւ անշուշտ Կիպրոսի մէջ հայապահպանման ու դաստիարակչական նուիրական առաքելութեամբ,  մանուկներն ու պատանիները ոչ միայն մարզական ոգիով թրծելու , այլեւ` հայու հոգիի արմատացումով, անոնց մէջ կերտելով եւ առաւել զօրացնելով ազգային եւ հոգեւոր նկարագիրը: Սրբազանը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց օգտակար ըլլալու բոլոր աշխատանքներուն:

Սուրիա

Երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան Դասախօսեց Հայ Մշակոյթի  Տարբեր Բնագաւառներուն Շուրջ

Կարեւոր համարելով մշակոյթին դերը ազգի մը գոյատեւման եւ այլ ազգերու ճանաչելի դառնալու գործընթացին մէջ, 28 սեպտեմբերին Դամասկոսի «Քաֆարսուսէ» արաբական մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին հանդէս եկաւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան:

Ռէյիսեան նախ բացատրեց մշակոյթ հասկացողութեան գիտական բնորոշումը, անդրադարձաւ հայկական մշակոյթի ամփոփ պատմականին եւ տարբեր ճիւղերու հետ անոր ունեցած փոխադարձ կապակցութեան, որմէ ետք ներկայացուց հայկական երաժշտութիւնը անցեալէն մինչեւ օրս` անդրադառնալով պարարուեստի, գորգագործութեան, որմնանկարչութեան, մանրանկարչութեան, գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան, հայկական մետաղագործութեան, ներառեալ ոսկերչութեան ու արծաթագործութեան: Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ հայկական ճարտարապետութիւնը եւ ասեղնագործութիւնը` յիշելով իւրաքանչիւր բաժինի հիմնական դէմքերը եւ անոնց գործերը, որոնք մեծ պաստառի վրայ նաեւ տեղ գտան որպէս յաւելեալ բացատրութիւն:

Դասախօսական ձեռնարկին զուգահեռ, ՍՕԽ-ը կազմակերպած էր հայկական արուեստի հարուստ ժառանգութենէն նմուշներու ցուցահանդէս մը, ուր ներկաները մօտէն ծանօթացան հայկական ասեղնագործութեան, ինչպէս` Մարաշի, Ուրֆայի, Այնթապի, Վանի, Սվազի, Մալաթիոյ եւ Տիգրանակերտի ասեղներուն:

Յունաստան

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ Յասմիկ Շահինեանի Այցելութիւնը «Ազատ Օր»-ի Խմբագրատուն Եւ Հ. Կ. Խաչի Ազգային Վարժարաններ

23 սեպտեմբերին «Ազատ Օր»-ի խմբագրատուն այցելեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Յասմիկ Շահինեանը` ընկերակցութեամբ Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յուլիանա Մանուկեանի:

Իր կեցութեան առիթով Յ. Շահինեան այցելեց Հ. Կ. Խաչի երեք ազգային վարժարանները եւ մօտէն իրազեկ դարձաւ կրթական ծրագիրներուն եւ հայերէնի դասաւանդութեան: Խօսելով այն մթնոլորտին մասին, որուն ականատես եղաւ մեր վարժարաններուն մէջ, ան յայտնեց, որ շատ հարազատ զգաց` նշմարելով, թէ եռանդը չի պակսիր ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն մօտ, իսկ յատուկ շեշտ դրաւ հայոց լեզուի ու պատմութեան արդի դասագիրքերու գործածութեան վրայ:

Ան նաեւ կարեւոր նկատեց Եւրոպայի մէջ գործող հայկական վարժարաններուն միջեւ յարաբերական կապեր ստեղծելու հնարաւորութիւնները:

Անդրադառնալով Ֆրանսայի մէջ Համազգայինի անունով գործող վարժարաններուն, Շահինեան ներկայացուց Մարսէյի ճեմարանի պատկերը, որ իր մանկապարտէզով, նախակրթարանի ու երկրորդականի բաժիններով կը պահէ 385 աշակերտներ: Փարիզի մէջ կը գործէ «Համազգային-Թարգմանչաց» վարժարանը` 138 աշակերտներով, որ նաեւ միջնակարգ բաժին ունենալու հնարաւորութիւնը ունի: Շահինեան նկատեց, որ կարելի է յարաբերական ու գործակցական կապեր ստեղծել Յունաստանի Հ.Կ.Խաչի եւ Ֆրանսայի Համազգայինի վարժարաններուն միջեւ` կրթական, մշակութային եւ մանկավարժական ծրագիրներու փոխանակման նպատակով ու աշակերտներուն միջեւ սերտ կապեր ստեղծելու ակնկալութեամբ:

Անդրադառնալով Եւրոպայի մէջ Համազգայինի ծրագիրներու անդրադարձ կատարուեցաւ «Եութ լինքս Եուրոփ» ծրագիրին, որ կը միտի եւրոպական ցամաքամասի հայ երիտասարդները ծանօթացնել արուեստի մասնագէտներու եւ հայ մշակոյթի ոլորտներուն: 2023-ին համար սոյն հանդիպումը նախատեսուած է իրագործել Մարսէյի մէջ, իսկ անցեալին նման հանդիպում կայացած է Վենետիկի մէջ: Շահինեան նշեց, որ սոյն ծրագիրը շատ կարեւոր կը նկատուի, սակայն պէտք է զօրացնել քարոզչական բաժինը, որպէսզի աւելի մեծ թիւով երիտասարդներ տեղեակ պահուին ու մասնակցութիւն բերեն:

Շահինեան յայտնեց, որ ներկայիս Համազգայինը մասնաճիւղեր կը պահէ Յունաստանի, Ֆրանսայի եւ Շուէտի հայկական գաղութներուն մէջ: Սակայն, նկատի ունենալով, որ Եւրոպայի այլ երկիրներու մէջ եւս բաւական ստուար է հայութեան թիւը, Համազգայինը ծրագիր կը մշակէ եւ կարելիութիւնները կը քննէ ընդլայնելու մասնաճիւղերուն թիւը, հիմնելով նոր միաւորներ: Այսպէս, կարելի է նաեւ ստեղծել միջմասնաճիւղային ցանց մը, որ հետամուտ պիտի ըլլայ համատեղ ծրագիրներու ու գործունէութեան ընդլայնման: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց նաեւ զանազան ծրագիրներուն համար յատուկ նիւթական աղբիւրներ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ ներկայիս Եւրոպայի մէջ ապրող հայութիւնը կարեւոր ուժ կը ներկայացնէ եւ կրնայ սատարել մշակութային կեանքի ծաղկեցման, նկատելով, որ Հայաստանէն մեծ թիւով հայրենակիցներ մնայուն կայք հաստատած են եւրոպական քաղաքներու մէջ եւ կը պահեն մշակութային ու գեղարուեստական բարձր հետաքրքրութիւն:

Յայտնենք, որ Յասմիկ Շահինեան դուստրն է հանգուցեալ մանկավարժ եւ մտաւորական Գրիգոր Շահինեանի: Ծնած է Լիբանան եւ կազմաւորուած է մտաւորական մթնոլորտի մէջ, յատկապէս` հօր անմիջական շունչին տակ: Ան մնայուն կայք հաստատած է Փարիզի մէջ եւ կը զբաղի մանկավարժութեամբ, ինչպէս նաեւ մանկապատանեկան գրականութեան մասնագէտ է: Կ՛աշխատի Ֆրանսայի Ազգային գրադարանի մանկապատանեկան կեդրոնի միջազգային բաժինէն ներս: 2014-էն ի վեր կեդրոնին մէկ բաժանմունքը կը գործէ Հայաստանի մէջ եւս: Միջազգային կեդրոնին նպատակն է ծանօթացնել ու տարածել իւրաքանչիւր երկրի մանկապատանեկան գրականութիւնը:

Փարիզի մէջ ան կը պահէ հայկական մանկապատանեկան գիրքերու «Քոթոթ» հրատարակչատունը: Հեղինակն է հայերէնով մանկական երեք գիրքերու:

«Days: The Fight For A Nation» Վաւերագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» երիտասարդական միութեան, 2 հոկտեմբերին եկեղեցւոյ կից գտնուող «Տէր Զաքարեան» սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ «Days: The Fight For A Nation» վաւերագրական ժապաւէնը, նուիրուած արցախեան պատերազմի Բ. տարելիցին:

Յայտնենք, որ նախքան վաւերագրական ժապաւէնը, տեղի ունեցաւ աղօթք արցախեան պատերազմի զոհերու յիշատակին: Նկատի ունենալով, որ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեանը կը գտնուէր երկրէն դուրս, արդիական միջոցները օգտագործելով` հեռակայ ուղարկած էր աղօթքը, որ լսուեցաւ ներկաներուն կողմէ խունկ ու մոմ վառելով մեր նահատակներուն եւ անմառ պահելով անոնց յիշատակը:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Կարէն Գրիգորեանը Նշանակուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Մէջ Հայաստանի Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան

Վերջերս Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, հիմնուելով վարչապետի առաջարկին` համաձայն սահմանադրութեան 132-րդ յօդուածի 1-ին մասի 2-րդ կէտին, ինչպէս նաեւ «Դիւանագիտական ծառայութեան մասին» օրէնքի 13-րդ յօդուածի 3-րդ եւ 14-րդ յօդուածի 1-ին մասերուն, ստորագրեց հրամանագիր մը, ըստ որուն, ան կը նշանակէ Կարէն Գրիգորեանը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան: Գրիգորեանի նստավայրը պիտի ըլլայ Ապու Տապին:

Միացեալ Նահանգներ

Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Արտակարգ Ժողով

Նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, 1 հոկտեմբերին Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թեմի Ազգային երեսփոխանական 50-րդ նստաշրջանի արտակարգ ժողովը, մասնակցութեամբ հոգեւոր եւ աշխարհիկ Ազգային երեսփոխաններու, ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի եւ շրջաններու հոգաբարձական կազմերու ատենապետներու,  որոնք ժողովի աւարտին ընտրեցին 15 պատգամաւորներ եւ 3 փոխանդամներ` առ ի մասնակցութիւն յառաջիկայ 7-9 դեկտեմբերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ գումարուելիք Ազգային Ընդհանուր ժողովին:

Սրբազան հայրը իր բարի գալուստի խօսքին մէջ անդրադառնալով վերջին մէկ տարուան ընթացքին թեմի իրագործած ծրագիրներուն` յայտնեց, որ առաջին գիծի վրայ կը գտնուին` ա) մարդասիրական առաքելութիւն դէպի Հայաստան, բ) պարտաւորեցուցիչ զօրակցութիւն Հայրապետական աթոռին, գ) նիւթաբարոյական լայնածիր օժանդակութիւն Լիբանանի հայոց թեմին, Ազգային վարժարաններուն եւ ժողովուրդին, դ) զօրակցական արտայայտութիւն Հալէպի հայկական վարժարաններուն, ե) հսկայածաւալ եւ աննախընթաց զօրակցութեան ձեռքբերում` Արեւմտեան թեմի ազգային վարժարաններուն համար:

Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական աթոռը 65 տարիներէ ի վեր անմնացորդ ծառայութիւն կը բերէ Ամերիկայի մեր ժողովրդի կեանքին մէջ, իսկ անցնող 50 տարիներուն` որպէս առանձինն թեմ, սերմանողի մը պէս աննկուն կանգնած, բազմամակարդակ անդաստաններէ ներս, առողջ սերմեր կը ցանէ ու կը ցանէ` եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ ժողովուրդի կեանքէն ներս եւ տեղեկացուց, որ «Սփիւռքի տարի»-ի ծրագրին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս 2023 տարեշրջանի գարնան հովուապետական այցելութեամբ մը պիտի ժամանէ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմ:

Իր խօսքի աւարտին ան գնահատեց բոլորը` Ազգային առաջնորդարանի հսկայածաւալ  գործունէութեան զօրավիգ կանգնելու իրենց անսակարկ նուիրուածութեան համար:

Ժողովականները բարձր գնահատեցին առաջնորդ սրբազանին ցարդ կատարած օրհնաբեր ծառայութիւնը, հայանպաստ աշխատանքն ու յառաջիկայի համար նախատեսած ողջմիտ ծրագիրները եւ միաձայնութեամբ որոշեցին խնդրամատոյց ըլլալ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Թորգոմ »պս. Տօնոյեանի առաջնորդական բազմամակարդակ եւ բարեբեր ծառայութիւնները գնահատելու, անոր շնորհելով «Արքութեան» պատիւ եւ տիտղոս:

Նիստի աւարտին ժողովականները կատարեցին առաջարկներ ու թելադրանքներ եւ ընտրեցին 15 պատգամաւորներ ու 3 փոխանդամներ:

Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Համայնքի Հարիւրամեակին Նուիրուած Կալա–Ճաշկերոյթը Նոր Դարաշրջանի Մեկնակէտ

Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, 23 սեպտեմբերին Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ համայնքի հիմնադրման 100-ամեակին եւ Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ կառուցման 40-ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկան Արաքսիա Կարապետեան եւ Նազարէթ Ծատորեան, որոնք անդրադարձան Ս. Խաչ ծխական համայնքի հարիւրամեայ իրագործումներուն եւ Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ հիմնադրման հանգամանքներուն, ինչպէս նաեւ` շրջանի նուիրեալ զաւակներու վաստակին ու յառաջիկայի համար նախատեսուած եկեղեցանուէր ծրագիրներու:

Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Համօ Գասպարեան ներկայացուց Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հակիրճ պատմականն ու մայր եկեղեցւոյ աստուածահաճոյ եւ ժողովրդանուէր առաքելութեան հիմնական գիծերը:

Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Միւռոն ծ. վրդ. Ազնիկեան իր խօսքին մէջ վեր առաւ Հայ եկեղեցւոյ պատմական դերը` ազգի գոյութենական պայքարի ճամբուն վրայ եւ մինչեւ մեր օրերը, նշելով, որ Արարատի երկրէն հազարաւոր մղոններ հեռու` Խաղաղականի այս օտար ափերուն դար մը եւ աւելի տարիներ առաջ հասած գաղթական հայ բեկորներ բազում զրկանքներով, աննկուն կամքով, բայց մանաւանդ անբեկանելի հաւատքով ու նիւթական եւ բարոյական մեծ զոհողութիւններով 1922-ին կառուցեցին Ս. Խաչ եկեղեցին, որուն կեանքը այսօր կը շարունակուի Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ եւ յարակից բոլոր մասերով:

Առաջնորդ սրբազան հօր խօսքը թաթաւուն էր Կիլիկիոյ հայրապետական աթոռի գոյութենական դարաւոր մաքառումներու դէմ ցոյց տուած յաղթական շեշտով եւ քրիստոնէական հաւատքի աննկուն երկիւղածութեամբ: Ընդգծելով ազգ-հայրենիք-եկեղեցի եռանկիւնին կարեւորութիւնը հայութեան կեանքին մէջ` իբրեւ պատկանելութեան կռուան ու ազգային խորհրդանիշ, սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ հայրենի եզերքի ներկայ վտանգաւոր վիճակին եւ թելադրեց միացեալ բռունցքով դիմագրաւել ազգին ու հայրենիքին սպառնացող ամէն տեսակի վտանգ, միշտ գործել զգօն, միասնական ու սթափ, որպէսզի կարելի ըլլայ անցեալէն եկող, ներկան իմաստաւորող եւ դէպի ապագայ խոյացող մեր հայկական ինքնութեան շնորհել ապրելու նոր կեանք, հզօրանալու նոր հնարաւորութիւններ` մաղթելով հաւատքի մէջ տոկունութիւն, յոյսի մէջ անդրդուելիութիւն, սիրոյ մէջ եղբայրութիւն:

Առաջնորդ սրբազանը նաեւ այս առիթով շնորհաւորական խօսք ուղղեց Ս. Խաչ եկեղեցւոյ համայնքի զաւակներուն, բարերար սերունդի յաջորդներուն եւ Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, որ նոր դարաշրջանի ընդառաջ` գիտէ արժեւորել հարիւրամեայ անցեալը եւ նորոգ կորովով քալել դէպի նոր ժամանակներ: Առաջնորդ սրբազանը միաժամանակ ուրախութիւն յայտնեց, որ Մոնթեպելլօ համայնքի երիտասարդ զաւակներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն եկեղեցւոյ պայծառացման գործին, ապա այս առիթով, գնահատանքի իր խօսքին առընթեր, ան երախտիքի յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց կալա-ճաշկերոյթի հիւրընկալ Ռոն եւ Գոհարիկ Կապրիէլ ամոլին:

 

 

 

Նախորդը

Մեր Երեխաները. Ձեռագիր Գրելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Սփիւռքի Մրցունակ Գիտական Կեդրոնները` Այլընտրանքային Անհրաժեշտ Թթուածին

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?