Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարսէյի «Համազգային»-ի Վերամուտի Եւ Հայաստանի Երկրորդ Անկախութեան Նուիրուած Ձեռնարկ

October 6, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2022-ի առաւօտուն Մարսէյի «Համազգային» դպրոցի ամբողջ աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմը հաւաքուած էին դպրոցի մուտքի բակին մէջ` միասնաբար նշելու դպրոցի վերամուտն ու վերանկախութեան տօնը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհին` Շաքէ Ժամկոչեանը, որ հաստատեց, թէ ամէն տարիներէ տարբեր անկախութեան տօն է այս տարի` նկատի ունենալով մեր հայրենիքին սպառնացող վտանգները, ազերիական ոտնձգութիւնները եւ հայրենի սահմաններու պաշտպանութեան ի խնդիր իրենց կեանքը զոհաբերող մեր երիտասարդներուն խիզախութիւնն ու նուիրուածութիւնը: Ան խաղաղութիւն եւ սահմաններու ապահովութիւն մաղթելով մեր հայրենիքին, բարի վերամուտ մաղթեց աշակերտներուն` միաժամանակ կոչ ուղղելով, որ անոնք տէր կանգնին մեր լեզուին ու մշակոյթին:

Ապա տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն ու դպրոցի աւարտականի ու մանկապարտէզի աշակերտներէն ներկայացուցիչներ` զոյգ-զոյգ, բարձրացուցին Ֆրանսայի, Հայաստանի, Արցախի ու Համազգայինի դրօշները, մինչ դպրոցի աշակերտութիւնը յոտնկայս երգեց Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգները:

Աւարտական կարգերու աշակերտները հանդէս եկան հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով կատարուող բացման խօսքով մը, որուն ընդմէջէն անդրադարձան Հայաստանի ներկայ կացութեան ու հայ ժողովուրդի դարաւոր հայրենիքին սպառնացող վտանգին: Անոնք նաեւ իրենց խօսքին մէջ շնորհաւորեցին դպրոցին վերամուտը` հաստատելով, որ հայկական դպրոցը եւս օտարութեան մէջ հայապահպանման հզօր ամրոց մըն է:

Երկրորդական դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին Ժագ Յակոբեանէն «Ո՛վ հայ, խօսէ՛ հայերէն» եւ Յովհաննէս Շիրազի «Մենք խաղաղ էինք մեր լեռների պէս» բանաստեղծական կտորները:

Մանկապարտէզի եւ Ա. դասարանի աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ երգեցին «Ի զէն, հայե՜ր» հայրենասիրական երգը, ապա ներկայացուցին ֆրանսերէն արտասանութիւն մը:

Երկրորդ  դասարանի աշակերտները, ձեռային աշխատանքով պատրաստած իրենց խաւաքարտէ մատիտները բարձր բռնած, ներկայացուցին հայերէնով մատիտին, իսկ ֆրանսերէնով դպրոցի մասին արտասանութիւններ, որուն աւարտին կազմեցին «Համազգային» բառը: Երրորդ դասարանի աշակերտները արտասանեցին դասարանի մասին գեղարուեստական կտոր մը, իսկ չորրորդները իրենց պատրաստած այբուբենները իրնեց կուրծքին` արտասանեցին Անահիտ Սարգիսեանի «Ծառ ու անտառ» կտորը, որ կը ներկայացնէր հայերէնի տարբեր ճիւղաւորումները:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ հինգերորդ դասարանի կողմէ կատարուած «Հայորդիք» երգով, որուն ընթացքին անոնք բարձրացուցին խաւաքարտներու վրայ տեղադրուած «Միշտ հայ», «Մայրենի լեզու» եւ «Հայոց պատմութիւն» բառերը: Երգեցողութեան միացան մնացեալ բոլոր դասարաններու աշակերտները եւս, եւ ձեռնարկը փակուեցաւ խանդավառ ու հայրենասիրական մթնոլորտով:

Կէսօրէ ետք միջնակարգի աշակերտները դպրոցի մարզադաշտին վրայ ունեցան մարզական խաղեր ու ֆութպոլի մրցաշարք:

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

«Ոսկեբերան Արզումանեան» Կրթական Հիմնադրամ 2022-2023 Տարեշրջան

RelatedPosts

Պէյրութը Կը Հանդիպի Հոլիվուտին  «Էպել» Սրահին Մէջ` Նշելու Հայկազեան Համալսարանի 70-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Պէյրութը Կը Հանդիպի Հոլիվուտին «Էպել» Սրահին Մէջ` Նշելու Հայկազեան Համալսարանի 70-Ամեակը

February 3, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.