Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Օգոստոս 18, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

 Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնին Առիթով Սկաուտական Աւանդական Տողանցք Քեսապի Մէջ

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային  վարչութեան, կիրակի, 14 օգոստոս 2022-ին, Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով, յետ սուրբ եւ անմահ պատարագի սկաուտական աւանդական տողանցք տեղի ունեցաւ Քեսապի մէջ` մասնակցութեամբ` Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մասնաճիւղերու փողերախումբերուն եւ սկաուտական կազմերուն:

Քեսապի Տարեկան Փառատօնը Հանդիսաւոր Շուքով Տեղի Ունեցաւ

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Սուրիոյ զբօսաշրջութեան նախարար Ռամի Ռատուան Մարթինիի, օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, գործակցութեամբ Լաթաքիոյ զբօսաշրջութեան տնօրէնութեան եւ Քեսապի գիւղապետութեան, շաբաթ, 13 օգոստոս 2022-ի միջօրէին հանդիսաւոր շուքով բացումը կատարուեցաւ Քեսապի տարեկան փառատօնին, որուն մասնակցեցան` Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղին էսդրատային նուագախումբն ու մեներգողները, «Սարդարապատ» պարախումբը, Լաթաքիոյ «Վ. Նաւասարդեան» մասնաճիւղին «Գեղարդ» պարախումբը, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը եւ ՍՕ Խաչը:

Բացումը Կատարուեցաւ Հալէպի «Արման» Պատմական Անունը Կրող Պանդոկին

6 օգոստոսին Հալէպի «Համտանիէ» թաղամասին մէջ «Արման» զբօսաշրջային ընկերութիւնը բացումը կատարեց  հինգ աստղանի «Արման» պանդոկին ներկայութեամբ տնտեսական, արդիւնաբերական եւ զբօսաշրջային հատուածներու ներկայացուցիչներու, սուրիացի հանրածանօթ դերասաններու եւ երգիչներու:

Պատմութեան էջերուն մէջ կը կարդանք, որ Հալէպ քաղաքին անուններէն էին` Արման, Արմանոմ, Խուլամ եւ Բերիա, իսկ իսլամական «Ֆութուհաթ»-ներէն ետք քաղաքը կոչուեցաւ Հալէպ:

Նախքան քաղաքին վերջնական անուանումը, Ալեքսանտր Մակեդոնացին, տարածաշրջանը գրաւելէ ետք, քաղաքը Բերիա անուանեց, ապա Սալուքաս Նիքաթորը գրաւեց եւ զայն Արման կամ Արմանոմ անուանեց:

ՆՔ 2250 թուականին, Էպլայի թագաւորութեան դիւանին համաձայն, քաղաքը կոչուած էր Խուլամ:

Մարիի, Ալալախի եւ Հոչա թագաւորութեանց դիւանին համաձայն, քաղաքը Հալէպ կոչուեցաւ, երբ Եամհատ թագաւորութեան մայրաքաղաքը դարձաւ:

Միացեալ Նահանգներ

Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէնի Այցելութիւնը

29 յուլիսին թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն եւ գործադիր գլխաւոր պաշտօնատար Զաւէն Խանճեանին այցելութիւնը: Անոր կ՛ընկերանային պատ. Հայկ Խրլոբեան եւ պատ. Ճոզեֆ Կարապետեան: Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ կաթողիկոսարանի դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանը, որ հիւրաբար կը գտնուէր Միացեալ Նահանգներ: Խօսակցութեան ընթացքին քննարկուեցաւ համավարակէն ետք փորձառութիւնը տարբեր եկեղեցիներու մէջ:

Յունաստան

Գրիգոր Էրջէնեան Կնքեց Իր Մահկանացուն

Յունաստանի մէջ մահացաւ վաստակաշատ գործիչ, ՀՅԴ յաջորդական կեդրոնական կոմիտէներու ներկայացուցիչ եւ անդամ Գրիգոր Էրջէնեան, որուն մահուան առիթով ցաւակցական գիրեր ուղարկեցին Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Մկրտիչեան եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէն:

Յուղարկաւորութեան առիթով արտասանած դամբանական խօսքին մէջ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ  Հռիփսիմէ Յարութիւնեան հաստատեց, որ Գրիգոր Էրջէնեան փորձառու, ծառայասէր ու պատրաստակամ էր եւ իր ամբողջ գիտակցական կեանքը նուիրեց հայութեան` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ընդմէջէն, աւելցնելով, որ գաղութին եւ Դաշնակցութեան համար անդառնալի կորուստ մըն է անոր մահը, որովհետեւ անոր ներկայութիւնը մեր կողքին` գաղափարական ամրութեան, սկզբունքայնութեան, պայքարունակ ոգիի դրսեւորումն էր, որով սորվեցանք առաջնորդուիլ բոլորս:

Յարութիւնեան յայտնեց, որ խումբ մը ընկերներու հետ սկիզբը դրաւ հրատարակչական աշխատանքի` լոյս ընծայելով «Արմենիքա Թեմաթա» յունալեզու պարբերականը եւ Հայ դատի հարցերը հրամցնելով յոյն հանրութեան, աւելցնելով, որ մամուլի եւ քարոզչութեան հանդէպ նոյն զգայնութիւնն ու գիտակցութիւնը պահեց ան նաեւ «Ազատ Օր» օրաթերթի անհրաժեշտութեան ու տարածման առնչութեամբ:

Գրիգոր Էրջէնեան յատկանշուած էր գաղափարական ամուր կառչածութեամբ եւ կազմակերպական սկզբունքայնութեամբ: Հասկնալով հանդերձ մարդկային տկարութիւնները, ան համոզուած էր պայքարի ոգիի արդիւնքին մասին, որ երբ դժուար կացութիւններ մարդը կը վհատեցնեն ու կը հիասթափեցնեն, լուծումը կու գայ միայն սկզբունքային ամուր ու յամառ պայքարին ճամբով: Ան խորապէս հաւատացած էր մեր կուսակցական ու գաղութային կառոյցներու գործունէութեան կարեւորութեան եւ անոնց միջոցով տարուող կազմակերպական գործին` ի շահ Հայաստանի եւ Արցախի, ի շահ հայութեան: Իր ստանձնած պաշտօններուն ընդմէջէն գործակցած էր շատերու հետ: ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի որպէս ներկայացուցիչ կամ անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ կամ անդամ, ՀՅԴ կոմիտէներու, Ազգային վարչութեան տնտեսական եւ ուսումնական յանձնախումբերուն մէջ կարեւոր ներդրումով, ապա նաեւ գաղութի անդամներու կամ կուսակցական ընկերներու մտերմութեան մէջ ան ամբողջութեամբ տէր կանգնած էր դաշնակցականի իր երդումին` հանդիսանալով նուիրումի վառ օրինակ:

Այնուամենայնիւ, զինք ճնշող ու տագնապեցնող բազմաթիւ հարցերը` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի իրավիճակները, երբեք չկարողացան ճնշել իր հոգեկան եւ ներուժի հզօր պաշարներուն վրայ, որովհետեւ ան լաւ կը գիտակցէր, որ մէկ էր թիրախը` հայութեան ուժի ամբողջական ճառագայթումը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հաւատարիմ զինուորի հանգամանքով ան այս ուղղութեամբ ամէն օր կը վերանորոգէր իր ուխտը` ընդմիշտ եւ նուիրաբար ծառայելով որեւէ պաշտօնի վրայ, եւ բազմաթիւ անգամներ գերադասելով հաւաքականը անձնականին:

Քանատա

Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարար Մելանի Ճոլին Տեսակցութիւն Ունեցած Է ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբին Հետ

Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ճոլին, խորհրդարանականներ Ճին Եիփի եւ Հան Տոնկի ուղեկցութեամբ, 11 օգոստոսին այցելած է Թորոնթոյի Հայ կեդրոն, ծանօթացած է հայ համայնքի առօրեայ կեանքին եւ հոգեւոր-կրթական կառոյցներու գործունէութեան: Մելանի Ճոլիի` արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը ստանձնելէն ետք ասիկա առաջին այցելութիւնն էր հայ համայնքին:

Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է նաեւ առանձնազրոյց` Քանատայի արտաքին գործոց նախարարին եւ ՀՅԴ Հայ դատի տեղական ու շրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն միջեւ: Տեսակցութեան ընթացքին ծաւալուն անդրադարձ կատարուած է արցախեան հակամարտութեան ներկայ փուլին վերաբերող հիմնահարցերուն, Հայաստանի մէջ Քանատայի դեսպանութեան հիմնադրութեան աշխատանքներուն, Հայաստանի զարգացման համար քանատական օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի ընդհանուր շրջանի հայ համայնքի գործունէութեան:

Ազգային Առաջնորդարանի «Անանիա Շիրակացի» Շքանշան Սիլվա Գէորգեան–Քէօշկերեանին

5 օգոստոսին Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան ներկայ գտնուեցաւ Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի բազմավաստակ ուսուցչուհի Սիլվա Գէորգեան-Քէօշկերեանի ողջերթի երեկոյթին, որ կազմակերպուած էր Մոնրէալի Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հովիւին եւ հոգաբարձութեան կողմէ:

Սրբազան հայրը  Ազգային առաջնորդարանի «ԱՆԱՆԻԱ ՇԻՐԱԿԱՑԻ» ազգային-մշակութային ծառայութեան շքանշանով պարգեւատրեց Գէորգեան-Քէօշկերեանը, Ս. Յակոբ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ կրթական օճախին բազմամեայ անսակարկ ծառայութեան համար:

Սրբազանը բան սիրոյ, գնահատութեան եւ երախտագիտութեան գիրին մէջ նշած էր, թէ ուրախութիւն է բարձր գնահատանք յայտնել պարգեւատրեալին` անոր ունեցած բազմամեայ անսակարկ ծառայութեան համար` Ս. Յակոբ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ կրթական օճախին, աւելցնելով, որ հայ դպրոցը միշտ ծաղկուն մնացած է անոր նման անձնուէր մշակներու շնորհիւ:

Սրբազանը նաեւ մաղթած էր, որ Աստուած քաջառողջ եւ երկար կեանք շնորհէ անոր եւ վարձահատոյց ըլլայ անոր բարի գործերուն:

 

Նախորդը

Գերարդիւնաւէտ Խորհուրդներ` Ամրան Տօթին Տունը Զովացնելու Համար

Յաջորդը

Պօղոս Սնապեանի Բարձրաքանդակի Բացումը Այնճարի Մէջ

RelatedPosts

Հայ Դատի Համակարգի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Վարշաւայի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին
Գաղութէ Գաղութ

Հայ Դատի Համակարգի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Վարշաւայի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի  Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով
Գաղութէ Գաղութ

Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի
Գաղութէ Գաղութ

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?