Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Օգոստոս 25, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնին Առիթով
Ս. Պատարագ Տարբեր Եկեղեցիներու Մէջ

Սուրիա

* Հանդիսապետութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով,  15 օգոստոսին, Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ:

Այնուհետեւ շրջափակէն ներս, սրբազան հօր ձեռամբ, կատարուեցաւ մատաղի եւ բկեղի օրհնութիւն, որմէ ետք կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Սրբազան հայրը Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցելով,  աղօթք բարձրացուց առ Աստուած` մաղթելով, որ երկնառաք օրհնութեամբ սուրիահայութեան եւ յատկապէս քեսապահայութեան կեանքը առաւել ծաղկի ու պայծառանայ:

Աւարտին Քեսապի համալիրէն ներս մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան:

Խօսք առին` Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Անդրանիկ աբղ. Քիւրիւմեան, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ» շքանշանակիր Սեպուհ Մանճիկեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան, որոնք իրենց շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեցին սրբազան հօր` իր հայրական հոգածութեան եւ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնի բոլոր նախաձեռնութիւնները հովանաւորելուն համար:

Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքին մէջ գնահատեց Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով եկեղեցւոյ ընտանիքին եւ ազգային մարմիններուն տարած աշխատանքը` շնորհաւորելով Անդրանիկ աբղ. Քիւրիւմեանը` Քեսապէն ներս իր հոգեւոր ծառայութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի տնօրինումով վարդապետական լանջախաչ կրելու իրաւունք ստանալուն համար:

Աւարտին սրբազան հայրը Ազգային իշխանութեան կողմէ Մանուկ աբղ. Պարիխանեանին եւ Անդրանիկ աբղ. Քիւրիւմեանին նուիրեց գեղեցիկ լանջախաչեր:

* 19 օգոստոսին Ղնեմիէյի Ս. Գէորգ վերանորոգուած եւ վերօծուած եկեղեցւոյ մէջ յիշատակուեցաւ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը:

Սուրբ պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Արշակ Ա. քհնյ. Ալաճաճեան:

Քահանայ հայրը փառք եւ գոհութիւն վերառաքեց Աստուծոյ, որ կրկին անգամ եկեղեցին պայծառացնելով, տօնախմբութեան այս առիթը ընծայեց` գնահատելով Ղնեմիէյի թաղականութիւնը եւ դպրաց դասը` իրենց նուիրական ծառայութեան համար:

Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս կատարուեցաւ խաղողօրհնէք եւ մատաղօրհնէք:

Միացեալ Նահանգներ

14 օգոստոսին Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս  նշուեցաւ Աստուածինի Վերափոխման տօնը եւ այս առիթով կատարուեցաւ խաղողօրհնէք:

Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, այս առիթով պատարագ մատուցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր կատարեց նոր միւռոնով ջրօրհնէք եւ աւանդական խաղողօրհնէք:

Ս. պատարագի ընթացքին սրբազան հայրը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական կոնդակով աւագութեան տիտղոս շնորհեց եկեղեցւոյ մէջ աւելի քան քսան տարուան ծառայական կեանք ունեցող եւ վերջերս հանգստեան կոչուած Արտակ քհնյ. Տեմիրճեանին:

Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ վեր առաւ հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ նշանաբաններու վրայ կառուցուած քրիստոնէական վարդապետութեան առաքինութիւնները` շեշտելով հոգեւորին մատչելիութեան ճամբուն վրայ իբրեւ միջնորդ կանգնած Աստուածամօր դերակատարութիւնը:

Նոր Ջուղա

Նախագահութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեանի, 14 օգոստոսին Նոր Ջուղայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցուեցաւ Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ անդրադառնալով տօնի պատմական դրուագին եւ խորհուրդին յայտնեց, որ ամէն անհատ իր ցաւն ու վիշտը ունի, եւ յոյս յայտնեց, որ բոլորին աղօթքներով ու յատկապէս Ս. Մարիամի բարեխօսութեան միջոցով իւրաքանչիւր անձ կարենայ կապուիլ Աստուծոյ հետ եւ մխիթարութիւն ստանալով` ամրապնդէ իր հաւատքը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք:

Նշենք, որ պատարագ մատուցուեցաւ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք նաեւ Շահինշահրի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ` ձեռամբ Սահակ քհնյ. Մինասեանի:

Թեհրան

14 օգոստոսին, Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով Թեհրանի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ պատարագ,  եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք:

Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան նախագահեց եւ պատարագեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ անդրադառնալով Աստուածածինի Վերափոխման տօնի խորհուրդին` ըսաւ, որ այս տօնը մեզ կը մղէ մտածելու, խորհրդածութեան եւ պատասխանատուութեամբ ապրելու,  աւելցնելով, որ դարերու խորքէն եկող այս տօնը պարտաւորեցնող է, որովհետեւ իր մէջ ունի ազգային ու հոգեւոր իմաստ եւ նշանակութիւն: Սրբազան հայրը նաեւ անդրադարձաւ Աստուածամօր կեանքին, նաեւ ամփոփ կէտերու մէջ բացատրեց խաղողի աստուածաշնչեան իմաստը:

Ատրպատական

14 օգոստոսին Թաւրիզի Ս. Աստուածածին մատուռին մէջ ս. պատարագ մատուցեց եւ խաղողօրհնէքը կատարեց Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ վեր առաւ Աստուածածինի համբերատարութեան ոգին, որ ցուցաբերած էր իր կեանքի ընթացքին` բացատրելով առաքինի կնոջ դրական դերակատարութիւնը մարդու կեանքին մէջ:

Սրբազան հայրը յորդորեց ներկաները իրենց կեանքի դժուարութիւններուն մէջ միշտ վստահիլ Ս. Կոյսի բարեխօսութեան եւ խնդրել անոր մայրական գուրգուրանքը:

Նոյն օրը Ուրմիոյ Ս. Ստեփանոս, նաեւ Գեարդաբադ գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցիներուն մէջ եւս մատուցուեցաւ ս. պատարագ, եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք:

***

Իրան

«Հայաստան–Արցախ–Սփիւռք» Թեմայով Հանրային Քննարկում

Նախաձեռնութեամբ Հայկական հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին (ՀՈՒՍԿ), 17 օգոստոսին Իրանի Հայ արհեստաւորներու միութեան «Արամ Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք» թեմայով հանրային քննարկում` մասնակցութեամբ Հայաստանէն ժամանած տարածաշրջանային եւ քաղաքական հարցերով փորձագէտներու:

Ելոյթ ունեցան` ՀՈՒՍԿ-ի ներկայացուցիչ Սարինէ Թորոսեան, Թեհրան ժամանած Վարուժան Գեղամեան, Էդգար Էլբակեան, Կարէն Իգիթեան եւ Սերգէյ Մելքոնեան, որոնք ներկայացուցին Հայաստանի եւ Արցախի հիմնահարցի քաղաքական ներկայ իրավիճակը:

Իրենց ուղղուած հարցումներուն պատասխանելով` փորձագէտները արձանագրեցին, որ հայկական սփիւռքը ընելիք ունի Ցեղասպանութեան գծով պահանջատիրական իր ծրագիրները իրականացնելու համար, յատկապէս երբ 2018 թուականի ապրիլէն սկսած` Հայաստան հանած է այդ օրակարգը իր դեսպանութիւններու աշխատանքային օրակարգէն:

Տարածաշրջանային հարցերու փորձագէտ Կարէն Իգիթեան յայտնեց, որ իսկական աշխարհի մէջ կատարուածը երկիրներու շահերն են, ուր կը խեղեն ժողովուրդի իրազեկման հարկ եղող տեղեկատուութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ գործող իշխանութիւնները անվտանգային ճարտարապետութիւնը քանդած են` հիմնուելով 1991-1998 թուականներուն Հայաստանի մէջ իշխած անձի կեղծ փաստարկումներուն վրայ:

Իր կարգին Վարուժան Գեղամեան  յայտնեց, որ Հայաստանի բնակչութեան 52 տոկոսը տեղեկացուած է Բերձորը յանձնելու եւ անկէ կախեալ վտանգներու մասին, իսկ մնացած 48 տոկոսը անտեղեակ է, որովհետեւ իշխանութիւններուն վարած տեղեկատուական ռազմավարութեան պատճառով, յաջող ած են ժողովուրդին ուշադրութենէն հեռու պահել քաղաքական գործընթացները: Ան ըսաւ, որ հայաստանցիներուն 86 տոկոսը պատրաստ է մասնակցելու Շուշին եւ Հադրութը վերադարձնելու հնարաւոր մարտերուն, իսկ 46 տոկոսը կը մասնակցի Քարվաճառը եւ Ջրականը ազատագրելու գործընթացներուն:

Սերգէյ Մելքոնեան եւ Էդգար Էլբակեան քննարկեցին ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ վարչապետին վարած քաղաքականութիւնը:

Լիզպոնի Հինգ Մարտիկներու Յիշատակին Նուիրուած Ֆութսալի Խաղեր

Նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի Հայ մարզա-մշակութային «Արարատ» միութեան Սկաուտական միաւորի, 28 – 30 յուլիսին տեղի ունեցաւ Լիզպոնի հինգ անձնազոհ մարտիկներու յիշատակին նուիրուած ամենամեայ ֆութսալի խաղերը:

Կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով Արփինէ Մովսիսեան առաջին հերթին հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել հինգ հերոսներուն յիշատակը, ապա անդրադառնալով Լիզպոնի մէջ պատահած արարքին` շեշտեց, որ նման երեկոներ կու գան լռութեան պատերը քանդելու եւ ըսելու, որ հայ երիտասարդութիւնը պատրաստ է իւրաքանչիւր օր պայքարը շարունակելու, որպէսզի համայն աշխարհին լսելի դարձնէ, որ գործուածը անարդարութիւն է, եւ հայ ժողովուրդը կը սպասէ արդարութեան վերականգման:

Եռօրեայ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին համայնքի երիտասարդներէն բաղկացած չորս խումբեր` «Սարդարապատ», «Սասուն», «Արցախ» եւ «Արարատ» անուններով: Առաջին տեղը` գրաւեց «Սասուն» խումբը, իսկ երկրորդ տեղը «Արարատ» խումբը:

Աւարտին յանձնուեցան մարզիկներուն գնահատագրերը եւ առաջին հանդիսացած խումբի յուշանուէրները:

Միացեալ Նահանգներ

Արցախի Նահատակ Զինուորներու Յիշատակի Խաչքարի Օծումը` Թահանկայի Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 31 յուլիսին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, ընկերակցութեամբ Թեմական խորհրդի ատենապետ Դերիկ Ղուկասեանի, հովուական այցելութիւն տուաւ Թահանկայի Սրբոց Առաքելոց, հայաստանեայց եկեղեցի:

Առաջնորդ սրբազան հայրը մատուցեց ս. պատարագ, որուն ընթացքին քարոզեց` բնաբան ունենալով օրուան աւետարանական հատուածի հետեւեալ տողերը. «Որովհետեւ Մարդու Որդին եկաւ փրկելու կորածը» (Մատթ. 18:11):

Այնուհետեւ առաջնորդը իր ջերմ ողջոյնները եւ բարեմաղթութիւնները յղեց` եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Աբովեանին, եկեղեցւոյ սարկաւագաց եւ դպրաց դասերուն, Ծխական խորհուրդի անդամներուն, շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտներուն, ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ` ամբողջ հաւատաւոր ժողովուրդին:

Սուրբ պատարագի աւարտին առաջնորդ սրբազան հօր ձեռամբ օծուեցաւ եկեղեցւոյ բակին մէջ զետեղուած տուֆակերտ գեղեցիկ խաչքարը` ի յիշատակ Արցախի նահատակ զինուորներուն: Օծումէն ետք սրբազան հայրը իր դրուատանքի խօսքը ուղղեց խաչքարի նուիրատուներուն` տէր եւ տիկին Ռազմիկ Յարութիւնեաններուն` նշելով. «Այսօր մենք` բոլորս, կոչուած ենք անխոնջ դեսպանները ըլլալու Տիրոջ կողմէ հիմնուած մեր սուրբ եկեղեցւոյ, ուստի պէտք է ամենայն մեծ սիրով, պատասխանատուութեամբ եւ ջանասիրութեամբ ծառայենք մեր սուրբ եկեղեցւոյ համայնքային կեանքին` առատօրէն նուիրելով մեր տաղանդներն ու շնորհները` ի փառս եւ ի գոհութիւն Աստուծոյ»:

 

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. «Անկարեւորութեան Փառատօնը»` Հայկական Տեսադաշտին

Յաջորդը

Մերը… Եւ Իրենցը…

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?