Գաղութէ Գաղութ

Հանդիպում Նիքէայի Քաղաքապետին Հետ

Հանդիպում Նիքէայի Քաղաքապետին Հետ

Նախաձեռնութեամբ Հ.Յ.Դ. Գոքինիոյ «Վարանդեան» կոմիտէին, Չորեքշաբթի 16 Նոյեմբեր 2022-ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը Նիքէայի քաղաքապետ Եորղոս Իոաքիմիտիսի եւ գաղութային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն միջեւ։ Քաղաքապետութեան կողմէ ներկայ եղան նաեւ քաղաքապետի տիկինը եւ փոխքաղաքապետներ, իսկ գաղութին կողմէ ներկայութիւն ունեցան Հ.Յ.Դ. Կեդր. կոմիտէի անդամներ, «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը, Հ.Կ.Խաչի «Սօսէ» մասնաճիւղի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մարզական ու սկաուտական մասնաճիւղերու եւ Համազգայինի...

«Դաշնակցութեան Համար Անընդունելի Եւ Արհեստական Մօտեցում Է Ազգն Ու Պետութիւնը Իրարու Հակադրելը, Անկախ Անկէ, Թէ Այդ Հակադրութիւնը Ո՛ր Կողմէն Կը Կատարուի». Կիրօ Մանոյեան

«Դաշնակցութեան Համար Անընդունելի Եւ Արհեստական Մօտեցում Է Ազգն Ու Պետութիւնը Իրարու Հակադրելը, Անկախ Անկէ, Թէ Այդ Հակադրութիւնը Ո՛ր Կողմէն Կը Կատարուի». Կիրօ Մանոյեան

Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանի խօսքը Սուրիոյ Գամիշլի նահանգին մէջ, երեքշաբթի, 22 նոյեմբերին տեղի ունեցած ՀՅԴ 132-ամեակի պաշտօնական հանդիսութեան առիթով: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրը տարեկան հաշուետուութեան օր է. հաշուետուութիւն` կատարածի, չկատարածի եւ կատարելիքի շուրջ: Հաշուետուութիւն` սեփական ժողովուրդին, որ Դաշնակցութեան նպատակներուն եւ միջոցներուն միակ աղբիւրն է: Տարեկան հաշուետուութեան օրը չի կրնար շրջանցել կուսակցութեան անցած ամբողջ ուղին, մանաւանդ երբ...

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Կիրօ Մանոյեան Այցելեց Գամիշլիի Ազգային Վարժարաններ

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Կիրօ Մանոյեան Այցելեց Գամիշլիի Ազգային Վարժարաններ

ԲԺՇԿՀ. ՄԱՐԻ ՄԵԼՔՈՆ Սուրիահայութիւնը յետեղեռնեան տարիներուն եկեղեցւոյ կողքին միշտ կառուցեց հայկական վարժարաններ՝ պահելու հայ սերունդներու ազգային ոգին ու դիմագիծը։ Սուրիոյ բոլոր նահանգներու հայկական վարժարանները մեծ դեր ունեցած են եւ կը շարունակեն ունենալ հայապահպանման ճիգերուն մէջ: Գամիշլիի ազգային վարժարաններու աշակերտները այսօր վայելեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի ներկայութիւնը, որ Գամիշլի այցելութեան շրջագիղէն...

Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի 65-Ամեայ Ծառայութիւնը

Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի 65-Ամեայ Ծառայութիւնը

20 Նոյեմբեր 2022-ին, ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի հրաւէրով Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ  գերշ․ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ․ Տ․ Թորգոմ Տօնոյեան  մեկնեցան Նիւ Եորք, մասնակցելու համար Թեմին 65-ամեայ ծառայութեան պաշտօնական ձեռնարկերուն։ 1957 թուականին, Հիւսիսային Ամերիկայի Ազգային Առաջնորդարանի Երեսփոխանական Ժողովէն լիազօրուած խումբ մը ազգայիններ ափ առնելով Անթիլիաս, խնդրամատոյց եղան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան...

Կիրօ Մանոյեան Այցելեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հայր Սուրբին

Կիրօ Մանոյեան Այցելեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հայր Սուրբին

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան Գամիշլի ժամանեց Երկուշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2022- ի վաղ առաւօտուն։ Միջօրէի ժամը 1։ 00-ին Մանոյեան այցելեց Գամիշլիի Ազգային Փոխանորդարան, ուր ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցաւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի եւ ազգայիններու, թաղականութիւն եւ Արժ. Տէր Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի կողմէ։ Այցելութեան ներկայ էին շրջանի պատասխանատուներ, եւ...

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիրական Խումբին Պարգեւատրումները

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիրական Խումբին Պարգեւատրումները

20 Նոյեմբեր 2022-ին Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութենէն ներս կազմակերպուեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու ներկայացուցիչ գնդապետ Արկատի Տօնոյեանը պատուոյ գիրեր յանձնեց Հալէպի մէջ Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան աշխատակից Շանթ Ուրիշիկեանին, «Վենիւս» լուսանկարչատան սեփականատէրեր Պերճ Պօղիկեանին եւ Հրաչ Պօղիկեանին, համակարգչային մասնագէտ Անդրանիկ Մանսուրեանին եւ Սուրիոյ մէջ Հ1 պատկերասփիւռային ընկերութեան թղթակից Մարիա Գաբրիէլեանին: Ա.Տօնոյեան շնորհակալութիւն յայտնելով...

ՀՅԴ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի Բո­ղո­քին Վրայ, ­Կորն­թո­սի Քա­ղա­քա­պե­տը Չե­ղեալ Կը Նկա­տէ Ատր­պէյ­ճա­նի Հետ Հա­մա­ձայ­նա­գի­րը

ՀՅԴ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի Բո­ղո­քին Վրայ, ­Կորն­թո­սի Քա­ղա­քա­պե­տը Չե­ղեալ Կը Նկա­տէ Ատր­պէյ­ճա­նի Հետ Հա­մա­ձայ­նա­գի­րը

Մեր նա­խորդ թի­ւե­րով հա­ղոր­դած էինք, թէ ­Հա­րա­ւա­յին ­Քո­րէա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հնա­մեայ քա­ղաք­նե­րու մա­սին հա­մաշ­խար­հա­յին ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցող ­Կորն­թո­սի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ատր­պէյ­ճա­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հետ ստո­րագ­րած էր գործակցութեան մտադրութիւն արտայայտող համաձայնագիր մը՝ Արցախի ­Շուշի քաղաքին կա­պակ­ցու­թեամբ, որ 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ետք ան­ցաւ ատրպէյճանական ա­պօ­րի­նի գրաւումին տակ։ Ան­մի­ջա­կան ե­ղաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի նա­մա­կը, ուղ­ղո­ւած քա­ղա­քա­պե­տին, ­Պե­ղո­պո­նե­զի նա­հան­գա­պե­տին եւ քա­ղա­քա­պե­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նա­կան հա­մադ­րող մար­մի­նին,...

Առաջնորդ Սրբազանը Յատուկ Հանդիպման Մը Հրաւիրեց Արեւմտեան Թեմի Ազգային Պատգամաւորները

Առաջնորդ Սրբազանը Յատուկ Հանդիպման Մը Հրաւիրեց Արեւմտեան Թեմի Ազգային Պատգամաւորները

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռոյ կեդրոն՝ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, 7-էն 9 Դեկտեմբեր 2022-ին տեղի պիտի ունենայ Ազգային Ընդհանուր ժողով: Շուրջ չորս տարին անգամ մը գումարուող Հայրապետական Աթոռոյ օրէնսդիր բարձրագոյն այս ժողովին մասնակցելու նպատակով՝ ընթացիկ տարուան Հոկտեմբեր ամսուն գումարուած Ազգ. Երեսփոխանական ժողովը ընտրեց 15 անդամ եւ 3 փոխ-անդամ: Այս ծիրէն ներս, Երեքշաբթի, 15 Նոյեմեբեր 2022-ի երեկոյեան,...

Ժառանգաբուխ Ափ Մը Հաւատք

Մեր Կորուստները. Ոչ Եւս Է Դաստիարակ Եւ Գործիչ Դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեան

Շաբաթ, 12 նոյեմբերին Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքեց երկար տարիներու դաստիարակ եւ գործիչ դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեանը: Կենսաքիմիական ու միջուկային կենսաբանութեան դոկտոր փրոֆեսէօր Մ. Մարկոսեան 1975-ին կը հանդիսանայ առաջին հայ գիտնականը, որ կը ստանայ Ամերիկեան սրտաբանական ընկերակցութեան աւագ գիտաշխատողի «Established Investigator» մրցանակը` հինգ տարուան ֆոնտ, կատարելու շարք մը հիմնական քննարկումներ մկանային սպիտակուցներու կենսաբնագիտական յատկութիւնները յստակացնելու եւ  սերտելու անոնց փոխազդեցութիւնը մկանային...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա 125 Պատանիներ Խոստացան Ըլլալ Տիպար Հայորդիներ 125 պատանիներ իրենց պատանեկան խոստման արարողութիւնը կատարեցին կիրակի, 6 նոյեմբերին: Անոնք ներկայացուցին հատուածներ իրենց դաստիարակչական ծրագիրէն` հանդիսատեսին հրամցնելով գեղարուեստական հարուստ յայտագիր մը: Հանդիսութեան կազմակերպիչ մարմինը` Սուրիոյ Պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինը, ընտրած էր «Սուգը յաւերժ է, եթէ պայքար չկայ» խորագիրը` հաւատալով, որ պայքարը պիտի առաջնորդէ զիրենք գալիք  յաղթանակներու: Հայերէն եւ արաբերէն...

Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Համար Արեւմտեան Թեմը Հարիւր Հազար ($100,000) Տոլարով Հիմնադրամ Կը Հաստատէ Անթիլիասի Մէջ

Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Համար Արեւմտեան Թեմը Հարիւր Հազար ($100,000) Տոլարով Հիմնադրամ Կը Հաստատէ Անթիլիասի Մէջ

Ժողովուրդներու ու ազգերու գոյութիւնը կ՛երաշխաւորուի կրօնով, հայրենիքով ու մշակոյթով: Այս ծիրին մէջ, յատկապէս` արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան համար, հրաւիրուած ենք հայկական բոլոր կառոյցներ ծրագրելու ու գործելու, թէ ի՛նչ միջոցներով ու ձեւերով կրնանք լեզուն պահել առողջ, առօրեայի մէջ գործածական եւ գրաւոր խօսքով շարունակական, ազգի կեանքին մէջ: Այս ծիրին մէջ ակներեւ է, թէ ինչպէ՛ս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական աթոռը, գլխաւորութեամբ   Արամ Ա. կաթողիկոսին, տարիներէ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա  «Թուրքիոյ Ծաւալապաշտ Քաղաքականութեան Հետեւանքները Տարածաշրջանին Մէջ Խորագիրով Խորհրդաժողով 4 նոյեմբերին, Հալէպի «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած` «Թուրքիոյ ծաւալապաշտ քաղաքականութեան հետեւանքները տարածաշրջանին մէջ» խորագիրով խորհրդաժողովը: Կազմակերպիչ մարմինի անունով Հայկ Պաթթալեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, այնուհետեւ Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ծերուն Գահվէճեան լուսարձակի տակ առաւ փանթրքութեան քաղաքականութեան ծալքերը եւ...

Մոնրէալի Մէջ Ցուցադրուեցաւ «Հորիզոն»-ի 40-Ամեայ Գործունէութեան Փաստավաւերագրական Շարժանկարը

Մոնրէալի Մէջ Ցուցադրուեցաւ «Հորիզոն»-ի 40-Ամեայ Գործունէութեան Փաստավաւերագրական Շարժանկարը

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ-ԿԷՏԻԿԵԱՆ Հինգշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Մոնրէալի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հորիզոն»-ի 40-ամեայ գործունէութեան վաւերագրական շարժանկարին ցուցադրութիւնը` հովանաւորութեամբ Կարէն Տէր Ասատուրեանի եւ իր ընտանիքին, ներկայութեամբ` Բաբգէն արք. Չարեանի` առաջնորդ Քանատայի հայոց թեմին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ Մհեր Գարագաշեանի, հոգեւոր հովիւներուն, Հայ կեդրոնի հովանիին տակ գործող կազմակերպութիւններու...

Մոնրէալի Մէջ Ցուցադրուեցաւ «Հորիզոն»-ի 40-Ամեայ Գործունէութեան Փաստավաւերագրական Շարժանկարը

Կարդինալ Աղաճանեանը` Դէպի Երանացում: Բացումը Կատարուեցաւ Սրբադասման Դատի Թեմական Փուլին

ՌՈՊԵՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ-ՎԱՏԻԿԱՆ 28 հոկտեմբեր 2022-ին կը յիշատակուի Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ. քահանայապետին ընտրութեան տարեդարձը, որ տեղի ունեցած էր 28 հոկտեմբեր 1958-ին: Ճի՛շդ այն քահանայապետը, որուն «մրցակիցը» եղած էր հայազգի մեծանուն զաւակ կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանը, որ, ըստ նոյնինքն երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ. պապի վկայութեան, եղած է այն թեկնածուն, որուն անունը բազմաթիւ անգամներ հնչեց Սիքստինեան մատրան մէջ տեղի ունեցած քահանայապետ ընտրող կարդինալական...

Գոհաբանական Ս. Պատարագ` Կարդինալ Աղաճանեանի Սրբադասման Դատի Բացման Առիթով

Գոհաբանական Ս. Պատարագ` Կարդինալ Աղաճանեանի Սրբադասման Դատի Բացման Առիթով

ՍԱՀԱԿ ՎՐԴ. ՔԷՇԻՇԵԱՆ Կիրակի, 30 հոկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին Հռոմի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքը գոհաբանական սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց Աստուծոյ ծառայ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի երանացման դատի թեմական քննարկման Ա. նիստի բացման առիթով, առընթերակայութեամբ`  Երուսաղէմի ու Յորդանանի Եկզարք եւ քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր Նարեկ թ.ծ.վ. Նամոյեանի եւ Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Սուրիա Մակար Եպս. Աշգարեան` Հայրապետական Նուիրակ Բերիոյ Հայոց Թեմին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Բերիոյ հայոց թեմի հայրապետական նուիրակ նշանակեց Մակար եպս. Աշգարեանը: Երեքշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2022-ին սրբազանը մեկնեցաւ Հալէպ` ընկերակցութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի եւ Սարգիս վրդ. Աբրահամեանի, ուր դիմաւորուեցաւ առաջնորդական տեղապահ Մանուկ վրդ. Պարիխանեանի, Ազգային վարչութեան, Կրօնական ժողովին եւ ազգայիններու կողմէ` Ս. Քառասնից Մանկանց մայր...

Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանը Մեծ Շուքով Կատարեց Նոր Շէնքի Հիմնարկէքը

Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանը Մեծ Շուքով Կատարեց Նոր Շէնքի Հիմնարկէքը

370.000 Եւրօ` Ի Նպաստ Մարսէյի Նոր Շէնքի Շինութեան Շաբաթ, 22 հոկտեմբերը պատմական օր էր Համազգայինի աշխարհասփիւռ ընտանիքին ու միաժամանակ Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանին համար: Արդարեւ, բարձրաստիճան`   կառավարական, կղերական, կուսակցական, միութենական ու կրթական ներկայացուցիչներու, բարերարներու ու բարեկամներու ներկայութեան հիմը դրուեցաւ Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանի երկրորդ շէնքին, որպէսզի կարելի ըլլայ ընդառաջել  այն մեծ թիւով աշակերտներու դիմումներուն, որոնք կը փափաքին իրենց ուսումը ստանալ այս երկլեզու ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ Ֆրանսի Մեկուսի վարչութիւնը եւ մարզական համալիրի կառուցման «Իմաստուններու յանձնախումբ»-ը կու գան տեղեկացնելու, թէ ուրբաթ, 28 հոկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Փարիզի արուարձաններէն Իսի Լէ Մուլինոյի մէջ ստորագրուեցաւ պայմանագիր մը, որ տեղւոյն քաղաքապետութեան կողմէ ՀՄԸՄ-Ֆրանսին կը շնորհէ նորակերտ մարզական համալիր` բաղկացած պասքեթպոլի դաշտէ, ժողովասրահներէ, ճաշարանէ, 400 հոգինոց սրահէ եւ տարբեր խաղավայրերէ: Պայմանագիրը քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի եւ ՀՄԸՄ-Ֆրանսի վարչութեան միջեւ ստորագրուեցաւ...

ՀՄԸՄ-ի Նոր Մասնաճիւղի Հիմնադրութիւն Շուէտի Օրեպրու Քաղաքին Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Նոր Մասնաճիւղի Հիմնադրութիւն Շուէտի Օրեպրու Քաղաքին Մէջ

Շաբաթ, 15 հոկտեմբեր 2022-ին Շուէտի վեցերորդ մեծագոյն քաղաքին` Օրեպրուի մէջ  տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի նորաստեղծ մասնաճիւղին հիմնադիր ժողովը, որ գործունէութեան սկսած է վեց ամիսէ ի վեր: Հիմնադիր ժողովին ներկայ գտնուեցան` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ֆետի Խաժակ Գազանճեան, 18 տարիքը ամբողջացուցած 29 անդամներ եւ նորագիր 18 սկաուտներ: Ժողովին հիւրաբար մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Շուէտի երեք մասնաճիւղերու` Սթոքհոլմի, Վեսթերոսի եւ...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ֆրանսա Վալերի Թորանեան` «Le Point»-ի Խմբագրապետ Ֆրանսահայ ծանօթ խմբագիր Վալերի Թորանեան կը դառնայ հեղինակաւոր «Le Point» շաբաթաթերթի խմբագրապետ: Շաբաթաթերթին տնօրէնը` Էթիէն Ժերնել, այս առթիւ «Թուիթըր»-ի իր էջին կատարած գրառման մէջ կ՛ըսէ. «Ուրախ եմ ծանուցելու այնքա՜ն փայլուն Վալերի Թորանեանի ժամանումը` որպէս «Le Point»-ի խմբագրապետուհի: «Elle France»-ի եւ «Revue des deux mondes»-ի մէջ իր արձանագրած յաջողութիւններէն ետք, թերթիս բոլոր աշխատակիցներուն...

Page 25 of 47 1 … 24 25 26 … 47

Արխիւներ