Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

Հոկտեմբեր 6, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Պատմական Շէնքի Վերաբացում

Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի վերամուտին մեկնարկը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2022-ին, կրկնակի խանդավառութեամբ:

Ճեմարանի 75-ամեակին առիթով 75-րդ վերամուտը եղաւ յիշատակելի օր մը` Ճեմարանի պատմական շէնքին վերաբացման առիթով:

Ճեմարանը ունի երկու շէնքեր, առաջինը, որ հիմնադրութեան տարիներուն կառուցուած էր, եւ երկրորդը, որ հետագային աշակերտներու թիւին ու կրթական կարիքներու աճին պատճառով կառուցուած էր:

Առաջին շէնքը, որ մեծ վնասներ կրած էր Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն, վերանորոգուեցաւ: Անոր վերաբացումն էր, որ տեղի կ՛ունենար:

Հանդիսութեան սկիզբը հրաւիրեալները ուղղուեցան տարրալուծարան, ուր խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Պետրոսեան ներկայացուց Ճեմարանի այս կառոյցին պատմութեան ու վերանորոգման վաւերագրական ժապաւէնը եւ որոշ մանրամասնութիւններ յայտնեց տարուած աշխատանքներուն մասին: Ներկաները ժապաւէնը դիտելէ ետք անցան շրջափակ եւ ունկնդրեցին Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլեճեանին այս առիթով արտասանած խօսքը: Տնօրէնը պատմական այս շէնքի կառուցման մանրամասնութիւններն ու նպատակը ներկայացուց, ապա ուսումնական տարուան վերամուտը յայտարարեց:

Մանուկ աբղ. Պարիխանեան ողջունելով աշակերտութիւնը եւ ներկաները` յայտնեց, որ արդար հպարտութիւն է ներկայ գտնուիլ վերաբացման այս արարողութեան, որուն միջոցով կու գանք վկայելու, որ Ճեմարանը կառոյց մը ըլլալէ անդին` տուն մըն է, որ կ՛երաշխաւորէ իւրաքանչիւրին ապագան` իրերայաջորդ սերունդներու յաջողութիւնը ապահովելով:

Ան իր խօսքը աւարտեց` յաջող եւ բարի երթ մաղթելով աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին:

Օրուան հանդիսավար ժիրայր Կարապետեան դիտել տուաւ, որ 75 տարի առաջ Ճեմարանի հիմնադրութեան աւետիսը յոյս սերմանեց սփիւռքի մէջ, որովհետեւ հայ ազգը իր գոյատեւման ու բարգաւաճման ուղին կը տեսնէր կրթական կեանքի կազմակերպման մէջ:

Այնուհետեւ հնչեց Ճեմարանի քայլերգը, իսկ Մանուկ աբղ. Պարիխանեանի օրհնութեան աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ շէնքին պաշտօնական բացումը: Հրաւիրեալները շրջեցան վերանորոգուած կառոյցին մէջ, իսկ աշակերտութիւնը բարձր տրամադրութեամբ բարձրացաւ դէպի դասարանները:

Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութիւնը ներկաներուն բաշխեց յուշանուէրներ եւ հիւրասիրեց զանոնք:

Ապա գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ:

Միացեալ Նահանգներ

Փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան Հանդիպում Ունեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ Տիգրան Պապիկեանի Հետ

Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթին եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար, ՀՅԴ-ի անդամ Լեռնիկ Յովհաննիսեան Միացեալ Նահանգներ տուած այցելութեան օրերուն Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպում ունեցաւ  Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչ Տիգրան Պապիկեանին հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Համազգայինի եւ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթին եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան համագործակցութեան հեռանկարները եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի աշխուժ մասնակցութիւնը Արցախի մշակութային եւ կրթական կեանքին:

Ձեռնարկ` Ի Յիշատակ Տոքթ. Րաֆֆի Յովհաննէսեանի

Վերջերս Նիւ Եորքի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գաղութի գործօն անդամներէն տոքթ. Րաֆֆի Յովհաննէսեանի յիշատակին նուիրուած աղօթք եւ պատարագ, նաեւ` ձեռնարկ:

Օրուան հանդիսավար, տոքթ. Յովհաննէսեանի զարմիկներէն Ալեքս Եմէնիճեան, որ տարիներ շարունակ ղեկավարած է MGM Studios-ը, շեշտեց, որ իրեն համար պատիւ է նմանօրինակ պարտականութիւն մը ստանձնելը, աւելցնելով, որ բացառիկ կարողութիւններու տէր անձը` տոքթ. Րաֆֆի Յովհաննէսեան, մեծ ազդեցութիւն ձգած է իր վրայ եւ սահիկներու ցուցադրութեամբ դրուատեց անոր կեանքը:

Նշենք, որ տոքթ. Րաֆֆի Յովհաննէսեան նաեւ մօտէն հետեւած է հայ մամուլին եւ շարունակ օժանդակած է «Հայրենիք»-ին, նոյնիսկ ժամանակաշրջան մը կարգ մը գաղափարակից գործընկերներու հետ ստեղծած է «Friends of Hairenik»` «Հայրենիքի բարեկամներ» հիմնարկը:

Եկեղեցին տոքթ. Րաֆֆի Յովհաննէսեանին համար սրբութենէ աւելի էր: Ան մօտ էր երկու թեմերուն: Աւելի քան տասնեակ մը կղերականներ ներկայ էին այս հաւաքին, որոնց կարգին` յատկապէս Եւրոպայէն ժամանած Խաժակ արք. Պարսամեանը, Անուշաւան արք. Դանիէլեանը եւ Դանիէլ ապս. Ֆնտըքեանը:

Հռոմէն ժամանած Խաժակ արք. Պարսամեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ աշխատասէր, վեհանձն, գործօն անձ մըն էր Րաֆֆի Յովհաննէսեանը, աւելցնելով, որ ան գործեց թէ՛ իր մասնագիտացած բժշկութեան ոլորտէն եւ թէ՛ ազգային բնագաւառէն ներս:

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին նամակը, նաեւ աւելցուց, որ պէտք է ծանօթանալ այս եզակի տիպարին, եւ այս յիշատակի ձեռնարկը փաստ մըն է, որ տոքթ. Յովհաննէսեան պիտի ըլլայ անմոռանալի:

Աւետարանչականի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան, որ իր Հալէպի մանկութեան օրերէն մօտիկ եղած է տոքթ. Յովհաննէսեանին, ըսաւ, որ ան միայն մօտիկ բարեկամ, խորհրդատու եւ հաւատաւոր բարեկամ մը չէր, այլ պարզ ու մեկին` Աստուծոյ մարդն էր ան, նշելով, որ Րաֆֆի Յովհաննէսեան մօտիկ բարեկամը եղած է երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. կաթողիկոսին, Լիբանանի օրերէն, երբ ան մաս կը կազմէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եկեղեցւոյ, եւ անոնք միասնաբար մտայղացումը ունեցած են 1963-ին հիմնելու Հայաստանեայց եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութիւնը:

Տոքթ. Ռուբէն Սիրականեան իր կարգին յիշեց մանկութեան հին օրերը` շեշտելով, որ Րաֆֆի Յովհաննէսեան կրցած էր կազմել տիպար օճախ մը` 55 տարի շարունակ իր կողակիցին հետ պահելով հայրենի դաստիարակութիւնը:

Տոքթ. Րաֆֆիի զարմիկներէն Եու. Սի. Էլ. Էյ. համալսարանէն տոքթ. Ճոն Տէյիրմենճեան նշեց եւ կարեւոր նկատեց Ինտիանայի մէջ անոր կատարած ներդրումները: Քանի մը հայ ընտանիքներով ան կրցած էր փոքր, սակայն գործօն գաղութ մը ստեղծել: Ի նպաստ Հայ դատին ձեռնարկներ կազմակերպած էին, իսկ 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժին շուտով գործի լծուած էին, որպէսզի դեղորայք հասցնեն:

Շիքակոյի բժշկութեան համալսարանէն տոքթ. Արա Թեքեան հաճելի եւ դիպուկ յուշեր պատմեց, որոնք կ՛առնչուէին տոքթ. Րաֆֆիի անձնուիրութեան, ազգասիրութեան եւ յատկապէս արուեստի հանդէպ սիրոյն:

Տպաւորիչ էր նաեւ վերջին տարիներու իր անձնական բժիշկ Փոլ Փայքի խօսքը: Ան ըսաւ, որ անոր տառապանքը ստեղծեց բարեկամութիւն մը, որ հետզհետէ եղաւ աւելի սերտ:

Ապա խօսք առին տոքթ. Րաֆֆի Յովհաննէսեանին զաւակները` տոքթ. Արա, Անի եւ Այլին, որոնք մերթ յուզիչ եւ մերթ հաճելի դրուագներ պատմելով` իւրայատուկ մթնոլորտ մը ստեղծեցին:

Աւարտին կարդացուեցաւ տոքթ. Յովհաննէսեանին 15-ամեայ թոռնիկին` Ալեսանտրա Յակոբեանին մէկ բանաստեղծութիւնը` «Մեծ պապա», իր մեծ հօր մասին:

Ժիրայր Պէօճէքեանի Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան

19 սեպտեմբերին ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէի նախագահ եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի հայրենադարձներու  յանձնախումբի պատասխանատու Ժիրայր Պէօճէքեան, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վալոտ Աթախանեանի եւ «Արցախ ֆոնտ»-ի անդամ Փոլին Տոսթումեանի, այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցաւ թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի հետ:

Այցելութեան ընթացքին Ժ. Պէօճէքեան սրբազան հօր զեկուցեց հայրենիքէն ներս տիրող ներկայ իրավիճակի եւ հայրենադարձերու մասին` շեշտը դնելով սփիւռքահայութեան գործօն դերակատարութեան վրայ հայրենիքի ճակատագրական այս շրջանին: Փ. Տոսթումեան, իր կարգին, ամփոփ կերպով ներկայացուց «Արցախ ֆոնտ»-ի ծրագիրները  սահմանամերձ շրջաններուն մէջ:

«Արցախ Ֆոնտ»-ի Յաջող Ձեռնարկը Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

18 սեպտեմբերին Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Պարտութենէ դէպի վերածնունդ» խորագիրով ձեռնարկ:

Բացումը կատարեց եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, որ բոլոր ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի ու Արցախի զոյգ հանրապետութիւններուն հանդէպ իրենց անսակարկ զօրակցութեան համար` այս դժուարին ժամանակներուն: Ան նաեւ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ կողմէ այդ ուղղութեամբ նախաձեռնուած ծրագիրներուն: ՀՅԴ «Արցախ ֆոնտ»-ի պատասխանատուներէն Փոլին Տոսթումեան ներկայացուց ֆոնտին գործունէութիւնը Արցախի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ ու անդրադարձաւ ֆոնտին կողմէ հովանաւորուած  «Վերելք» ծրագիրին:

Հայաստանէն հիւրաբար ժամանած ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէի նախագահ եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի հայրենադարձներու յանձնախումբի պատասխանատու Ժիրայր Պէօճէքեան անդրադարձաւ Ազրպէյճանի վերջին յարձակումներուն եւ Թուրքիոյ կատարած դերին, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի հանդէպ սփիւռքի միասնական յանձնառութիւնը պահելու անհրաժեշտութեան:

Քանատա

Շահինեանի Մուսա Լերան Եւ Այնճարին Նուիրուած Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Քեմպրիճի «Տաթեւ» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին, 16 սեպտեմբերին Քեմպրիճի Հայ կեդրոնի «Փոստաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Լիռէոն խայր» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը:

Մուսա Լերան եւ այնճարահայութեան պատմութեան շուրջ պատրաստուած ժապաւէնի բեմադրիչն է Մոնրէալի «Հայ Հորիզոն» ծրագիրի տնօրէն ու հաղորդավար եւ Համազգայինի Քանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թամար Շահինեան:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ներկաներու մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգանքի տուրքի մատուցմամբ վերջին  օրերուն նահատակուած հայկական բանակի զինուորներու անմահ յիշատակին, որուն յաջորդեցին շարք մը յայտարարութիւններ` մասնաճիւղի յառաջիկայ գործունէութեան շուրջ: Ձեռնարկի հանդիսավար Ազիկ Գէորգեան նաեւ յայտարարեց, որ ձեռնարկին հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի այնճարահայութեան տնտեսական կարիքներուն` «Միասին` Այնճարի համար» ֆոնտին միջոցով:

Ցուցադրութեան աւարտին մասնաճիւղը իր երախտագիտական խօսքը ներկայացուց ժապաւէնի բեմադրիչ Թամար Շահինեանին` հաստատելով, որ ան անգամ մը եւս իր կատարած ծառայութիւններու շղթային վրայ օղակ մը աւելցուց, եւ բառերով կարելի չէ բնութագրել անոր անսակարկ նուիրումը ներազգային զանազան բնագաւառներէն ներս:

Շահինեան իր արտասանած սրտի խօսքին ընդմէջէն անդրադարձաւ Այնճարի հայ աւանի ձգողականութեան եւ լիարժէք հայրենի աշխարհի մէկ մասնիկը ըլլալու հանգամանքին: Ան նաեւ բարձր գնահատեց «Տաթեւ» մասնաճիւղի գործունէութիւնն ու աշխուժութիւնը:

Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Ս. Նշան եկեղեցւոյ դպիրներէն Ռազմիկ Կարպուշեանի կողմէ արտասանուած «Հայ զինուորի աղօթք»-ով:

Յունաստան

Նկարներու Ցուցահանդէս Սիրոս Կղզիին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Մկրտչեանի, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին, գործակցութեամբ Սիրոս Էրմուփոլիի քաղաքապետութեան, վերջերս Էրմուփոլիի կեդրոնական Միաուլի հրապարակի Վաթի շքեղ ցուցասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Փոքր Ասիոյ աղէտին եւ յունահայ գաղութի հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած նկարներու ցուցահանդէս: ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Սպարթալեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ նկարներու ցուցահանդէսի կազմակերպման նպատակներուն, ինչպէս նաեւ Սիրոս կղզիի հետ գործակցութեան փուլերուն` շնորհակալութեան խօսք յայտնելով իրերայաջորդ քաղաքապետներուն եւ տեղացի քաղաքացիներուն` իրենց անսակարկ զօրակցութեան համար:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ յունահայ գաղութի կազմութեան 100-ամեայ պատմութեան անդրադարձող տեսերիզ, որմէ ետք խօսք առաւ Սիրոսի քաղաքապետ Նիքոս Լիվատարաս, որ Զմիւռնիոյ աղէտէն առաջ բացիկներու իր անձնական հաւաքածոյէն նմուշներ տրամադրած է ցուցահանդէսին: Ան խօսեցաւ իր անձնական փորձառութիւններուն մասին` դրուատելով նման ցուցահանդէսներու դաստիարակչական դերակատարութիւնը նոր սերունդներուն համար:

Ապա Հայաստանի դեսպանին անունով ողջոյնի խօսք կարդաց Արմինէ Ալեքսանեանը:

Այնուհետեւ իր սրտի խօսքը արտասանեց Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:

Նկարներու ցուցադրութիւնը բաղկացած էր երեք տարբեր նիւթերէ. առաջին` Զմիւռնիոյ մէջ հայկական եւ յունական կեանքի պայմաններն ու հարուստ մշակութային կեանքը, երկրորդ` Հայոց ցեղասպանութեան եւ Զմիւռնիոյ աղէտներու ոճիրները, եւ երրորդ` 1923-էն ետք հայկական համայնքի հիմնադրութեան փուլերը:

Առանձին տեղ տրամադրուած է Սիրոսի մէջ ամերիկեան բարեսիրական հաստատութեան որբանոցին, ուր 1923-1930 հիւրընկալուեցան հայ եւ յոյն մեծ թիւով որբեր` աղէտէն փրկուելով ու վերապրումի նոր յոյս ստանալով, իրենց մատղաշ կեանքի առաջին տարիներուն ընթացքին:

Ապա նաեւ աւելի քան 30 լուսանկարներու ընդմէջէն բաժին մը տրամադրուած է Քինիի բանակավայրէն ներս Արցախէն փոքրիկներու հիւրընկալման ծրագրին, որ մեծ զօրակցութիւն կը վայելէ կղզիի քաղաքացիներուն մօտ:

Ֆրանսա

«Լեռնային Ղարաբաղ. Սեւ Գիրք» Աշխատութեան Ներկայացում

20 սեպտեմբերին Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահական ընդունելութիւններու սրահին մէջ, Ծերակոյտի Լեռնային Ղարաբաղի հարցով միջազգային տեղեկատուական խումբի նախագահ ծերակուտական Պրունօ Ռըտայոյի եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ Արցախի նուիրուած համաժողով, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղ. սեւ գիրք» աշխատութիւնը: Ձեռնարկը կը վայելէր Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէի բարձր հովանաւորութիւնը:

Համաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկաւ ծերակուտական Պրունօ Ռըտայօ, որ համերաշխութիւն յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, յատկապէս դատապարտելով Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ Ազրպէյճանի վերջին վայրագութիւնները ու ընդգծելով Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի` Հայաստանի աջակցութեան անմիջական անհրաժեշտութիւնը:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան քննարկում` «Լեռնային Ղարաբաղ. սեւ գիրք» աշխատութեան հեղինակներու մասնակցութեամբ: Ելոյթներով հանդէս եկան գիրքի խմբագիր-հեղինակներ Էրիք Տընեսէ եւ Տիգրան Եկաւեան, ինչպէս նաեւ առանձին հեղինակներ` ծերակուտական Մարի-Արլեպ Կարլոտի, Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Ֆրանսուա-Քզաւիէ Պելամի, պատմաբան, հրապարակախօս Ժան-Ֆրանսուա Քոլոսիմօ, «L’Œuvre d՛Orient» կաթոլիկ կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն, Փասքալ Կոլնիշ եւ հանրայայտ աշխարհաքաղաքագէտ Ժերար Շալեան:

Ձեռնարկին եզրափակիչ ելոյթներով հանդէս եկան Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը, որ իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ծերակուտական Ռըտայոյի` համաժողովը կեանքի կոչելուն եւ Հայաստանի ու Արցախի համերաշխութեան ուղերձ յղելուն համար: Դեսպանը ընդգծեց այս դժուար պահուն միջազգային հանրութեան` Հայաստանի ու Արցախի կողքին ըլլալու եւ Ազրպէյճանի վայրագութիւններուն վճռական կերպով հակազդելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը:

Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէի ուղերձով:

Իրաք

Պասրայի Գաղութը Կորսնցուց Իր Ականաւոր Դէմքերէն Օհաննէս Պետրոսեանը

Հինգշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2022-ին Իրաքի գաղութը կորսնցուց իր ականաւոր դէմքերէն Օհաննէս Յովակիմ Պետրոսեանը, որուն կեանքը անսակարկ նուիրում ու համակ ծառայութիւն եղած է Պասրայի հայ համայնքին համար:

Օհաննէս Պետրոսեան տարիներ շարունակ ստանձնած է Պասրայի հայ եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի ատենապետի պաշտօնը եւ անձնուիրութեամբ ծառայած է Պասրայի հայ համայնքին բարգաւաճման եւ անոր իրաւունքներուն տէր կանգնելու համար:

Իբրեւ հմուտ ճարտարապետ` Օհաննէս Պետրոսեան հսկած եւ ստանձնած է գաղութի ազգապատկան կառոյցներու շինարարական աշխատանքները ու յատկապէս նպաստած է համայնքին պատկանող երկյարկանի հասութաբեր շէնքի կառուցման:

Պասրայի հայ համայնքի յիշողութեան մէջ Օհաննէս Պետրոսեան անունը դրոշմուած է իբրեւ համայնքին ծառայութեան ու անոր բարօրութեան նուիրուած անձնաւորութեան օրինակելի տիպար մը: Անոր յիշատակը կը մնայ անթառամ:

 

 

 

 

Նախորդը

«Կը Խնդրենք Կանգնիլ Հայաստանի Կողքին»

Յաջորդը

Մարսէյի «Համազգային»-ի Վերամուտի Եւ Հայաստանի Երկրորդ Անկախութեան Նուիրուած Ձեռնարկ

RelatedPosts

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?