Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքի Մէջ Բողոքի Ցոյցեր Եւ Նախաձեռնութիւններ` Ազրպէյճանի Կողմէ Հայաստանի Վրայ Գործուած Յարձակման Դէմ

Սեպտեմբեր 21, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսահայերու Բողոքի Ցոյց` Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Դիմաց  

15 սեպտեմբերի 2022-ին հազարաւոր մարդիկ հաւաքուեցան Փարիզի մէջ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մօտ` իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնելու Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի կանխամտածուած յարձակումին դէմ: Ցուցարարները կը վանկարկէին «Կա՛նգ առ, Ալիե՛ւ, դո՛ւրս ել Հայաստանէն», «Փանթուրքիզմ = ֆաշիզմ» եւ այլն:

Մօտաւորապէս 20 քաղաքական գործիչներ եկած էին աջակցելու հայկական պայքարին,  ներառեալ` Կապրիէլ Աթթալ` երկրի կառավարութեան նախկին խօսնակ, իսկ այժմ պետական հաշիւներու գծով նախարար-պատուիրակը:

Իր խօսքին մէջ Արա Թորանեան` Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահը, շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային, որ գրեթէ միակն է աշխարհի մէջ, որ դիւանագիտօրէն արձագանգած է իրավիճակին` խնդիրը հասցնելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդ: «Կը բաւէ ձեր գլուխները թաղէք հողին մէջ: Եթէ մենք չարտօնենք, որ մեզ բաժնեն, մենք պիտի յաղթենք», ըսած է ան` որպէս օրինակ բերելով 1918-ի Սարդարապատն ու 1990-ականներուն Արցախը:

Ցոյցին միացած Պերիւան Ֆըրաթ` Ֆրանսայի մէջ Քրտական ժողովրդավարական խորհուրդի խօսնակը, յայտնեց. «Հայերու պայքարը  ճնշուած ազգերու պայքարն է, իմ պայքարս է: Այսօր ես հայ եմ: Էրտողանը վտանգ է քիւրտերու, հայերու, ասորիներու եւ Ֆրանսայի համար, Արեւմուտքին համար, մեր երիտասարդութեան եւ սերունդներուն համար»:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանն ալ իր կարգին աւելցուց. «Այսօր Պաքուն յարձակած է Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ, ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուած տարածքին վրայ: Անթոյլատրելի է յարձակում գործել ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուած տարածքին վրայ եւ պատասխան չստանալ անոր համար ՄԱԿ-ի կողմէ: Մենք կը վախնանք Հայաստանին, անոր ապահովութեան եւ ժողովուրդին համար: Մենք պէտք է ելք գտնենք` ապահովելու Հայաստանի եւ Արցախի հայերու անվտանգութիւնը»:

Աթէնքի Եւ Թեսաղոնիկէի Մէջ Յունահայութիւնը Իր Բողոքի Ձայնը Բարձրացուց Ազրպէյճանական Յարձակման Դէմ

Կիրակի, 18 սեպտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, ընդառաջելով ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի կոչին, յունահայութիւնը զանգուածային ներկայութեամբ Աթէնքի Սինտաղմա կեդրոնական հրապարակին վրայ եւ Թեսաղոնիկէի Սպիտակ աշտարակին առջեւ բողոքի իր ձայնը բարձրացուց Հայաստանի սահմաններուն վրայ սանձազերծուած ազրպէյճանական յարձակման դէմ, որ պատճառ դարձաւ հայ զինուորներու նահատակութեան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ վիրաւորներու, տեղահանուածներու եւ ենթակառուցուածքներու մեծ վնասներու` սահմանամերձ տարածքներուն վրայ: Յունահայութեան բողոքի հաւաքներուն ներկայ եղած հայրենակիցները բուռն կերպով դատապարտեցին Ազրպէյճանի կողմէ հայկական տարածքներու գրաւումը եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան դէմ կատարուած ոտնձգութիւնները:

18 սեպտեմբերի երեկոյեան Յունաստանի խորհրդարանին առջեւ գտնուող Սինտաղմայի հրապարակը արդէն ողողուած էր հարիւրաւոր հայրենակիցներով, որոնց մէջ տիրական էր ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու անդամներու ներկայութիւնը: Անոնք բարձրացուցած էին եռագոյն դրօշակներ եւ պաստառներ, որոնց վրայ տեղ գտած էին Ազրպէյճանի անօրինական յարձակումները դատապարտող լոզունգներ: Ժողովուրդին մէջ իսկ զգալի էին ընդվզումի ու զայրոյթի արտայայտութիւնները Հայաստանի դէմ գործուած ոճիրներուն համար: Ելոյթին ներկայ եղան յոյն երեսփոխաններ, որոնք խօսք առին, ինչպէս նաեւ` հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Ներկայ էին նաեւ` երեսփոխան Վասիլիոս Ղրամենոս, Նէա Զմիւռնիի փոխքաղաքապետ Վակելիս Խաչատուրեան, Հայ-յունական բարեկամութեան միութեան նախագահ Անտոնիս Փաւլիտիս եւ անդամներ, Յունաստանի կիպրացիներու միութեան ատենապետ Օմիրոս Փափասաւաս, Միացեալ Նահանգներու Ռեփուպլիքանական կուսակցութեան յունական բաժինի ատենապետ Ճոնաթան Քոնսթանթին, «Արտին» կազմակերպութեան ներկայացուցիչը եւ հանրածանօթ ու սիրուած դերասանուհի Խրիսթինա Ալեքսանեան:

Հայկական կողմէ ներկայ էին` հայ կաթողիկէ համայնքի հովիւ Յովսէփ թ.ծ.վ. Պէեզազեան, հայ աւետարանական համայնքի վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան, Հայ կապոյտ խաչի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի կառոյցներու ներկայացուցիչները, շրջաններու կոմիտէները, տեղական վարչութիւններու անդամներ:

ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին անունով բացումը կատարեց Յարութիւն Սպարթալեան: ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան կողմէ ուղերձ կարդաց Սամուէլ Սամուէլեանը, իսկ միութեան կողմէ Լոռի Գույումճեանը ներկայացուց սահմաններուն վրայ կատարուած բոլոր իրադարձութիւնները եւ վերջին զարգացումները:

Յոյն պաշտօնական հիւրերուն կողմէ զօրակցական խօսքեր արտասանեցին` երեսփոխաններ Տիմիթրիս Քերիտիս, Նեքթարիոս Պողտանոս եւ Նատիա Եաննաքոփուլու, Համապոնտական միութեան նախագահ Եորղոս Վարիթիմիատիս եւ Ասորական միութեան նախագահ Քիրիաքոս Պացարաս: Բոլոր խօսողները անդրադարձան Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակումներուն եւ դատապարտեցին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու ապօրինի գրաւումը, միաժամանակ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանի եւ Արցախի մարտնչող ժողովուրդին:

Բողոքի հաւաքը վերջ գտաւ հայկական եւ յունական ազգային երգերով: Նշենք, որ հաւաքը ամբողջութեամբ սփռուեցաւ Հայ դատի յանձնախումբի Դիմատետրի էջով, որուն վրայ արդէն տեղադրուած է տեսանիւթը:

Համագաղութային Հաւաք Կիպրոսի Մէջ

Կիրակի, 18 սեպտեմբեր 2022-ին, սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ կազմակերպուող հաւաքներուն շարքին, Կիպրոսի մէջ Կիպրոս-Հայաստան բարեկամութեան այգիին մէջ եւս տեղի ունեցաւ համագաղութային հաւաք` Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի յարձակումը դատապարտող եւ հայոց բանակին զօրակցող:

Այս առիթով իր տպաւորութիւնները թուղթին յանձնեց մեր յօդուածագիրներէն Հրայր Ճէպէճեան, որուն գրութիւնը կը հրապարակենք ստորեւ:

Ապրելու Կամքը…

Կիրակի, 18 սեպտեմբերին, կիպրահայ գաղութին հետ մասնակցեցայ ժողովրդային հաւաքին` ի զօրակցութիւն հայոց բանակին: Հաւաքը տեղի ունեցաւ Կիպրոս-Հայաստան բարեկամութեան այգիին մէջ, Նիկոսիա:

Շատ քաջալերական էր տեսնել մէկ կողմէ երիտասարդներ եւ չափահասներ, բայց նոյնքան նաեւ` պատանիներ:

Շատ դժուար եւ մարտահրաւէրներով լեցուն օրերու մէջ ենք իբրեւ հայկական իրականութիւն: Եթէ մեր մտքերուն եւ սրտերուն մէջ կայ մտահոգութիւն, անորոշութիւն, բայց նոյնքան նաեւ` տրտմութիւն: Տրտմութիւնը մեր քաջարի երիտասարդ տղոց նահատակութիւնն է: Իսկ անորոշութի՞ւնը… «Լինել եւ չլինելու» պատերազմին մէջ ենք…

Եթէ մէկ կողմէ կը հետեւէի սրբազան հօր եւ պետական ներկայացուցիչի պատգամներուն, բայց նոյնքան նաեւ կը նայէի չորս կողմս: Կը դիտէի մանաւանդ մեր պատանիները: Անոնք մէկ կողմէ հպարտօրէն կը ծածանէին հայկական դրօշակը եւ միւս կողմէ` պաստառներ: Եւ այս բոլորին մէջ տեսայ մէկ իրականութիւն` ԿԱՄՔԸ…

Հայուն պատմութիւնը միշտ ալ լեցուն եղած է տագնապներով: Կարծէք տագնապները «կարաւանի» մը նման, մէկ-մէկ, մեր ետեւէն եկած են մեր կեանքերուն ընթացքին: Բայց այդ բոլոր տագնապներուն մէջէն մենք ցոյց տուած եւ դրսեւորած ենք մէկ իրականութիւն` ապրելու կամքը:

Մենք ազգ մըն ենք, որ ունեցած է եւ տակաւին ունի քաղաքակրթութիւն մը, որ հազարամեակներու վրայ երկարած` սատարած է միջազգային եւ համամարդկային յառաջխաղացքին: Մեր պատմութեան բոլոր տագնապներուն մէջէն դրսեւորած ենք կամք եւ վերածած զայն` ապրող իրականութեան: Ապրած ենք ոչ թէ աննպատակ, այլ` նպատակասլաց: Իսկ նպատակը կեանքը կերտել եւ զայն ապրիլն է: Եթէ ապրած ենք որպէս հայ ժողովուրդ, բայց նաեւ բաժնեկցած ենք զայն համամարդկային իրականութեան մէջ:

Այսօր, այս հաւաքի ընթացքին, ես նորէն տեսայ այս կամքը: Կամքը` հայ պատանիին, երիտասարդին եւ չափահասին: Իմ եւ մեր բոլորին կամքը: Եթէ մեր հայ քաջարի բանակին տղաքը կը կռուին եւ կը նահատակուին, քանի կ՛ուզեն ամուր պահել հայուն ապրելու կամքը:

Եւ այս ապրելու կամքով մենք դուրս պիտի գանք այս անգամ ալ այս ճգնաժամէն, որքան որ ալ այս ճգնաժամը «մահուան շուքի ձորի» մէջէն քալելու իրականութիւնն է: Այս կամքը մեզ զօրաւոր պահած է (ու տակաւին այսօր պիտի ընէ նոյնը), որպէսզի «չարէն չվախնանք»:

Բայց այսօրը ունի նաեւ պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն:

Այս ճգնաժամէն դուրս պիտի գանք «բոլորս» եւ «միասին»: Իսկ բոլորս եւ միասին կը նշանակէ` ես, դուն եւ իւրաքանչիւր հայ: Բոլորս եւ միասին:

Մեր հայ բանակին եւ անոր նահատակ տղոց արեան կանչն է այս:

Հայուն ապրելու կամքը:

Յարգա՛նք մեր հայ բանակին եւ անոր իւրաքանչիւր կռուող թէ նահատակ քաջամարտիկներուն:

Ապրինք եւ (վեր)ստեղծենք հայուն ապրելու այս կամքը:

Ապրելու կամքը… Բոլորս եւ միասին:

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Թիֆլիսի Մէջ Ոստիկանութիւնը Խոչընդոտեց Հայերու Բողոքի Ցոյցը

Նախորդող օրերուն ընկերային ցանցերուն վրայ տարածուեցաւ նախաձեռնութիւն մը, որ կոչ կ՛ուղղէր հայերուն` միանալու յանուն Հայաստանի հաւաքին եւ բարձրացնելու բողոքի ձայն: Անոր իր բացայայտ աջակցութիւնը ցուցաբերեց «Վրաստանի հայ համայնք» կազմակերպութիւնը, որուն անդամները սադրանքներէ խուսափելու նպատակով որոշեցին ուղեկցիլ այդ երթին:

«Վրաստանի հայ համայնք» կազմակերպութենէն յայտնեցին, որ հաւաքը ընթացք առաւ Հաւլաբարի մեթրոյի յարակից տարածքէն եւ պէտք էր աւարտէր Ազրպէյճանի դեսպանութեան առջեւ: Երթին կը մասնակցէին անհամեմատ մեծ թիւով ոստիկաններ, որոնք Մետեխիի կամուրջին վրայ կազմած էին «կենդանի պատ»:

Ոստիկանութեան հետ երկար վիճելէ ետք պարզ դարձաւ, որ ոստիկանութիւնը հրաման ստացած է երթի մասնակիցներուն չարտօնել` շարունակել երթը դէպի Ազրպէյճանի դեսպանութիւն:

«Վրաստանի հայ համայնք»-ի նախագահ Արթուր Միրզոյեան սադրանքներէ խուսափելու նպատակով փորձեց երթի մասնակիցները վերակազմակերպել եւ շարունակել երթը դէպի Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքը: Սակայն իրեն այդ կարելիութիւնը չտրուեցաւ, ան ձերբակալուեցաւ երթին մասնակից քանի մը քաղաքացիներու հետ:

Արթուր Միրզոյեանի անօրինական ձեւով ձերբակալութիւնը աղմուկ բարձրացուց կազմակերպութեան անդամներուն միջեւ, որոնք փորձեցին կասեցնել այդ անօրինական քայլը: Այդ պահուն ձերբակալուեցան կազմակերպութեան 4 անդամներ եւս: Սակայն այդ բոլորը չկոտրեցին երթի մասնակիցներուն ոգին, եւ ազատութեան մէջ մնացած կազմակերպութեան միւս անդամները հայրենասիրական երգերով խումբով շարունակեցին իրենց երթը դէպի Վրաստանի խորհրդարանի շէնքը` Ալիեւը, Ազրպէյճանն ու Թուրքիան դատապարտող կոչերով:

Խորհրդարանի շէնքին դիմաց խօսքով ելոյթ ունեցան երիտասարդները, նոյնիսկ ելոյթ ունեցաւ Ուքրանիոյ քաղաքացի մը, որ աջակցութիւն յայտնեց Հայաստանին եւ Ուքրանիոյ:

Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Բողոքի Ցոյց` Լոս Անճելըսի Մէջ Ազրպէյճանի Հիւպատոսարանին Առջեւ

Շաբաթ, 17 սեպտեմբերին Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան հրաւէրով բողոքի ցոյց տեղի ունեցաւ Ազրպէյճանի հիւպատոսարանի առջեւ, Լոս Անճելըսի Ուիլշիր պողոտային վրայ:

Ցոյցի նպատակն էր հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը հրաւիրել Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի անմարդկային յարձակումներուն վրայ, պահանջել, որ վերականգնուի Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Ազրպէյճանին օգնութիւն տրամադրելու 907-րդ յօդուածին արգելքը եւ Ազրպէյճանի կառավարութեան ու ղեկավարութեան դէմ պատժամիջոցներ կիրարկել:

Բողոքի ցոյցին խօսք առաւ ՀԵԴ-ի անդամ Անի Ղազարեանը, որ ներկայացուց Հայաստանի ու Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը եւ յայտնեց կազմակերպուած բողոքին նպատակները: Ապա հրաւիրուեցաւ Դրօ Գրիգորեանը երգելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան քայլերգները:

Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին բոլոր զոհուած հայ զինուորներու յիշատակը:

Քալիֆորնիոյ նահանգի ծերակուտական Էնթոնի Փորթանթինոն ընդգծեց, թէ անխղճութիւն է, որ Միացեալ Նահանգներ մինչեւ օրս օգնութիւն կը ցուցաբերեն Ազրպէյճանին: Ան Միացեալ Նահանգներէն պահանջեց դադրեցնել Ազրպէյճանին տրամադրուող բոլոր օգնութիւնները եւ կանգնիլ Հայաստանի ժողովուրդին կողքին:

Այնուհետեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Լեւոն Պարոնեանը ներկայացուց շրջանի Դաշնակցութեան խօսքը: Պարոնեանը խօսեցաւ ազգային իրական օրակարգի առաջնորդութեան հետեւող հայութեան միասնականութեան կարեւորութեան մասին: Ան օրինակներ բերաւ հայոց պատմութենէն` հաստատելով, որ յաջողութիւններ արձանագրուած են այն ատեն, երբ հայերը համախմբուած էին եւ կեդրոնացած` իրապէս կարեւոր խնդիրներու վրայ, եւ ձախողութիւններ եղած են, երբ հեռացած ենք միասնութենէն` հետեւելով արհեստականօրէն պարտադրուած առաջնահերթութիւններու: Պարոնեանին յաջորդեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին խօսքը:

Բողոքի ցոյցի կազմակերպիչները այնուհետեւ մէկ ժամով դադրեցուցին երթեւեկը Լոս Անճելըսի ամէնէն բանուկ փողոցներէն մէկուն` Ուիլշիր պողոտայի վրայ:

Խօսք առաւ նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Արդի Քասախեան, որ իր զօրակցութիւնը յայտնեց ցոյցի կազմակերպիչներուն եւ ներկաներուն:

Նշենք, որ նախորդող օրերուն եւս բողոքի հաւաքներ կազմակերպուեցան հիւպատոսարանին առջեւ:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (20 Սեպտեմբեր 2022)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?