Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Կոմիտաս Վարդապետի Ծննդեան 153-Ամեակին Նուիրուած Յուշ–Երեկոյ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լ. Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, 7 հոկտեմբերին «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ մը` երաժշտագէտ, երգահան, հայկական ժողովրդական եւ հոգեւոր երգեր մշակող, խմբավար ու մանկավարժ, ժամանակակից հայ դասական երաժշտութեան հիմնադիր, մեծն երաժիշտ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 153-ամեակին առիթով` լուսարձակի տակ առնելով անոր կեանքն ու գործունէութիւնը:
Վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Շողիկ Սարգիսեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ քաջալեր կը հանդիսանան միութեան գործունէութեան: Ան յայտնեց, որ համախմբուած ենք յիշատակելու Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 153-ամեակը եւ վերակենդանացնելու հայ ժողովուրդի մշակոյթի կոմիտասեան ժառանգութիւնը, հայատրոփ երգն ու երաժշտութիւնը յաւերժական պահելու եւ անոր ոգին ամրօրէն դարբնելու նորահաս սերունդի հոգիին մէջ:
Այնուհետեւ Կոմիտասի երաժշտական արժէքը յաւերժացնող գեղարուեստական յայտագիր մը հրամցուեցաւ ներկաներուն:
Օրուան բանախօսն էր Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, երաժշտագէտ եւ կոմիտասեան ժառանգութեան մասնագէտ Ժիրայր Ռէիսեան: Ան համապարփակ գիծերու մէջ անդրադարձաւ Կոմիտասի արուեստի ազգային գիծերուն` լուսարձակի տակ առնելով Կոմիտաս ազգագրագէտն ու բանահաւաքը, ազգային երգի ու երաժշտութեան բնորոշումն ու սահմանումը եւ առանձնայատկութիւնները` ըստ իր վերլուծութիւններուն: Ռէիսեան դիտել տուաւ, որ Կոմիտաս հայ երգի եւ երաժշտութեան մշակման, բազմաձայն դարձնելուն մէջ իր ինքնուրոյն նպաստը բերաւ, յատկապէս` ազգային ոճի ու մտածելակերպի ուղիին հաստատման գծով: Ան անդրադարձ կատարեց նաեւ մեծ երաժիշտի արուեստին քաղաքական, ռազմահայրենասիրական ու ազատագրական թեմաներուն: Եզրափակելով իր խօսքը` բանախօսը օրինակներով փորձեց երեւան հանել անխոնջ սերմնացանը, հայ ազգային երաժշտութիւնն ու երգը ուրուագծող եւ գիտական հասկացողութեամբ օտարին ծանօթացնող Կոմիտասի եզակի դէմքը:
Աւարտին ատենապետուհին վարչութեան անունով շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բանախօսին, որ վերակենդանացուց հայ մշակոյթի տիտանին` Կոմիտասին, երաժշտական աւանդը եւ օգտաշատ գիտելիքներով հարստացուց ներկաներուն մտքերը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Շրջանային վարչութեան անդամներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ քաջալերեցին ու գօտեպնդեցին համազգայնականները: Ան նաեւ բարձր գնահատեց գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմող նուիրեալ երիտասարդները, որոնք ազգային բարձր գիտակցութեամբ եւ հրաշալի կատարումներով ծաղկեցուցին երեկոն:
Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի Վերամուտը
3 հոկտեմբերին Համազգայինի «Զաւարեան» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի վերամուտը` ներկայութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդի տեղապահ Մանուկ աբղ. Պարիխանեանի, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, Հայագիտական միաւորի վարչութեան, հիմնարկի տնօրէնին, դասախօսներուն եւ ուսանողներուն, ինչպէս նաեւ առցանց կապ հաստատուեցաւ Լաթաքիոյ, Գամիշլիի եւ Քեսապի նորագիր ուսանողներուն հետ:
Այս տարուան վերամուտը իւրայատուկ էր, որովհետեւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Հայագիտական միաւորի վարչութեան նախաձեռնութեամբ ստեղծուեցաւ առցանց դասընթացի դրութիւն, որուն պիտի կարենան մասնակցիլ Սուրիոյ եւ սփիւռքի զանազան շրջաններէն ուսանողներ:
Հիմնարկի տնօրէն Սիլվա Ճապաղջուրեան ներկայացուց` հիմնարկին նպատակներն ու առաքելութիւնը, բարեփոխուած օրէնքները, դասախօսական կազմն ու աւանդուած նիւթերը, ինչպէս նաեւ` առցանց դրութեան պարագան:
Ապա հայր սուրբը խօսք առնելով նշեց, որ Հայագիտական հիմնարկը կը շարունակուի եւ կը շարունակէ պատրաստել հայ ուսուցիչներ, որոնք կրնան իսկապէս դասաւանդել, կրնան ապագայ սերունդ կերտել: Այս պարտականութիւնը պարզ պարտականութիւն մը չէ, այլ` վսեմ պարտականութիւն:
Կիպրոս
ՀՄԸՄ–ՀԵՄ–ի Նորընտիր Վարչութեան Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան
11 հոկտեմբերին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Կիպրոսի ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի նորընտիր վարչութիւնը:
Հանդիպումը ծանօթացման բնոյթ ունէր: Վարչութեան ատենապետը եւ անդամները մանրամասն տեղեկութիւններ տուին միութեան կատարելիք աշխատանքներուն, նոր մարտահրաւէրներուն, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ նոր ծրագիրներուն մասին:
Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպման համար եւ իր ջերմ գնահատանքն ու քաջալերանքը յայտնեց բոլորին, որոնք ընկերային ու տնտեսական դժուար պայմաններուն մէջ կը շարունակեն իրենց կամաւոր ու գործօն մասնակցութիւնը բերել միութեան վերելքին եւ ծրագիրներու իրագործման: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց մանուկներն ու պատանիները ոչ միայն մարզական ոգիով դաստիարակելու անհրաժեշտութեան մասին, այլեւ` հետամուտ ըլլալ հայու ոգին ու ՀՄԸՄ-ի նշանաբանը` «Բարձրացիր, բարձրացուր»-ը գործնական իմաստով արմատացնելու ծառայութեան, նուիրուածութեան, եղբայրասիրութեան, ընկերասիրութեան եւ իրերօգնութեան անկեղծ զգացումներով: Սրբազանը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց օգտակար ըլլալու որեւէ հարցի պարագային, ի մասնաւորի` հայեցի եւ հոգեւոր դաստիարակութեան առնչուած ոլորտի աշխատանքներուն:
Միացեալ Նահանգներ
Ծերոն Եւ Սոնա Թիթիզեաններ Կը Հովանաւորեն Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Ընթրիքը
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Կրօնական ժողովը, Ազգային վարչութիւնը եւ Տիկնանց օժանդակ մարմինը յայտարարեցին, որ Ծերոն եւ Սոնա Թիթիզեան ամոլը ստանձնած է առաջնորդ սրբազան հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիքի գլխաւոր հովանաւորութիւնը:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ս. Ծննդեան օրը, ուրբաթ, 6 յունուար 2023-ին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ:
Այս առիթով առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց Թիթիզեան ամոլը` անոր ցուցաբերած բարերար հոգիին` Ազգային առաջնորդարանի նկատմամբ եւ զօրակցութեան` Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ ծխական համալիրին:
Գիտաժողովի Մասնակցութիւն Եւ Այցելութիւններ Հայագիտական Կեդրոններ
17-18 սեպտեմբերին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի (ՀՑԹՀ) տնօրէն, պատմութեան գիտութեան դոկտոր Յարութիւն Մարութեան եւ ՀՑԹՀ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եւ վերապրողներու փաստագրման եւ ուսումնասիրման բաժինի վարիչ, աւագ գիտաշխատող, պատմութեան գիտութեան թեկնածու Շուշան Խաչատրեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պելմոնթ քաղաքին մէջ Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ազգային ընկերակցութեան Վարդան Գրեգորեանի անունը կրող յարկին տակ մասնակցեցան Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան եւ NAASR-ի կազմակերպած «Հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւնները եւ հայկական պատմողական փորձառութիւնները դարերու հոլովոյթին մէջ» խորագրով միջազգային գիտաժողովին:
Գիտաժողովը նուիրուած էր հայկական միջավայրին մէջ հաղորդակցութեան պատմական եւ ժամանակակից ձեւերուն (այսինքն` ձեռագիրներ, գրատպութիւն, համացանցային եւ թուային մետիա, եւ այլն): Գիտաժողովը տարբեր գիտակարգերուն մէջ աշխատող հետազօտողներու ներգրաւմամբ նպատակ ունէր խթանելու միջգիտակարգային քննարկումները, թէ ինչպէ՛ս հաղորդակցման միջոցները կ՛ազդեն հայկական պատմողական մշակոյթին, ոճին եւ եղանակներուն վրայ, նաեւ` թէ ինչպէ՛ս հայկական պատմողական փորձառութիւնը կը ձեւաւորէ նոր արհեստագիտութիւններ: Գիտաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկան` Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան նախագահ դոկտ. Պետրոս Տէր Մաթոսեան, դոկտ. Ծովինար Տէրտէրեան, Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ազգային ընկերակցութեան ակադեմական գծով տնօրէն Մարք Մամիկոնեան: Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին տարբեր գիտակարգեր ներկայացնող 13 հետազօտողներ:
ՀՑԹՀ-ի տնօրէն Յ. Մարութեան ներկայացուց «Հաղորդակցութեան տեսողական ձեւերը որպէս յեղափոխական փոփոխութիւններու գործիք եւ նշան» թեմայով զեկոյցը` նուիրուած արցախեան շարժման տարիներուն ԽՍՀՄ սահմանադրութեան մասին պատկերացումներուն եւ գնահատականներուն` շարժման ժամանակ օգտագործուած ցուցապաստառներու նիւթերով: ՀՑԹՀ-Ի աւագ գիտաշխատող Շուշան Խաչատրեանը զեկուցեց «Սրբազան առարկաները որպէս Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրելու խորհրդանիշներ» թեմայով նիւթին շուրջ, որով անդրադարձ կատարեց «տան սուրբ» կոչուող եւ այլ սրբազան առարկաներու միջոցով Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւններու, զոհերու եւ վերապրողներու անուններու` սերունդներուն պատմողական փոխանցման երեւոյթին 100 տարուան ընթացքին եւ մեր օրերուն:
Գիտաժողովի ծիրին մէջ նախատեսուած այցով գիտաժողովի մասնակիցները այցելեցին Ամերիկայի հայկական թանգարան, իսկ ՀՑԹՀ-ի աշխատակիցները այցելեցին Պոսթընի ՀՅԴ արխիւ:
Քանատա
ՀՅԴ Քանատայի Պատանեկան Միութիւններու «Տէր Եմ Հայրենիքիս» Սեմինար–Բանակումը
ՀՅԴ Քանատայի պատանեկան միութիւններու «Տէր եմ հայրենիքիս» խորագիրով համաքանատական սեմինար-բանակումը տեղի ունեցաւ 7-10 հոկտեմբերին, «Քրիսթի լէյք» բանակավայրին մէջ, Օնթարիօ, մասնակցութեամբ Թորոնթոյէն, Քեմպրիճէն, Վանքուվըրէն, Մոնրէալէն եւ Լաւալէն 110 երէց եւ 45 կրտսեր պատանիներու:
Սեմինար-բանակումին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ շաբաթ առաւօտեան, դրօշակի արարողութեամբ:
Չորս օրերու ընթացքին, ընկերային, մարզական եւ խաղերու բաժիններուն առընթեր, պատանիները լսեցին դաստիարակչական նիւթեր:
Շաբաթ առաւօտեան երէց պատանիները հետեւեցան Զաւէն Տէր Սահակեանի ներկայացուցած սփիւռքի կազմակերպուածութեան մասին դասախօսութեան մը, ապա մասնակցեցան «Հայաստանը առանց սփիւռքի կամ սփիւռքը առանց Հայաստանի. կարելի՞ է» թեմայով վիճաբանական ասուլիսին, իսկ կրտսեր պատանիները ծանօթացան պատանեկան միութիւններու վարիչ եւ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի կենսագրութեան եւ երգեցին անոր նուիրուած երգը: Նիստը վարեց Մովսէս Արզումանեանը:
Նոյն օրը երեկոյեան, ղեկավարութեամբ Շանթ Գարայեանի, երէցները բաժնուեցան խումբերու եւ խաղցան «SIM համայնք» խաղը, որուն ընդմէջէն իւրաքանչիւր խմբակ կերտեց իր իտէալ հայկական համայնքը: Լոռի Ապրաքեան կրտսեր պատանիներուն բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս դաշնակցական պատանին կրնայ պաշտպանել իր հայրենիքը: Ապա պատանիները ձեռային աշխատանքով կազմեցին Հայաստանի եւ Արցախի քարտէսները` ծանօթանալով հայրենիքի տարբեր մարզերուն:
Կիրակի առաւօտեան կրտսեր եւ երէց պատանիներուն հետ հեռակայ կապ հաստատեց Արցախի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Գեւ Իսքեճեան: Ան զեկուցեց Արցախի մէջ Հայ դատի յանձնախումբին նպատակին եւ գործունէութեան մասին, իսկ երեկոյեան Քաթիա Տէր Յովակիմեան յատուկ դասախօսութեամբ բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս պատանիները կրնան տիրող ներկայութիւն ըլլալ ընկերային ցանցերու վրայ եւ անոնց միջոցով իրազեկել հանրութիւնը հայրենիքի ճգնաժամին մասին: Կրտսերները լսեցին այս ամառ Վանաձորի ճամբարը ղեկավարած ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան վարիչներուն զեկոյցը:
Գիշերային հաւաքներու ընթացքին պատանիները խմբուեցան խարոյկին շուրջ եւ երգեցին ազգային-յեղափոխական երգեր ու վառ պահեցին Վարանգաթաղի բարձունքին ինկած հերոսներու յիշատակը, որոնց շարքին ՀՅԴ Քանատայի պատանեկան միութիւններու նախկին վարիչ, ընդհանուր վարիչ եւ դաստիարակ Քրիստափոր Արթինի յիշատակը:
Երկուշաբթի առաւօտեան սեմինար-բանակումը պաշտօնապէս փակուեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով:
Եգիպտոս
Տեսիլ Մխտիկեանի «Սատանայի Գործ» Կարճ Ժապաւէնի Ներկայացումը
Վերջերս եգիպտահայ Տեսիլ Մխտիկեան բեմադրեց «Սատանայի գործ» վերնագրով կարճ ժապաւէն մը: Այս առթիւ ան յայտնեց, որ «Սատանայի գործ»-ի համաշխարհային առաջնացուցադրումը պիտի կատարուի Գահիրէի 44-րդ ժապաւէնի փառատօնին, ուր պիտի մասնակցի կարճ ժապաւէններու միջազգային մրցոյթին:
Նիւթը կը խօսի երիտասարդ կնոջ մը մասին, որ տասը տարի ետք կը վերադառնայ Գահիրէ` ցուցահանդէս կազմակերպելու ժամանակին Եգիպտոսը վաւերագրած հայ ռահվիրայ լուսանկարիչներու գործերուն: Մինչ կը պատրաստուի ցուցադրութեան, զինք գրաւել կը սկսին ընտանիքը, անցեալը եւ Գահիրէ քաղաքը:
Եթովպիա
Սուրբ Մինաս Մատուռի Յուշատախտակի Բացում
Եթովպիոյ Թիրէ Դաւա քաղաքի Ատիս Ապեպայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Թիրէ Դաւա քաղաքապետարանի մասնակցութեամբ 11 hոկտեմբերին տեղի ունեցաւ 1928 թուականին հայ համայնքի կողմէ կառուցուած Ս. Մինաս մատուռի յուշատախտակի բացման արարողութիւնը:
Թիրէ Դաւայի քաղաքապետարանի աշխատակազմի ղեկավար Կեպէյհու Թիլահուն եւ Հայաստանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Արտեմ Ազնաւուրեան իրենց խօսքին մէջ արժեւորեցին Եթովպիոյ մէջ, մասնաւորաբար Թիրէ Դաւայի մէջ, հայկական ժառանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը` որպէս երկու երկիրներու միջեւ դարաւոր բարեկամութեան դրսեւորում:
Երկու կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն կայացաւ հետագայ համագործակցութեան եւ երկկողմ մշակութային ձեռնարկներու իրականացման շուրջ: