Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Յունաստան
Պօղոս Սնապեանի Վաստակը Կ՛ապրի Իր Տուն–Թանգարանով
 22 օգոստոսին Յարութիւն եւ Թամար Սնապեան-Սուրճեան այցելեցին «Ազատ Օր»-ի խմբագրատունը, ուր Թամար ունեցաւ  մտերմիկ զրոյց մը թերթի խմբագրութեան հետ: Թամար Սնապեան դուստրն է սփիւռքահայ հանրածանօթ մտաւորական եւ գրող, Համազգայինի «Բագին» պարբերաթերթի երկարամեայ խմբագիր Պօղոս Սնապեանի, միաժամանակ ան ՀՅԴ արխիւներու մասնագէտ, մտաւորական եւ հանրային գործիչ Երուանդ Փամպուքեանի օգնականն է արխիւներու Պէյրութի գրասենեակին մէջ:

Հանդիպումին առիթով Թամար Սնապեան-Սուրճեան ստացաւ Պօղոս Սնապեանի հանրածանօթ եւ բազմիցս հրատարակութեան արժանացած «Ես այդ շունն եմ» գիրքի յունարէն տարբերակէն օրինակներ, որ թարգմանուած է Սերգօ Աղապատեանին կողմէ եւ լոյս տեսաւ «Արմենիքա» պարբերաթերթի հրատարակութիւններու շարքէն:
Սերգօ Աղապատեան ներկայացուց Սնապեանի իւրայատուկ երկի յունարէն հրատարակութեան դրդապատճառները, գիրքի ընտրութենէն մինչեւ հեղինակի ոճի ու մտածումներու թարգմանութեան մարտահրաւէրները: Թամար Սնապեան մեծապէս գնահատեց գիրքի յունարէն հրատարակութեան աշխատանքը, որ կ՛աւելնայ այլ օտար լեզուներով լոյս տեսած տարբերակներուն վրայ:
Յաջորդաբար առիթ եղաւ զրուցելու Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանին մասին, որ կը գտնուի Լիբանանի հայկական Այնճար գիւղին մէջ, ուր վերջերս տեղի ունեցաւ նաեւ Պօղոս Սնապեանի բարձրաքանդակին զետեղման ելոյթը: Թանգարանը սկսաւ գործել 2015-ին, Սնապեանի մահէն մէկ տարի ետք: Հոն ամփոփուած են` մտաւորականին ամբողջ արխիւը, իր հրատարակութիւնները, օրագրութիւնները, դիմանկարներ, ձեռագիրներ, թանկարժէք հնատիպ գիրքեր, մամուլի կարեւոր նմուշներ, գրենական անձնական իրերը եւ հարուստ գրադարան մը:
Ցուցադրութեան յատկանշական նմուշներէն մէկն է մեծ գրող Յակոբ Օշականի վերարկուն, որ Սնապեան` որպէս անոր աշակերտը, մասունքի պէս պահած է իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, եւ այսօր անիկա իր տեղը գտած է թանգարանին մէջ: Հարուստ է նաեւ լուսանկարներու հաւաքածոն, որոնց մէջ Սնապեան լուսանկարուած է իրեն ժամանակակից հայրենի եւ սփիւռքեան մտաւորականներու հետ:
Թանգարանի գործունէութեան ծիրէն ներս տեղի ունեցած է Պօղոս Սնապեանի երկու նոր գիրքերու հրատարակութիւնը, ինչպէս նաեւ յատկանշական եղած է մեծ թիւով այցելուներու ներկայութիւնը Սնապեանի օճախին մէջ:
Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանը նպատակ ունի վառ պահել սփիւռքահայ մեծ գրողի մտաւորական վաստակը, որուն գրական հարուստ աշխատանքը, իր հեղինակած գիրքերն ու մամուլին մէջ լոյս տեսած յօդուածները կը շարունակեն յուզել հայ ընթերցողը:
Աւանդական Պարերու Միջազգային Փառատօն Քաթերինիի Մէջ
 Հովանաւորութեամբ Քաթերինիի քաղաքապետարանին, 19 եւ 20 օգոստոսին Յունաստանի Քաթերինի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական պարերու միջազգային փառատօն, որուն ընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին տարբեր երկիրներէ ժամանած պարախումբեր, որոնց շարքին` Վրաստանի Ախալքալաք քաղաքէն հայկական պարի «Ջաւախք» երիտասարդական համոյթը, պարուսոյց ունենալով Լամարա Մխիթարեանը եւ պատասխանատու Աշուղ Ալիք Քսպոյեան:

Այս առիթէն օգտուելով, Թեսաղոնիկէի հովիւ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան, ընկերակցութեամբ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու եւ շարք մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներու, 19 օգոստոսին Թեսաղոնիկէէն մեկնեցան եւ ներկայ գտնուեցան սոյն միջազգային փառատօնին:
Ուրախալի երեւոյթ էր, որ սոյն փառատօնին ներկայ էին նաեւ Քաթերինի շրջանին մէջ ապրող եւ յայտնի միակ ընտանիքը` Աւագեանները, որոնք եկած էին քաջալեր հանդիսանալու պարախումբին:
Աւարտին Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան եւ համայնքի ներկայացուցիչները բարձրօրէն գնահատեցին ու շնորհաւորեցին հայկական պարի «Ջաւախք» երիտասարդական համոյթը եւ մաղթեցին առաւել բարձր նուաճումներ եւ արդիւնաբեր առաքելութիւն:
 20 օգոստոսին Յունաստանի մէջ կայացաւ «Պառալիա 16-րդ պարի միջազգային փառատօն»-ը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին եօթը երկիրներ: Փառատօնին Ախալքալաքի «Ջաւախք» համոյթը իր 31 հոգինոց խումբով գրաւեց առաջին դիրքը: Բոլոր մասնակիցները ստացան վկայագիրներ, նաեւ` առանձին մրցանակներ:

Աշուղ Ալիք Ջաւախքը նկատել տուաւ, որ շատ հիանալի փառատօն էր: Ան յայտնեց, որ երկու տեղ ելոյթ ունեցած են, ուր համերգի բացման եւ փակման բաժինը իրենց վստահուած էր: Աշուղը հիացած էր հայ համայնքով եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեանին, որ իրենց կողքին եղած է: Ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Ախալքալաքի շրջանի ղեկավարութեան, յատկապէս` քաղաքապետ Մելքոն Մակարեանի:
Միացեալ Նահանգներ
Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին
 23 օգոստոսին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը, որ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Քնար Գորթոշեանի, եկած էր առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութիւնը ստանալու:

Հանդիպման ընթացքին առաջնորդ սրբազանը գնահատեց Համազգայինի շուրջ մէկ դար տեւողութեամբ գործունէութիւնը եւ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն եւ յատկապէս Հայաստանի ու Արցախի մէջ արձանագրած իրագործումները:
Իր խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազանը յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերը ըլլան խաղաղ, ապահով ու բարեբեր, որպէսզի հայ ազգային կեանքը վերանորոգ թափով լծուի հայրենակերտ ու հայակերտ իր առաքելութեան, եւ Համազգայինը վերստանձնէ իր դերը` աւելի արդիւնաւէտ ու ժամանակակից արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցներով աշխատանքի մղելու համար կրթական եւ մշակութային նոր ծրագիրներ:
Շրջանային վարչութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին սրբազան հօր ազգային արժէքներուն եւ յատկապէս Համազգայինի նկատմամբ իր ցուցաբերած հոգածութեան համար, ապա ներկայացուցին` միութեան ներկայ իրավիճակը, դիմագրաւած դժուարութիւնները, մասնաճիւղերը, միաւորներն ու մօտակայ ծրագիրները` ստանալով անոր առաջնորդական խորհուրդները:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Տարեկան Համագումարի Բացումը
 25 օգոստոսին Պրպենքի «Պեշիր Մարտիրոսեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան տարեկան համագումարի բացումը ներկայութեամբ աւելի քան 47 պատգամաւորներու ՀԵԴ Արեւմտեան Ամերիկայի բոլոր մասնաճիւղերէն եւ 30 հրաւիրեալներու եւ ներկաներու:

Համագումարի բացումը կատարուեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով, որուն յաջորդեց ՀԵԴ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Յասմիկ Պրուշեանի խօսքը: Ներկաներուն համար անակնկալ եղաւ հայ ազգի հերոս, նախկին ՀԵԴ-ական Համբիկ Սասունեանի տեսակապով միանալը Եւ օրուան պատգամին փոխանցումը: Ապա իր խօսքը արտասանեց նոյն առիթով հրաւիրուած ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան:
ՀԵԴ-ի տարեկան համագումարը կը քննարկէ անցնող տարուան գործունէութիւնը Եւ կը ճշդէ յառաջիկայ տարեշրջանի գործունէութեան հիմնական ուղիները: Համագումարը յաջորդող օրերուն իր աշխատանքը շարունակեց ՀԵԴ ճամբարին մէջ:
Հանդիպում Թեհրանի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչին Հետ
 22 օգոստոսին Պըրպենքի երիտասարդական կեդրոնին մէջ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան հիւրաբար շրջանը գտնուող Թեհրանի Հայ դատի յանձնախմբի քարտուղար եւ Թեհրանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի անդամ` Շաքէ Աւետեանին հետ:

Կողմերը իրենց փորձառութիւնները փոխանակեցին Հայ դատի աշխատանքներու տարբեր ոլորտներու հետ կապուած, ինչպէս` կազմակերպական, համայնքային, քաղաքական եւ այլ բնագաւառներուն մէջ, եւ ի յայտ եկաւ, որ իւրաքանչիւր երկիր ունի իր աշխատանքային եւ կազմակերպչական ոճը: Ուշագրաւ էր մեծ թիւով հայրենակիցներու ներգրաւուածութիւնը եւ աշխատանքի ժողովրդական բնոյթը Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն մէջ, որ կրնայ օրինակ հանդիսանալ Արեւմտեան ափի կազմակերպութեան համար: Պարզուեցաւ նաեւ, որ Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի աշխատանքային որոշ ոլորտներ, որոնք կը վերաբերին համայնքի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերուն, Թեհրանի մէջ վերահասու են ազգային-եկեղեցական եւ պետական այլ կառոյցներ: Հետաքրքրական էր աշխատանքային եւ կազմակերպական զուգահեռներն ու բաղդատութիւնները:
Պաղտատ
Հայ Երիտասարդներ Մաքրութեան Աշխատանքներ Տարած Են Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
 Վերջերս Պաղտատի մէջ նշուեցաւ Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնը:
Վերջերս Պաղտատի մէջ նշուեցաւ Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնը:
Արդարեւ, 9-15 օգոստոսին Պաղտատի հայ երիտասարդները եւ ՀԵԿ-ի անդամները մասնակցեցան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մաքրութեան աշխատանքներուն, նաեւ Վերափոխման տօնին շաբթուան ընթացքին կազմակերպեցին հաւատացեալներու այցելութիւնը Ս. Աստուածածին եկեղեցի: Աւելցնենք, որ երիտասարդները եւ ՀԵԿ-ի անդամները մասնակցեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տօնին առթիւ մատուցուած ս. պատարագին:
Յիշեցնենք, որ երկար տարիներ Իրաքի հայոց թեմը ձեռնհասօրէն ղեկավարելէ ետք, վերջերս Աւագ արք. Ասատուրեան հրաժարական տուած էր եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց վեհափառի տնօրինութեամբ վաւերացուած էր նոր առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանի ընտրութիւնը: