Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Օգոստոս 11, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանին Նուիրուած «Ուրախ Երեկոյ»

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ  Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, 10 յուլիսին ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան «Խաթուն Սարեան» բակին մէջ տեղի ունեցաւ «Ուրախ երեկոյ»` նուիրուած Լիբանանի մէջ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանին:

«Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի ատենապետ Պերճ Ուզունեան կատարեց բացման խօսքը` ներկայացնելով պաշտօնական հիւրերը, որմէ ետք շրջանի հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան օրհնեց սեղանները:

Մասնաճիւղի վարչականներէն  Ժագ Արմուտիքեան խօսք առնելով` բացատրեց ձեռնարկին նպատակը, Ճեմարանին տարած կարեւոր աշխատանքը հայ մշակոյթի պահպանման համար եւ Ճեմարանի աշխատանքներուն զօրավիգ կանգնելու անհրաժեշտութիւնը` նշելով, որ վարչութիւնը որոշած է ձեռնարկին հասոյթը նուիրել Ճեմարանին: Երեկոյին ընթացքին եղան նուիրատուութիւններ եւ ճեմարանականները միասնաբար երգեցին Ճեմարանի քայլերգը:

Երեկոն խանդավառեց երգիչ Շահէ Սգայեան` մեկնաբանելով ժողովրդական ճոխ երգեր: Ցուցադրուեցաւ նաեւ Համազգայինի եւ Ճեմարանի պատմութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:

Սրտի խօսք արտասանեց 1960-ի շրջանաւարտ տոքթ. Յարութիւն Արմէնեան: Ան խօսեցաւ Ճեմարանին բերած նպաստին` հայակերտման, եւ պատմեց հին օրերու հաճելի դրուագներ: Ան շեշտեց Համազգայինի կարեւոր դերը դպրոցներ հիմնելու` օրինակ բերելով Մարսէյի Ճեմարանը, որ հակառակ Լիբանանի պատերազմի ծանր օրերուն` Համազգայինի Կեդրոնականը ճիգ եւ նիւթական ներդրում չէր խնայած անոր նեցուկ կանգնելու:

Ազգային Առաջնորդարանի Ճամբով Տասը Միլիոն Տոլար Արեւմտեան Թեմի Ազգային Վարժարաններուն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի 2022 տարին «Սփիւռքի տարի» հռչակեց` համասփիւռքեան բոլոր կառոյցները հոգեպէս, բարոյապէս եւ գործնապէս հրաւիրելով սփիւռքի վերանորոգումն ու վերակազմակերպումը իրականացնելու այնքան պատասխանատու եւ հրամայական գործին:

Այս ծիրէն ներս Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի անդուլ ջանքերով եւ Ազգային վարչութեան բծախնդիր հետեւողութեամբ, անհատ բարերարներ եւ հիմնադրամներ Ազգ. առաջնորդարանի ճամբով բազմամակարդակ զօրակցութիւն ցոյց տուին Արեւմտեան թեմի ազգային վարժարաններուն` տասը միլիոն ամերիկեան տոլար, անոնց առաւել պայծառացման եւ ընդարձակման այնքան ողջունելի նպատակին համար:

Այս առիթով առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց հայ դպրոցին զօրակցող բոլոր բարերարները եւ նոր նուաճումներ մաղթեց Արեւմտեան թեմին:

Աշխարհահռչակ Հայ Բժիշկ Ռէյմոնտ Տամատեան Ոչ Եւս Է

Վերջերս կեանքէն հեռացաւ  ամերիկահայ բժիշկ, գիտնական, գիւտարար,  «Էմ.Ար.Այ.» բժշկական ախտաճանաչման սարքի հեղինակ Ռէյմոնտ Վահան Տամատեանը:

Ռէյմոնտ Տամատեան ծնած է 1936-ին, Միացեալ Նահանգներ: 1956-ին Մետիսընի Ուիսքոնսինի բժշկական համալսարանին մէջ ստացած է ուսողութեան պաքալորէայի գիտական աստիճան: Հետագային` 1960-ին Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Ալպերթ Այնշթայնի անուան բժշկական քոլեճէն ստացած է դոկտորի գիտական աստիճան:

Ան յայտնագործած է «Էմ.Ար.Այ.» բժշկական ախտաճանաչման սարքը, որ հնարաւորութիւն կու տայ զննել ներքին օրկանները` առանց վիրահատական միջամտութեան: Այս ուղղութեամբ առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեան դիտել տուաւ, որ անոր գիւտը յեղափոխական նշանակութիւն ունեցաւ բժշկութեան ասպարէզին մէջ, աւելցնելով, որ ժամանակակից առողջապահութիւնը` ախտորոշումէն մինչեւ բուժում, դժուար է պատկերացնել առանց Տամատեանի  յայտնագործութեան:

Յայտնենք, որ 2021-ին ան այցելեց Երեւան:

Քանատա

Նորօրհնեալ Սուրբ Միւռոնով Ջրօրհնէք Եւ Լիզպոնի Հինգ Հերոսներուն Նուիրուած Հոգեհանգիստ   

31 յուլիսին Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան հանդիսապետեց Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ ս. պատարագին, կատարեց նորօրհնեալ սուրբ միւռոնով ջրօրհնէք եւ կատարեց հոգեհանգստեան պաշտօն` Լիզպոնի հինգ հերոսներու նահատակութեան 39-րդ տարելիցին առթիւ:

Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ Հայ եկեղեցւոյ մէջ ս. միւռոնի օրհնութիւնը նուիրական ու խորհրդալից արարողութիւն է, աւելցնելով, որ միւռոնը Աստուծոյ ներկայութիւնն է մարդուն մէջ:

Անդրադառնալով Լիզպոնի գործողութեան, առաջնորդ սրբազանը վեր առաւ Լիզպոնի հինգ հերոսներուն նահատակութենէն բխած անժամանցելի պատգամները` յիշեցնելով, որ 39 տարի առաջ հինգ հայորդիներ յանդուգն գործողութիւն կատարեցին Լիզպոնի թրքական դեսպանատան դէմ` իրենց կեանքերուն եւ արեան գնով մեզի ու աշխարհին յիշեցնելու, որ ցեղասպանին ոճիրը չէ մոռցուած, չի՛ մոռցուիր, հայ ժողովուրդը տէրն է իր անսակարկելի իրաւունքներուն, չ՛ընդունիր իր հողային եւ ազգային ամբողջական ժառանգութիւններէն զիջում կատարել, այլ յարատեւօրէն պիտի մրճահարէ աշխարհի խիղճն ու յիշողութիւնը, որպէսզի հայուն վերադարձուին իր պատմական հողերը, արդար հատուցում կատարուի Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ այլ կորուստներուն համար: Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ Լիզպոնի տղաքը ոչ միայն պատմութիւն կերտեցին ու պատմութեան անցան, այլ նաեւ անցեալ դարերուն հետ կամուրջ մը դարձան եւ իբրեւ մշտական լուսատու փարոս` կանգնեցան դէպի այսօրն ու մեր ապագան երկարող ճամբուն դիմաց, եւ անոնց հոգին առ այսօր արմատաւորուած է Արցախի ու Հայաստանի սահմանները պաշտպանող մեր կտրիճ զինուորներուն ու կամաւորներուն կամքերուն մէջ, ինչպէս նաեւ` ազգային արժանապատուութիւն ու արժէքներ կրող իւրաքանչիւր հայորդիի մէջ:

Յունաստան

Լիզպոնի Հինգ Տղոց Յիշատակին Հոգեհանգիստ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան, կիրակի, 31 յուլիսին Քոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Լիզպոնի մէջ իրենց կեանքը Հայաստանի ազատագրութեան բագինին նուիրաբերած հինգ տղոց յիշատակին:

Պատարագը մատուցեց շրջանի հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, որ իր քարոզին մէջ յայտնեց, թէ քրիստոնէական վարդապետութեան հասկացողութեան ու բացատրութեան մէջ նահատակութիւն բառը յատուկ արժէք կը ներկայացնէ, որովհետեւ նահատակութիւնը սրբազան նպատակի մը համար եղելութիւն է եւ պատասխանատուութեան փոխանցում, որուն մեծագոյն օրինակը դարձաւ Քրիստոս: Քահանայ հայրը նկատել տուաւ, որ հայ ժողովուրդը հոգեւորական ու աշխարհական նահատակներով հարուստ պատմութիւն մը ունի, որ Աստուծոյ պարգեւն է` մեզի շնորհուած: Ան շեշտեց, որ Լիզպոնի մէջ զոհուած հինգ երիտասարդները մեր հայրենիքին ու եկեղեցւոյ ազգային պահանջատիրութեան սիրոյն նահատակներու շարքին արժանացան, բայց մեզի փոխանցեցին պայքարը շարունակելու ջահը:

Արարողութեան աւարտին ՀՅԴ երիտասարդական միութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Անայիս Խտըրեան: Ան յայտնեց, որ 39 տարիներ առաջ հինգ երիտասարդ հայեր Լիզպոնի մէջ ուժական արարքով մը գրաւեցին թրքական դեսպանատունը` արդարութեան պահանջով եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը աշխարհին յիշեցնելու համար: Հոն ձգեցին իրենց վերջին շունչը, հերոսացան եւ անմահացան իրենց քաջութեամբ ու կեանքի զոհաբերութեամբ, աւելցնելով, որ անոնք հայրենասիրութեան, խիզախութեան եւ գերագոյն անձնազոհութեան օրինակ դարձան եւ իրենց անձնազոհութիւնը ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը կեդրոնացուց հայութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան վրայ ու այժմէականացուց մեր դատը:

Խտըրեան յիշեց իւրաքանչիւրին խօսքը, որ ուղղած էր բոլորիս` դէպի Լիզպոն անվերադարձ մեկնելէն առաջ: Ան յայտնեց, որ Լիզպոնի հինգին հերոսացումէն շատ տարիներ չանցած` հայ ժողովուրդը ծնաւ նորանոր հերոսներ, ազատամարտիկներ, որոնք ազատագրեցին Արցախը, իսկ այսօր Արցախի եւ Հայաստանի սահմանները կանգնած զինուորը կը դիմադրէ Ազրպէյճանի յարձակողական տրամադրութիւններուն եւ անձէն ու անձնականէն վեր դասելով հայրենիքը` օրը-օրին ապահով կը պահէ գիւղերն ու սահմանամերձ քաղաքները: Ան շեշտեց, որ ներկայիս մեր հայրենիքը կը գտնուի ներքին եւ արտաքին ճգնաժամի մէջ, եւ սփիւռքի երիտասարդութիւնը պէտք է թիկունք կենայ հայ զինուորին: Պայքար, քարոզչութիւն ու նուիրում` ասոնք են մեր զէնքերը, եւ մեր պարտանքն է, որ զանոնք օգտագործել մինչեւ մեր ազգի դատը ստանայ ամբողջական ու արդար հատուցում:

Մալաթիա

Ուխտագնացութիւն Դէպի Մալաթիա

Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ նորոգութենէն  ետք, տարի մը առաջ` 28-29 օգոստոս 2021-ին, կատարուեցաւ եկեղեցւոյ օծումը Սահակ Բ. պատրիարքին ձեռամբ:

30-31 յուլիս 2022-ին, Սահակ Բ. պատրիարքին օրհնութեամբ, նախկին մալաթիացիներ, նախաձեռնութեամբ Մալաթիա Հայտէր հայրենակցական միութեան, կազմակերպեցին ուխտագնացութիւն մը դէպի Մալաթիա:

Ուխտագնացութեան առթիւ պատրիարքական աթոռոյս Հրատարակչական եւ Տեղեկատուական բաժիններու տեսուչ Յովակիմ աբղ. Սերովբեան, ընկերակցութեամբ Կարապետ կսրկ. Եոնթանի եւ Ղազար կսրկ. Սապունճուի, 30 յուլիսին ժամանեց Մալաթիա: Անոնք հիւրասիրուեցան Մալաթիա Հայտէր հայրենակցական միութեան ատենապետ Նուրհան Կէզտիրիճիի կողմէ եւ շրջեցան քաղաքի պատմական շուկան եւ երբեմնի հայկական շրջանները:

Երեկոյեան հայր սուրբը ու ընկերակիցները առաջնորդուեցան Մալաթիոյ «Վէնք» կոչուած վայրը, որ հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ վանքի մնացորդացն է, եւ ուր տեղի ունեցաւ աղօթք: Վանքի 1670-ական թուականներու մատուռը տեղւոյն քաղաքապետ Սելահէտտին Կիւրքանի նախաձեռնութեամբ նորոգութեան ենթարկուած եւ վերջերս աւարտած է:

Նոյն օրը երեկոյեան կազմակերպուեցաւ սիրոյ սեղան բացօթեայ ճաշարանի մը մէջ:

31 յուլիսին Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի-Թաշ Խորան մշակոյթի կեդրոնին մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ: Օրուան պատարագիչ Յովակիմ աբղ. Սերովբեան իր քարոզին մէջ բացատրեց պայծառակերպութեան դէպքն ու խորհուրդը` յատկապէս անդրադառնալով լոյսի ու պայծառակերպուելու գաղափարներուն վրայ:

Գաւառի տեսուչ Աւետիս քհնյ. Թապաշեան Մալաթիոյ հայ համայնքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Սահակ Բ. պատրիարքին, որ հայրական հոգածութիւն ցոյց կու տայ գաւառի փոքրաթիւ համայնքներուն, այս պարագային` Մալաթիոյ համայնքին:

Ս. պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Մալաթիոյ թեմի հանգուցեալ առաջնորդներուն եւ հոգեւոր սպասաւորներուն հոգիներուն համար:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին հաւատացեալներ ուղղուեցան Մալաթիոյ հայոց գերեզմանատունը, ուր գլխաւորութեամբ Յովակիմ աբղ. Սերովբեանի, կատարուեցաւ մասնաւոր կարգ` Մալաթիոյ հայ համայնքի ննջած հին ու նոր բոլոր անդամներուն հոգիներուն համար:

Կիպրոս

Զուիցերիոյ Ազգային Օրուան Եւ Դեսպանին` Կիպրոսէն Մեկնումին Առիթով Ընդունելութիւն

1 օգոստոսին Զուիցերիոյ դեսպան դոկտ. Փիեռ Իվ Ֆուքսի հրաւէրով Նիկոսիոյ հովիւ Մոմիկ քհնյ. Հապէշեան, ներկայացնելով թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանը, ներկայ գտնուեցաւ Զուիցերիոյ Ազգային օրուան եւ դեսպանին` Կիպրոսէն մեկնումին առիթով կազմակերպուած ընդունելութեան, «House of Hadjigeorgakis Kornesios»-ի մէջ, Նիկոսիա:

Նախ պաշտօնական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Զուիցերիոյ դեսպանը, ապա` Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Իուանիս Քասուլիտիսը: Անոնք շեշտը դրին երկու երկիրներու սերտ գործակցութեանց ու յարաբերութեանց վրայ եւ Զուիցերիոյ կողմէ կատարուած ճիգերուն` Կիպրոսի հարցին խաղաղ լուծման համար: Խօսքերու աւարտին դիւանագիտական կազմի խօսնակ հանդիսացող, ամէնէն երկար պաշտօնավարող Յորդանանի դեսպան Մոհամետ Ֆայեզը սրտի իր խօսքը արտասանեց եւ յիշատակի յուշանուէր մը յանձնեց հրաժեշտ առնող դեսպանին:

Հանդիսութեան աւարտին քահանայ հայրը սրբազան հօր եւ եկեղեցւոյ անունով շնորհաւորեց դեսպանը` բարի երթ մաղթելով անոր, նաեւ ջերմ բարեմաղթութիւններ յայտնեց իր նոր ստանձնելիք պաշտօնին եւ առաքելութեան համար:

 

 

 

Նախորդը

Ինքնուրոյն Երեխայ Դաստիարակելու 7 Կանոններ

Յաջորդը

Ղօղանջ Զգօնութեան . «Հայ Եկեղեցւոյ Սարկաւագուհիները» Գիրքին Հրատարակութեան Առիթով

RelatedPosts

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?