Ազգ. Առաջնորդարանի Ճամբով 1.3 Միլիոն Տոլար Կը Տրամադրուի Ազգ. Վարժարաններու Կրթական Ծրագիրներու Արդիականացման
Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի ծաւալուն առաքելութեան մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւեն Ազգ. վարժարաններու ընդարձակման, բարեզարդման, արդիականացման եւ կրթական նոր մեթոտներով հարստացման հեռանկարները, որոնք կեանքի կը կոչուին մատղաշ հայ նոր սերունդները գիտակից հայ-քրիստոնեաներ պատրաստելու նպատակով: Այս ծիրէն ներս, Երեքշաբթի, 27 Յունիս 2023-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի ճամբով մէկ միլիոն երեք հարիւր հազար տոլար ($1,300,000) տրամադրուեցաւ Ազգ. վարժարաններու պատասխանատու մարմիններուն, վասն այս գործոց յաջողութեան:...




















