Քանատա
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Մոնրէալի «Միհրան Փափազեան» եւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէներուն, 24 սեպտեմբերին Մոնրէալի «Հայ կեդրոն»-ի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակցութեան ժողովրդական հաւաք` մոնրէալահայ եւ լաւալահայ հոծ բազմութեան ներկայութեամբ:
Բացումը կատարեց ՀՅԴ ՔԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ եւ Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղի ատենապետ Թալիա Ճապրայեան, որ հրաւիրեց Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանը եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանը, որպէսզի զեկուցեն Արցախի ու Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն ու հետագայ քայլերուն մասին:
ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, անդրադառնալով այսօրուան ճգնաժամային ու օրհասական իրավիճակին, թելադրեց ժողովուրդին չփակել Արցախի էջը եւ շարունակել նոյն թափով զօրակցիլ Արցախին ու Արցախի մեր ժողովուրդին, շեշտելով, որ պէտք չէ յուսահատիլ, որքան ալ դաժան ըլլան այսօրուան պայմանները, որովհետեւ Արցախի մեր ժողովուրդը մեր զօրակցութեան կարիքը ունի, եւ մենք` որպէս հայ ժողովուրդ, պէտք չէ լքենք Արցախի մեր հայրենակիցները, ինչպէս որ դժբախտաբար կատարեցին Հայաստանի իշխանութիւնները:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան զեկուցեց Արցախի, Հայաստանի եւ տարածաշրջանին մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակին եւ իւրաքանչիւր երկրի կեցուածքին մասին Արցախի հարցով, ինչպէս նաեւ հետագայի քայլերուն մասին` բոլոր առումներով` Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Ան շեշտեց նաեւ, որ վտանգը միայն Արցախին չի սպառնար, այլ նոյնիսկ` Հայաստանի սահմաններուն: Տօնապետեան հաստատեց, որ իրավիճակը չափազանց լուրջ ու օրհասական է, ինչպէս նաեւ դիւրին չէ հետագայի ծրագիրներն ու քայլերը իրականացնելը, սակայն յուսահատիլն ու յուսախաբութեան յանձնուիլը կրնայ մեր մեծագոյն սխալը ըլլալ պատմական այս ծանր օրերուն:
Աւարտին զեկուցաբերները պատասխանեցին ներկաներու զանազան հարցումներուն եւ կոչ ուղղեցին ժողովուրդին` անտարբեր չմնալ, համախմբուիլ եւ շարունակական ու միասնական ճիգերով աջակցիլ Արցախի մեր տառապեալ, բայց եւ հերոս ժողովուրդին:
Հաւաքը աւարտեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Հրանդ ծ. վրդ. Թահանեանի խրախուսական պատգամով:
* Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան, 23 սեպտեմբերին Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակցութեան քայլերթ եւ կարգախօսներով ու ցուցապաստառներով բողոք` Արցախի եւ արցախահայութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի վարած ցեղասպանական քաղաքականութեան դէմ: Երթը պարբերաբար կանգ առաւ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի դեսպանատուներուն դիմաց, ինչպէս նաեւ` Օթթաուայի քաղաքակեդրոնի բանուկ պողոտաներուն վրայ:
ՀՅԴ ՔԵՄ-ի երիտասարդները վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը` ամէն ձեւով զօրակցելու Արցախի ժողովուրդին եւ դէմ դնելու Ազրպէյճանի ոճրային քաղաքականութեան:
* Նախաձեռնութեամբ Քանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբին, 22 սեպտեմբերին Վանքուվըրի «Հայ կեդրոն»-ի «Լազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զեկոյց Արցախի եւ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւներուն մասին եւ ծանօթացում` Արցախի աջակցութեան յառաջիկայ ծրագիրներու:
Օրուան պատգամաբերն էր Սայմըն Ֆրեզըր համալսարանի առողջապահութեան գիտութիւններու դասախօս Քէյթ Թայիրեան, որ խօսեցաւ վերջին երեք ամիսներուն Հայաստան իր այցելութեան ընթացքին ունեցած ապրումներուն եւ փորձառութիւններուն մասին` հասնելով մինչեւ Երեւանի մէջ կայացող այս օրերու ժողովրդային բողոքի հաւաքներուն եւ Նոր Ազգային կոմիտէի կազմաւորման մասին:
Ապա առցանց կապ հաստատեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնսկան կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, որոնք համապարփակ տեղեկութիւններով ներկաները իրազեկ դարձուցին Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակին մասին` պատասխանելով նաեւ ներկաներու զանազան հարցումներուն:
Յունաստան
Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ընդհանուր յարձակումին եւ Արցախին կողմէ հրադադարի ընդունման իրականութեան տակ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ ՌԱԿ-ի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան, 20 սեպտեմբերին յունահայութիւնը ընդառաջելով կոչերուն` համախմբուեցաւ Աթէնքի կեդրոնական Սինտաղմայի հրապարակը:
ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յարութիւն Սպարթալեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց ազրպէյճանական յարձակումներու ընթացքն ու հայութեան դիմադրութիւնը` միաժամանակ ընդգծելով, որ միջազգային ընտանիքը բաւականացաւ կոչեր ուղղելով Ազրպէյճանին, իսկ վերջինիս սանձարձակ յարձակողապաշտութիւնը` հայ ժողովուրդին վրայ նոր ցեղասպանութիւն գործելու սպառնալիքով, չէ դատապարտուած աշխարհին կողմէ:
ՌԱԿ-ի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Սեւակ Փանոսեան յայտնեց, որ մենք առանձին մնացած ենք, եւ ոչ մէկ երկիր մեր կողքին կեցած է: Ան յորդորեց ներկաները` պայքարիլ եւ թիկունք կանգնիլ մեր ժողովուրդին` շեշտելով միասնական ըլլալու կարեւորութիւնը:
Յունահայ կազմակերպ երիտասարդութեան անունով Արամ Պետրոսեան իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց միջազգային ուժերուն` դատապարտելու Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութիւնը եւ պահանջեց դիւանագիտական ու տնտեսական պատժամիջոցներու կիրարկումը Ազրպէյճանի ղեկավարութեան դէմ: Պետրոսեան նաեւ կոչ ուղղեց Յունաստանի կառավարութեան` միջամտելու համար Եւրոպական Միութեան ատեաններուն մէջ Արցախի ժողովուրդի պաշտպանութեան ի խնդիր:
Երիտասարդականի յաջորդ խօսողը եղաւ Վահրամ Մանկոյեան, որ անդրադարձաւ ազրպէյճանական յարձակումին, հայութեան հերոսական անհաւասար դիմադրութեան` ընդգծելով, որ նոր ցեղասպանութեան ու բնաջնջումի վտանգը կը սպառնայ արցախցի ժողովուրդին:
Յունահայ պատանի սերունդին անունով Ալին Սերոբեան ուղերձով մը արտայայտեց բոլոր հայ պատանիներու ներաշխարհն ու ընդվզումը` Արցախի հայութեան հանդէպ կատարուող համատարած ցեղասպանութեան դէմ: Ան դատապարտեց լռութեան պատը, որ բարձրացած է Արցախի հայութեան շուրջ, միաժամանակ կոչ ուղղեց հայ պատանիներուն` սերտել մեր պատմութիւնը եւ ամբողջ ոգիով տէր կանգնիլ Արցախի ու հայութեան իրաւունքներուն:
Հաւաքին փակումը կատարեց Յարութիւն Սպարթալեան, որ կոչ ուղղեց Յունաստանի կառավարութեան` միջամտելու Եւրոպական Միութեան մօտ: Ան շեշտեց, որ Ազրպէյճան հետեւողական կերպով կը բնաջնջէ հայկական մշակութային կոթողները` վերջին արարքը ըլլալով Ամարասի վանքի գրաւումը, նաեւ բացայայտօրէն կը խախտէ միջազգային օրէնքը եւ դաշնագիրները: Ան ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պարտի պատժամիջոցներ կիրարկել Ազրպէյճանի դէմ, ինչպէս նաեւ` կասեցնել ռազմական օժանդակութեան ծրագիրները Թուրքիոյ համար:
Իրան
23 սեպտեմբերին Իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան եւ Սպահանի ու հարաւային իրանահայութեան պատգամաւորներ Արա Շահվերդեան եւ Ռոպերթ Բեգլարեան հանդիպում ունեցան արտաքին գործերու նախարարութեան գծով խորհրդարանի, հիւպատոսական գործերու եւ արտասահմանի մէջ իրանցիներու հարցով տեղակալ դոկտ.Պիկտելիի հետ:
Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, Ազրպէյճանի բանակի յարձակումը եւ հոն բնակող հայերու անվտանգութեան, կեանքին ու ապրուստին սպառնացող լուրջ սպառնալիքները: Կատարուեցաւ նաեւ մտքերու փոխանակում` Իրանի քաղաքականութեան, ապագայի հաւանական հարցերու եւ առկայ մտահոգութիւններու մասին:
Որոշուեցաւ արտաքին գործերու նախարարութեան կողմէ նկատի առնուին պատգամաւորներուն եւ իրանահայ համայնքին մտահոգութիւնները:
* Նախաձեռնութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, 20 սեպտեմբերին Ազգային առաջնորդարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում` ներկայութեամբ Իրանի Իսլամական խորհրդարանի մէջ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոպերթ Բեգլարեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամ Յովսէփ Աւետեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Բաղումեանի, Թեհրանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի եւ Թեմական խորհուրդի դիւաններուն, «Ալիք» հաստատութեան, «Ալիք» օրաթերթի եւ Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն եւ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետին:
Սրբազան հայրը նախ անդրադարձաւ Արցախի մէջ տիրող ողբերգական իրադարձութիւններուն` նկատել տալով, որ մեր պատմական հայրենիքը, Արցախը եւ ողջ հայ ժողովուրդը յայտնուած են հայոց պատմութեան ամենածանր, ողբերգական եւ ճակատագրական ժամանակահատուածին մէջ, եւ մենք թէ՛ որպէս համայնք եւ թէ՛ որպէս ժողովուրդ` չենք կրնար անտարբեր մնալ այս դառն իրողութեան դիմաց եւ կոչուած ենք համատեղ մտածելու Արցախի ժողովուրդին աջակցելու հնարաւոր միջոցներու որոնման մասին:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Բաղումեան բացատրութիւններ տուաւ իրականացուող աշխատանքներու մասին, իսկ հրաւիրեալները անդրադարձան ստեղծուած իրավիճակին եւ հնարաւոր քայլերուն: Միաձայնութեամբ որոշուեցաւ նամակներ յղել երկրի հոգեւոր առաջնորդին եւ պատկան այլ մարմիններուն ինչպէս նաեւ` ՄԱԿ-ի եւ Եւրոխորհուրդի ղեկավարութեան:
Ժողովականները ընդառաջեցին նաեւ սրբազան հօր մտածումին` եկեղեցիներուն մէջ Արցախի զօրակցական եռօրեայ աղօթքի եւ եկեղեցիներու զանգերը ղօղանջելու վերաբերեալ: Գնահատուեցաւ նաեւ պատգամաւոր Ռոպերթ Բեգլարեանի ունեցած ելոյթը:
Միացեալ Նահանգներ
19 սեպտեմբերին բազմահարիւր հայորդիներ հաւաքուեցան Կլենտէյլի մէջ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարանի առջեւ իրենց ձայնը հասցնելու Հայաստանի իշխանութիւններուն: Մասնակիցներու գլխաւոր թիրախը Ազրպէյճանի ցեղասպան ու ռազմապաշտ քաղաքականութիւնն էր, միաժամանակ անոնք պահանջեցին Հայաստանի իշխանութիւններէն, որ անմիջապէս հրաժարին Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ իրենց ընդունած յայտարարութենէն եւ ստանձնեն Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորի իրենց սահմանադրական եւ բարոյական պարտաւորութիւնը: