Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Լեհաստան
Փրոֆեսէօրի Կոչում` Արա Սայեղի
14 յունիսին Վարշավայի նախագահական պալատին մէջ դոկտ. Արա Սայեղ ստացաւ փրոֆեսէօրի կոչումի անհատական պատիւը` նախագահ Անտժէյ Տուտայի կողմէն, համաձայն Ակադեմական աստիճաններու եւ գիտական կոչումներու մասին օրէնքի 25-րդ հատուածին, որ կ՛ըսէ, թէ Լեհաստանի Հանրապետութեան նախագահն է, որ փրոֆեսէօրի կոչումներ կը շնորհէ բարձրագոյն կրթութեան ակադեմական գիտական գիտաշխատողներուն, համալսարաններու դասախօսներուն, արուեստի եւ այլ գիտութիւններու ոլորտի գիտաշխատողներուն:
Կոչումը ստանալու համար դիմումը կը ներկայացուի գիտական աստիճաններու եւ կոչումներու Լեհաստանի բարձրագոյն կրթութեան նախարարութեան մէջ գործող կենդրոնական կոմիտէին:
Թեկնածուներու իրականացուցած գիտական նուաճումներու քննարկումներէ ետք, գիտական կոչումներու քննարկումի յանձնախումբերու բազմափուլ ստուգման եւ արժեւորումի հայեցակարգի գործընթացը աւարտելով, դրական վաւերագրուած դատումները կը յղուին նախագահին: Իսկ փրոֆեսէօրի կոչում շնորհելու որոշումը կը կայացուի Լեհաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագրով:
Նշենք, որ Արա Սայեղ փրոֆեսէօրի այս տիտղոսը ստացած է 14 յունուար 2021-ին` Լեհաստանի նախագահի Անտժէյ Տուտայի հրամանագիրով, սակայն «Քորոնա» համաճարակի սահմանափակումներու պատճառով, հրամանագրի պաշտօնական յանձնումը տեղի ունեցաւ այս տարի` 14 յունիսին:
Յիշենք նաեւ, որ նախկին հալէպահայ Արա Սայեղ փրոֆեսէօրի տիտղոսը, Լեհաստանի չափանիշներով իր ստացած այս կոչումը երկրորդն է: Առաջին անգամ այդ կոչումը ստացած էր յունուար 2006 թուականին` Սուրիոյ բարձրագոյն կրթութեան նախարարութեան կողմէ` Հալէպի համալսարանի մէջ իր երկարամեայ գիտական նուաճումներուն շնորհիւ :
Սուրիա
Հայրապետական Մաղթանք` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ընտրութեան Եւ Օծման 28-Ամեակին Առիթով
Տնօրինութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, 2 յուլիսին Բերիոյ հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանքի արարողակարգ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ընտրութեան եւ օծման 28-ամեակին առիթով:
Արդարեւ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ արարողութեան նախագահեց սրբազան հայրը:
Ան իր քարոզին մէջ դիտել տուաւ, որ Քրիստոս ժողովուրդին կը պատմէ եօթը առակներ, որոնց ընդմէջէն կարեւոր ճշմարտութիւններ կը բացայայտէ եւ ժողովուրդը կը հրաւիրէ գիտակցութեամբ անդրադառնալու Աստուծոյ յաւիտենական արքայութիւնը մարդու հոգիին եւ սրտին մէջ հաստատելու եւ դէպի յաւիտենականութիւն աճելու կարեւորութեան: Ան նաեւ բացատրեց առակին իմաստը: Վեհափառին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 28-ամեակին առիթով Մակար եպս. Աշգարեան, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած` մաղթելով, որ ան իր հովանին անպակաս պահէ գահակալին վրայէն, իր շնորհները առատացնէ, պահէ ու պահպանէ, իմաստութեամբ լեցնէ, երկար կեանք պարգեւէ եւ անոր ձեռքէն բռնած առաջնորդէ, որպէսզի իրեն վստահուած հովուապետի ծանր պարտականութիւնը յաջողութեամբ կատարէ` ներքին թէ արտաքին, տեղական, միջազգային թէ համաշխարհային իմաստով:
«Փայտոջիլներու Պահարանը» Թատրերգութեան Ներկայացում
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ թատերական միաւորի վարչութեան, երկար բացակայութենէ ետք 16, 17 եւ 18 յունիսին «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերական միաւորը երգիծական թատրերգութեամբ բեմ բարձրացաւ` ներկայացնելով Վաչէ Ատրունիի բեմադրութեամբ «Փայտոջիլներու պահարանը»:
Ելոյթներու աւարտին Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամ Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց բեմադրիչ Վաչէ Ատրունիին եւ «Լեւոն Շանթ» թատերական միաւորին, ապա բեմ հրաւիրեց սրբազան հայրը եւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիւլահեանը` պարգեւատրելու Գէորգ Թիւթիւնճեանը` Համազգայինի թատերական կեանքէն ներս 50 տարուան ծառայութեան համար, Գէորգ Կարանեանը` 30 տարուան ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ բեմադրիչ, թատերագիր Վաչէ Ատրունին` սոյն թատրերգութեան բեմադրութեան համար:
Սրբազան հայրը այս առիթով շնորհաւորական խօսք ուղղեց բեմադրիչին ու դերակատարներուն եւ կարեւոր համարեց թատերական կեանքի աշխուժացումը հալէպահայ կեանքին մէջ` յոյս յայտնելով, որ խումբը նոր ներկայացումներով ու նոր փորձառութեամբ կրկին բարձրանայ բեմահարթակ:
Յունաստան
ՀԿ Խաչի Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Վարժարանը Նշեց Իր Հիմնադրութեան 60-Ամեակը
19 յունիսին տեղի ունեցաւ Ֆիքսի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի 60-ամեակին առիթով կազմակերպուած հաւաքոյթ:
Վարժարանի Ծնողական միութեան անունով Միրիամ Շիրակեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք յայտնեց, թէ 1962-ի սեպտեմբերէն ի վեր 922 շրջանաւարտներ, 141 ուսուցիչներ եւ հարիւրաւոր ծնողներ անցած են վարժարանէն մէկ նպատակ ունենալով. հայթայթել ուրախ եւ ստեղծագործ կրթութիւն, որ կը պատրաստէ գիտուն ու երջանիկ անձեր` աւելցնելով, որ ասոնք հիմնական իրաւունքներ են, որոնցմէ պէտք չէ զրկուին մեր զաւակները: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք աշխատեցան եւ կը շարունակեն աշխատիլ դպրոցին համար:
Այնուհետեւ վարժարանի տնօրէն Բաբգէն Գասապեան ուղղեց իր իր խօսքը: Վարժարանի նախկին ուսուցիչ Եաննիս Եաննիեորղիս իր ապրումները եւ յիշտակաները ներկայացուց ներկաներուն:
1991-ի շրջանաւարտ Հեկի Աղապապեան շրջանաւարտներու անունով երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնց շնորհիւ վարժարանի հիմնադրութիւնը իրականացաւ, յատկապէս Սոֆիա Յակոբեանի, որուն ազնիւ նուիրատուութեամբ երազը իրականութիւն դարձաւ: Ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց ուսուցիչներուն եւ տնօրէններուն, որոնք անձնական ժամեր տրամադրեցին, պարզ գիտելիքներէն շատ աւելին տուին, նաեւ բոլոր այն կամաւորներուն, որոնք ծառայեցին այս հաստատութիւնը պահելու համար:
Երկար տարիներ դասաւանդած եւ սերունդներ դաստիարակած ուսուցիչ Սոթիրիս Տելիս, վարժարանին մէջ երկարամեայ ծառայութեան իր փորձառութիւնը բաժնեկցեցաւ ներկաներուն հետ:
1989-էն մինչեւ 1991 ժամանակամիջոցին վարժարանին մէջ դասաւանդած դաստիարակ Եորղօ Նիքոլաու իր տպաւորութիւնները պատմեց ներկաներուն:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի երկարամեայ վաստակաւոր տնօրէն Միհրան Քիւրտօղլեան` իր սրտի խօսքը փոխանցելու: Ան հպարտութեամբ անդրադարձաւ 40 արդիւնաւոր տարիներուն, զորս անցուցած է այդ դպրոցին յարկին տակ` հաստատելով, որ տուած է ինչ որ կրնար տալ իրերայաջորդ սերունդներուն, իր շրջապատին, գաղութին: Ան նկատել տուաւ, որ փոխադարձաբար իր շրջապատէն առած է եռանդ, ներշնչում , ապագայի նկատմամբ հաւատք եւ վայելած է շրջապատի սէրն ու յարգանքը, նաեւ վստահութիւնը: Ան շեշտեց, որ հայկական դպրոցը հիմքն է հայ գաղութին, իսկ հայակրթութիւնը հայուն արմատն է, որուն վրայ կ՛աճի ու կը կազմուի ազգային ինքնութիւնը` աւելցնելով, որ եթէ հիմքը տկար է, փոքր ցնցումէն կը փլի շէնքը, կառոյցը, նոյնպէս, եթէ արմատը առողջ ու հաստատուն չէ, պտուղ չի տար ծառը եւ առաջին փոթորիկէն արմատախիլ կ՛ըլլայ: Եզրակացնելով իր խօսքը` ան հաստատեց, որ այնքան ատեն որ չենք մոռնար, թէ հիմքը ամրացած է մեր մեծ հայրերուն երկաթեայ կամքով եւ արմատը իր սնունդը առած է անոնց արդար քրտինքով, իսկ մենք երախտամոռ չենք ըլլար ու հաւատարիմ կը մնանք անոնց յիշատակին, հայակրթական ճակատի վրայ յաղթական նոր 60-ամեակներ կ՛արձանագրուին անպայման:
Հանդէսի ընթացքին ցուցադրուեցաւ վարժարանի 60-ամեայ պատմականը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Խօսք առին ու իրենց ապրումները փոխանցեցին նախկին եւ ներկայ ուսուցիչները, տնօրէնները, որոնք վարժարանին ծառայած են ու կը ծառայեն մինչեւ օրս:
Իրաք
Ողջերթի Երեկոյթ` Ի Պատիւ Ալիկ Ղարիպեանի
Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի, 24 յունիսին առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ողջերթի երեկոյթ մը` ի պատիւ Իրաքի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութեան հաւատարմատար Ալիկ Ղարիպեանին, դեսպանութեան մէջ իր պաշտօնը աւարտելուն առիթով:
Այս առիթով կարդացուեցան փոխադարձ ողջոյնի խօսքեր:
Առաջնորդարանի կողմէ պարգեւատրուեցան Ղարիպեան ամոլը:
Եգիպտոս
Եգիպտահայ Երիտասարդներ Արարատի Գագաթին Հայաստանի Եւ Եգիպտոսի Դրօշներ Զետեղեցին
Եգիպտահայ երիտասարդներ Սարօ Երզնկացեան, Արի Երզնկացեան, Վարուժան Գազանճեան, Սիմոն Տիպոյեան եւ Շահան Թերզիպաշեան բարձրացան Արարատ լերան գագաթը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Եգիպտոսի Հայ դատի մարմինը:
Երիտասարդները կրցան հասնիլ Արարատ լերան գագաթը` զետեղելով Հայաստանի եւ Եգիպտոսի դրօշները 5165 մեթրի վրայ:
Թեհրան
Իրանի Մշակոյթի Եւ Իսլամական Յարաբերութեան Կազմակերպութեան Ներկայացուցիչները Այցելեցին Առաջնորդարան
20 յունիսին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իրանի Մշակոյթի եւ իսլամական յարաբերութեան կազմակերպութեան` Կրօններու եւ մշակոյթներու երկխօսութեան բաժնի փորձագէտներ Ռաշիտ Պէյգը, Ամերը եւ Ազատը, որոնք եկած էին սրբազան հօր աջակցութեամբ ծրագրելու յառաջիկայ ամիսներուն կազմակերպութեան եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան) հետ կայանալիք համագումարը:
Բանակցութիւններու ընթացքին, սրբազան հայրը` ներկայ հասարակութեան դիմագրաւող մարտահրաւէրները նկատի առնելով, առաջադրեց «Կրօնը եւ հոգեւորականը, որպէս գործնական օրինակ երիտասարդներու համար» թեման: Կազմակերպութեան կողմէ առաջարկուեցաւ «Ընտանիքը եւ անոր դիմաց ցցուած մարտահրաւէրները» թեման:
Նշենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Իրանի Մշակոյթի եւ իսլամական միջազգային հաղորդակցութեան կեդրոնի տնօրէն Իմանիփուրի քննարկումներէն ետք Թեհրանի մէջ տեղի պիտի ունենայ յիշեալ համագումար` մասնակցութեամբ` վեհափառ հայրապետին:
Ատրպատական
Նազլու Գիւղին Մէջ Նոր Դպրոցի Հիմնարկէք
15 յունիսին, Ուրմիայի Նազլու գիւղին մէջ հիմը դրուեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կրթական ցանցի նոր դպրոցին` բարերարութեամբ Սագօ եւ Անաշէ Մեճլումեան ամոլին:
Հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Սագօ Մեճլումեան դպրոցի հիմնարկէքը կատարեց իր նահատակ աւագ եղբօր` Սագօ Մեճլումեանի անուան կառուցուելիք գիւղի դպրոցին: Ան յայտնեց, որ իր տարիներու երազն էր նահատակ եղբօր համար կառուցել դպրոց մը եւ յոյս յայտնեց իր խոստումը շուտով իրականութիւն դարձնելու:
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ նաեւ ազգային բարերար Էդիկ Մեճլումեան, որ իր կնոջ` Սանտրային հետ արդէն չորս դպրոցներու բարերար եղած է անցնող տարիներուն, զանոնք նուիրելով իրենց նահատակ որդիին` Սագոյի յիշատակին:
Իր խօսքին մէջ Էդիկ Մեճլումեան ուրախութիւն յայտնեց, որ իր զաւակը բնական ընթացքով որդեգրած է իր ճանապարհը: Ան նկատել տուաւ, որ իրենց ընտանիքը նահատակ տուաւ փոքր երեխայ մը` Սագոն, սակայն անոր անունը կրող իրենց զաւակը` Սագոն, իր եղբօր յիշատակին ահաւասիկ հիմը կը դնէ դպրոցի մը, ուր պիտի յաճախեն իր նահատակ եղբօր տարիքի երեխաներ: Ան յոյս յայտնեց, որ իր աղջիկները եւս նման բարերարութիւններով բարձր կը պահեն իրենց ծնողքին ճակատը:
Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանը հեռախօսով եւ ապա անձամբ հանդիպելով Մեճլումեան բարերար ընտանիքին, թեմի անունով բարձր գնահատանք արտայայտեց բոլորին, այս պարագային յատկապէս Սագօ եւ Անաշէ Մեճլումեան ամոլին, որոնք իրենց երիտասարդ տարիքին խոր հաւատք ունին Իրանի մէջ հայ ժողովուրդի բարենպաստ ներկայութեան եւ բարերար դերակատարութեան:
Յայտնենք, Սագօ եւ Անաշէ Մեջլումեան ամոլը ստանձնած է նաեւ Ուրմիայի հայոց Ս. Ստեփանոս ծխական եկեղեցւոյ «Արամ Մանուկեան» սրահի հիմնական վերանորոգման բարերարութիւնը, իրենց հանգուցեալ մեծ մօր Վարդանուշ Մեճլումեանի յիշատակին: Սրահին հանդիսաւոր բացումը պիտի կատարուի մօտիկ ապագային:
Քանատա
Առաջնորդ Սրբազանը Մասնակցեցաւ Ճորճթաուն Պոյզի 100-Ամեակի Հանդիսութեան
24 յունիսին Օնթարիոյ նահանգի Ճորճթաուն շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով որբացած հայորդիներու հանդէպ Քանատայի մարդասիրական արարքի 100-ամեակի նշման հանդիսութիւն, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան, որուն կ՛ընկերակցէր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Տաթեւ աւ. քհնյ. Միքայէլեան եւ Ազգային վարչութեան անդամ Յարութ Գասապեան:
Յաջորդաբար խօսք առին եւ պատգամներ փոխանցեցին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Շահէն Միրաքեան, Քանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան, Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ Պրայըն Մէյ, Քանատայի խորհրդարանի անդամ Մայքըլ Չոնկ, Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեան, Հալթըն Հիլզի փոխքաղաքապետ Պոպ Ինկլիս եւ սրբազան հայրը, որոնք դրուատեցին Քանատայի պետութեան մարդասիրական արարքը:
Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ սրբազան հօր եւ աղօթակից հոգեւորականներու աղօթքով:
Սրբազանը եզրափակիչ իր պատգամով շեշտեց, որ Ճորճթաունի հայ որբերը դարձան Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան վկաները Քանատայի մէջ: