Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնին Առիթով Մատաղօրհնէք Եւ Խաղողօրհնէք Արամոյի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Մէջ
Հովանաւորութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, 12 օգոստոսին, Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով Արամոյի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ:
Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ ընդգծեց Աստուածամայրը բնորոշող յատկանիշերը` մաքրութիւն, խոնարհութիւն, հեզութիւն եւ հնազանդութիւն, որոնց ճամբով ան համայն մարդկութեան փրկութեան դուռ հանդիսացաւ, աւելցնելով, որ Աստուածամօր ճամբով համայն մարդկութիւնը առիթ ունեցաւ տեսնելու եւ շօշափելու Քրիստոսը` ս. հաղորդութեան ընդմէջէն:
Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարուեցաւ աւանդական մատաղօրհնէք եւ խաղողօրհնէք, որոնց յաջորդեց սիրոյ սեղան եկեղեցւոյ սրահէն ներս: Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հովիւ Վազգէն Ա. քհնյ. Քէօշկէրեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Տիգրան Գազանճեան ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ գիւղի ընտանիքներուն ներկայ մարտահրաւէրներուն, ապա իրաւաբան Ներսէս Տարոս բարի գալուստ մաղթեց եւ իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց սրբազան հօր:
Այնուհետեւ Լաթաքիոյ դպրաց դասը ներկայացուց հայրենասիրական եւ ազգային երգերու փունջ մը:
Սրբազան հայրը ելոյթ ունենալով` յորդորեց ներկաները եւ գնահատեց անոնց կապուածութիւնը Հայ եկեղեցւոյ եւ մեր ազգային արժէքներուն:
Աւարտին սրբազանը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը, քահանայ հօր ներկայութեամբ, հանդիպում ունեցան եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամներուն հետ եւ իրազեկ դարձան անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Սրբազան հայրը գօտեպնդեց եւ զօրակցութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ վարչութեան անդամներուն եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց անոնց գործունէութիւններուն:
Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին նուիրուած եկեղեցական արարողութիւններուն կարգին, 11 օգոստոսին, առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ ուխտերթ` Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն մինչեւ Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատուռ` հովանաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ Մակար եպս. Աշգարեանի: Ուխտերթը կազմակերպուած էր Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեանի գլխաւորութեամբ:
Ուխտերթը ընթացք առաւ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն, ուր Աստուածամօր պատկերով ուխտաւորները առաջնորդուեցան դէպի Էսկիւրան` ճամբու ընթացքին մեր սուրբ հայրապետներուն շարականները երգելով:
Էսկիւրանի մուտքին ուխտաւորները դիմաւորուեցան ՀՄԸՄ-ի Քեսապի մասնաճիւղի շեփորախումբին կողմէ եւ առաջնորդուեցան դէպի Ս. Աստուածածին մատուռ, ուր սրբազանը կատարեց ջրօրհնէք: Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ աղօթեց, որ ուխտի թափօրին ընդմէջէն Ամենակալը իր աստուածային սիրոյ կենդանի ջերմութեամբ լեցնէ իւրաքանչիւր ուխտաւորի սիրտը եւ ներէ անոր մեղքերն ու յանցանքները: Ան ուխտերթը գեղեցիկ առիթ համարեց, որ մեզ կը հրաւիրէ ինքնագիտակցութեամբ Աստուածամայրը գերագոյն օրինակ ունենալու եւ խորհրդածելու անոր կեանքի հանգրուաններուն մասին, որոնք կը յատկանշուին խոնարհութեամբ, հեզութեամբ, անձնուրացութեամբ, ծառայութեամբ եւ Աստուծոյ կամքին կատարեալ հնազանդութեամբ:
Իրաք
Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Էրպիլի Մէջ
Նախագահութեամբ իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանի, 13 օգոստոսին, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով Էրպիլի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք:
Պատարագի աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբին պատրաստած խմորեղէններով եւ քաղցրեղէններով:
Միացեալ Նահանգներ
Լոս Անճելըսի Մէջ Հայաստանի Ընդհանուր Հիւպատոս Դոկտ. Կարէն Իսրայէլեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան
8 օգոստոսին Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ ընդհանուր հիւպատոս դոկտ. Կարէն Իսրայէլեանին այցելութիւնը: Հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանը եւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեանը:
Առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորեց դոկտ. Իսրայէլեանը եւ բարի գալուստ մաղթեց անոր` դիտել տալով, որ Ազգային առաջնորդարան եւ հայրենի դեսպանութիւն կապը տասնամեակներէ ի վեր եղած է աշխուժ, զօրակցական եւ փոխադարձ գործակցութեան վրայ հիմնուած, ապա յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ նոյն ջերմութեամբ ալ կը շարունակուի:
Դոկտ. Իսրայէլեան, իր կարգին, մաղթեց սերտ գործակցութեան յարատեւութիւն եւ համահայկական ծրագիրներու յաջողութիւն, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին` հանդիպման ընթացքին ծաւալած մտերմիկ զրոյցին համար:
Յայտնենք, որ հանդիպման ընթացքին նաեւ ստեղծուեցաւ առիթ` Հայաստան-Արցախի եւ լոսանճելըսահայութեան կեանքը յուզող զանազան հարցերու մասին երկուստեք արտայայտուելու եւ հայ ժողովուրդի ապագային նայելու:
Ատրպատականի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան
8 օգոստոսին Ազգային առաջնորդարան այցելեց Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանը` ընկերակցութեամբ տիրամայր Չիֆթճեանի եւ հանդիպում ունեցաւ սրբազան հօր հետ:
Միաբանակից երկու առաջնորդ սրբազաններուն միջեւ ծաւալեցաւ երկու թեմերը յուզող հարցերու մասին երկխօսութիւն, ապա Գրիգոր արք. Չիֆթճեան իր հիացումը արտայայտեց Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային աշխուժ կեանքին մասին` դիտել տալով, որ իր այցելած բոլոր վայրերուն մէջ զգացած է տիրակալ ներկայութիւնը առաջնորդ սրբազանի գլխաւորած Ազգային առաջնորդարանին:
Ընդգծելէ ետք Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմին բերած նպաստը տառապող գաղութներուն, Արցախի ու Հայաստանի, նաեւ յիշելէ ետք հայրենիքի նահատակներու ընտանիքներուն մէկէ աւելի անգամներ անձնապէս այցելելու Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի նախաձեռնութիւնը եւ բոլոր հայ կարիքաւորներուն օգնութեան փութալու անոր ծառայական անխոնջ տրամադրութիւնը, երբ Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմը, իր կարգին, կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ, Ատրպատականի առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ այս բոլորը փայլուն արտացոլացումն են այս թեմին տարած բազմուղի աշխատանքներուն ու առաւելագոյն կազմակերպուածութեան, որ ինքնին թեմը կը դնէ առաջնորդողի դերին մէջ:
Գրիգոր արք. Չիֆթճեան վեր առաւ նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի բարերարներու լիաբուռն մասնակցութեան պարագան եւ դրուատեց անոնց պատրաստակամութիւնը` Ազգային առաջնորդարանի ծրագիրներու յաջողութեան ի նպաստ անսակարկ զօրակցութիւն ցուցաբերելու:
Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, իր կարգին, շնորհակալական խօսք ուղղեց Գրիգոր արք. Չիֆթճեանին` նշելով, որ ան իր ազնիւ խօսքերով աղօթական եւ եղբայրական քաղցր մթնոլորտ մը ստեղծեց Ազգային առաջնորդարանին մէջ, ապա ուժ եւ կարողութիւն մաղթեց անոր, յատկապէս` իր ուրոյն ու եզակի առաքելութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան Ատրպատականի հայոց թեմին մէջ կ՛այցելէ իւրաքանչիւր հայկական վկայարան, եկեղեցի, մատուռ կամ այլապէս, կը տեղեկագրէ զանոնք, ապա կ՛ամփոփէ հատորներու մէջ, որոնցմէ առաջին երկուքը անցեալ նոյեմբերին յատուկ ձեռնարկով մը ներկայացուեցան Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ: Ներկայիս Գրիգոր արք. Չիֆթճեան կ՛ամբողջացնէ Ատրպատականի հայոց կոթողներուն նուիրուած իր աշխատասիրութեան երրորդ հատորը:
Հայ Դատը Կը Զօրակցի Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական Խորհուրդի Ընտրութիւններուն Թեկնածու Ճան Լիի
Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայ դատի յանձնախումբը յայտարարեց, թէ որոշած է զօրակցիլ Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը դրած Ճան Լիի վերընտրութեան պայքարին: Ան կը ներկայացնէ Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական խորհուրդի 12-րդ ընտրաշրջանը եւ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին փաստած է, որ մօտիկ բարեկամ մըն է հայ համայնքին, միաժամանակ բարելաւելով Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ Հովիտի ապահովական վիճակը, անտունիներու կացութիւնը եւ շրջանի կեանքի որակը:
Լի վերջին 20 տարիներուն զանազան պաշտօններ վարած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին մէջ եւ Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուած էր 2019-ին:
Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Սարգիս Աբոշեան կը յայտնէ, որ Լիի ընտրապայքարին զօրակցելու որոշումը տրուած է` նկատի ունենալով անոր իրագործումները հանրային ապահովութեան եւ կեանքի որակի բարելաւման մարզերուն մէջ, վստահութիւն յայտնելով, որ Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական խորհուրդին մէջ ան պիտի շարունակէ զօրակցիլ հայ համայնքը յուզող հարցերուն:
Նշենք, որ նախնական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2 մարտ 2024-ին:
20 Միլիոն Տոլարի Նուիրատուութիւն Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին` Ի Յիշատակ Եդուարդ Աւետիսեանի
.Ի յիշատակ բարերար Եդուարդ Աւետիսեանի` անոր այրին` Փեմըլա Ուուտ Աւետիսեան, 20 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեց Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին, որպէսզի կարելի ըլլայ համալսարանին ընկերային գիտութիւններու եւ արուեստներու նոր բաժանմունքը կառուցելու ծրագիրը իրականացնել:
7 դեկտեմբեր 2022-ին մահացած Եդուարդ Աւետիսեան համերգային երաժիշտ եւ համալսարանի դասախօս էր, որ արուեստի մարզին մէջ վարչական պաշտօններ ստանձնելու կողքին, նաեւ եղած է մասնագէտ մը ներդրումներու, որոնց շնորհիւ իր ապահոված հարստութեամբ բարեգործական շարք մը ծրագիրներ իրականացուցած է Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին հետ շարք մը ծրագիրներ իրականացնելու կողքին, ան նաեւ եղած էր հիմնադիրը եւ գլխաւոր բարերարը Հայաստանի Մալաթիա-Սեբաստիա շրջանի Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան վարժարանին (մանկապարտէզէն 12-րդ դասարան) ու համայնքային կեդրոնին եւ հիմնովին նորոգած է Յաղթանակ գիւղի երկրորդական վարժարանը: Ան նաեւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի հոգաբարձութեան կազմի եւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան վարչութեան անդամ էր:
Աւետիսեան երկու առիթներով` 2008-ին եւ 2014-ին, ստացած էր Հայաստանի նախագահի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանը: Միացեալ Նահանգներու մէջ ան կրթանպաստներու հիմնադրամներ հաստատած է Ռոտ Այլընտի համալսարանին, Պոսթընի համալսարանի բժշկական բաժանմունքին եւ Պոսթընի պալէի նուագախումբին համար:
Քանատա
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Այցելութիւնը Սոնա Լախոյեան–Օլիվիէի
8 օգոստոսին Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան Ազգային առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Քեպեքի խորհրդարանի անդամ Սոնա Լախոյեան-Օլիվիէն: Ներկայ էր նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Ծովիկ Թերզեան:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Քեպեք նահանգին հետ առնչուած նոր օրէնքները, ինչպէս նաեւ` հայ գաղութին մասնակցութիւնը քաղաքական դաշտին մէջ:
Այս առթիւ Սոնա Լախոյեան-Օլիվիէ իր գրասենեակին անունով 2500 տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեց Ազգային առաջնորդարանին:
Չեխիա
Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնի Նշում, Շնորհալի Պատանիներու Ելոյթ Եւ Ցուցահանդէս
13 օգոստոսին Փրակայի Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին նուիրուած պատարագ` մասնակցութեամբ Փարիզի օփերայի երգչուհի Աննա Կասեանի եւ Մարսէյէն Գէորգ սրկ. Գասպարեանի: Պատարագիչն էր Չեխիոյ հովիւ Բարսեղ վրդ. Փիլավճեան, որ իր քարոզին մէջ շեշտելով օրուան խորհուրդը, յորդորեց իւրաքանչիւրը` վերափոխուելու եւ ապաւինելու Աստուծոյ ողորմութեան: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Հայաստանէն Փրակա ժամանած «Գայեանէ» արուեստի կեդրոնի սաները, որոնք մեկնաբանեցին հայրենասիրական եւ ժողովրդական երգեր: Կեդրոնի գործունէութեան մասին ամփոփ տեղեկութիւններ տուին Սուսաննա Բարսեղեանը եւ Սիմոն Սիմոնեանը, որոնք ներկայացուցին նաեւ կեդրոնի սաներու Հայաստանի եկեղեցիներուն նուիրուած գեղանկարչական աշխատանքները: Սուսաննա Բարսեղեան նկատել տուաւ, որ իրենք Փրակա ժամանած են Լիթվայէն, ուր իրենց մասնակցութիւնը բերած էին միջազգային երաժշտական փառատօնին, իսկ Չեխիոյ մէջ մասնակցած են «Փրակայի աստղեր» միջազգային մրցոյթին եւ շահած են մրցանակներ, որոնցմէ Մարիա Մխիթարեան արժանացած է «Կրան փրի» մրցանակին, Վարդան Մանուկեան` առաջին մրցանակի, իսկ սաքսոֆոնիստ Լիպարիտ Սիմոնեան` երկրորդութեան մրցանակին: