Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Համայնքը Օժտուեցաւ Ժամանակակից, Նորակառոյց Համայնքապետարանով Մը

Յուլիս 3, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքապետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, 3 յուլիսին տեղի ունեցաւ համայնքի նորակառոյց համայնքապետարանին բացումը` մասնակցութեամբ Պաաս կուսակցութեան Հալէպի մասնաճիւղի քարտուղարին, Հալէպի նահանգապետի ներկայացուցիչին, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական-հիւպատոսին, խորհրդականին, Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական առաքելութեան գնդապետին, քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքապետներուն, հալէպահայ երեք կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչներուն:

Հայ աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ եւ վարժարանին հետ ամբողջական համալիր մը կազմած նորակառոյց, շքեղ համայնքապետարանը օժտուած էր համայնքապետի գրասենեակով, դահլիճով, մշակութային եւ եկեղեցական ձեռնարկներու յատուկ «Թեհլիրեան» սրահով, ժողովասենեակով եւ վարչական աշխատանքներու յատուկ բաժիններով:

Կառուցուած էր հունգարական «Հունկըրի հելփս» բարեսիրական կազմակերպութեան նիւթական յատկացումով, իսկ ճարտարապետներն էին տեղացի մասնագէտներ Ֆայսալ Տուպա եւ Ռաղատ Տանիէլ:

Համայնքապետարանի կառուցումը իրականացած էր համանքապետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի ծրագրաւորումով եւ անխոնջ հետապնդումով: Համայնքապետարանի իւրաքանչիւր բաժին հայկական խորհրդանշական դրոշմ մը կը կրէր:

Բացման հայերէն եւ արաբերէն խօսքերէն ետք, ներկաները դիտեցին յետպատերազմեան տարիներուն եւ աղէտաբեր երկրաշարժին յաջորդող ամիսներուն Հալէպի մէջ, վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի գլխաւորութեամբ համայնքին կողմէ կատարուած բարեսիրական, առողջապահական, դաստիարակչական ու շինարարական իրագործումներուն եւ նորակառոյց համայնքապետարանի կառուցման փուլերը ամփոփող տեսերիզ մը:

Վեր. Սելիմեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ այս ձեռնարկը հայ աւետարանական համայնքին կողմէ եկեղեցւոյ հոգեւոր, կրօնական, կրթական եւ մշակութային դերակատարութեան ծառայող իրագործում մըն է` աւելցնելով, որ Սուրիան ոստում մը կ՛արձանագրէ վերակառուցման իր ճանապարհին վրայ, վերականգնելով ժողովուրդի ծառայութեան կոչուած կառոյցներն ու հաստատութիւնները:

Ան նկատել տուաւ, որ համայնքը կը ձգտի վերակազմակերպել իր շարքերն ու նուիրուիլ վերականգնումի աշխատանքին` Հալէպի ընկերութեան բոլոր բաղադրիչներուն հետ ձեռք-ձեռքի տալով, սատարելով Հալէպի վերածաղկումին` դիտել տալով, որ սոյն տարածքը ունի հարիւր տարիներու երկարող պատմութիւն, որոնց ընթացքին համայնքի զաւակները իրենց դժուարութիւնները վերածեցին ծրագիրի ու գործի եւ Հալէպի ժողովուրդին հետ ապրեցան խաղաղ գոյակցութեամբ` բաժնեկցելով իրենց աղն ու ճակատագիրը: Ան շեշտեց, որ սոյն կեդրոնը միայն քարեղէն կառոյց մը չէ, այլ` պտուղն է Սուրիոյ արգասաբեր հողին, վկայութիւնն է մեր տքնաջան աշխատանքին ու սուրիական ընկերութեան անբաժան մէկ մասնիկը ըլլալու, անոր ապաքինման մեր ներդրումը բերելու բարձր գիտակցութեան: Վերապատուելին վեր առաւ Սուրիոյ մէջ, նախագահ Պաշշար Ասատի գլխաւորութեամբ, քրիստոնեայ-իսլամ խաղաղ գոյակցութիւնն ու հայրենիքի գերագոյն շահերուն շուրջ համախմբումն ու դրական գործակցութիւնը:

Այս առիթով վերապատուելին խորհրդանշական յուշանուէրով պարգեւատրեց նոր կառոյցին ճարտարապետները:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

https://www.facebook.com/kantsasar/posts/pfbid0Sxe5xMditAW627JvMBksNX3suumqG2m7aHeR1wgJU2QqihbNeBVjt96mePLLTJgLl

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սպանիոյ Դեսպանատուն

Յաջորդը

Ներկայացում` Ռազմաքաղաքական Մոթիւներով, Մէկ Արարով

RelatedPosts

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 3, 2025
Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի
Գաղութէ Գաղութ

Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի

Յունիս 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?