Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մհեր Եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեաններ․ Համակ Կեանք Մը Ճեմարանին Հետ

Յուլիս 1, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ո՛չ հեռաւորութիւնը, ո՛չ տարիները, ոչ ալ առօրեայ կեանքի հեւքը կրցած են խզել Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեաններուն կապը իրենց սիրելի վարժարանին՝ Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարանին հետ։

«Ճեմարանը մեզ կերտեց որպէս մարդ, ի զուր չէ երբ կ՛ըսուի, որ ան մեր գոյութեան ու մարդակերտումի հիմնական յենարաններէն է Սփիւռքի մէջ։ Ես  կազմաւորմանս մէջ շատ բան կը պարտիմ Ճեմարանին։ Օտար ափերու վրայ Ճեմարանի շունչն ու աւիշը տեւաբար մեզի հետ էին ու մղեցին աշխատանքի՝ սերունդներ կերտող այս հաստատութեան նեցուկ կանգնելու։ Այս բոլորը առ ի պարտականութիւն չըրինք, այլ ներքին թելադրանքով մը, մղումով մը, որոնք ծնունդ էին Ճեմարանէն ներս մեր ապրած օրերուն ու Ճեմարանի ջերմ ու հարազատ մթնոլորտին։ Ես անվարանօրէն կրնամ ըսել, որ ինչ որ կը վայելեմ այստեղ՝ կը պարտիմ Ճեմարանին, անոր ոգիին, դաստիարակչական առաքելութեան»։

Այսպէս բնութագրեց ամերիկահայ ազգային Մհեր Տէր Յովհաննէսեանը իր եւ հանգուցեալ տիկնոջ Սաթիկ Սապունճեանի անխզելի կապը Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարանին հետ։

Մհեր Տէր Յովհաննէսեան ծնած է Դամասկոս։  1962-ին, Երկրորդական ուսման համար Հալէպ ժամանած ու յաճախած է Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարան, զայն աւարտելով 1968-ին։ Աւարտելով Ճեմարանէն ներս երկրորդական ուսումը, 1969-ին հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ՝ շարունակելու իր բարձրագոյն ուսումը։

Ճեմարանականի իր յուշերը վերապրելու ու անոնց ջերմութեամբ օտար միջավայրին մէջ գօտեպնդուելու համար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան յաճախ կ՛այցելէր ԱՄՆ հաստատուած Ճեմարանի երբեմնի փոխտնօրէնին՝ պրն․ Կարապետ Սապունճեանին։ Այդ հանդիպումները առիթ կը հանդիսանային զրուցելու Ճեմարանի իր դասընկերուհիին, Կարապետ Սապունճեանի դուստրին՝ Սաթիկ Սապունճեանի հետ։ Սաթիկ Հալէպ գտնուած տարիներուն յաճախած էր Ազգ․ Հայկազեան վարժարան, զոր աւարտած էր 1963-ին, ապա Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարան եւ վկայուած՝ 1969-ին։ Նոյն տարին ընտանիքին հետ փոխադրուած էր Միացեալ Նահանգներ։ Եղած է գործուն անդամ ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան։

Երկու դասընկերներու՝ Սաթիկի եւ Մհերի, յաճախակի հանդիպումներն ու զրոյցները կ՛ամրապնդեն իրենց կապը։ Տարիներ ետք, 1975-ին, անոնք կ՛որոշեն կեանքի անբաժան ընկերներ դառնալ։ Կ՛ամուսնանան ու կը բախտաւորուին երկու մանչ զաւակներով՝ Արի եւ Սարօ, որոնք եւս ամուսնանալով հայուհիներու հետ, հայ ընտանիքներ կը կազմեն եւ կը բախտաւորուին երեք դուստրերով։

«Մեր ընտանեկան մթնոլորտը չէր արտօներ, որ մեր զաւակները օտար ամուսնութիւն կնքէին, կամ նոյնիսկ իրենց զաւակները օտար անուններով կոչէին», կը շեշտէ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան։

Մհեր եւ Սաթիկ այնուհետեւ կը դառնան օրինակելի ամոլ մը։ Անոնք տքնելով կը յաջողին ե՛ւ հասնիլ ընտանեկան բարօր կեանքի, ե՛ւ ծառայել Լոս Անճելոսի հայ գաղութին, սատարելով՝ եկեղեցւոյ, կազմակերպութիւններու, միութիւններու, ապա նաեւ հայրենիքին եւ Հայ Դատի աշխատանքներուն։

1970-ականներուն Մհերն ու Սաթիկը մաս կը կազմեն Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Քալիֆորնիոյ Ընկերակցութեան հիմնադիր փաղանգին։ Ընկերակցութիւնը տարիներու ընթացքին հսկայական աշխատանք կը տանի սատար կանգնելու Ճեմարանին, հազարաւոր աշակերտներու կրթաթոշակը ապահովելով։ Ընկերակցութիւնը մեծ խանդավառութեամբ կը գործէ, տարեկան 4-5 ձեռնարկներ կը կազմակերպէ, որոնց ներկայ կ՛ըլլան աւելի քան 500 ամերիկահայեր, իսկ ձեռնարկներուն հասոյթը ամբողջութեամբ կը տրամադրուի Ճեմարանին։

Ըլլալով Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգ․ Վարչութեան փոխատենապետ, Մհեր Տէր Յովհաննէսեան 1 Յուլիս 2022-ին  Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Միւռոնօրհնութեան  կնքահայրութիւնը կը ստանձնէ։

7-9 Դեկտեմբեր 2022 –ին, Տէր Յովհաննէսեան կը մասնակցի  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին։ Ժողովի ընթացքին, լսելով Հալէպի ներկայացուցիչներուն զեկոյցները սուրիահայ համայնքի դիմագրաւած բազում դժուարութիւններուն մասին, հայ բարերարը, հաւատալով սուրիահայ համայնքի վերականգնումին մէջ հայ դպրոցի կենսական դերին, իր տիկնոջ՝ Սաթիկ Սապունճեան-Տէր Յովհաննէսեանի յիշատակին, Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարանին կը նուիրէ 20․000 ամ․ տոլար, որպէսզի յատկացուի ճեմարանականներու կրթաթոշակի ամբողջացման։

Տէր Յովհաննէսեանի խօսքով, հանգուցեալ իր տիկնոջ յիշատակը յարգելու լաւագոյն արտայայտութիւնը պիտի ըլլար իր սիրելի կրթօճախին՝ Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարանին օգնութեան ձեռք երկարելը։

Աւելցնենք, որ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի նուիրեալ աշխատանքը այսքանով չի բաւարարուիր։ Ան ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի Ազգ․ Առաջնորդարանէն ներս  հիմնադրամ մը կը յառաջացնէ իր տիկնոջ՝ հանգուցեալ Սաթիկ Սապունճեանի յիշատակին։ Հիմնադրամը տարեկան երեք չորս հոգեւոր-մշակութային ձեռնարկ կը կազմակերպէ՝ աշխոյժ պահելու համայնքի ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային կեանքը, ինչ որ եղած էր փափաքը հանգուցեալ Սաթիկին։

Այս եղած է սփիւռքահայ մեր բարերարներու ազգային գիտակցութեան արտայայտութիւնը։ Անհատական բարօրութիւնը չի բաւարարեր զիրենք, եթէ ազգային կեանքին իրենց լուման չներդնեն ու հաւաքական կեանքը կայուն չտեսնեն։ Հաւաքական առողջ ու կենսունակ կեանքին մէջ է վերջապէս, որ սփիւռքահայ սերունդները հասակ պիտի առնեն, պահեն իրենց ինքնութիւնն ու շարունակեն մնալ մասը հայկական մեծ ընտանիքին՝ հայ ազգին, որ թէեւ,_ մերթ հայրենիքի մէջ, մերթ Սփիւռքի,_ տարբեր ցնցումներ կ՛ապրի, դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ, սակայն շնորհիւ իր տոկուն էութեան, ստեղծագործելու ու վերածաղկելու տենչին, կը վերականգնի ու կը շարունակէ իր ստեղծագործ երթը։

https://www.facebook.com/kantsasar/posts/pfbid0sXiosGFXfGRSsAKoCWhAfJ3qe1VAYt5832DTQ8yAAZ82AYpPZ442xd6B8Dp6qPq5l

Նախորդը

Ս․ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի Վախճանման 850 Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Եւ «Ս․ Ներսէս Շնորհալի» Ամէնամեայ Մրցանակի Պարգեւատուութիւն։

Յաջորդը

Գանատա-Արցախ Խորհրդարանական Բարեկամութեան Խմբակցութիւնը Կոչ Կ՚ուղղէ Ապաշրջփակել Լաչինի Միջանցքը

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի այցը՝ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու վարժարան
Գաղութէ Գաղութ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի այցը՝ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու վարժարան

Մայիս 5, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?