Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի ծաւալուն առաքելութեան մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւեն Ազգ. վարժարաններու ընդարձակման, բարեզարդման, արդիականացման եւ կրթական նոր մեթոտներով հարստացման հեռանկարները, որոնք կեանքի կը կոչուին մատղաշ հայ նոր սերունդները գիտակից հայ-քրիստոնեաներ պատրաստելու նպատակով:
Այս ծիրէն ներս, Երեքշաբթի, 27 Յունիս 2023-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի ճամբով մէկ միլիոն երեք հարիւր հազար տոլար ($1,300,000) տրամադրուեցաւ Ազգ. վարժարաններու պատասխանատու մարմիններուն, վասն այս գործոց յաջողութեան:
Այս առիթով, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան կը հաստատէ. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմերու ծառայական գործունէութեան կորիզը կը կազմէ Հայ Եկեղեցի եւ Հայ Դպրոց ամբողջական կառոյցը, մինչ Ազգ. վարժարանները կ՛արժանանան Վեհափառ Հայրապետի, Առաջնորդ Սրբազաններու, Ազգ. վարչութեանց, Խնամակալ մարմիններու եւ ողջ ժողովուրդի բարերար եւ ամբողջական խնամքին ու հոգատար ուշադրութեան, որուն պերճախօս վկայութիւնն է Ազգ. Առաջնորդարանի ճամբով կատարուած նիւթական վերջին այս յատկացումը, ե՛ւս առաւել ծաղկուն ու արդիական տեսնելու համար Արեւմտեան Թեմի մեր վարժարանները»: