Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Լիզպոնի Հինգ Ողջակէզներու Սխրանքի 40-Ամեակի Ոգեկոչում
Սուրիոյ երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու անդամները ոգեկոչեցին Լիզպոնի հինգ ողջակէզներուն սխրագործութեան յիշատակին 40-ամեակը: Անոնք այցելեցին Հալէպի Ազգային գերեզմանատան մէջ զետեղուած Լիզպոնի հինգին յուշակոթողը, ծաղիկներ զետեղեցին այնտեղ եւ լուսարձակի տակ առին հինգ հերոսներուն յանդուգն քայլն ու յանուն Հայ դատի միջազգային ճանաչման եւ Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման աշխարհին ուղղած անոնց ուղերձը:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Մօտէն Կը Հետեւի Ազգ. Միացեալ Վարժարանի Վերանորոգութեան Աշխատանքներուն
3 օգոստոսին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Մանուկ վրդ. Պարիխանեանի, այցելեց Ազգային Միացեալ վարժարան, ուր մօտէն հետեւեցաւ ընթացք առած վերանորոգութեան աշխատանքներուն:
Սրբազան հայրը դիմաւորուեցաւ Ազգային վարչութեան անդամ Յարութ Աւընեանի, շինարարական աշխատանքներու թեմի լիազօր Տիգրան Պետրոսեանի եւ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ Արա Աբոշեանի կողմէ: Տիգրան Պետրոսեան սրբազան հօր տեղեկացուց ցարդ կատարուած վերանորոգութեան աշխատանքներուն մասին:
Սրբազան հայրը շրջագայելով վարժարանի զանազան բաժիններէն ներս, մօտէն ծանօթացաւ այնտեղ տարուող վերանորոգութեան աշխատանքներուն, որոնք ընթացք առին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին համագործակցութեամբ, Հոլանտական եկեղեցիներու խորհուրդին նիւթական ներդրումով եւ Ազգային առաջնորդարանի օժանդակութեամբ:
Սրբազանը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ
եւ գնահատեց շինարարական աշխատանքներուն հսկող պատասխանատուներուն եւ աշխատող անձնակազմին հետեւողական եւ արագընթաց աշխատանքը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց վերամուտին ամբողջութեամբ նորոգուած կառոյցէն ներս աշակերտները ընդունելու կապակցութեամբ:
Լեւոն Վրդ. Եղիայեան Չաթալ Թագ Ստանալու Իրաւունք Ունեցաւ
Լեւոն վրդ. Եղիայեան` Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդը, առ ի գնահատանք ընդհանրապէս իր կատարած նախանձախնդիր ու հետեւողական աշխատանքին ու ծառայութեան, զոր մատուցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին եւ յատկապէս Բերիոյ թեմի Ճեզիրէի շրջագիծին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ ստացաւ Չաթալ թագ գործածելու իրաւունք` Ճեզիրէի սահմաններուն մէջ մատուցուելիք հանդիսաւոր պատարագներու ընթացքին:
Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան կողմէ հրապարակուած լրատուութեան աւարտին կ՛ըսուի. «Այս ուրախ առիթով հայր սուրբին կը մաղթենք առաւել ուժ, կորով ու եռանդ եւ կ՛աղօթենք, որ աստուածային նախանձախնդրութեան հոգիով լեցուած` կրկնակի հաւատքով, սիրով, զոհողութեամբ ու նուիրումով կը շարունակէ իրեն վստահուած աստուածահաճոյ աշխատանքն ու ժողովրդանուէր ծառայութիւնը»:
Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան Ծաղկեայ Փիլոն Կրելու Պատուին Արժանացաւ
Ս. Աստուածածինի Վերափոխման եւ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօներուն առիթով, 6 օգոստոսին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց ս. պատարագ, որուն ընթացքին ան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը, ըստ որուն, եկեղեցւոյ հովիւ Զարեհ քհնյ. Շաքարեան կ՛արժանանայ ծաղկեայ փիլոն կրելու պատուին:
Վեհափառ հայրապետը ընդառաջելով առաջնորդ սրբազան հօր խնդրանքին` եկեղեցւոյ հովիւ Զարեհ քհնյ. Շաքարեանին կը շնորհէ ծաղկեայ փիլոն կրելու արտօնութիւն, որ խթան պիտի հանդիսանայ առաւել նուիրումով շարունակելու իր քահանայական ծառայութիւնը Հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս:
Սրբազան հայրը անդրադառնալով քահանայ հօր աւելի քան քսան տարիներու քահանայական անշահախնդիր ու անձնուրաց ծառայութեան, յիշելով նաեւ Երեսփոխանական ժողովէն ներս եւ որպէս ուսուցիչ ու կիրակնօրեայ դպրոցի տեսուչ անոր անսակարկ նուիրումը, իր ուրախութիւնը յայտնեց եւ շնորհաւորեց զայն` մաղթելով, որ վերանորոգ թափով շարունակէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը:
Պատարագէն ետք «Սուրէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:
Առաջնորդ սրբազանը կրկին անգամ շնորհաւորեց քահանայ հայրը ծաղկեայ փիլոն կրելու պատուին արժանանալուն առիթով` անոր մաղթելով քաջառողջութիւն եւ ծաղկուն ծառայութիւն:
Միացեալ Նահանգներ
Ոչ Եւս Է Համաստեղի Դուստրը` Լորիկ Կելենեանը
Յուլիս 28-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, իր մահկանացուն կնքեց սփիւռքահայ գրականութեան տիտաններէն Համաստեղի դուստրը` Լորիկ Կելենեանը (1939-2023), Ուալթհամի (Մասաչուսեց) մէջ:
20 յունուար 1939-ին ծնած է, յաճախած է Մետֆըրտի (Մասաչուսեց) պետական վարժարանը եւ ապա մասնագիտացած` Ռատքլիֆ քոլեճի ընկերային հարցերու բնագաւառին մէջ: 1956-ին եկած է Լիբանան եւ Նշան Փալանճեան ճեմարանի մէջ դասաւանդած է անգլերէն եւ հետեւած` հայերէնի դասընթացքի:
Ապա վերադառնալով Պոսթըն` ան մասնագիտութիւնը շարունակած է Նորթ Իսթըրն համալսարանին մէջ:
Ամերիկայի Հայ մշակութային կեդրոնի հիմնադիրներէն էր Լորիկ Կելենեանը: Տարիներ շարունակ Պոսթընի Համազգայինի մասնաճիւղի անդամ` ան նաեւ ՀՕՄ-ական էր եւ երկար ժամանակ կազմակերպած էր ամառնային լսարանները:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Ուաթըրթաունի (Մասաչուսեց) Հայ առաքելական Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, 5 օգոստոսին:
«Օրորայի Արեւածագը» Ժապաւէնը Պիտի Ցուցադրուի Նիւ Եորքի Մէջ
11 օգոստոսին Մանհաթընի մէջ, իսկ 12-13 օգոստոսին Քուինզի մէջ պիտի ցուցադրուի Իննա Սահակեանի «Օրորայի արեւածագը» ժապաւէնը:
Այս գործը, որ բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած է, կը միախառնէ տպաւորիչ կենդանի գծանկար, Ցեղասպանութենէն վերապրած Օրորա Մարտիկանեանի (1901-1994) հետ հարցազրոյցներ եւ «Յօշոտուած Հայաստան» (այժմ կորսուած) շարժանկարէն մնացած 18 վայրկեանի հատուածը: Օրորա Մարտիկանեան, Ամերիկա հասնելով, իր սեփական պատմութեան դերակատարը եղած է «Յօշոտուած Հայաստան» անխօս շարժանկարին մէջ (1919), որ մեծ յաջողութիւն ունեցած է:
Կիպրոս
Էդկար Յովհաննիսեանի Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան
5 օգոստոսին բանասէր, հետազօտող, ուսումնասիրող մտաւորական եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի տնօրէն Էդկար Յովհաննիսեան, ընկերակցութեամբ իր կնոջ, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցաւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի հետ:
Յովհաննիսեան սրբազան հօր զեկուցեց իր կատարած աշխատանքներուն, յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ Կիպրոսի թեմին մասին կատարած ուսումնասիրական աշխատանքով հրատարակած իր գիրքի մասին` «Կիպրոսի թեմի վերակազմութիւնը եւ կիպրահայութիւնը (1920-1940 թթ.) Պետրոս արքեպիսկոպոս Սարաճեան» խորագրով, ինչպէս նաեւ` վերոնշեալ համալսարանին աշխատանքներուն մասին, եւ մակագրուած իր գիրքը նուիրեց կաթողիկոսական փոխանորդին:
Սրբազան հայրը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց հանդիպման համար եւ յատուկ գնահատանքն ու քաջալերանքը յայտնեց անոր: Ան անդրադարձաւ Կիպրոսի հայ գաղութի հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային կեանքին, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի մէջ ցարդ հրատարակուած ու հրատարակուելիք գիրքերուն մասին: Անդրադառնալով Յովհաննիսեանի` Կիպրոսի հետ առնչուած հետագայ ծրագրին, իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց օգտակար ըլլալու:
Երկու կողմերը արծարծեցին Հայաստանը եւ կիպրահայ գաղութը յուզող զանազան հարցերու, մարտահրաւէրներու, նորանոր ծրագիրներու մշակման, յանձնառութիւններու մասին եւ տեսակէտներ փոխանակեցին:
Յայտնենք, որ Էդկար Յովհաննիսեան աւելի քան շաբաթ մը առաջ, ընկերակցութեամբ իր օգնականներուն, այցելած էր Անթիլիաս եւ տեսակցութիւն ունեցած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ եւ զեկուցած` իր ծրագիրներուն մասին:
Իրաք
Նովագ Պետրոսեան Այցելեց Առաջնորդարան
1 օգոստոսին առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան ընդունեց Քրիստոնէից, եզիտի եւ մէնտայի կրօններու աւանդապահութեան տնօրէնութեան վարչական գործերու ընդհ. տնօրէն Նովագ Պետրոսեանի այցելութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան մեր եկեղեցւոյ եւ համայնքին հետ առնչուող աւանդապահութեան ապագայ ծրագիրները:
Աւարտին Պետրոսեան յուշանուէր մը յանձնեց հայր սուրբին` իրաքահայ թեմին առաջնորդ ընտրուելու առաջին տարեդարձին առիթով: Իր կարգին, առաջնորդ հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց եւ շնորհաւորեց զայն յիշեալ աւանդապահութեան մէջ ստանձնած պաշտօնին համար:
Յունաստան
Ոչ Եւս Է Համբաւաւոր Երգչուհի Ծաղիկ Գազանճեան
2 օգոստոսին, հիւանդութեան դէմ երկար պայքարէ մը ետք իր մահկանացուն կնքեց յունահայ համբաւաւոր եւ սիրուած երգչուհի Ծաղիկ Գազանճեանը:
Տասնամեակներ շարունակ օփերայի ծանօթ երգչուհին իր բացառիկ տաղանդը ծաւալեց հայկական, յունական եւ միջազգային բեմերուն վրայ` պանծացնելով հայ երաժիշտներու գոհարները, ինչպէս նաեւ` դասական երաժշտութեան գանձարանը:
Իր հանգուցեալ ամուսնոյն` Արշաւիր Գազանճեանին հետ նշանակալից ներդրում ունեցաւ յունահայ գաղութի մշակութային կեանքին մէջ: Իր մահով կը փակուի յունահայ մշակութային կեանքի անզուգական փաղանգի մը պատմութեան էջը, որոնք հաւատքով ու հաւատարմութեամբ տքնեցան մեր գաղութի մշակութային վերելքին համար: