Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Եագուպիէի Ս. Աննայի Ուխտի Օրը
Հանդիսապետութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Եագուպիէի հայրենակցական միութեան, 20 օգոստոսին Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ, ըստ աւանդութեան, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան յիշատակուեցաւ Ս. Աննայի ուխտի օրը:
Օրուան պատգամը յղեց առաջնորդ սրբազանը, որ փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ առիթ ստեղծեց եւ շնորհք ըրաւ համախմբուելու Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ եւ տօնելու Ս. Աննայի յիշատակի տօնը: Սրբազանը յայտնեց, որ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը եւ Ս. Աննային տօնը իրարու առնչուած են, որովհետեւ Ս. Մարիամի ծնողները` Աննան եւ Յովակիմը, երբ շարունակ աղօթելով Աստուծմէ խնդրեցին, որ իրենց զաւակ մը շնորհէ, եւ ծնաւ Մարիամը, ան տաճարին մէջ հասակ առաւ եւ ամբողջ իր կեանքը աստուածային կենդանի ներկայութեամբ թրծեց: Սրբազանը Ս. Աննայի տօնին առիթով հրաւիրեց ուխտաւորները` իրենց անձերը ինքնաքննութեան ենթարկելու, գիտնալու համար, որ դժուարութիւնները դիմագրաւելու համար ի՞նչ կերպ հաւատքի պայքար կը մղեն եւ որքանո՞վ աղօթական կեանք կ՛ապրին: Սրբազանը յորդորեց հաւատացեալները, որպէսզի սուրբերուն բարեխօսութիւնը խնդրելով, Աստուածամօր նման, անձնդիր եւ անանձնական սիրով ապրին, իրենց եսը փշրեն եւ ընդհանուրին շահը գերադասելով իրենց անձնական շահէն` օրհնութիւն եւ բարիք դառնան շրջապատին, ազգին եւ եկեղեցիին:
Ան գնահատեց Եագուպիէի հայրենակցական միութեան անդամները, նաեւ` Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, որոնք նուիրաբար կը ծառայեն եկեղեցւոյ:
Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, նաեւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Լաթաքիոյ ՀՄԸՄ–ի «Գառնիկ Մկրտիչեան» Բանակում
Կիրակի, 20 օգոստոս 2023-ի երեկոյեան Քեսապի Էքիզոլուքի բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակումին խարուկահանդէսը, որուն բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով: Ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին հայ եւ սուրիացի, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ական բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակը:
Հայերէն բացման խօսք արտասանեց Սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Ցոլին Պալեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա անդրադարձաւ բանակումի անուան տիրոջ` եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի ՀՄԸՄ-ի կառոյցի քառորդ դար բերած ներդրումին: Ան նշեց, որ հայ մշակոյթը, հայ դպրոցը, հայ մարմնակրթութիւնն ու հայ մարդու բնորոշ յատկութիւնները անսակարկելի արժէքներ համարող Գառնիկ Մկրտիչեան դժբախտաբար մեզմէ յաւերժ բաժնուեցաւ` իր ետին ձգելով հաւատարիմ հայորդիի ծառայութեան եւ նուիրուածութեան վառ օրինակը, որ պիտի ծառայէ բոլորին:
Պալեան հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ բանակումի ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն` ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին իրենց վստահութեան համար:
Արաբերէն խօսք արտասանեց Հուրի Սարգօ: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատին, որ միշտ քաջալեր կը հանդիսանայ երիտասարդութեան գործունէութեան:
Այնուհետեւ հերթականութեամբ ներկայացուեցան սկաուտական գաւազանով եւ կշռութաւոր, սկաուտական բուրգն ու թմպլիկը, ապա գայլիկները պարեցին հայկական եւ եւրոպական պարեր, ներկայացուցին զաւեշտ եւ ասմունք:
ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնն ու Սկաուտական խորհուրդը գնահատեցին 9-րդ եւ 12-րդ կարգերու ուսումնական կեանքին մէջ յառաջադէմ եղբայրներն ու քոյրերը:
Քահանայ հայրը քաջալերական խօսքերով գնահատեց այս բանակումին կազմակերպումը, շնորհաւորեց պատասխանատուները այս նուիրեալ գործին համար եւ մաղթեց, որ այս միութիւնը միշտ հաւատարիմ մնայ իր նշանաբանին` «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»-ին:
Խարուկահանդէսը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:
Քանատա
Մելանի Ժոլի Այցելեց «Հորիզոն»-ի Խմբագրատուն
19 օգոստոսին Քանատայի դաշնակցային կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի այցելեց «Հորիզոն»-ի խմբագրատուն: «Հորիզոն»-ի վարիչ-խմբագիր Վահագն Գարագաշեան Ժոլիին նուիրեց «Հորիզոն»-ի 2023 թուականի տարեկան բացառիկ յաւելուածը: Թերթի աշխատակից Թալիա Ճապրայեանին հետ կայացած հարցազրոյցի ընթացքին նախարար Ժոլի անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ Քանատայի դեսպանատան մօտալուտ բացման մանրամասնութիւններուն` միաժամանակ հաստատելով, որ անձամբ ներկայ պիտի գտնուի դեսպանատան բացման արարողութեան: Անդրադառնալով Արցախի շրջափակման` նախարարը յայտնեց, որ Օթթաուան կոչ կ՛ուղղէ Բերձորի միջանցքի անյապաղ ապաշրջափակման եւ մարդասիրական տարրական օգնութեան մատակարարման:
Միացեալ Նահանգներ
«Օրօրայի Արեւածագը» Ժապաւէնը Պիտի Ցուցադրուի Ֆրեզնոյի Համալսարանին Մէջ
Համագործակցութեամբ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի «Սինէքալչըր» ծրագիրին եւ Հայագիտական ծրագիրին, 1 սեպտեմբերին համալսարանի «Փիթըրզ» կեդրոնի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Օրորայի արեւածագը» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը:
«Օսքար»-ի մրցանակաբաշխութեան Հայաստանի պաշտօնական ժապաւէնը հանդիսացող «Օրօրայի արեւածագը» ժապաւէնը նաեւ եղած է «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի «Քննադատի ընտրանին» ցանկին վրայ եւ ցուցադրուած է առաւել քան 40 միջազգային փառատօներու ընթացքին: «Օրօրայի արեւածագը» ժապաւէնը հիմնուած Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած Օրօրա Մարտիկանեանի (Արշալոյս Մարտիկեան) իրական պատմութեան վրայ: «Զօրեան» հիմնարկին` Օրորա Մարտիկանեանի հետ իրականացուցած հարցազրոյցի բնօրինակին վրայ հիմնուած այս ժապաւէնը կը պատմէ երիտասարդ հայ աղջնակին ողջ մնալու խիզախ պատմութիւնը, զոր աշխարհին ներկայացնելու համար ան յաղթահարեց աներեւակայելի դժուարութիւններ:
Ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք բեմադրիչ Իննա Սահակեան պիտի վարէ ժապաւէնին շուրջ տեղի ունենալիք քննարկումը:
Մահացաւ Հրայր Թուխանեանը
15 օգոստոսին Տիթրոյթի մէջ իր մահկանացուն կնքեց Հրայր Թուխանեանը, որ ծնած էր Պէյրութ, 1933-ին: Եղած է Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի 1952-ի շրջանաւարտներէն: Լեւոն Շանթի եւ Սիմոն Վրացեանի աշակերտ` Թուխանեան նաեւ օրին անդամակցած էր Պէյրութի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «Զաւարեան» ուսանողական միութեան:
Ան պիտի յիշուի իր պատրաստած «Առաքելութիւն Պերլին» (Assignment Berlin) ժապաւէնով, որ կը նկարագրէ Թալէաթ փաշային ահաբեկումը Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ:
1955-ին Թուխանեան կը ժամանէ Միացեալ Նահանգներ եւ Սիրաքիւզի համալսարանին մէջ կը մասնագիտանայ լսատեսողական եւ նկարահանման արուեստի ոլորտէն ներս: 1958-1960 Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ ան բարեկամութիւններ կը ստեղծէ տեղւոյն գաղութին հետ: Ան մօտէն ծանօթ էր Սողոմոն Թեհլիրեանին, որուն հետ միասին անդամ էին տեղւոյն ՀՅԴ «Զաւարեան» կոմիտէին: Հրայրին համար պատիւ էր, որ իր մանկութեան տարիներու հերոսը նոյն կոմիտէութեան կը պատկանէր: Հետզհետէ, այդ պատճառով, ան պարտաւոր զգաց, որպէսզի շարժապատկեր մը նկարահանէ Թեհլիրեանին մասին:
1979-ին, մանրամասն ուսումնասիրութենէ մը ետք, սահիկներով պատմաշար մը պատրաստեց եւ մեկնեցաւ Պէյրութ` իր գաղափարը ներկայացնելով այդ օրերու ճեմարանի տնօրէն Հրաչ Տասնապետեանին եւ Սարգիս Զէյթլեանին, զոր կը ճանչնար դպրոցական օրերէն: Անոնք քաջալերեցին ու ճիշդ ճամբուն վրայ դրին, որպէսզի ժապաւէնը պատրաստուի:
Թուխանեան Պերլինի մէջ պրպտումներ կատարած ատեն ստոյգ տեղեկութիւններ ստացաւ, որ այդ օրերու դատախազը` դոկտ. Քէօլնիք, կը փափաքէր, որ Թեհլիրեան ազատ արձակուէր, հակառակ անոր որ դատավարութեան ժամանակ մահապատիժ պահանջած էր:
Վերադառնալով Միացեալ Նահանգներ` ան դրամահաւաքի կալա-հիւրասիրութիւն կազմակերպեց մօտիկ բարեկամներու հետ` ներկայութեամբ Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանի դասախօս դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի եւ «Հայկական շարժապատկեր» հիմնարկութեան հիմնադիր դոկտ. Մալքըլ Յակոբեանի:
1982-ին Տիթրոյթի մէջ տեղի ունեցաւ «Առաքելութիւն Պերլին» ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը, որուն աւարտին Թուխանեան յատուկ հռչակագիրով մը մեծարուեցաւ Միշիկընի նահանգապետ Ուիլիըմ Միլիքընի կողմէ:
Մարի Փոստոյեան Ազգային Մանկամսուրի Նորոգուած Խաղավայրը Առաջնորդին Առաջարկով Անուանակոչուեցաւ «Շուշի»
18 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի եւ ՀՕՄ-ի «Մայր» մասնաճիւղի հովանիին ներքեւ գործող Մարի Փոստոյեան Ազգային մանկամսուրին նորոգուած խաղահրապարակին բացման արարողութիւնը:
Մանկամսուրի տնօրէն Քրիսթինա Մովսէսեան իր ելոյթին մէջ յայտնեց, որ խաղահրապարակի վերափոխումը հնարաւոր դարձաւ համայնքի միասնական ջանքերով, հովանաւորներու եւ նուիրեալներու անսասան աջակցութեամբ եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլորին:
Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան բարձր գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք զանազան ձեւերով իրենց ներդրումը ունեցան ծրագիրի յաջողութեան մէջ: Սրբազանը յայտարարեց, որ խաղավայրը կ՛անուանակոչուի «Շուշի», որպէսզի մանուկներուն յիշողութեան մէջ մեր ազգային ինքնութիւնը առաւել եւս ամրապնդուի, եւ մեր մանուկները քաջածանօթ ըլլան մերօրեայ պատմութեան, հաստատելով, որ Շուշին այսօր կ՛անմահացնենք Հոլիվուտի սրտին մէջ, «Ալեք Փիլիպոս» Ազգային վարժարանի սահմաններուն մէջ, Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ օրհնեալ երդիքին տակ:
ՀՕՄ-ի «Մայր» մասնաճիւղի ատենապետ Մեկի Սարքունի ուրախութեամբ նշեց, որ խաղավայրին նորոգութիւնը նշանակալի ձեռքբերում է յատկապէս Հոլիվուտի համայնքին համար:
Ռումանիա
Տարեկան Ուխտագնացութիւն` Դէպի Հաճկատարի Սուրբ Աստուածածին Հայկական Վանք
12 օգոստոսին Պրունկուլ հայկական գերեզմանատան մէջ, ձեռամբ Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ եւ Պուլկարիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տաթեւ եպս. Յակոբեանի, տեղի ունեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մատրան վերաօծումը, որմէ ետք ներկաները ուղղուեցան դէպի Սուրբ Սիմէոն եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, իսկ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած հայկական խաչքարին դիմաց կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Այնուհետեւ ուխտաւորները հասան Սուրբ Խաչ եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ, որուն յաջորդեց Սուչաւայի հայ համայնքին նուիրուած ցուցահանդէս` եկեղեցւոյ կից թանգարանի շէնքի սրահին մէջ, որ կազմակերպուած էր Ռումանիոյ հայոց միութեան եւ Քորինա Տերլայի կողմէ: Այնուհետեւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ բակին մէջ պատրաստուեցաւ մատաղը:
13 օգոստոսին ուխտաւորներու խումբը հասաւ Սուրբ Հաճկատար վանք: Այս տարի ուխտագնացութիւնը յատկանշական էր, որովհետեւ Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքէն բերուած էր Սուրբ Գէորգի մասունքը, որ մնաց Հաճկատարի վանքին մէջ մինչեւ 15 օգոստոս: Սրբազան հայրը մատուցեց ս. պատարագ, որուն ընթացքին իր պատգամը յղեց ներկաներուն` անդրադառնալով Սուչաւայի եւ ընդհանրապէս Ռումանիոյ հայութեան դարաւոր ներկայութեան, հայ համայնքի շարունակականութեան եւ եկեղեցւոյ դերակատարութեան մասին` նշելով, որ Ռումանիան է Եւրոպայի մէջ քրիստոնէական հաւատքի կեդրոնը:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք եւ մատաղօրհնէք: