Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Ֆրանսա
Երախտագիտութեան Հաւաքոյթ` Ի Պատիւ Մարալ Ճամուսեան–Գարաօղլանեանի
3 յուլիսին Ֆրանսայի Իսի լէ Մուլինօ քաղաքի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ` ի պատիւ Մարալ Ճամուսեան-Գարաօղլանեանի, իր ուսուցչական ասպարէզի աւարտման համար:
Խնամակալութեան ատենապետ Թադէ Կարապետեան խօսքը ուղղելով մեծարեալին` յայտնեց, որ իր բացակայութեան դպրոցը պիտի շարունակէ գործել, ժամանակի ընթացքին նոր ուսուցիչներ պիտի ուսուցանեն, նոր աշակերտներ նոր դասեր պիտի սորվին, սակայն իր բացակայութեամբ դպրոցը ճիշդ նոյն դպրոցը պիտի չըլլայ, աւելցնելով, որ ան եղած էր ուսուցչուհի` 24 տարի, տնօրէնուհի` 3 տարի, հայերէնի դասաւանդութեան պատասխանատու` 4 տարի, նաեւ բաժնեկից եղած է դպրոցին եւ մեր աշակերտներուն ամենադժուար օրերուն եւ ուղեկիցը վարժարանին` անոր առաջին օրերէն մինչեւ այսօրուան յաջողութիւնները: Ան դիտել տուաւ, որ մեծարեալին առօրեայ մտահոգութիւնները եղած են միշտ խօսիլ հայերէն, մեր լեզուն սիրցնել, ստեղծել հայերէն գունաւոր, լուսաւոր ու հաճելի միջավայր մանուկ աշակերտներուն համար: Թադէ Կարապետեանը խոնարհեցաւ Մարալ Ճամուսեան-Գարաօղլանեանին տարած աշխատանքին առջեւ եւ Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանի խնամակալութեան խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց:
Խնամակալութեան հնագոյն անդամներէն Թագւոր Մակատիս իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց մեծարեալին` անոր տարիներու ծառայութեան համար եւ խնամակալութեան պատրաստած նուէրները յանձնեց իրեն:
Իր կարգին Մարալ Ճամուսեան-Գարաօղլանեանը շնորհակալութիւն յայտնելով այս դրուատանքին համար` ընդգծեց, որ իբրեւ մանկավարժ եւ հայերէնի ուսուցչուհի, ինքը գոհունակութիւն եւ բաւականութիւն ապրած է` տեսնելով, որ իր աշխատանքը արդիւնք տուած է աշակերտներուն առօրեային մէջ:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գնահատանքի խօսքը արտասանեց Յասմիկ Շահինեանը: Ան շեշտեց, որ մեծարեալը էութեամբ մանկավարժ է, եւ անոր փորձառութիւնը շա՛տ յարգի է, հետեւաբար ան խնդրեց մանկավարժէն` մնալ Համազգայինի մեծ ընտանիքին անդամը եւ աջակցութիւն բերել միութեան մանկավարժական ծրագիրներուն:
Առ ի գնահատանք եւ երախտագիտութիւն հայ դպրութեան անոր երկար տարիներու ծառայութեան` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը յուշանուէր մը յանձնեց Մարալ Ճամուսեան-Գարաօղլանեանին:
Համազգայինի Մարսէյի «Կիլիկիա» Պարախումբի Ելոյթ
1 յուլիսին «Ակորա» սրահին մէջ իր տարեկան ելոյթը ունեցաւ Մարսէյի Համազգայինի «Կիլիկիա» պարախումբը, պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար` Գոհար Սոխիկեանեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան անդամ Իշխան Սէմէրճեան, որ վեր առաւ Համազգայինի դերը հայապահպանման եւ մշակոյթի փոխանցման առաքելութեան մէջ, հաստատելով, որ ելոյթը նուիրուած է աշխարհասփիւռ Համազգային մշակութային միութեան 95-ամեակին:
Ելոյթի աւարտին Իշխան Սէմէրճեան ծաղկեփունջերով պատուեց ելոյթի յաջողութեան սատարած Համազգայինի «Քուրան Տարդ»-ի վարչութեան ատենապետն ու անդամները:
Ապա ցուցադրուեցաւ խումբի պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար Գոհար Սոխիկեանի տասնամեայ գործունէութեան նուիրուած տեսերիզ մը, որմէ ետք վարչութիւնը զայն պատուեց յուշանուէրով եւ ծաղկեփունջով:
Իշխան Սէմէրճեան ուրախութեամբ յայտարարեց, որ դպրոցի երկրորդ շէնքին շինարարութիւնը սկիզբ պիտի առնէ 3 յուլիսին, եւ Համազգայինի «Քուրան Տարդ»-ը դաշնամուրի կողքին պիտի ունենայ հայկական երաժշտական գործիքներ նուագելու ուսուցման դասապահեր, ինչպէս նաեւ ազգագրական նուագախումբ մը` երէց թէ կրտսեր անդամներու համար:
Յունաստան
Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ Եւ Մատաղօրհնութիւն Քարէայի Մէջ
Հանդիսապետութեամբ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, 28 յունիսին նշուեցաւ Քարէայի մատուռի «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» խորանի օծման տարեդարձը եւ անուանակոչութեան տօնը:
Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ղուկասու աւետարանէն «Սերմնացանի առակ»-ին` բացատրելով անոր խորհրդաւոր իմաստը: Ան նաեւ խօսեցաւ սուրբերու տօներու կարեւորութեան մասին` շեշտելով նոր սերունդի դաստիարակման անհրաժեշտութիւնը մեր ազգային կրօնական մշակոյթով:
Ս. Ներսէս Շնորհալիի Մահուան 850-Ամեակին Նուիրուած Գիտամշակութային Ձեռնարկ
Նախաձեռնութեամբ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, 7 յուլիսին դեսպանատան շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ միջնադարու մեծ մտածող, բանաստեղծ, աստուածաբան, 12-րդ դարու հայոց կաթողիկոս Ս. Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850-ամեակին նուիրուած գիտամշակութային ձեռնարկ: Յունաստանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Մկրտչեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ 23 նոյեմբեր 2021-ին Փարիզի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր համաժողովի 41-րդ նստաշրջանի ժամանակ Հայաստանի կողմէ ներկայացուած Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի մահուան 850-ամեակը ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու յոբելեաններու օրացոյց»-ին մէջ, ուր Հայաստանին աջակցած են` Յունաստանը, Կիպրոսը, Իտալիան եւ Սուրիան: Ան կարեւոր նկատեց նման ձեռնարկի մը կազմակերպումը Աթէնքի մէջ որպէս երախտագիտութեան նշան յոյներուն` իրենց աջակցութեան համար, աւելցնելով, որ այս աջակցութեան պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ Շնորհալին եկեղեցիներու միասնութեան մեծ ջատագովն էր:
Նախաձեռնութեան ընթացքին դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ Օքսֆորտ համալսարանի Գալուստ Կիւլպէնկեանի անուան հայագիտութեան ամպիոնի ղեկավար, փրոֆ. Թէօ Մաարթըն վան Լինտին, որ ներկայացուց մեծ կաթողիկոսին մտքի արդիականութիւնը` նշելով, որ կարելի է հասկնալ Ներսէս Շնորհալիի բացառիկ անհատականութիւնը եւ ձեռքբերումները, եթէ մէկը գիտակցի, որ անոնք կը բխին ոչ միայն հազուագիւտ, աստուածատուր տաղանդներէն, այլ` յատկապէս անոր խոր հոգեւորութենէն եւ անձնական հաւատքէն: Բանախօսը ընդգծեց նաեւ անոր հոգատարութիւնը հայ ժողովուրդի անվտանգութեան եւ հոգեւոր բարեկեցութեան նկատմամբ ցնցումներուն եւ ամէն կողմ սփռուած ըլլալու ժամանակաշրջանին: Բանախօսը շեշտեց, որ Ներսէս Շնորհալին եղած է հայ ժողովուրդին առաջնորդը, եւ անոր անունով խնդրեց համաշխարհային առաջնորդներէն խիզախութիւն եւ կարեկցութիւն ցուցաբերել` գտնելու ուղիներ անյապաղ դադրեցնելու Ազրպէլճանի կողմէ 120 հազար արցախահայութեան անօրինական եւ կեանքին վտանգ սպառնացող շրջափակումը:
Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Միացեալ Նահանգներ
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը
5 յուլիսին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան` գլխաւորութեամբ ատենապետ Քնար Գորթոշեանի, ընկերակցութեամբ դիւանի անդամներ` Սեդա Գրիգորեանի, Վիգէն Հարպոյեանի եւ գործավար Ծովինար Ղազարեանի, որոնք յանուն Շրջանային վարչութեան եկած էին խնդրամատոյց ըլլալու առաջնորդ սրբազանին, որ նախագահէ 17 սեպտեմբերին «Տաղլեան» մշակութային համալիրի մէջ տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ Համազգայինի հիմնադրութեան 55-ամեակին նուիրուած Շրջանային վարչութեան կազմակերպած ընդունելութեան:
Հանդիպման ընթացքին սրբազանը ընդգծեց Համազգայինի կրթական եւ մշակութային առաքելութեան բերած նպաստը հայ ազգային կեանքի առաւել աշխուժացման ի նպաստ, դրուատանքով անդրադարձաւ միութեան հիմնադրութեան 95-ամեակին եւ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ անցնող աւելի քան հինգ տասնամեակներու ընթացքին անոր ի գործ դրած ճիգին ու կրթամշակութային ծրագիրներուն, ապա յաջողութիւն մաղթեց շրջանին մէջ Համազգայինի սեփական շէնքը ունենալու նպատակով կազմակերպուած հանգանակային այս ձեռնարկին:
Առաջնորդ սրբազանը նաեւ հաղորդ դարձաւ Շրջանային վարչութեան մտահոգութեանց ու հետագայ ծրագիրներուն, զօրակցութիւն յայտնեց աշխատանքներուն եւ այս առիթով ստանձնեց հովանաւորութիւնը իր իսկ կողմէ նախապէս առաջարկուած Կոմիտաս վարդապետի երգերու գրքոյկի վերահրատարակութեան` թելադրելով, որ հանգանակային ճաշկերոյթի ընթացքին օրինակներ բաշխուին բոլոր ներկաներուն:
Պատուիրակութիւնը իր շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց սրբազանին, որ միշտ զօրավիգ կը կանգնի շրջանի Համազգայինի տեղական թէ համահայկական բնոյթի հայաբոյր ու ազգակերտ զանազան ծրագիրներուն եւ սատար կը հանդիսանայ անոնց յաջողութեան:
Իրլանտա
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի Հանդիպումը Իրլանտայի Եկեղեցւոյ (Անկլիքան) Արքեպիսկոպոս Դոկտ. Մայքըլ Ճեքսընի Հետ
30 յունիսին Տապլինի պատմական Քրիստոսի եկեղեցւոյ (Քաթետրալ) մէջ Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւններու ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան հանդիպում ունեցաւ Իրլանտայի եկեղեցւոյ (անկլիքան) արքեպիսկոպոս դոկտ. Մայքըլ Ճեքսընին հետ, որ Տապլինի եւ Կլենտալօ շրջանի Իրլանտայի եկեղեցւոյ ընդհանուր առաջնորդն է:
Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցաւ քրիստոնեաներու ներկայութեան պատկերը Միջին Արեւելքի եւ Արաբական ծոցի տարածաշրջաններուն մէջ եւ` անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Դոկտ. Ճէպէճեան ապա անդրադարձաւ Աստուածաշունչի ընկերութիւններու ծաւալած աշխատանքներու մասին: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին եւ հայ-իրլանտական բարեկամական յարաբերութիւններուն նուիրուած խաչքարին համար:
Դոկտ. Ճէպէճեան ապա անդրադարձաւ արցախեան ներկայ օրերու իրավիճակին եւ Լաչինի միջանցքի փակման համար եւ խնդրեց արքեպիսկոպոսէն, որ ճիգ չխնայէ իր ունեցած յարաբերութիւններուն եւ պետական կապերուն միջոցով օգտակար ըլլալ միջանցքի վերաբացման համար: Արք. Ճեքսըն քաջատեղեակ ըլլալով Արցախի դիմագրաւած դժուարութիւններուն` ներկայացուց իր կատարած աշխատանքները Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ նաեւ Արցախի շրջափակումին համար` վստահեցնելով, որ պիտի շարունակէ զօրավիգ մնալ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն համար:
Հանդիպումի ընթացքին Ճէպէճեան արք. Ճեքսընին նուիրեց «Աստուածաշունչի յանձնառութիւնը-վերագտնել հաւատք, յոյս եւ անձ» անգլերէնով գրուած աստուածաբանական իր գիրքէն օրինակ մը: