Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս․ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի Վախճանման 850 Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Եւ «Ս․ Ներսէս Շնորհալի» Ամէնամեայ Մրցանակի Պարգեւատուութիւն։

Յուլիս 1, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 28 Յունիս 2023ին, Ս․ Վարդանանց եկեղեցւոյ «Ս․ Ներսէս Շնորհալի» սրահէն ներս, գեղարուեստական կոկիկ յայտագրով մը նշուեցաւ Ս․ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 850 ամեակը։

Հանդիսութեան ներկայ էին, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը, Տէր եւ Տիկին ԱՍՊԵՏ Կիրակոս Գույումճեանը, Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները, Ք.Ա.Վ.-ի Տնօրէնը ու Հոգաբարձութեան ներկակացուցիչները, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ։

Երեկոյի հանդիսավար Վարժարանիս Փոխ Տնօրէն՝ Պրն․ Կարօ Արսլանեան, բարի գալուստի խօսք արտասանեց, ուր նշեց թէ Ս․ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի յոբելենական այս հանդիսութիւնը պատեհ առիթը նկատելով, այսօր նաեւ տեղի պիտի ունենայ «Ս․ Ներսէս Շնորհալի»ի ամէնամեայ մրցանակի տուչութիւնը, Քուէյթահայ գործարար, հասարակական գործիչ եւ բարերար՝ ԱՍՊԵՏ Տիար Կիրակոս Գույումճեանի ձեռամբ։

Ապա սկիզբ առաւ օրուան յայտագիրը, ուր վարժարանէս խումբ մը կրտսեր աշակերտներ, իրենց մատղաշ ձայնով մեկնաբանեցին «Առաւօտ լուսոյ» շարականէն բաժիններ, ապա արտասանեցին «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքէն հատուածներ:

Կոմիտասի «Գարուն ա» երաժշտական կտորը դաշնամուրով հրամցուեցաւ տիկ. Հայկուհի Կիրակոսեան Բազեանի գեղեցիկ կատարումով:

Իսկոյն, օրուան բանախօս, վարժարանիս պատմութեան ուսուցիչ Պրն. Յովհաննէս Սերոբեան,  հանգամանօրէն ներկայացուց Ս. Ներսէս Շնորհալի  Հայրապետի Կեանքն ու գործունէութիւնը:

Ան լուսարձակի տակ առաւ Հայրապետի անուրանալի դերակատարութիւնը հայ եկեղեցւոյ շարականագիտութեան եւ ծիսակատարութեանց մէջ։ Ապա ան անդրադարձաւ Շնորհալի Հայրապետին, որպէս մշակոյթի գործիչ ու իմաստուն հայրապետ, որու համբաւը տարածուեցաւ օտար ազգերու մօտ եւս։

Ապա «Նորահրաշ» եւ «Նայեաց Սիրով» հրաշալի շարականները տպաւորիչ կերպով հնչեցին Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասի խումբ մը  դպիրներու կողմէ։

Այնուհետեւ ներկաները վայելեցին «Ծաղկաց Բալենի» երաժշտական կտորը, որ ջութակով ներկայացուց, տարուան առաջնակարգ մրցանակակիր՝ Փաթիլ Պօղոսեանը:

Վարժարանիս Տնօրէն՝ Տոքթ․ Ներսէս Սարգիսեան ներկայ արաբ ուսուցիչներուն ի պատիւ, արաբերէն լեզուով ներկայացուց մրցանակի անունը կրող Ս․ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի կենսագրական գիծերն ու  ծաւալած հսկայ աշխատանքը։

Տոքթ․ Սարգիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց մրցանակի համահիմնադիր ԱՍՊԵՏ՝ Կիակոս Գույումճեանին, որ տասնամեակէ մը ի վեր հաւատարիմ իր խոստումին, կը կազմակերպէ  սոյն մրցանակը, որ կը միտի աշխատասիրութիւնը եւ մրցակցութեան ոգին վառ պահել մեր աշակերտութեան մօտ։

Պրն․ Տնօրէնը  խրախուսական իր խօսքը փոխանցեց առաջնակարգ մրցանակակիր Փաթիլ Պօղոսեանին, մաղթելով անոր նորանոր յաջողութիւններ։

ԱՍՊԵՏ՝ Կիրակոս Գույումճեան նախքան պարգեւատրման արարողութիւնը իր սրտի խօսքը փոխանցեց  մրցանակակիր Փաթիլին, մաղթելով յարատեւ վերելք եւ նորանոր նուաճումներ ուսման բնագաւառէն ներս։

Իսկոյն, բարերարի ձեռամբ, 2022-2023 տարեշրջանի «Ս. Ներսէս Շնորհալի»ի ամէնամեայ մրցանակը յանձնուեցաւ Պաքալորիայի պետական քննութեանց 99.93 % գնահատականով, առաջին դիրք գրաւած ուսանող՝ ՓԱԹԻԼ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻՆ, Պրն Կիրակոս  խօսքը ուղղելով Փաթիլին՝ ըսաւ, «Վստահ եղիր,որ պիտի հասնիս նպատակիդ, շարունակէ աշխատանքի թափդ եւ կորովդ ու զարգացուր մրցակցութեան ոգիդ, շարունակէ ժրաջան աշխատանքդ որպէսզի տիրանաս աւելի բարձր վկայականներուն եւ արդիւնաւորելով ուսումդ, տիրանաս փառքի»։

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Գերպ․ Հայր Սուրբի հայրական օրհնութեամբ ու պատգամով։ Ան գոհունակութեամբ բարձրաձայնեց ըսելով, որ Քուէյթահայ համայնքը այսուհետեւ անմիջական առնչութիւն պիտի ունենայ Շնորհալի Հայրապետին հետ, իր ժողովրդային տան սրահը Ս․ Ներսէս Շնորհալի օծելով եւ համայնքին տալով Շնորհալի աշակերտներ։

Աւարտին, Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց Բարերար ԱՍՊԵՏ Կիրակոս Գույումճեանին իր կատարած ազգանուէր ծառայութեանց համար, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց մրցանակակիր Փաթիլը, անոր ընտանեկան պարագաները, ՔԱՎարժաանի անձնակազմն ու Քուէյթահայ համայնքը։

https://www.facebook.com/kuwaitprelacy/posts/pfbid02su8FRmHCBzAXJkNmDJLwPYKUPQvgdFHchiKJw28b1zEit19XsKGnZpbYeVqke7Sil

 

Նախորդը

Տեղի Ունեցաւ Դպրեվանքի 93-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէսը

Յաջորդը

Մհեր Եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեաններ․ Համակ Կեանք Մը Ճեմարանին Հետ

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի այցը՝ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու վարժարան
Գաղութէ Գաղութ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի այցը՝ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու վարժարան

Մայիս 5, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?