Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Օգոստոս 24, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնին Առիթով
Ս. Եւ Անմահ Պատարագ

Սուրիա

* 13 օգոստոսին, Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. պատարագով յիշատակուեցաւ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը: Պատարագեց եւ քարոզեց Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան: Աւարտին տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէք:

* 14 օգոստոսին, հանդիսապետութեամբ Մակար եպս. Աշգարեանի, Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Առաջնորդ սրբազանը իր հայրական յորդորները փոխանցելով` շնորհաւորեց բոլորը Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին առիթով: Ան գնահատեց Քեսապի եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը,  յատկապէս Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեանը, որուն գլխաւորութեամբ վերափոխման տօնին առնչուող տօնակատարութիւնները յաջողութեամբ պսակուեցան:

Սրբազան հայրը աղօթեց Հայաստանի, Արցախի, Սուրիոյ եւ սփիւռքի ժողովուրդին համար` մաղթելով, որ Աստուածամօր բարեխօսութեամբ արդարութեան, խաղաղութեան եւ սիրոյ ծիածանը լուսաւորէ մեր տիեզերքը:

Յիշենք, որ 13 օգոստոսին սրբազան հայրը պատուիրակութեամբ այցելեց մատաղի պատրաստութեան վայրը եւ աղօթելով` կրակը վառեց եւ ընթացք տուաւ մատաղի պատրաստութեան աշխատանքին:

* 15 օգոստոսին, Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը: Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց` Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ աւանդական խաղողի օրհնութիւնը:

Պաղտատ

12-13 օգոստոսին հերթաբար Ս. պատարագներ մատուցուեցան  Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ուր նաեւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք:

Հիւսիսային շրջան տուած հովուական այցելութենէն վերադարձին` թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան ընկերակցութեամբ, Պասրայի հովիւ Ղեւոնդ աբղյ. Սաղաթելեանի, Գէորգ քհնյ. Արշակեանի եւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի, 15 օգոստոսին այցելեց Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ հանդիպումներ ունեցաւ հայ եւ ոչ քրիստոնեայ հաւատացեալներուն հետ:

Միացեալ Նահանգներ

13 օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Ս. պատարագ եւ կատարեց խաղողօրհնէք:

Սրբազան հայրը տարիներէ ի վեր եկեղեցւոյ ծառայող Նալճեան ընտանիքի անդամներուն կողմէ իրենց մօր եւ մեծ մօր` Լուսին Նալճեանի ի պատիւ նուիրուած զանգը, որ կանգնեցուած էր խորանին աջ կողմը, կոչեց «Ղօղանջ Արցախայ» եւ երեք անգամ կրկնուող օծման յատուկ աղօթքի հնչիւններուն տակ, երեք անգամ նաեւ լեզուի հանեց զանգը` նշելով, որ զանգի իւրաքանչիւր ղօղանջին հետ մեր բոլորին սիրտերը պիտի լեցուին Արցախով եւ արցախցիներով: Սրբազանը մաղթեց, որ զանգի ամէն մէկ հնչիւնին հետ լոսանճելըսահայութեան կեանքին մէջ աւելի ուժեղ ներկայութիւն դառնան հայրենիքի տառապակոծ հողակտորը եւ թշնամական մահաբեր ճնշումի ենթարկուած անվեհեր զաւակները:

Սրբազանը իր քարոզին մէջ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը, բարձր գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեանի նուիրեալ ծառայութիւնը եւ այս առիթով լանջախաչ մը նուիրեց անոր: Ան գնահատանքի խօսքեր ուղղեց նաեւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, որոնք ամբողջ շաբաթ մը ծառայեցին եկեղեցւոյ` զայն վերածելով մեղուի փեթակի եւ անուանակոչութեան նուիրուած տօնախմբութեան վայրի: Նշենք, որ 12 օգոստոսի երեկոյեան սրբազանը կատարեց մատաղի օրհնութիւն:

Յայտնենք, որ  11 օգոստոսին Թորգոմ եպս. Տօնոյեան օծեց եկեղեցւոյ մայր մուտքի գաւիթը զարդարող մեծադիր սրբապատկերները, որոնք իրականացան Վաչէ եւ Լենա Ֆերմանեան ամոլին բարերարութեամբ եւ արուեստագէտ նկարիչ Տիգրան Յովումեանի վրձինով:

Յայտնենք, որ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տօնուեցաւ մեծաշուք վայելչութեամբ: Կիլիկեան ուխտի բարձրաստիճան հոգեւորականներէն Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան պատարագեց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան` Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, իսկ  Գրիգոր արք. Չիֆթճեան` Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:

________________________

Միացեալ Նահանգներ

 Աղօթական Հաւաք` Նուիրուած Արցախին

Կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդին, առաջնորդութեամբ Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի հոգեւոր պետեր Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Միքայէլ եպս. Մուրատեանի եւ վեր. Հենրիկ Շահնազարեանի 16 օգոստոսին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ համահայկական միջեկեղեցական եւ միջկրօնական աղօթական հաւաք` Արցախի համար: Հաւաքին ներկայ էր Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Իսրայէլեան եւ քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներ:

Հաւաքը սկսաւ հոգեւոր արարողութեամբ եւ աղօթքով, որմէ ետք, խօսք առին Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդի ներկայացուցիչ Արութիւն Արութինեան եւ գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Իսրայէլեան: Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդի բաց նամակը ներկայացուց իրաւաբան Կարօ Ղազարեան:

Հաւաքի աւարտին հոգեւոր պետերը աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած` Արցախի ազատագրութեան եւ հայրենիքի բարօրութեան համար:

Իրաք

Առաջնորդ Հայր Սուրբը Ընդունեց Ազգային Նախակրթարանի Նորանշանակ Տնօրէնն Ու Ուսուցչական Կազմը

Ազգային նախակրթարանի 2023-2024 ուսումնական տարին նոր թափով ու նոր տեսիլքով սկսելու նպատակով, 16 օգոստոսին թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան առաջնորդարանի դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ազգային նախակրթարանի նորանշանակ տնօրէն` դոկտոր Սապահ Իլիյանի, նախկին տնօրէնին եւ ուսուցչակազմին: Հանդիպումին ներկայ էին Պասրայի հովիւ Ղեւոնդ աբղյ. Սաղաթէլեան եւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Կարապետ Գալուստեան:

Առաջնորդը առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտոր Սապահին, որ` ընդառաջելով իր եւ Կեդրոնական վարչութեան դիմումին, ընդունած էր տնօրէնի պաշտօնը եւ շնորհաւորեց զինք` մաղթելով բեղմնաւոր գործունէութիւն, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցի նախկին տնօրէն Ալպէր Չոլաքեանին դպրոցի յարատեւման համար ներդրած իր երկարատեւ ծառայութեան համար` խնդրելով անկէ շարունակել իր գործը դպրոցին մէջ եւ իր փորձառութեամբ նեցուկ հանդիսանալ նորանշանակ տնօրէնին: Այս առիթով հայր սուրբը նաեւ ուրախութեամբ եւ պարծանքով յիշեց պաքալորէայի քննութիւններուն աշակերտութեան 100 տոկոսով արձանագրած յաջողութիւնը:

Տնօրէն դոկտոր Սապահ Իլիյան (արաբերէն լեզուի մասնագէտ) շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն նկատմամբ առաջնորդարանի ցուցաբերած վստահութեան համար` խոստանալով ջանք չխնայել վարժարանի մակարդակը բարելաւելու համար:

Սուրիա

Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ Հրաչ Յակոբեան Այցելեց Սրբազան Հօր

17 օգոստոսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեան այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ տեսակցեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանին հետ:

Խորհրդակցական հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան թեմը եւ սուրիահայութիւնը յուզող մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրները:

Սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւնը տալով, կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց Ազգային Կեդրոնական վարչութեան եւ անոր գործունէութեան:

Ֆինլանտա

Առաջին Հայկական Խաչքարի Օծում

Նախաձեռնութեամբ Ֆինլանտա-Հայաստան միութեան, 19 օգոստոսին Ֆինլանտայի Էսպօ քաղաքի Ս. Հերման ուղղափառ եկեղեցւոյ բակին մէջ  տեղի ունեցաւ առաջին հայկական խաչքարի օծում, զոր կատարեց Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի Հայրապետական պատուիրակ  Տիրան եպս. Պետրոսեան, մասնակցութեամբ  Դանիայի հովիւ  Ստեփանոս քհնյ. Յովհաննէսեանի: Խաչքարը քանդակուած է Ջուղայի խաչքարի նմանութեամբ, եւ անոր հեղինակն է քանդակագործ Յովհաննէս Ստեփանեան:

Արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունեցան Տիրան եպս. Պետրոսեան, Հելսինքիի եւ Ֆինլանտայի ուղղափառ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս Լէօ Մաքքոնին, ուղղափառ եկեղեցւոյ վանահայր Փեթրի Քորհոնեն, Շուէտի եւ Ֆինլանտայի մէջ Հայաստանի փոխդեսպան Հայարփի Դրմէեանը, Հարաւային Կովկասի մէջ Ֆինլանտայի դեսպան  Կիրստի Նարինէն, Ֆինլանտա-Հայաստան միութեան նախագահ Դանիէլ Դաւթեան, իսկ օրուան հանդիսավարն էր  Ֆինլանտա-Հայաստան միութեան վարչութեան անդամ Հրաչ Զաքարեան:

Բոլոր բանախօսները անդրադարձան հայ-ֆինլանտական կապերու զարգացման, նաեւ մշակութային կապերու ամրապնդման եւ անոնց կարեւորութեան: Իսկ խաչքարի տեղադրումով նաեւ ֆինլանտահայ համայնքը պատմութիւն կերտեց, որովհետեւ առաջին խաչքարն է Ֆինլանտայի տարածքին:

Արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ «Վալօ/Լոյս» ֆինն-հայկական խումբը, որ ներկայացուց հայկական ժողովրդական երգեր:

 

 

 

Նախորդը

Բուրագործ Ֆրանսիս Քիւրքճեանի Վերջին Ստեղծագործութիւնը

Յաջորդը

Կարտինալ Աղաճանեանի Բարերարութեամբ Կառուցուած Դպրեվանքի 60-Ամեայ Յոբելեանի Հանդիսութիւն

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Սեպտեմբեր 21, 2023
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Սեպտեմբեր 14, 2023
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Սեպտեմբեր 7, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In