Գաղութէ Գաղութ

Երիտասարդ Արուեստագէտ Էմմանուէլ Ճգնաւորեան` Միլանոյի Սիմֆոնիք Նուագախումբի Նոր Երաժշտական Տնօրէն

Երիտասարդ Արուեստագէտ Էմմանուէլ Ճգնաւորեան` Միլանոյի Սիմֆոնիք Նուագախումբի Նոր Երաժշտական Տնօրէն

28 տարեկան հասակի հայկական ջութակահար եւ խմբավար Էմմանուէլ Ճգնաւորեանը նշանակուեցաւ հանրաճանաչ Միլանոյի սիմֆոնիք նուագախումբի նոր երաժշտական տնօրէն: Լուրը հաղորդեց Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը: 2023 թուականին Լա Սքալայի մէջ Է. Ճգնաւորեան բացումը կատարեց ֆիլհարմոնիք նուագախումբի տարեկան ծրագիրին` իտալացի խմբավար Ռիքարտօ Չայլիի հետ: Չայլին աշխարհահռչակ խմբավարներէն մին է, որ, Bachtrack դասական երաժշտութեան յատուկ կայքին համաձայն, 2015 թուականին երաժշտական քննադատերու կողմէ դասուած է...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ  Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան Ջրօրհնէք Կատարեց «Մեմորիըլ» Հիւանդանոցին Մէջ Եւ Հայ Տարեցներու Միշըն Հիլզի «Արարատ» Տան Մէջ * 3 յունուարին Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընդառաջելով Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցի տնօրէնութեան խնդրանքին, Ս. Ծնունդի առիթով, ընկերակցութեամբ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերէն Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեանի եւ Կրօնական ժողովի անդամ Արտակ քհնյ. Տէմիրճեանի, այցելեց...

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի Հովուապետական Անդրանիկ Այցելութիւնը Պոլիս Եւ Վարդան Թ.Ծ.Վ. Գազանճեանի Պատրիարքական Կառավարիչի Առաքելութիւնը

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի Հովուապետական Անդրանիկ Այցելութիւնը Պոլիս Եւ Վարդան Թ.Ծ.Վ. Գազանճեանի Պատրիարքական Կառավարիչի Առաքելութիւնը

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքը 3 յունուար 2025-ին հովուապետական իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Պոլսոյ հայ կաթողիկէ համայնքին, ինչպէս նաեւ կատարեց համայնքի աւագ թեմին նորանշանակ պատրիարքական կառավարիչ Վարդան թ.ծ.վ. Գազանճեանին ծիսական խորհրդանիշներու տուչութիւնը: Պատրիարքին գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` Մեսրոպ ծ. վրդ. Թօփալեանը, Նարեկ թ.ծ.վրդ. Նամոյեանը եւ Մովսէս վրդ. Տօնանեանը, որոնք պաշտօնական ընդունելութեան արժանացան` Պոլսոյ աւագ թեմի վաստակաւոր...

Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ս. Պատարագ Եւ Մկրտութիւն. «Թող Մեր Մէկը Հազար Դառնայ…»

Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ս. Պատարագ Եւ Մկրտութիւն. «Թող Մեր Մէկը Հազար Դառնայ…»

ԿԱՐՕՏ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին ամէն տարի յունուար 6-ին նշուող Սուրբ Ծնունդի տօնակատարութեան համար այս տարի հրաւէր չէր հրապարակած: Մենք` Տիգրանակերտի մէջ ապրող հայերս, այսպիսի ակնկալիք ունէինք, ուստի տխրեցանք` մտածելով, որ այդ տօնը այս տարի պիտի չնշուի: Ի վերջոյ, յունուար 11-ին, շաբաթ օրը Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը հրապարակեց հրաւէր մը, ըստ որուն, Սուրբ Ծննդեան տօնը պիտի նշէինք...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Առաջնորդ Սրբազան Հօր Կողմէ Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան Եւ Արմէն Աբղ. Գալաճեան Իրենց Մասնակցութիւնը Բերին Համայնքապետներու Ժողովին 14 յունուարին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի կողմէ Մանուկ վրդ. Պարիխանեան եւ Արմէն աբղ. Գալաճեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդարանէն ներս Հալէպի համայնքապետներուն գումարած ժողովին, որուն ներկայ գտնուեցաւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Կոնզալօ Գաբրիէլ Վարկաս Եոսա:...

Կաղանդ Պապան (Յարութ Հարպոյեան) Եւ Անոր Բարեկամները Այս Տարի Եւս Ուրախացուցին Արցախցի Մեծաթիւ Մանուկներ

Կաղանդ Պապան (Յարութ Հարպոյեան) Եւ Անոր Բարեկամները Այս Տարի Եւս Ուրախացուցին Արցախցի Մեծաթիւ Մանուկներ

Սուրբ Նիկողայոս սքանչելագործ հայրապետին օրինակով, Յարութ Հարպոյեան` բոլորին ծանօթ մերօրեայ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱ-ն, Մայտա Անտոնեանը եւ երրորդ համեստ անձ մը` Վ. Չ., որ չի փափաքիր իր անունին յիշուիլը, 25 տարիներ առաջ կատարեցին ուխտ մը` հայկական իրականութեան մէջ Կաղանդ պապային առաքելութիւնը շարունակելու եւ ուրախացնելու մանուկներն ու պատանիները: 2024-2025 եւս անոնք շարունակեցին իրենց այդ խոստումին հաւատարիմ մնալ, ինչպէս նաեւ 8-րդ անգամն ըլլալով իրականացուցին...

Կոչ` Լոս Անճելըսի Զօրակցութեան

Կոչ` Լոս Անճելըսի Զօրակցութեան

Քալիֆորնիոյ հրդեհներուն պատճառած վնասներուն դարմանումը կը կարօտի համահայկական ճիգերու: Ասիկա իւրաքանչիւրիս պարտաւորութիւնն է, որպէսզի հրդեհներէն մեծ վնասներ կրած մեր հայրենակիցները կարենան իրենց կորուստին ցաւը եւ ժխտական հետեւանքները յաղթահարել եւ լծուիլ վերաշինութեան աշխատանքին: Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը ամբողջական զօրակոչ կը յայտարարէ իր բոլոր միաւորներուն եւ անդամներուն համար` կոչ ուղղելով, որ բոլորը մասնակից դառնան Լոս Անճելըսի մեր գաղութին աղէտահար շրջաններու բնակիչ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Լաթաքիոյ Նորանշանակ Նահանգապետ Մոհամետ Օսմանի Այցելութիւնը Ս. Աստուածածին Եկեղեցի 31 դեկտեմբերին Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի հովիւ Վազգէն Ա. քհնյ. Քէօշկէրեան եկեղեցւոյ «Գանձասար» սրահին մէջ ընդունեց Լաթաքիոյ նորանշանակ նահանգապետ Մոհամետ Օսմանը եւ քաղաքական, ապահովական ու զինուորական պատասխանատուները, որոնք եկած էին շնորհաւորելու Ամանորը եւ ապահովութիւն ներշնչելու հայ համայնքի զաւակներուն: Հանդիպման ներկայ էին Լաթաքիոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի...

Փասատենայի Սահակ-Մեսրոպ Դպրոցը` Հրոյ Ճարակ

Փասատենայի Սահակ-Մեսրոպ Դպրոցը` Հրոյ Ճարակ

Քալիֆորնիոյ զանազան շրջաններուն մէջ յունուար 7-ին ծայր առած եւ տակաւին շարունակուող սաստիկ քամիին յառաջացուցած կատաղի հրդեհները պատճառ դարձան, հազարաւոր բնակիչներու կողքին, մեծաթիւ հայ ընտանիքներու ալ տարհանման, ինչպէս նաեւ` համայնքային կառոյցներու քանդումին: Այսպէս,  Փասատենա Ալթատինա թաղամասի Սահակ-Մեսրոպ հայկական վարժարանը հրոյ ճարակ դարձած է: Բազմաթիւ այլ շրջաններու` Լա Քանիատայի, Քրեսենթա Հովիտի եւ Կլենտէյլի մէջ բնակող հազարաւոր հայ բնակիչներ ստիպուած եղան հեռանալու իրենց...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա  Նոր Տարուան Առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Հայ Ծերանոց Չորեքշաբթի, 1 յունուար 2025-ին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան Ամանորի առիթով այցելեց Հայ ծերանոց: Ան մեծապէս գնահատեց Հայ ծերանոցին անձնակազմը, որ Մեծն Ներսէս հայրապետի օրինակին հետեւելով` հոգատարութիւն կը ցուցաբերէ մեր տարեցներուն: Այնուհետեւ սրբազան հայրը տարեցներուն հետ տեսակցելով` աղօթեց, քաջառողջութիւն մաղթեց եւ նուէրներ յանձնեց անոնց: Հայ ծերանոցի...

Մեծ Ուրախութեան Աւետիսը  (Ս. Ծնունդ)

Հայ Աւետ. Եկեղեցւոյ Ծննդեան Պատգամը. Ծնունդի Հոգին

Բեթլեհէմի դաշտերուն մէջ գիշերով իրենց հօտերուն պահակութիւն ընող հովիւներուն Աստուծոյ հրեշտակը երեւցաւ եւ յայտարարեց. «Ձեզի աւետիս մը պիտի տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ» (Ղուկ. 2.10): Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ծնունդը աւետիս մըն էր, որ տիեզերական տարողութիւն ունէր եւ մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէր համայն մարդկութեան: Ինչո՞ւ: Քանի որ Բեթլեհէմի` Դաւիթի քաղաքին մէջ ծնող Մանկիկը` «Փրկիչ եւ Օծեալ Տէր», յոյս...

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Մասնակցեցաւ  Հրամանատար Շարհի Քրիստոնեայ  Համայնքապետներու Հետ Հանդիպումին

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Մասնակցեցաւ Հրամանատար Շարհի Քրիստոնեայ Համայնքապետներու Հետ Հանդիպումին

Երեքշաբթի, 31 դեկտեմբեր 2024-ին, Սուրիոյ նոր վարչակազմի հրամանատար Ահմետ Շարհ Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքապետներու պատուիրակութեան հետ: Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան` հայ եւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու եւ համայնքապետներու ներկայացուցիչներու կողքին: Հանդիպումին մասին Մակար սրբազան հետեւեալը յայտնեց «Գանձասար»-ին. «Նախ տեղի ունեցաւ շնորհաւորութիւններու փոխանակում, ապա ծանօթացում, որուն ընթացքին հոգեւոր պետերը ներկայացուցին իրենց եկեղեցին ու...

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ

ՀՕՄ-ի Ամանորեայ Մաղթանքը

Նոր տարուան առիթով, կը փոխանցենք մեր շնորհաւորանքը ձեզմէ իւրաքանչիւրին: Ընթացիկ տարին եղաւ մարտահրաւէրներու եւ իրագործումներու տարի մը, իսկ ձեր նուիրումն ու կարեկցութիւնը եղան փարոսներ` ծանր եւ դժուարին ժամանակներու ընթացքին: Երբ դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուեցանք, դուք օժանդակութեան ձեռք երկարեցիք` կարիքաւորներուն յոյս եւ քաջալերանք ցոյց տալով: ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքը շնորհակալ է բոլոր անոնց, որոնք կը մարմնաւորեն ծառայութեան իսկական ոգին: Ձեր յանձնառութիւնը, ուժն...

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Հիւրընկալեց  Սուրիոյ Նոր Իշխանութեան Հալէպի Քաղաքական  Եւ Ապահովական Խորհուրդներու Ներկայացուցիչները

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Հիւրընկալեց Սուրիոյ Նոր Իշխանութեան Հալէպի Քաղաքական Եւ Ապահովական Խորհուրդներու Ներկայացուցիչները

Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, Ազգային երեսփոխանական եւ Կրօնական ժողովներու դիւանները, Ազգային վարչութեան անդամներն ու յարաբերական յանձնախումբի ներկայացուցիչները երկուշաբթի, 30 դեկտեմբեր 2024-ի միջօրէին Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հիւրընկալեցին Սուրիոյ նոր իշխանութեան Քաղաքական խորհուրդի Հալէպի ղեկավարութեան պատասխանատու Մոհամետ Մսաթաթն ու ապահովական եւ անվտանգութեան գրասենեակի պատասխանատու Լուէյ Սայէտը, որոնց կ՛ընկերակցէր լատին համայնքի առաջնորդ Հանա Ճալլուֆը: Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ մէջ...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Իրան Անխոնջ Պայքարի, Անսակարկ Նուիրումի, Աննահանջ Երթի 134 Տարիներ 18 դեկտեմբերին Հայ ուսանողական «Չհարմահալ» միութեան «Յովհաննէս Թումանեան» սրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ 134-ամեակը: Օրուան առիթով ՀՅԴ Թեհրանի եւ Իրանի հիւսիսային շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը կարդաց ձեռնարկի հաղորդավար Բիայնա Ամիրեան, իսկ Հալէպէն Սուրիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Մարիա Գաբրիէլեան տեսերիզով ուղղեց իր ողջոյնի խօսքը: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան իր...

Մակար Արք. Աշգարեան Ներկայ Գտնուեցաւ  Դամասկոսի Մէջ Տեղի Ունեցած Պատրիարքներու  Եւ Քրիստոնեայ Համայնքապետներու Ժողովին

Մակար Արք. Աշգարեան Ներկայ Գտնուեցաւ Դամասկոսի Մէջ Տեղի Ունեցած Պատրիարքներու Եւ Քրիստոնեայ Համայնքապետներու Ժողովին

Չորեքշաբթի, 18 դեկտեմբերին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան Դամասկոսի մէջ ներկայ գտնուեցաւ ՄԱԿ-ի Սուրիոյ բանագնաց Կիր Փեթերսոնի հետ գումարուած հանդիպումին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Սուրիոյ քրիստոնեայ պատրիարքներ, համայնքապետներ, պապական դեսպանը եւ Բերիոյ հայոց թեմի յարաբերական մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան: Հանդիպումին խօսուեցաւ Սուրիոյ ընդհանուր իրավիճակին, գալիք ապագային առնուելիք որոշումներուն եւ հետագայ աշխատանքներուն շուրջ: Փեթերսոն Սուրիոյ ներկայ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Հալէպի Հայկական Վարժարանները Վերսկսան Իրենց Ուսումնական Տարեշրջանը Երկուշաբթի, 16 դեկտեմբեր 2024-ին Հալէպի հայկական վարժարանները կանոնաւոր դասաւանդութեամբ սկսան իրենց ընթացքը: Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Զեփիւռ Ռէյիսեան «Գանձասար»-ին յայտնեց, որ աշակերտները ներկայ են, բացականեր գրեթէ չկան, իսկ ուսուցչական եւ վարչական կազմերը անցած են իրենց աշխատանքին: Դասաւանդութիւնը սկսած է կանոնաւոր ձեւով: Հալէպի Կրթասիրաց-Սարգիս Չէմպէրճեան երկրդ. վարժարանի տնօրէն Անդրանիկ Պօղոսեան...

Լաթաքիոյ Քրիստոնեայ Համայնքներու  Համաժողովի Միասնական Յայտարարութիւնը

Լաթաքիոյ Քրիստոնեայ Համայնքներու Համաժողովի Միասնական Յայտարարութիւնը

«Գանձասար կը հաղորդէ, որ Լաթաքիա քաղաքի քրիստոնեայ հոգեւոր պատասխանատուները հրապարակած են հետեւեալ միասնական յայտարարութիւնը. «Մեր եկեղեցիներու սիրեցեալ զաւակներուն կը տեղեկացնենք, թէ շաբաթ, 14 դեկտեմբեր 2024-ի յետմիջօրէին, Լաթաքիոյ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերն ու հոգեւոր հովիւները, յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդարանին մէջ միասնաբար դիմաւորեցին երկրիս տիրող ներկայ անցողական ղեկավարութեան թէ՛ քաղաքական, եւ թէ՛ զինուժի ներկայացուցիչներ, որոնք եկան ըսելու, թէ իրենք ամէն գնով պատրաստ են...

Քեսապի Վիճակը` Վարչակարգի Տապալումէն Ետք

Քեսապի Վիճակը` Վարչակարգի Տապալումէն Ետք

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ Քեսապի ապահովական կացութիւնը հանդարտ է, բայց զգալի է որոշակի անորոշութեան մթնոլորտ: Գիւղական գործի եղանակ չըլլալով եւ ձմեռ ըլլալով` ժողովուրդին մեծամասնութիւնը օրուան մեծ մասը կ՛անցընէ տան մէջ: Դպրոցները կը մնան փակ: Դէպի Լաթաքիա եւ հակառակ ուղղութեամբ երթեւեկութիւնը թոյլ է: Գրեթէ բոլոր ընտանիքները ապրուստի հոգ ունին այս կամ այն չափով: Այս տարուան պտղաբերքը գոհացուցիչ չէր, այդ պատճառով ալ...

Մխիթարեան Միաբանութիւնը Կը Մասնակցի «Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն» Կազմակերպութեան Նախաձեռնած Վկաներու Հսկումի Շաբթուան` Ներկայացնելով Արցախի Եւ Արցախցիներու Տառապանքն ու Սպառնալիքները

Մխիթարեան Միաբանութիւնը Կը Մասնակցի «Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն» Կազմակերպութեան Նախաձեռնած Վկաներու Հսկումի Շաբթուան` Ներկայացնելով Արցախի Եւ Արցախցիներու Տառապանքն ու Սպառնալիքները

22 նոյեմբերին իր աւարտին կը հասնէր «Կարմիր շաբաթ»-ը` նուիրուած աշխարհի մէջ հալածուած քրիստոնեաներուն: Աղօթական հսկումներ, կարմիրով լուսաւորուած կառոյցներ, որոնցմէ նշենք Փարիզի Նոթր Տամ` Աստուածամօր տաճարը, Լուրտի ուխտատեղին, Սպանիոյ մէջ Սակրատա Ֆամիլիա` «Սուրբ ընտանիք» տաճարը եւ ցուցահանդէսներ: «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» կազմակերպութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ հազարաւոր քրիստոնեաներ համախմբեց` զանոնք աղօթքի հրաւիրելով, իրենց հաւատքին պատճառով հալածուած քրիստոնեաներուն համար: Այս տարուան «Կարմիր շաբաթ»-ը տասնհինգերորդ...

Page 9 of 47 1 … 8 9 10 … 47

Արխիւներ