Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Ապրիլ 10, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Սուրիոյ Դեսպանը, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսը Եւ Հիւպատոսութեան Խորհրդականը

22 մարտին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ հիւրընկալեց` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ դեսպան Ռուբէն Խարազեանը, Հայաստանի Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Արա Աւետիսեանը եւ հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեանը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ` Մանուկ վրդ. Պարիխանեան, Արմէն աբղ. Գալաճեան, Ազգային Երեսփոխանական ժողովի անդամ Յարութ Հայրապետեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան եւ այլ ներկայացուցիչներ ու Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Միհրան Վարդապետեան:

Դեսպանը Հալէպ ժամանած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Սուրիա առաքուած մարդասիրական օժանդակութիւնը ընդունելու: Այս շրջագիծէն ներս ան այցելութիւն տուաւ սրբազան հօր:

Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան` երկրի քաղաքական իրավիճակը, սուրիահայութեան դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւնները եւ յառաջիկային կատարուելիք աշխատանքները: Դեսպանը յայտնեց, որ երկու պետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական սերտ գործակցութիւնը շարունակուելով, ցամաքային ճամբով Հալէպ պիտի հասնի մարդասիրական օժանդակութիւն`որպէս զօրակցութիւն Սուրիոյ ժողովուրդին:

Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի պետութեան եւ համագործակցութեան ոգիով կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ աշխատանքներուն:

Այնուհետեւ հիւրերը այցելեցին Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցի, ուր մօտէն ծանօթացան եկեղեցւոյ պատմականին եւ յատկապէս` սրբապատկերներուն պատմական արժէքին:

Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդն Ու Իրեն Ընկերակցող Պատուիրակութիւնը Այցելեցին Քասատ–ի Ընդհանուր Ղեկավար Մազլում Ապտիին

Չորեքշաբթի, 3 ապրիլ 2025-ին, Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանն ու իրեն ընկերակցող ազգ. պատուիրակութիւնը այցելեցին Սուրիոյ Ժողովրդավարական ուժերու ղեկավար Մազլում Ապտիին:

Հանդիպման ընթացքին հայր սուրբը փոխանցեց Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի շնորհաւորանքն ու օրհնութիւնները` Նեւրուզի եւ Ֆըթըրի տօներուն առիթներով` բարձր գնահատելով Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն շրջանի ապահովութեան և կայունութեան նպաստող ջանքերը:

Քանատա

Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Վանքուվըրի Մէջ Բարձրացուց Հայ Ռազմագերիներու Հարցը

20 մարտին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի պատուիրակութիւնը Վանքուվըրի մէջ մասնակցեցաւ Պրիթիշ Քոլոմպիայի ուժանիւթի նախարար Ատրիան Տիքսի տարեկան դրամահաւաքին:

Ընդունելութեան ընթացքին Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ Էտի Փափազեան, Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ Չելսի Փափազեան առիթ ունեցան հանդիպելու նախարար Տիքսի հետ, ինչպէս նաեւ` նահանգային նախարարներու, Պրիթիշ Քոլոմպիայի Ազգային ժողովի անդամներու եւ Քանատայի խորհրդարանի պատգամաւոր Տոն Տէյվիսի հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները քաղաքական պաշտօնատարներուն ներկայացուցին Քանատայի զանազան քաղաքներու մէջ նախատեսուող Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ծրագիրները:

Պատուիրակութիւնը անդրադարձաւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ իրագործուած ցեղային զտման եւ ցեղասպան քաղաքականութեան մասին, ինչպէս նաեւ` Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող հայ ռազմագերիներուն եւ հայրենի բնօրրանէն բռնի տեղահանուած արցախահայութեան վիճակին մասին: Անոնք կոչ ուղղեցին Քանատայի քաղաքական ղեկավարութեան, որ լուռ չմնան այս ծանր իրողութեան դիմաց եւ գործնական քայլեր առնեն հայ ռազմագերիներու անյապաղ ազատ արձակման առնչութեամբ:

Ընդունելութեան ընթացքին Նախարար Ատրիան Տիքս իր պաշտօնական ուղերձին մէջ ընդգծեց Արցախի բնիկ հայերու պապենական հայրենիք վերադառնալու հիմնարար իրաւունքը` շեշտելով, որ Քանատան պէտք է աւելի գործնական դերակատարութիւն ստանձնէ Արցախի հիմնահարցին վերաբերեալ: Ան վերահաստատեց Քանատայի յանձնառութիւնը` պաշտպան հանդիսանալու մարդկային իրաւունքներուն եւ հալածանքի ենթակայ ազգային փոքրամասնութիւններուն:

Մոնրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Սարգիս Զէյթլեանի Կիսանդրիի Քողազերծումը Եւ Նշուեցաւ Առեւանգման 40-Ամեակը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէին,  30 մարտին Մոնրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի քողազերծում եւ յիշատակի երեկոյ` առեւանգման եւ նահատակութեան 40-ամեակին առիթով:

Նախքան պաշտօնական ձեռնարկի սկսիլը տեղի ունեցաւ քանատահայ արուեստագէտ Յակոբ Ճանպազեանի կողմէ կերտուած Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի քողազերծում: Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրանդ Թաշճեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ սոյն յուշարձանը մեր հաւաքական պատուոյ տուրքն է աննկուն կամքով եւ նուիրումով օժտուած հերոսին:

ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ շուրջ երկու տասնամեակ առաջ Լաւալի մէջ հիմնուեցաւ ՀՅԴ Քանատայի կառոյցի մէկ նոր կոմիտէութիւնը  եւ որոշուեցաւ զայն կոչել Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան ռահվիրայ եւ առաջնորդ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Սարգիս Զէյթլեանի անունով, որովհետեւ ան հանդիսացած է արթուն պահակը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան եւ ազգային քաղաքական արեւելումին, եւ որովհետեւ ՀՅԴ Քանատայի կառոյցի ընկերները որոշած էին հաւատարիմ մնալ անոր գծած ուղեգիծին, նաեւ, որովհետեւ նահատակ ընկերոջ աւանդը անհրաժեշտ էր շարունակել երէկ եւ այսօր եւս:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Զէյթլեանի կիսանդրիի քողազերծումը, որմէ ետք լիբանանահայ արուեստագէտ դոկտ. Մովսէս Ծիրանի ներկայացուց կիսանդրիի հեղինակ արուեստագէտ Յակոբ Ճանպազեանը` հաստատելով, որ ան ոչ միայն ազգային գործիչ է, այլեւ` Քանատայի մակարդակին արժեւորուած եւ գնահատուած արուեստագէտ:

Պաշտօնական հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Քանատայի Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրանդ Թաշճեան: Ան ըսաւ, որ կը յիշատակենք նահատակութեան 40-ամեակը գաղափարի մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի, որուն խօսքը ոչ միայն պատմական յիշողութեան արձագանգ էր, այլեւ ապագայի ուղենիշ` այն սերունդներուն համար, որոնք չվարանեցան իրենց սեփական արիւնով գրելու մեր պատմութեան վերջին տասնամեակներու ամենափայլուն էջերը, եւ որոնք տակաւին պատնէշի վրայ են` նորանոր էջեր աւելցնելու անոնց վրայ: Ապա անդրադարձաւ Զէյթլեանի թողած աւանդին:

Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, եւ ցուցադրուեցաւ Զէյթլեանի կեանքը, գործունէութիւնն ու պատգամները ներկայացնող  տեսերիզ մը:

«Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի անդամ Քրիստափոր Միքայէլեան ներկայացուց օրուան բանախօս, մտաւորական, խմբագիր եւ ուսուցիչ Կարօ Յովհաննէսեանը, որ յատուկ այս առիթով հրաւիրուած էր Լիբանանէն: Բանախօսը դիտել տուաւ, որ ընդարձակ եւ բազմակողմանի է Սարգիս Զէյթլեանի ազգային եւ կազմակերպական գործունէութիւնը, աւելցնելով, որ մէկ մարդու մէջ դժուար է ունենալ` նուիրեալ ուսուցիչ-մանկավարժը, անզուգական հրապարակագիր-խմբագիրը, հեռատես քաղաքագէտը, ջղուտ հռետորը, ներհուն գաղափարախօս-տեսաբանը, պատրաստուած եւ խիզախ մտաւորականը, ինչպէս նաեւ անմրցելի կազմակերպող ղեկավարը եւ գրեթէ բոլորին մէջ ալ` տաղանդաւոր: Առաւել` նկարագրով ուժեղ մարդը, սկզբունքի տէր անհատականութիւնը, ծառայասէր, տեսլապաշտ եւ ժողովրդակեդրոն ղեկավարը:

Պատգամաբերը անդրադարձաւ Զէյթլեանի բազմակողմանի գործունէութեան ու անոր յղած պատգամներուն:

Աւարտին խօսք առաւ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Յակոբ վրդ. Եագուպեան, որ նախ փոխացեց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի օրհութիւնն ու հայրական ողջոյնները, ապա ըսաւ, որ սոյն հանդիսութեան մեր ներկայութիւնը լուռ վկայութիւն մըն է այն ճշմարտութեան, որ 40 տարիներ անց Սարգիս Զէյթլեանի հոգին տակաւին կ’ապրի, անոր ձայնը տակաւին կը հնչէ, անոր գաղափարները տակաւին կը շարժեն սերունդներ: Ան շեշտեց, որ Զէյթլեան միայն հայրենասիրութիւն չէր քարոզեր, ան նաեւ կ՛ապրէր, եւ անոր երազներէն մէկն էր հզօր ու անկախ Հայաստանը, գիտակից սերունդներու դաստիարակութիւնը եւ կազմակերպուած ժողովուրդ: Եւ այսօր մենք պարտաւոր ենք պահելու այդ նոյն ոգին:

Միացեալ Նահանգներ

ՀՅԴ Օրուան Տօնակատարութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին, 29 մարտին Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ հիմնադրութեան 134-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն:

ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն կողմէ կատարուած դրօշակի արարողութենէն  ետք, օրուան հանդիսավար Նորա Չափարեան ելոյթ ունենալով`  շեշտեց ՀՅԴ-ի նուիրուածութիւնը Հայկական հարցին եւ հայութեան նեցուկին շնորհիւ անոր արձանագրած յաջողութիւնները:

Թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան իր օրհնութիւնը տուաւ եւ դրուատեց ՀՅԴ-ի մատուցած ծառայութիւններն ու իրագործումները` յաջողութիւն մաղթելով անոր ապագայ նախաձեռնութիւններուն մէջ:

Օրուան գլխաւոր բանախօս, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեան նախ կանգ առաւ կուսակցութեան պատմութեան ընթացքին արձանագրած իրագործումներուն վրայ` Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին, ապա անդրադարձաւ հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն` շեշտելով համակարգուած եւ համախմբուած ձեւով անոնց դէմ դնելու կարեւորութիւնը, յատկապէս երբ Հայաստան կը դիմագրաւէ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի շարունակուող սպառնալիքները, որոնք գոյութենական վտանգի տակ կը դնեն մեր հայրենիքը: Ան յոյժ կարեւոր նկատեց` Հայաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու քայլերը, Արցախի հայութեան վերադարձի եւ ինքնորոշման իրաւունքներուն ապահովումը, Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման երաշխաւորումը եւ մեր համայնքին համախմբումը, բոլորը հրաւիրելով միանալու հայութեան իրաւունքներուն տիրանալու ՀՅԴ-ի յառաջ մղած այս պայքարին:

ՀՅԴ-ի երկրամեայ անդամ Յովիկ Սալիպա լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի ու յատկապէս Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ ՀՅԴ-ի ժառանգութիւնը:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան:

Լոս Անճելըս Գաւառը Ապրիլը Հայոց Պատմութեան Ամիս Հռչակեց

Լոս Անճելըս գաւառի Վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Քեթրին Պարկըրի գրասենեակը տեղեկացուց, որ երեքշաբթի, 1 ապրիլին գումարած իր նիստին ընթացքին խորհուրդը միաձայնութեամբ որոշեց 2025-ի ապրիլը Հայոց պատմութեան ամիս հռչակել` պատուելու համար հայկական համայնքին մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը, դիմացկունութիւնը եւ գաւառին մէջ անոր յատկանշական ներդրումները:

Պարկըրի կողքին բանաձեւին համահեղինակը վերահսկիչ Ճենիս Հանն էր:

Նշուեցաւ, որ պատմութիւնը յիշելու կողքին, որոշումին նպատակը ապագային նայիլն է` աւելցնելով, որ ապրիլ ամսուան ընթացքին հայութիւնը ոչ միայն պիտի նշէ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը, այլ նաեւ պիտի դիմագրաւէ շարունակուող մարտահրաւէրները, որոնց շարքին է Արցախի հայաթափումը:

Նշուեցաւ նաեւ, որ 29 ապրիլին Պարկըր երեք հայորդիներ պիտի մեծարէ:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Տարբեր Ժամանակաշրջաններու Հրատարակութիւններ

Յաջորդը

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Յուշերու Կապոց. Պատերազմ Ապրած, Բայց Խաղաղութիւն Չտեսած Սերունդի Մը Մասին Գ.

RelatedPosts

78 Տարեկանին Մահացած Է Ֆրանսահայ  Անուանի Հաղորդավար Տանիէլ Պիլալեան
Գաղութէ Գաղութ

78 Տարեկանին Մահացած Է Ֆրանսահայ Անուանի Հաղորդավար Տանիէլ Պիլալեան

Մայիս 16, 2025
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Մայիս 15, 2025
«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?