Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԻԱՄ ԵՐԵՄԵԱՆ

7 մայիս 2025-ին Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատի «Փալացցօ Սան Մաչութօ» շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Non ti scordar di me – Storia e oblio del Genocidio Armenio» (Անմոռուկ – Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը և մոռացութիւնը) հատորի շնորհահանդէսը, որուն հեղինակն է Կեդրոնական եւ Հիւսիսային Իտալիոյ րաբբիական դատարանի փիլիսոփայ եւ համակարգող Վիթթորիօ Ռոպիաթի Պենտոն: Գիրքի ներածականը գրած է յայտնի լրագրող և պատմաբան Փաոլօ Միելին, իսկ վերջաբանը` գրող եւ գիտնական իտալահայ Անթոնիա Արսլանը: Հրատարակուած է «Լիբերիլիպրի» հրատարակչատան կողմէ:

Հատորը, որ գրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով, յիշողութեան, ինքնութեան եւ արդարութեան վերաբերեալ փաստագրուած եւ կարեւոր ներդրում է, որ չի սահմանափակուիր միայն յիշատակումով, այլ կը փնտռէ յիշողութեան խորքային իմաստը` կասկածի տակ դնելով նաեւ մեր ներկան:

Անիկա կը վերակառուցէ եւ կը վերլուծէ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական արմատները` դատապարտելով Թուրքիայի մնայուն պետական ժխտողականութիւնը, որուն ստուերը այսօր կը թեւածէ Հարաւային Կովկասի վրայ, ուր հայ ժողովուրդը կը բախի անապահովութեան, մեկուսացման եւ բռնութեան նոր դրսեւորումներու` Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ յարձակման հետեւանքով: Տասնեակ հազարաւոր մարդոց հարկադիր արտագաղթը, մշակութային ցեղասպանութիւնը, դիւանագիտական եւ լրատուամիջոցներու անտարբերութիւնը ներկայիս վէրքեր են, որոնք կը խօսին անցեալի` արտաքսման, լռութեան, բնաջնջման լեզուով:

Բարձր մակարդակի ձեռնարկին մասնակցեցան եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատի նախագահ Լորենցօ Ֆոնթանան, Արդարադատութեան նախարար Քարլօ Նորտիոն, Իտալիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վլատիմիր Կարապետեանը: Ելոյթ ունեցողներու շարքին էին նաեւ պատգամաւորներ Քիարա Կրիպաուտոն` Ժողովրդավարական կուսակցութեան փոխնախագահ, Կալէացցօ Պինիամին` Պատգամաւորներու պալատին մէջ Իտալիոյ եղբայրներ կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար, Ճուլիօ Չենթեմերոն` Իտալիա-Հայաստան բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի նախագահ, եւ Մաուրիցիօ Լուբին` «Noi moderati» կուսակցութեան նախագահ եւ փոխադրութեան ու ենթակառուցուածքներու նախկին նախարար: Հանդիպումը կը վարէին իտալացի յայտնի լրագրող եւ պատկերասփիւռի հաղորդավար Նիքոլա Փորրոն եւ մեկնաբան Օհարա Պորսելլին:

Լորենցօ Ֆոնթանայի Ելոյթը 

«110 տարի առաջ տեղի ունեցած սարսափը Օսմանեան կայսրութեան քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն պատկանող աւելի քան մէկուկէս միլիոն անմեղ խաղաղ բնակիչներու եւ զինուորներու կեանք խլեց», ինչ որ «բռնութեան յանկարծակի արարք չէր, այլ երկարատեւ եւ գիտակցուած գործընթացի արդիւնք, եւ, «գաղափարախօսական հակամարտութիւններու վերակենդանացումով նշանաւորուած պատմական պահուն, յիշողութիւնը ճշմարտութեան պարտականութիւն է, որ նաեւ «կոչ է մեզի բոլորիս` առարկայական կերպով ամրապնդելու այն գործիքները, որոնք կը խթանեն երկխօսութիւնը եւ միջազգային համագործակցութիւնը», ըսաւ Լորենցօ Ֆոնթանան իր ողջոյնի խօսքին մէջ ` աւելցնելով, «որ անհրաժեշտ է միշտ պահպանել բարձր յանձնառութիւն խաղաղութեան եւ իւրաքանչիւր անհատի անօտարելի իրաւունքներու պաշտպանութեան, միաժամանակ աշխուժացնելով ներգրաւուած ժողովուրդներու իրական եւ երկարատեւ հաշտեցման համար ջանքերը»:

«Այդ ողբերգական իրադարձութիւնները յիշելը կարելիութիւն կ՛ընձեռեն յատկապէս երիտասարդներուն փոխանցելու անցեալի յիշողութիւնը, որպէսզի նմանատիպ ողբերգութիւններ երբեք չկրկնուին», եզրափակեց ան:

Քարլօ Նորտիոյի Ելոյթը 

Հակառակ մահերու անհաւանական թիւին, որ կը գնահատուի մօտ մէկ միլիոնով, Մեծ եղեռնը` անցեալ դարու սկիզբին հայ բնակչութեան դէմ կատարուած «մեծ յանցագործութիւնը», կը մնայ պատմութեան ամէնէն քիչ ուսումնասիրուած եւ յայտնի էջերէն մէկը, նշեց իր ելոյթին մէջ Նորտիոն` շեշտելով, որ պէտք է շարունակուի յիշողութիւնը վերականգնելու այս դժուարին գործընթացը, որ անբաժանելիօրէն կապուած է հայ ժողովուրդի կրած տառապանքները չկրկնելու ապահովման յանձնառութեան հետ, «քանի որ ժողովուրդներ բնաջնջելու գայթակղութիւնը` ցեղային, կրօնական կամ քաղաքական գաղափարներու համար, կը շարունակուի գոյութիւն ունենալ», եւ որ «պէտք է դիմագրաւուի ամուր ռազմական պատրաստուածութեամբ նման յարձակումներէ պաշտպանուելու համար, բայց նաեւ գիտակցելով, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է անցեալին մէջ, եւ յոյսով, որ ատիկա այլեւս երբեք պիտի չկրկնուի»: Ի միջի այլոց նշենք, որ Քարլօ Նորտիոյի կինը հայ է, որմէ ալ, ինչպէս նշեց ելոյթին մէջ իտալացի նախարարը, առաջին անգամ լսած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Վլատիմիր Կարապետեանի Ելոյթը 

Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վլատիմիր Կարապետեանը խոր երախտագիտութիւն յայտնեց ջարդէն վերապրած հայերուն Իտալիոյ աջակցութեան եւ 2019 թուականին ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ խորհրդարանական բանաձեւի ընդունման համար:

Վ. Կարապետեանը ընդգծեց նաև, որ «անպատժելիութեան վրայ յենած ժխտողական վերաբերմունքը ոչ միայն չէ բուժած հայ ժողովուրդի վէրքերը, այլեւ վերջին տարիներուն յառաջացուցած է նորերը», եւ, ըստ այդմ, ան կարեւոր նկատեց «Նոն Թի Սքորտար Տի Մէ» նախագիծի առաքելութիւնը, այն է` «բարձրացնել իրազեկուածութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հարցի վերաբերեալ եւ, հետեւաբար, կանխել մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները»:

Պատգամաւորներու ելոյթներուն մէջ ընդգծուեցան.

Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան վտանգներու եւ յիշողութեան կարեւորութեան մասին` յատկապէս այսօրուան հակամարտութիւններու դարաշրջանին մէջ:

Ձեռնարկին պետական կառոյցներու ներգրաւուածութիւնը իբրեւ կարեւոր ու յաւելեալ քայլ նկատուեցաւ ցեղասպանութիւնները կանխելու գործին մէջ:

2019 թուականին Պատգամաւորներու պալատին մէջ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի միաձայն ընդունումը:

Արցախէն` Լեռնային Ղարաբաղէն 120 հազար հայերու բռնագաղթը իրենց հազարամեակներով բնակեցուած հայրենի հողերէն Արեւմուտքի անտարբեր հայեացքի տակ:

Քաղաքական ու տնտեսական շահերու գերադասումը արժէքներու հաշուոյն, ինչ որ սակայն կարճաժամկէտ հեռանկար ունի:

Հայկական հոգեւոր ու մշակութային կոթողներու բնաջնջումը որակուեցաւ մշակութային ցեղասպանութիւն:

Վիթթորիօ Ռոպիաթի Պենտոյի Եւ Փաոլօ Միելիի Ելոյթները

«Կը պատկանիմ ժողովուրդի մը, որ գիտէ, թէ ի՛նչ է յիշողութիւնը, քանի որ տառապած է անկէ, եւ պէտք է փորձել գոյատեւել: Նոյնիսկ եւ յատկապէս այսօր` Իսրայէլի մէջ», ցեղասպանութեան յանգեցնող ատելութիւնը խոր արմատներ ունի. «Նացիականներու կողմէ կատարուած չարիքին մէջ որեւէ բանականութիւն չկար», նշեց գիրքի հեղինակ Վիթթորիօ Ռոպիաթի Պենտոն եւ խօսեցաւ «ժխտողականութեան աւելի նենգ ձեւերու մասին, որոնք կը վերացնեն բռնութեան խորքային պատճառները:

«Ցեղասպանութիւնը ժխտելը կը նշանակէ զայն կրկին կարելի դարձնել»: «Անոնք, որոնք կը ժխտեն տեղի ունեցածը, կը դառնան յանցակիցներ», նշեց Միելին, որ իր խօսքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դժուարութիւնը վերագրեց նաեւ «Իսրայէլի եւ շատ հրեաներու անվստահութեան», որոնք կը դիմադրեն այն միտքին, որ Հայկական հարցը «կարելի է նոյն մակարդակի վրայ դնել» Ողջակիզումին հետ:

Շնորհահանդէսի վերջաւորութեան ցուցադրուեցաւ «Նոն Թի Սքորտար Տի Մէ» վաւերագրական ժապաւէնը, որ իրագործուած է յիշողութիւնը վառ պահելու անհրաժեշտութեան կարեւոր վկայութիւններով, ուր կ՛ընդգծուէր պետական հաստատութիւններու դերը` կանխելու այնպիսի յանցաւոր արարքներ, ինչպէս օրինակ երկու տարի առաջ Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար հայերու հարկադրուած գաղթն էր:

Հռոմ

 

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Մինեսոթա 2-1 Արդիւնքով Յառաջացաւ. Տենվըր Վերադարձաւ

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի այցը՝ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու վարժարան
Գաղութէ Գաղութ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի այցը՝ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու վարժարան

Մայիս 5, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?