Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՕՄ-ը` ՄԱԿ-ի 69-րդ Կիներու Իրավիճակի Յանձնաժողովին

Մարտ 21, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ օգնութեան միութիւնը 10-21 մարտ 2025-ին ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ  անգամ մը եւս մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի Կիներու իրավիճակի յանձնաժողովին/Փեքին 30+ կազմակերպած նախաձեռնութիւններուն:

ՀՕՄ-ի պատուիրակութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ Կիներու իրավիճակի յանձնաժողովի 69-րդ խորհրդաժողովին բացման հանդիսութեան, ուր առիթը ունեցաւ հանդիպելու Լիբանանի Հանրապետութեան Առաջին տիկին Նաամաթ Աունի հետ: ՀՕՄ-ը` իբրեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն, 1976-էն ի վեր գործունեայ աշխատանք կը տանի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէջ: Իսկ 1998-էն ի վեր կ՛անդամակցի որպէս գրանցուած խորհրդատու անդամ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային յանձնաժողովին (ECOSOC):

Կիներու իրավիճակի յանձնաժողովի 69-րդ նիստերու մասնակից ՀՕՄ-ի անդամները` Նիւ Եորքէն, Նիւ Ճըրզիէն, Լոս Անճելըսէն, Ուաշինկթընէն եւ Քանատայէն, ներկայ գտնուեցան Թաունհոլի տարեկան հանդիպման` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ, ինչպէս նաեւ` ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններու ու բաժանմունքներու կողմէ կազմակերպուած նիստերուն եւ իրենց ներդրումը ունեցան անոնց յաջորդող հարցպատասխանի քննարկումներուն:

12 մարտ 2025-ին Հայ օգնութեան միութիւնը, գործակցաբար Հայկական իրաւական կեդրոնին, կազմակերպեց նիստ մը` ՄԱԿ-ի Կիներու իրավիճակի յանձնաժողովին/Փեքին 30+ գումարման օրերուն, «Տոկունութիւն եւ ապաքինում. կիներու դերը տագնապներու գօտիներուն  եւ առողջութեան պաշտպանութեան մէջ» խորագիրով, ՄԱԿ-ի եկեղեցւոյ կեդրոնին մէջ, Նիւ Եորք:

ՀՕՄ-ի նիստին բացման խօսքը արտասանեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեան: Ապա Թերեզա Երիմեան ներկայացուց «Տագնապներու գօտիներու մէջ կիներու դերակատարութեան մասին» խորագիրով զեկոյց մը: Դոկտ.

Գէորգ Յակոբճեան իր զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ տագնապներու գօտիներուն մէջ կիներու պաշտպանութեան կոչուած օրինական քայլերու ամրապնդման կարեւորութեան: Ապա դոկտ. Լորգի Լիպարիտեան առցանց միացաւ Հայաստանէն եւ խօսեցաւ տագնապներ դիմագրաւող կիներու առողջութեան պաշտպանութեան մասին: Վերջապէս, դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան ներկաներուն հետ բաժնեկցեցաւ պատմութիւններ եւ դրուագներ, որոնք լուսարձակի տակ առին Հայաստանի, Արցախի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Երուսաղէմի մէջ ՀՕՄ-ի նախաձեռնութիւնները: Ան նաեւ կատարեց նիստի համակարգողի պարտականութիւնը:

ՀՕՄ-ի եւ Հայկական իրաւական կեդրոնին նախաձեռնած նիստի աւարտին տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխանի բաւական աշխուժ բաժինը, որուն մասնակցեցան` անդամ պետութիւններու մեծ թիւով ներկայացուցիչներ, ՄԱԿ-ի գործակալութիւններու, ոչ կառավարական տարբեր կազմակերպութիւններու եւ ՀՕՄ-ի անդամներ: Նիստը ուղղակի սփռուեցաւ ՀՕՄ-ի հաղորդակցութեան եւ ընկերային ցանցերու միջոցով, որուն արձանագրութիւնը կարելի է տեսնել ՀՕՄ-ի Դիմատետրի եւ ինսթակրամեան էջերու վրայ:

Այս հանդիպումը կը նպատակադրէր միացնել անձեր, որոնք հետաքրքրուած են տագնապներու գօտիներու մէջ ապրող կիներու ուժ եւ թիկունք կանգնելու աշխատանքով եւ պաշտպանելու անոնց առողջութիւնը` տարբեր յայտագիրներու եւ ծրագրերու միջոցով, որոնք կ՛օժանդակեն անոնց վերականգնման ճիգերուն:

Հայ օգնութեան միութիւնը հպարտ մասնակից եւ անդամն է ՄԱԿ-ի Կիներու յանձնաժողովին եւ պիտի շարունակէ իր ճիգերը` հզօրացնելու համար կիները Հայաստանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ:

Նախորդը

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (ԺԶ.)

Յաջորդը

Փոխանցումներու Աշխարհէն. Թիքնիզեան Կրնայ Միանալ Ժիրոնային

RelatedPosts

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 3, 2025
Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի
Գաղութէ Գաղութ

Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի

Յունիս 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?