Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Քանատա
ՀՅ Դաշնակցութեան 135-Ամեակի Նշում` Տիթրոյիթի Մէջ
1 մարտին Տիթրոյիթի մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 135-ամեակը:
ՀՅԴ «Ազատամարտ» կոմիտէի անդամ Շանթ Ժամկոչեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք հանդիսականներուն, հրաւիրեց օրուան հանդիսավար, Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ Վրէժ Տաուլէն, որ իր բացման խօսքով անդրադարձաւ ՀՅԴ-ի կառոյցի առանձնայատկութիւններուն:
ՀՅԴ «Ազատամարտ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Սեպուհ Համագործեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ` ներկայ աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններուն պարզած մարտահրաւէրներուն, Հայաստանի ապազգային քաղաքական վերնախաւի չէզոքացման անհրաժեշտութեան, արցախցիին արժանապատիւ կեանք, ինչպէս նաեւ վերադարձի իրաւունք ապահովելու հրամայականին, հաստատելով, որ պայքարը շարունակելու մեր պատրաստակամութիւնը տակաւին վառ է, եւ մեր ճամբան յստակ է դէպի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան:
Օրուան պատգամաբեր ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ճորճի Օշական լուսարձակի տակ առաւ տուեալ ժամանակաշրջանի ընկերային-տնտեսական- քաղաքական նախադրեալները` համեմատութեան եզրեր գտնելով ներկայ օրհասական եւ անկիւնադարձային իրավիճակին հետ, կոչ ուղղելով համախմբուելու:
Այնուհետեւ կատարուեցաւ աւանդութիւն դարձած պարգեւատրումներու արարողութիւնը, եւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Արիս Պապիկեան Վերընտրուեցաւ Օնթարիօ Նահանգի Խորհրդարանի Երեսփոխան
28 փետրուարին Օնթարիոյի մէջ կայացան նահանգային ընտրութիւնները, որուն ընթացքին քանատահայ Արիս Պաիկեան երրորդ անգամ ըլլալով ընտրուեցաւ խորհրդարանի երեսփոխան:
Արիս Պապիկեան Օնթարիոյի Միսիսոկա շրջանի քաղաքացիութեան դատաւորի պաշտօնին կոչուած է 2009-ին եւ այդ պաշտօնը վարած է 6 տարի: Եղած է Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ եւ վարած է Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի վարիչ-տնօրէնի պաշտօնը: Պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մետալով:
Գերմանիա
Բողոքի Ցոյց` Ազրպէյճանի Ապօրինի Դատավարութիւններուն Դէմ
10 մարտին իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները, ցուցարարները եւ մտահոգ քաղաքացիները հաւաքուեցան Պրանտենպուրկի դռներուն մօտ` պահանջելու Ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար կալանաւորուած հայ քաղաքական բանտարկեալներուն անյապաղ ազատ արձակումը:
Նշանաւոր իրաւապաշտպաններ, որոնց կարգին` Գերմանիոյ հայերու կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Ճոնաթան Սփանկենպերկ, ելոյթ ունենալով ընդգծեցին հայերու համակարգուած հալածանքները եւ Ազրպէյճանի կողմէ քաղաքական բանտարկեալները որպէս սակարկութեան գործիք օգտագործելը բանակցութիւններուն մէջ: «Ձերբակալուածները, որոնց շարքին` Ռուբէն Վարդանեանը, կ՛ապրին անմարդկային պայմաններու մէջ, խոշտանգումներու եւ վատ վերաբերմունքի մասին հաղորդումներով: Ներկայիս Վարդանեանը հացադուլի մէջ է, եւ անոր կեանքը մեծ վտանգի տակ է:
Ցուցարարները ընդգծեցին, որ Ազրպէյճանի գործողութիւնները կը խախտեն միջազգային իրաւունքը, ինչպէս ՄԱԿ-ի` Ցեղասպանութեան հռչակագիրը եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական հռչակագիրը: Ցուցարարները կոչ ուղղեցին Եւրոմիութեան, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի` իրականացնելու հետեւեալ միջոցները. ա) Պատժամիջոցներ Ազրպէյճանի պաշտօնեաներուն դէմ` նպատակաուղղուած այն անձերու եւ հաստատութիւններու նկատմամբ, որոնք պատասխանատու են հայ բանտարկեալներու ապօրինի կալանաւորման եւ կտտանքներու համար, բ) Բանտերու պայմաններու միջազգային դիտարկում. ճնշում Ազրպէյճանի վրայ` թոյլ տալու ՄԱԿ-ի Խոշտանգումներու դէմ կոմիտէի եւ Միջազգային կարմիր խաչին` գնահատել բանտարկեալներու հանդէպ վերաբերմունքը, գ) Անյապաղ ազատ արձակել բոլոր հայ բանտարկեալները, Ազրպէյճանէն պահանջել` կատարել մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային պարտաւորութիւնները եւ ազատ արձակել քաղաքական բանտարկեալները` առանց նախապայմաններու, դ) Հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանում, հետաքննել եւ կանխել բռնագրաւուած Արցախի մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական վայրերու հետագայ ոչնչացումը, ե) Տեղահանուած հայերու անվտանգ վերադարձի ապահովում. ապահովել միջազգային պաշտպանութեան մեքանիզմները, որոնք թոյլ կու տան հայերուն` վերադառնալ իրենց հայրենիքը:
Բողոքի բանախօսները դատապարտեցին եւրոպական անգործութիւնը. Սփանկենպերկը վկայակոչեց ցեղասպանութիւնը կանխելու եւ խոցելի համայնքները պաշտպանելու Գերմանիոյ պատմական պատասխանատուութիւնը: Ան քննադատեց վարչապետ Օլաֆ Շոլցի կողմէ վճռական քայլերու ձախողութիւնը եւ կոչ ուղղեց պաշտօնական միջնորդութիւն ներկայացնել Միջազգային քրէական դատարան` ընդդէմ Ազրպէյճանի նախագահին:
Այս բողոքի ցոյցը կը հետեւի Եւրոպական յանձնաժողովին եւ Ֆրանսայի կառավարութեան իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու կողմէ շարունակուող դիւանագիտական կոչերուն: Հակառակ ՄԱԿ-ի բազմիցս նախազգուշացումներուն ցեղասպանութեան վտանգի մասին` բովանդակալից միջազգային գործողութիւնները տակաւին կը բացակային:
Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու միութիւնը կը ծրագրէ ապագայի ցոյցեր ամբողջ Եւրոպայի մէջ եւ պաշտօնական միջնորդութիւն կը ներկայացնէ Եւրոխորհրդարան` կոչ ուղղելով անյապաղ պատժամիջոցներ կիրարկել Ազրպէյճանի դէմ: Բողոքի ցոյցի կազմակերպիչները նաեւ կոչ ուղղեցին եւրոպացի քաղաքացիներուն` բարձրացնել իրազեկութիւնը եւ ճնշում բանեցնել իրենց կառավարութիւններուն վրայ` պայքարելու համար մարդու իրաւունքներու այս կոպիտ խախտումներուն դէմ:
Վտանգի ենթարկուած ժողովուրդներու ընկերութեան մարդու իրաւունքներու ղեկավար Սառա Ռէյնկէն նկատել տուաւ, որ աշխարհը պէտք չէ անտեսէ Ազրպէյճանի յանցագործութիւնները, աւելցնելով, որ խօսելու ժամանակը անցած է, եւ հիմա մեզի պէտք են գործողութիւններ:
Միացեալ Նահանգներ
Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան Այցելեց Հայաստանի Հիւպատոսարան
28 փետրուարին, Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան շրջանի պաշտօնական հաստատութիւններու եւ անձնաւորութիւններու շնորհելիք այցելութիւններու ծիրին մէջ, առաջին այցելութիւնը տուաւ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան եւ տեսակցեցաւ գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Կարէն Իսրայէլեանի հետ: Սրբազան հօր կ՛ընկերակցէին Ազգային վարչութեան անդամ դոկտ. Գալուստ Ակոբեան եւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ ծ. վրդ. Սարգիսեան:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ փոխադարձ գործակցութիւնը աւելի եւս սերտացնելու` յանուն ազգի, հայրենիքի ու գաղութներու, ըստ կարելւոյն, բարին ու դրականը շատցնելու համար հայութեան կեանքին մէջ:
Այս առիթով սրբազան հայրը ծանօթացաւ նաեւ Հայաստանի հիւպատոսարանի բաժանմունքներուն, աշխատակազմին եւ իր բարեմաղթութիւները եւ հայրական օրհնութիւնները բաշխեց բոլորին, ապա Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմութեան գիրքը եւ Ազգային առաջնորդարանի ապակեայ յուշանուէրը յանձնեց դոկտ. Իսրայէլեանին:
Զահրատի 100-Ամեակին Նուիրուած Երեկոյ
28 փետրուարին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ` նուիրուած նշանաւոր հայ բանաստեղծ Զարեհ Եալտըզճեանի (Զահրատի) ծննդեան 100-ամեակին: Երեկոյի գլխաւոր բանախօսներն էին դոկտ. Արտեմ Սարգսեան եւ դոկտ. Յակոբ Այնթապլեան:
Ձեռնարկին ընթացքին ներկայացուեցաւ Զահրատի «Հատընտիր» նոր հրատարակութիւնը, որ լոյս տեսաւ համագործակցութեամբ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին եւ Երեւանի Ե. Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին, մեկենասութեամբ` տոքթ. Յակոբ եւ Լուտովիկա Այնթապլեաններուն: Գիրքին մէջ զետեղուած են նաեւ Զահրատի մասին նշանաւոր հայերու տպաւորութիւնները:
Մեսրոպեան Վարժարանի Նոր Մարզադաշտին Պաշտօնական Բացումը
Ներկայութեամբ թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, Ազգային վարչութեան անդամներ Ծովիկ Զէյթլեանի եւ Ճեք Հաճինեանի, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի անդամներ իրաւաբան Սարգիս Ուրֆալեանի (ատենապետ) եւ իրաւաբան Սիլվա Կիրակոսեանի, Փիքօ Ռիվերա քաղաքի պաշտօնատարներու եւ անդամներու, ինչպէս նաեւ` հրաւիրեալներու, 3 մարտին պաշտօնական արարողութեամբ տեղի ունեցաւ Փիքօ Ռիվերայի Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի արդիական նոր մարզասրահին բացումը, որուն շինութիւնը արժած է շուրջ 3 միլիոն ամերիկեան տոլար եւ նպատակն է` զարկ տալ մարզական եւ մշակութային ծրագիրներու: Արդիական մարզադաշտին կողքին, ծրագիրին շնորհիւ կառուցուած են նաեւ մարզումներու եւ մշակութային ձեռնարկներու յատուկ դասարաններ եւ տարածքներ:
Վարժարանի տնօրէն Լենա Կարապետեան ողջունեց այս իրադարձութիւնը` զայն նկատելով բարձրորակ եւ բազմաճիւղ կրթութիւն մատուցելու վարժարանին առաքելութեան մէկ մասնիկը, շնորհակալութիւն յայտնելով ծրագիրին իրականացման նեցուկ կանգնողներուն:
Վարժարանի Ուսումնական մարմինի ատենապետ Քրիս Կիւլճեան, իր կարգին, շեշտեց, որ ծրագիրին իրականացումը նոր էջ կը բանայ վարժարանին հարուստ պատմութեան մէջ, որ միաժամանակ պիտի հարստացնէ աշակերտներուն փորձառութիւնները:
Առաջնորդ սրբազանը շրջանի հայութեան համար կարեւոր իրագործում մը նկատեց գեղակառոյց եւ արդիական մարզասրահը, ուր ոչ միայն վարժարանին աշակերտները, այլեւ հայկական վարժարաններու եւ միութիւններու խումբեր պիտի մարզուին ու մրցին իրարու դէմ` նոր ոգեւորութեամբ լեցնելով հայկական վարժարաններու աշակերտական կեանքը: Ան գնահատեց շրջանին մէջ նորակառոյց մարզասրահ ունենալու երեւոյթը` իբրեւ Լոս Անճելըս գաւառի ամէնէն տարեց` Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի յառաջդիմութեան ցուցանիշ եւ հայ կրթական կառոյցի առաքելութեան հաւատացող խումբ մը բարերարներու եւ աջակիցներու տարիներու երազի իրականացում եւ շնորհաւորեց վարժարանին մեծ ընտանիքը:
Կազմակերպութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Շրջանի` Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով Խորհրդաժողով
Նիւ Եորքի մէջ մարտ 8-ին` Կիներու միջազգային օրուան առիթով, կազմակերպուեցաւ խորհրդաժողով մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 120 ՀՕՄ-ականներ եւ կիներու հարցերով հետաքրքրուած անձեր:
Բացման խօսքը կատարեց Նիրի Գաբրէլեանը (Նիւ Ճըրզիի «Շաքէ» մասնաճիւղ), ապա` Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ Լագիսեանի աղօթքէն ետք, մեկնարկը տրուեցաւ խորհրդաժողովին:
Սուզան Արփաճեան-Ժոլի խօսեցաւ Ցեղասպանութեան մասին, իր մեծ մօր` Արտեմիսի յուշերը նշելով: Այս վերջինին անունը կը կրէ Ֆիլատելֆիոյ ՀՕՄ-ի մասնաճիւղը, որուն գործօն անդամներէն է նոյնինքն Սուզան Արփաճեան-Ժոլին:
Ապա խօսք առաւ Վիրժինի Թուլումեան, որուն կիզակէտն էր ՀՕՄ-ի կատարած եւ կատարելիք գործունէութիւնը` շարունակ ծառայելով հայրենիքին եւ սփիւռքին:
Թալին Լաչինեան անդրադարձաւ նոր սերունդի պատրաստութեան` կարեւոր նկատելով, որ զանազան բնագաւառներէ ներս հետեւողական ձեւով պէտք է թրծել երիտասարդ սերունդ:
Անի Հոթոյեան-Ժոլի խօսեցաւ նոր մարտահրաւէրներու մասին, որոնք կրնան վերաորակաւորել եւ նոր հորիզոններ բանալ 115-ամեայ միութեան:
Քրիսթինա Մեհրանպոնտ-Պետրոս խօսեցաւ ՄԱԿ-ի կիներու կարգավիճակի նիւթին մասին եւ մանրամասնութիւններ ներկայացուց ՄԱԿ-ի մէջ ՀՕՄ-ի դերակատարութեան մասին:
Ան նշեց, որ ՀՕՄ-ը` իբրեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն, 1976-էն ի վեր գործունեայ աշխատանք կը տանի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէջ: 1998-էն ի վեր ան կ՛անդամակցի որպէս գրանցուած խորհրդատու անդամ` ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային յանձնաժողովին (ECOSOC):
ՀՕՄ-ի պատուիրակութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ Կիներու իրավիճակի յանձնաժողովի 69-րդ խորհրդաժողովի բացման հանդիսութեան:
Զուգահեռ այս նախաձեռնութիւններուն` ՀՕՄ-ը մարտ 12-ին ՄԱԿ-ի եկեղեցւոյ կեդրոնին մէջ կազմակերպեց հանդիպում մը, որ կը կրէ «Տոկունութիւն եւ ապաքինում. կիներու դերը տագնապներու գօտիներուն եւ առողջութեան պաշտպանութեան մէջ» խորագիրը:
Իրան
Պետական Պաշտօնեաներուն Ի Պատիւ Ընթրիք–Երեկոյ` Նախաձեռնութեամբ Խորհրդարանի Պատգամաւոր Արա Շահվերդեանի
Նախաձեռնութեամբ Իսլամական խորհրդարանի մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեանի, 10 մարտին «Արարատ» մարզաւանի «Վաչիկ Ղարաբէկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պետական պաշտօնեաներու ի պատիւ ընթրիք-երեկոյ:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Արտոյտ Զոհրապեան, որուն յաջորդեց օրուան առիթով յղուած սրբազան հօր պատգամը, զոր կարդաց Առաքել աբղ. Գատեհճեան: Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ անդրադարձած էր քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօններու պահքի շրջանի համընկման փաստին` շեշտելով, որ կրօնը մարդու կեանքին մէջ սիրոյ, խաղաղութեան, ներողամտութեան ուսմունք է եւ զայն կ՛առաջնորդէ դէպի սէր, եղբայրութիւն եւ համերաշխութիւն:
Դոկտ. Արա Շահվերդեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ երկու կրօններու պահքի շրջաններու համընկման փաստին` շեշտելով ընդհանուր մարդկային արժէքներու պահպանման կարեւորութիւնը:
Գիտութեան նախարար դոկտ. Սիմայի-Սառաֆ, իր կարգին, բարձր գնահատեց մարդկային արժէքներու պահպանման ուղղուած իւրաքանչիւր աշխատանք:
Նոր Ջուղա
Թեհրանի Մէջ Սպանիոյ Թագաւորութեան Դեսպանի Այցելութիւնը Սպահանի Ազգային Առաջնորդարան
17 փետրուարին Սպահանի Ազգային առաջնորդարան այցելեց Թեհրանի մէջ Սպանիոյ Թագաւորութեան դեսպան Անթոնիօ Սանչես Պենտիթօ Կասպար` ընկերակցութեամբ Սպահանի նահանգապետարանի արարողակարգի ծառայութեան գլխաւոր տնօրէն Նիքայինի:
Պատուիրակութեան անդամները, ընկերակցութեամբ զբօսավար եւ թարգմանիչ Նորայր Կարապետեանի, նախ այցելեցին` Ս. Ամենափրկիչ վանքի Ս. Յովսէփ Արիմաթացի եկեղեցի, «Խաչատուր Կեսարացի» եւ Նոր Ջուղայի Ազգագրական թանգարաններ, այնուհետեւ Թեմական խորհուրդի գրասենեակին մէջ մտերմիկ զրոյց ունեցան խորհուրդի անդամ Տարօն Տէր Մարտիրոսեանին հետ, որուն ընթացքին անոնք ընդգծեցին իրանահայ համայնքի մատուցած անգնահատելի ծառայութիւնները երկրին: Քննարկուեցաւ նաեւ զբօսաշրջութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւնները: