Գաղութէ Գաղութ

Լաթաքիոյ Հայ Համայնքին Պարզած Վիճակը

Լաթաքիոյ Հայ Համայնքին Պարզած Վիճակը

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ 8 դեկտեմբեր 2024-ի վաղ առաւօտեան Լաթաքիոյ ժողովուրդը արթնցաւ Սուրիոյ իշխանութեան տապալումի լուրով: Քաղաքը ապրեցաւ դժուարին պահեր, մինչեւ ընդդիմութեան ուժերու հասնիլը: Լաթաքիան կը տարբերէր այլ նահանգներէ, որովհետեւ քաղաքի համայնքային պատկերը այլ էր, ուստի մտահոգութիւնը աւելի մեծ էր: Երբ իշխանութեան տապալման լուրը հաղորդուեցաւ, քաղաքին մէջ պետական կարգ մը կեդրոններ եւ գրասենեակներ հրկիզուեցան: Ժողովուրդը բնակարաններէն դուրս չէր գար: Երբ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Սուրբ Մինասի Տօնին Նուիրուած Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ Ս. Մինասի տօնին առիթով, 3 դեկտեմբերին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եպիսկոպոսական պատարագ մատուցեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան: Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը կը վկայէ, որ քրիստոնէութիւնը իր ծննդեան օրէն մինչեւ այսօր հալածական վիճակի մէջ եղած է, եւ քրիստոնեայ հաւատացեալը բոլոր...

Դամասկոսի Հայ Համայնքի Իրավիճակը Յետ Սուրիոյ Իշխանափոխութեան

Դամասկոսի Հայ Համայնքի Իրավիճակը Յետ Սուրիոյ Իշխանափոխութեան

8 դեկտեմբեր 2024-ի Սուրիոյ իշխանափոխութեան նոր փուլին,Դամասկոսի հայ համայնքի իրավիճակը, համեմատաբար անցնող օրերուն, աւելի ապահով եւ բնականոն ընթացքի մէջ է: Յաջորդ օրն իսկ կեանքը բնական կերպով շարունակուեցաւ, կենցաղային կարիքներու, ուտելիքի, ջուրի եւ հացի դժուարութիւնները վերացան: Հայկական վարժարանները երկու օրէ ի վեր փակ կը մնան` աշակերտութեան ապահովութեան համար, սակայն կը նախատեսուի յառաջիկայ օրերուն դասաւանդութիւնը բնականոն կերպով վերսկսիլ: Ներկայիս մայրաքաղաքին եւ արուարձաններուն...

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւը «Արփի» Հրատարակչատան Նպաստ Կը Յատկացնէ

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւը «Արփի» Հրատարակչատան Նպաստ Կը Յատկացնէ

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը 15.000 տոլարի նպաստ մը յատկացուց Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող «Արփի» հրատարակչատան` պատանեկան երկու վէպեր հրատարակելու համար: Նպաստը շնորհուած է յատկապէս Քարէն Չթճեան-Բրեսդիի նորագոյն գործին` «Օտար Արան» խորագիրով վէպին, ինչպէս նաեւ` այլ հեղինակի մը կողմէ գրուած հատորի մը հրատարակութեան համար: «Մեզի համար մեծ ուրախութիւն է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան աջակցութիւնը ստանալը: Այս նպաստը չափազանց կարեւոր է...

Լեւոն Փաշա Շաղոյեանի Մահուան 50-Ամեակին Նուիրուած Յարգանքի Եւ Երախտագիտութեան Երեկոյ

Լեւոն Փաշա Շաղոյեանի Մահուան 50-Ամեակին Նուիրուած Յարգանքի Եւ Երախտագիտութեան Երեկոյ

Հովանաւորութեամբ Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան, 17 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան «Մէսճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային հերոս, Վասպուրականի հերոսամարտի ղեկավարներէն Լեւոն փաշա Շաղոյեանի մահուան 50-ամեակին նուիրուած յարգանքի եւ երախտագիտութեան երեկոյ: Ձեռնարկին բացման խօսով հանդէս եկաւ Պարոյր Յակոբեան: Ան դիտել տուաւ, թէ Լեւոն փաշա Շաղոյեան բացառիկ անձնաւորութիւն մըն էր, որ իր կեանքով, անսակարկ նուիրումով ծառայեց իր ազգին...

Մակար Արք. Աշգարեան Հանդիպում Ունեցաւ  Հալէպահայ Միութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Մակար Արք. Աշգարեան Հանդիպում Ունեցաւ Հալէպահայ Միութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ երէկ յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան հանդիպում ունեցան հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ ազգային իշխանութեան մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին սրբազան հայրը պարզեց ներկայ վիճակը` յայտնելով, որ քաղաքը իրենց վերահսկողութեան տակ առած ներկայ ընդդիմադիր ուժերը յայտնած են, որ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ դրական վերաբերմունք պիտի ցուցաբերեն եւ որեւէ...

Հայ Օգնութեան Միութեան Կոչը` Հալէպահայութեան

Հայ Օգնութեան Միութեան Կոչը` Հալէպահայութեան

Հալէպի վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ հալէպահայութեան` զգօնութեան ու աչալրջութեան կոչ ուղղելով եւ յուսալով, որ այս տագնապը կարելի պիտի ըլլայ շրջանցել հաւաքական ճիգով: ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին անունով պատրաստակամութիւն կը յայտնենք թեւ եւ թիկունք կանգնելու հալէպահայութեան` քաջ հաւատալով, որ ամբողջ հայութիւնը նոյն պատրաստակամութիւնը պիտի ցուցաբերէ` օժանդակելու համար հալէպահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:...

Ընթացք Առաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին  Տնօրինութեամբ Նիւթաբարոյական Օժանդակութեան  Բաշխումը Հալէպահայ  Բոլոր Յարանուանութիւններու Ընտանիքներուն

Ընթացք Առաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Տնօրինութեամբ Նիւթաբարոյական Օժանդակութեան Բաշխումը Հալէպահայ Բոլոր Յարանուանութիւններու Ընտանիքներուն

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի դիւանին 3 դեկտեմբեր 2024 թուականը կրող յայտարարութեան լոյսին տակ, չորեքշաբթի, 4 դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովանաւորութեամբ եւ տնօրինութեամբ, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի գլխաւորութեամբ, ընթացք տուաւ հալէպահայ բոլոր ընտանիքներուն նիւթական օժանդակութեան բաշխումին, առանց յարանուանական խտրութեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ: Սրբազան...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Պոսթընի «Սարդարապատ» Կոմիտէն Նշեց «Հայրենիք»-ի 125-Ամեակը Եւ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի 90-Ամեակը Կազմակերպութեամբ Պոսթընի «Սարդարապատ» կոմիտէին, 21 նոյեմբերին «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին մէջ նշուեցան «Հայրենիք»-ի 125-ամեակը եւ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի 90-ամեակը: Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ երիտասարդ ջութակահար Հայկ Յովսէփեան, որ նուագեց Կոմիտաս վարդապետի մշակումով երեք գործեր: Օրուան հանդիսավար, «Սարդարապատ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Նազարեան ներկայացուց «Հայրենիք»-ի եւ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի պատմականը: Այնուհետեւ...

Ուոթըրթաունի Մէջ Տեղադրուեցաւ Կոմիտասի Կիսանդրին

Ուոթըրթաունի Մէջ Տեղադրուեցաւ Կոմիտասի Կիսանդրին

Հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր շաբաթ, նոյեմբեր 9-ին, Ուոթըրթաունի (Մասաչուսեց) Հայ մշակութային եւ կրթական կեդրոնին մէջ, որուն մուտքին տեղի ունեցաւ հայ մեծ երգահան, երգիչ, երաժշտագէտ, վարդապետ եւ ուսուցիչ` Կոմիտասի (Սողոմոն Սողոմոնեան) կիսանդրիին բացման հանդիսութիւնը: Անոր ծննդեան 155-ամեակին առիթով Ուոթըրթաունի Հայ մշակութային եւ կրթական կեդրոնի յանձնախումբը մտայղացումը ունեցաւ տեղադրելու այս կիսանդրին, որ կը պատկանի քանատաբնակ հանրածանօթ քանդակագործ տոքթ. Մկրտիչ Տարագճեանին (ծնեալ...

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Մեծարուեցաւ Գոհաբանական Տօնախմբութեան Ընթացքին

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Մեծարուեցաւ Գոհաբանական Տօնախմբութեան Ընթացքին

Կիրակի, 24 Նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան աւանդական տօնախմբութիւնը, որ նուիրուած էր բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի ծառայութեան 40ամեակին Թեմէս ներս։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաւօտուն Ս. Պատարագ մատուցանեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւնը Terrace on the Park համալիրին մէջ։ Թեմի տարբեր շրջաններէն (Շիքակոյէն, Պոսթընէն, Սփրինկֆիլտէն, Փրաւիտընսէն,  Գընէթիքըթէն, Ֆիլատելֆիայէն, Ուաշինկթընէն) եկած...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ «Մենք Ենք Գիւմրին» Ձեռնարկին Հաւաքուած 20 Հազար Տոլարը Կ՛ուղղուի Երիտասարդական Ծրագիրներուն «Մենք ենք Գիւմրին» նախաձեռնութիւնը տասը տարի շարունակ հնարաւորութիւն տուած է գիւմրեցի հարիւրաւոր երիտասարդներու` անվճար օգտուելու բազմաբնոյթ ծրագիրներէն, որոնք կը նպաստեն տարբեր ուղղութիւններով իրենց առաջընթացին: Ասիկա հնարաւոր կը դառնայ Միացեալ Նահանգներու բարերարներու շնորհիւ, որոնք վերահաստատեցին ծրագիրի վերաբերեալ իրենց նուիրումը` 7 նոյեմբերին տեղի ունեցած «Մենք ենք Գիւմրին»...

Ֆրեզնոյի Մէջ Հայաստանի Պատուոյ Հիւպատոսութեան 10-Ամեակի Հանդիսութիւն

Ֆրեզնոյի Մէջ Հայաստանի Պատուոյ Հիւպատոսութեան 10-Ամեակի Հանդիսութիւն

- Օրհնութեան գիր՝ Հ.Հ. Պատուոյ Հիւպատոս Տիար Պերճ Աբգարեանի Ի Ֆրեզնօ Կիրակի, 17 Նոյեմբեր 2024-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան մեկնեցաւ Ֆրեզնօ, ուր ներկայ եղաւ շրջանին մէջ գործող Հայաստանի Պատուոյ Հիւպատոսութեան գրասենեակի հիմնադրութեան 10-ամեակին եւ միաժամանակ անոր առաջին Պատուոյ հիւպատոս, իսկ ներկայիս նաեւ Արեւմտեան Թեմի Ազգ. վարչութեան կազմի անդամ՝ Տիար Պերճ Աբգարեանի՝ ազգային ու պետական այս...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Կիպրոս Պաշտօնական Այցելութիւն Լիմասոլի Քաղաքապետարան 5 նոյեմբերին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեան, հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Լիմասոլի եւ Փաֆոսի հովիւ Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեան, Լիմասոլի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Սեպուհ Արմենակեան պաշտօնական այցելութիւն տուին Լիմասոլի քաղաքապետարան: Անոնք դիմաւորուեցան նորընտիր քաղաքապետ Եաննիս Արմեֆտիսի եւ փոխքաղաքապետ Տիմոս Կաչիսի կողմէ: Սրբազան հայրը եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչը հայ...

Շնորհահանդէս` դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանի «Հնչակեան կուսակցութեան կազմաւորումը եւ Քսան կախաղաններու մասին անդրադարձը եւրոպական մամուլի ու դիւանագիտական թղթակցութեանց մէջ» եւ «The Origins of the Hnchakian Party in Geneva and the Legacy of the Twenty Gallows» հատորներուն

Շնորհահանդէս` դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանի «Հնչակեան կուսակցութեան կազմաւորումը եւ Քսան կախաղաններու մասին անդրադարձը եւրոպական մամուլի ու դիւանագիտական թղթակցութեանց մէջ» եւ «The Origins of the Hnchakian Party in Geneva and the Legacy of the Twenty Gallows» հատորներուն

Կազմակերպութեամբ «Մասիս» շաբաթաթերթին եւ հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի ՍԴՀԿ շրջանի վարիչ մարմինին, հինգշաբթի, 7 նոյեմբեր 2024, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀԿԲՄ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանի «Հնչակեան կու­սակցութեան կազմաւորումը եւ Քսան կախաղաններու մասին անդրադարձը եւրոպական մամուլի ու դիւանագիտական թղթակցութեանց մէջ» եւ նոյնին անգլերէն թարգմանու­թեան՝ «The Origins of the Hnchakian Party in Geneva and the Legacy of the Twenty Gallows»...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Շքեղ Տօնակատարութեամբ Նշուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Հիմնադրութեան 106-Ամեակը Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, 3 նոյեմբերին «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միութեան հիմնադրութեան 106-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն: Հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով բացման խօսք արտասանեց Շրջանային վարչութեան անդամ  Աբիկ Խաչոյեան, որ յայտնեց, թէ ՀՄԸՄ-ը, շնորհիւ իր...

«Աստուածաշունչ Հայկազեան»  Գիտաժողովը Հասաւ Իր Աւարտին

«Աստուածաշունչ Հայկազեան» Գիտաժողովը Հասաւ Իր Աւարտին

Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքին մէջ` Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ, 31 հոկտեմբերէն մինչեւ 3 նոյեմբեր տեղի ունեցաւ եռօրեայ գիտաժողովը «Աստուածաշունչ Հայկազեան. Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը, հրատարակութիւնները, եւ ազդեցութիւնը» խորագիրով, Մխիթար աբբահօր մահուան 275-ամեակին նուիրուած գիտաժողովը: Գիտաժողովին Եւրոպայէն, Հայաստանէն, Քանատայէն եւ Պոլիսէն մասնակցեցան հոգեւորական ներկայացուցիչներ եւ մասնագէտներ, որոնք իրենց ներկայացումներով հարստացուցին միջազգային սոյն գիտաժողովը: Դասախօսներու շարքին էին` Վահան վրդ. Օհանեան, Սերոբ վրդ. Չամուրլեան,...

Հաղորդագրութիւն.  Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Տարեկան Ժողովը Մոնրէալի Մէջ

Հաղորդագրութիւն. Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Տարեկան Ժողովը Մոնրէալի Մէջ

Առաջին շարք ձախէն աջ` վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, դոկտ. Նազարէթ Տարագճեան, վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, վեր. դոկտ. Սամուէլ Ալպարեան: Երկրորդ շարք ձախէն աջ` վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, վեր. Յովել Միքայելեան, վեր. դոկտ. Ռընէ Լեւոնեան, վեր. Ալպերթ Փայտեան, վեր. Կալվին Սաղըրեան:Նկարէն կը բացակային` տիկ. Ճոյս Փիլիպոսեան Սթայն, դոկտ. Նուրհան Հելվաճեան. վեր. Աւետիք Խաչատրեան: Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդը...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետը Այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին  2 նոյեմբերին ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան, ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Սուրիոյ անդամ Աւետիս Տերվիշեան, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յարութ Օգճեան, Լաթաքիոյ յարաբերական յանձնախումբի եւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան Լաթաքիոյ անդամ  Յարութ Գաբրիէլեան եւ Շրջանային վարչութեան անդամներ, նաեւ` ՀՄԸՄ-ի Հալէպի...

Page 10 of 47 1 … 9 10 11 … 47

Արխիւներ