Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Կարտինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթի Այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարան Եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցի
Երկուշաբթի, 27 յունուար 2025-ի երեկոյեան Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան Ազգ. առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հիւրընկալեց Վատիկանէն ժամանած պապի ներկայացուցիչ, Վատիկանի մէջ Արեւելեան եկեղեցիներու բաժանմունքի ընդհ. վերահսկիչ կարտինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին, որուն կ՛ընկերակցէին պապական նուիրակ Մարիօ Զննարին, Արեւելեան եկեղեցիներու բաժանմունքի քարտուղար Միշէլ Ճալխ եպիսկոպոսը, լատին համայնքի առաջնորդ Հաննա Ճալլուֆ եպիսկոպոսը, Դամասկոսի լատին համայնքի ներկայացուցիչը, Վատիկանի դեսպանատան քարտուղարը եւ այլ հոգեւոր հայրեր:
Պաշտօնական այցելութիւնը ընթացաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ` տրուած ըլլալով, որ սրբազան հայրը նախօրօք կը ճանչնար կարտինալ Կուճերոթթիին, որուն հետ քանիցս հանդիպած է ժողովական պարտականութիւններով:
Կարտինալ Կուճերոթթի քաջատեղեակ է Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, լաւապէս կը տիրապետէ հայոց լեզուին եւ հայերէնով գրած է քանի մը գիրքեր: Ան մօտ է Հայ եկեղեցւոյ եւ հանդիպումներ ունեցած է Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ:
Կարտինալը պապին ողջոյնները փոխանցեց, զօրակցութիւն յայտնեց եւ դիտել տուաւ, որ պապը` իբրեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ գլուխ, կը շարունակէ մօտէն հետեւիլ տիրող կացութեան եւ կը փորձէ օգտակար դառնալ քրիստոնեայ համայնքներուն: Այս այցելութեամբ, ան պապը իրազեկ պիտի դարձնէ համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ մտահոգութիւններուն մասին:
Այնուհետեւ կարտինալ Կուճերոթթին եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցի, ուր առաջին անգամ գտնուելով` իր ուրախութիւնը եւ հոգեկան գոհունակութիւնը յայտնեց, յատկապէս երբ ծանօթացաւ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ բարձրարժէք սրբապատկերներուն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:
Երկար Տարիներու Ընդհատումէ Ետք Եագուպիէի Ս. Աննա Եկեղեցւոյ Մէջ Առաջին Սուրբ Պատարագը Մատուցուեցաւ
Տնօրինութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կիրակի, 2 փետրուար 2025-ին, երկար տարիներու ընդհատումէ ետք Հալէպէն, Քեսապէն եւ Լաթաքիայէն աւելի քան երկու հարիւր եագուպիահայերու ներկայութեամբ, հոգեկան ցնծութեամբ, առաջին Ս. պատարագը մատուցուեցաւ Եագուպիէի Ս. Աննա եկեղեցւոյ մէջ:
Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի գլխաւորութեամբ եւ ընկերակցութեամբ Արշակ Ա. քհնյ. Ալաճաճեանի, Հալէպէն, Լաքաթիայէն եւ Քեսապէն ուխտաւորներ եւ եագուպիահայեր հասան Եագուպիէ, ուր դիմաւորուեցան Եագուպիէի մէջ լատին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Լուէյ Պշարաթի եւ Քնեյյէի մէջ լատին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղուկաս Մեսրոպին կողմէ:
Հայր սուրբը եագուպիահայ ըլլալով` ժողովուրդին հետ ուխտաւորաբար դէպի Ս. Աննա եկեղեցի տանող զարիվեր ճամբան ոտնաբոպիկ ընթացան:
Ս. Աննա եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագը մատուցեց հայր սուրբը, որ նախ Արամ Ա. վեհափառին հայրապետական օրհնութիւններն ու ողջոյնները փոխանցեց ժողովուրդի զաւակներուն, ինչպէս նաեւ առաջնորդ սրբազան հօր հայրական ողջոյնները` եագուպիահայերուն եւ Եագուպիէի, Քնեյյէի եւ Ճտէյտէյի քրիստոնեաներուն:
Հայր սուրբին քարոզին բնաբանն էր մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի հետեւեալ խօսքը. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ` անիկա պիտի փրկուի» (Մտ 10.22):
Ան դիտել տուաւ, որ վերջին տասը դժուարին տարիներուն եագուպիահայերէն շատեր իրենց տուներէն դուրս եկան, շատեր ճամբորդեցին, ուրիշներ մնացին, սակայն իբրեւ քրիստոնեայ, կոչուած ենք համբերատար ըլլալու եւ Քրիստոսի կողմէ մեզի տրուած նշանով` համբերութեամբ փրկուեցանք եւ այսօր դարձեալ համախմբուեցանք Ս. Աննա հրաշագործ մատուռին մէջ` Ս. պատարագ մատուցելու, փառաբանելու Տէրը եւ եագուպիահայ հին ու նոր ննջեցեալներու հոգիներու խաղաղութեան համար աղօթելու:
Լեւոն վրդ. Եղիայեան` Եագուպիէ գիւղի հարազատ զաւակը ըլլալով, իր ուրախութիւնը յայտնեց Ամենակալին պարգեւած այս բերկրալի առիթին համար եւ հրաւիրեց ներկաները զգօն ըլլալու եւ իբրեւ եագուպիահայեր ու մէկ ժողովուրդի զաւակներ` համբերութեան պտուղը քաղելու:
Յանուն սրբազան հօր` ան կոչ ուղղեց եագուպիահայերուն վերադառնալու Եագուպիէ, ստանձնելու իրենց հողերը եւ իրենց ներդրումը բերելու Եագուպիէի վերածաղկումին` առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ ամիսներուն Ս. Հռիփսիմէ եւ Ս. Աննա եկեղեցիներուն վերօծման, որ պիտի կատարուի սրբազան հօր ձեռամբ:
Քարոզի աւարտին, հայր սուրբը Առաջնորդ սրբազան հօր կողմէ շնորհակալական եւ գնահատական նամակ փոխանցեց Լուէյ Պշարաթին` Սուրիոյ պատերազմի օրերէն ի վեր Եագուպիէի մէջ անոր մատուցած ծառայութիւններուն եւ մեր եկեղեցւոյ, դպրոցին, համայնքի զաւակներուն եւ բնակարաններուն նկատմամբ հոգատար վերաբերմունք ցուցաբերելուն համար: Այս առիթով, ան սրբազան հօր կողմէ արծաթեայ հայկական խաչ մը յանձնեց Լուէյ Պշարաթին:
Ան հայկական խաչ նուիրեց նաեւ Քնեյյէի հոգեւոր հովիւ Ղուկաս Մեսրոպին, նաեւ Ֆուատ Պիթառին, որ Եագուպիէ կը գտնուէր:
Հաւատացեալները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած եւ հրաշագործ Ս. Աննային բարեխօսութիւնը հայցեցին:
Պատարագէն ետք հայր սուրբը թափօրով ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր Ղուկաս Մեսրոպը վերջին Աւետարանը ընթերցեց, ապա կատարուեցաւ աղի, խունկի եւ ջուրի օրհնութիւն, որուն պատրաստութեան աշխատանքները կատարած էր Լաթաքիոյ Եագուպիէի եղբայրակցութիւնը:
Այս առիթով ներկաներուն բաժնուեցան Ազգ. կրօնական ժողովին կողմէ հրատարակուած առաքելական յորդոր պարունակող բացիկներ:
Ս. Աննա եկեղեցւոյ նորոգուած զանգը առաջին անգամ ղօղանջեց:
Այնուհետեւ, ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցի, ուր զանգի ղօղանջին ներքոյ հաւատացեալները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած` եագուպիահայ հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար, ապա «Կիլիկիա» մաղթերգը երգեցին:
Աւարտին, բոլոր ներկաներուն ճաշ մատակարարուեցաւ` Հալէպի եւ Լաթաքիոյ Եագուպիէի հայրենակցական միութեանց կողմէ:
Այնուհետեւ հայր սուրբը հոգեւոր հովիւ Լուէյ Պշարաթին հետ շրջեցաւ գիւղին մէջ եւ համայնքի կալուածներուն ներկայ իրավիճակին ծանօթացաւ:
Եգիպտոս
Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանի «Արաքս» Երգչախումբին Ելոյթը
Վերջերս «Աղեքսանդրիոյ ժառանգութեան օրեր» փառատօնի ծիրէն ներս, կազմակերպութեամբ Աղեքսանդրիոյ ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին, Եգիպտոսի ժեզուիթ հայրերու Ս. Տիրամայր եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ Գահիրէի Ազգային առաջնորդարանի «Արաքս» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Միհրան Ղազէլեանի: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Աղեքսանդրիոյ Ժեզուիթ մշակութային կեդրոնի տնօրէն եւ Եգիպտոսի Ժեզուիթ հայրերու Ս. Տիրամայր եկեղեցւոյ հովիւ հայր Մարիօ, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց երգչախումբը:
Այնուհետեւ երգչախումբը մեկնաբանեց հայերէն, անգլերէն, սպաներէն, փորթուգալերէն, չինարէն եւ յունարէն երգերու փունջ մը: Համերգի աւարտին գնահատական եւ շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Աղեքսանդրիոյ Թեմական ժողովի անդամ Դանիէլ Դանիէլեան:
«Յուսաբեր» Մշակութային Ընկերակցութեան Հիմնադրութեան 80-Ամեակ Եւ Վերանորոգուած «Լ. Եւ Ս. Գարագաշեան» Սրահի Բացում
Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանի, կազմակերպութեամբ «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան, 24 յունուարին Հելիոպոլսոյ «Լ. եւ Ս. Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցան «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան հիմնադրութեան 80-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն եւ վերանորոգուած «Լ. եւ Ս. Գարագաշեան» սրահին բացումը:
Ընկերակցութեան ատենապետ Շանթ Կապէեան անդրադարձաւ «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան 80-ամեայ վաստակին` նշելով, որ տարիներու ընթացքին իւրաքանչիւր վարչականի անմնացորդ ճիգին առարկան դարձած է հայ մանուկին, պատանիին եւ երիտասարդին հոգիին մէջ սերմանել հայկական բարքերու եւ արժէքներու հանդէպ գուրգուրանքը` դիմակայելու համար ժամանակի եւ հայու ճակատագրի զանազան փուլերու դժուարութիւնները: Ան անդրադարձաւ նաեւ «Յուսաբեր» տան եւ անոր մշակութային կեանքին` շեշտելով հայապահպանման ծրագրի կարեւորութիւնը: Ապա ան խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել յիշատակը ընկերակցութեան հիմնադիր անդամներուն, նաեւ` իրենց ներդրումը ունեցած բոլոր հայորդիներուն: Իր խօսքի աւարտին Կապէեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային առաջնորդարանին` մնայուն կերպով ցուցաբերած աջակցութեան համար:
ՀՅԴ Եգիպտոսի շրջանի ատենապետ տոքթ. Արմէն Մազլումեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ 80 տարիներ առաջ խումբ մը նուիրեալ անհատներ ընդունեց դժուար պայմաններու մէջ մշակութային ինքնութիւնը դաստիարակելու, աւանդոյթները պահպանելու հրամայականը եւ հիմնեցին այս միութիւնը ոչ միայն որպէս հաւաքատեղի, այլ` որպէս գեղարուեստական արտայայտութեան, մշակութային, կրթութեան եւ հայապահպանման սրբավայր: Տոքթ. Մազլումեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր նուիրեալ աշխատողներուն, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են հայկական եւ ազգային շունչով սերունդներ դաստիարակելու` յորդորելով, որ միասնաբար յարգենք անցեալը, գրկենք ներկան եւ ակնկալենք նորարարութեամբ եւ մշակութային հարստութեամբ ապագայ:
Թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան շնորհաւորեց «Յուսաբեր»-ի մեծ ընտանիքը ընկերակցութեան հիմնադրութեան 80-ամեակին, ինչպէս նաեւ` «Գարագաշեան» սրահի` վերանորոգութենէն ետք բացումին զոյգ առիթներով: Ան շեշտեց եգիպտահայ ազգային կառոյցներու եւ հաստատութիւններու կարեւորութիւնը, որոնք կը ջամբեն ազգային ինքնութեան եւ պատկանելիութեան գիտակցութիւն ու հայրենասիրական ոգի: Ան ըսաւ, որ ազգային մեր կառոյցները փոքրիկ հայրենիքներ են մեզի համար, ուր ո՛չ միայն կը միատեղուինք եւ կը հանդիպինք իրարու, այլեւ կը պահենք ազգային մեր մշակոյթը, նաեւ մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ կեանքի կը կոչենք հայրենիքին հանդէպ գաղափարական մեր մօտեցումները:
Սրբազանը իր խօսքի աւարտին փափաք յայտնեց, որ ներկայ սերունդը եւս ապրի նոյն կեանքը, որպէսզի կարենայ իրմէ յաջորդող սերունդներուն հպարտութեամբ պատմել ազգային ինքնութեան եւ ազգային մեր մշակոյթի պահպանութեան համար տարուող գործունէութեան իր մասնակցութեան մասին:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Ֆրանսա
Ռումանահայ Գրող Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու Մատեան» Հատորի Ներկայացում
21 յունուարին Լիոն այցելեցին Ռումանիոյ խորհրդարանի անդամ, նախկին նախարար, գրող, Ռումանիոյ հայերու եւ գրողներու միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան եւ իր կինը` երգահան Միհայելա Սթան Քուլեսքու-Ոսկանեան: Ամոլը դիմաւորուեցաւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Նարինէ Նիկոլեանին կողմէ:
Լիոնի մէջ տեղի ունեցած «Գրողը` պատմութեան պատմիչ» բնաբանով երեկոյթի ընթացքին Վարուժան Ոսկանեան ներկայացուց իր «Շշուկներու մատեան» հատորը, որ կը պատմէ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով աշխարհի տարածքին սփռուած հայերու բազմաթիւ սերունդներու եւ անոնց ընտանիքներուն ապրած դաժան իրականութեան մասին:
Յայտնենք, որ Ոսկանեան ամոլը Լիոնի մէջ իր կեցութեան ընթացքին այցելեց նաեւ Լիոնի եւ Տեսինի հայկական հաստատութիւններ:
Հայաստան Առաջին Անգամ Կը Մասնակցի «Ուայն Փարիզ» Գինիներու Միջազգային Տարեկան Ցուցահանդէսին
10-12 յունուարին Paris Expo Porte de Versailles ցուցահանդէսներու կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «Ուայն Փարիզ» գինիներու միջազգային ամէնամեայ 6-րդ ցուցահանդէսը, որուն այս տարի առաջին անգամ ըլլալով իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանէն 21 գինեգործական ընկերութիւններ` աջակցութեամբ Հայաստանի խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամին: Հայկական տաղաւարի այցելուները առիթ պիտի ունենան ծանօթանալու Հայաստանի գինեգործական բազմադարեայ աւանդութիւններուն եւ համտեսելու հայկական եզակի գինիները:
Հայ Դերասաններու Մասնակցութեամբ Շոն Պէյքըրի «Անորա» Ժապաւէնը Թեկնածու Է «Օսքար»-ի Մրցանակին
Շոն Պէյքըրի «Անորա» ժապաւէնը, որուն մէջ դերեր ստանձնած են հայ դերասաններ Կարէն Գարագիւլեան եւ Վաչէ Թովմասեան, թեկնածու է «Օսքար»-ի մրցանակին` «Տարուան լաւագոյն ժապաւէն» անուանակարգին մէջ: «Անորա»-ն առաջադրուած է նաեւ լաւագոյն բեմադրիչի, լաւագոյն շարժապատկերի, լաւագոյն դերասանուհիի` Մայքի Մատիսըն, երկրորդական դերի լաւագոյն դերասանի` Եուրա Պորիսով, եւ լաւագոյն մոնթաժի անուանակարգերուն մէջ: 2024-ին Քաննի փառատօնին ժապաւէնը արժանացաւ «Ոսկեայ արմաւենիի ճիւղ» մրցանակին: Վիպապաշտ կատակերգութեան գործողութիւնները տեղի կ՛ունենան Պրուքլինի մէջ: Գլխաւոր հերոսուհին երիտասարդ մարմնավաճառ մըն է, որուն հետ կ՛ամուսնանայ ռուս մեծահարուստի որդին: Ծնողները այդ մասին իմանալէ ետք Նիւ Եորք կ՛երթան, որպէսզի ամէն ինչ պարզեն: «Օսքար»-ի մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի «Տոլպի» թատերասրահին մէջ, 2 մարտ 2025-ին:
Սպանիա
Մատրիտի Միջազգային Ցուցահանդէսին Մասնակցած Են Հայկական Զբօսաշրջային Ընկերութիւններ
22-26 յունուարին տեղի ունեցաւ «Ֆիթիւր 2025» Մատրիտի միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսը, որուն միասնական տաղաւարով իրենց մասնակցութիւնը բերին հայկական ընկերութիւններ` գլխաւորութեամբ Հայաստանի զբօսաշրջութեան յանձնախումբին: «Ֆիթիւր 2025»-ը, միաւորելով շուրջ 184 երկիրներէ զբօսաշրջային բնագաւառի մասնագէտներ, կը հանդիսանայ սոյն մարզի աշխարհի առաջատար ցուցահանդէսներէն մէկը:
Առաջին օրը ցուցահանդէս այցելեց Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Սօս Աւետիսեան եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայկական ընկերութիւններուն:
Միացեալ Թագաւորութիւն
Wasafiri Ամսագրի` Հայերուն Յատկացուած Թիւին Շնորհահանդէսը
23 յունուարին, Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը, համագործակցութեամբ, Wasafiri Միջազգային ժամանակակից գրականութեան ամսագրին հիւր խմբագիրներ Տաթեւիկ Այվազեանի եւ Նանէ Յովհաննիսեանի, կազմակերպեց հայերուն յատկացուած «Armenia(n)s Elevation» խորագրեալ ձմրան թիւին շնորհահանդէսը: Խմբագիրները ամսագրէն մէջբերումներ կատարեցին եւ հատուածներ կարդացին` ներկայացնելով հայկական պատումներուն խորքը եւ բազմազանութիւնը, անդրադառնալով հոն տեղ գտած յիշողութեան, տեղահանման, կենսական ուժի եւ գեղարուեստական արտայայտութեան նիւթերուն: Դեսպան Վարուժան Ներսէսեան ընդգծեց Wasafiri ամսագրին հետ նման համագործակցութիւններու կարեւորութիւնը` հայկական ձայները միջազգային բեմերու վրայ աւելի լսելի դարձնելու առումով: Գեղարուեստական բաժինով ներկայացուեցան Կոմիտասի եւ Բարսեղ Կանաչեանի ստեղծագործութիւնները` ջութակի կատարումներով:
Իտալիա
Եղիշէ Չարենցի Իտալերէն Եռահատորին Շնորհահանդէսը
23 յունուարին Իտալիոյ Փուլիայի մարզի Պառի քաղաքի Համայնքային թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Եղիշէ Չարենցի իտալերէն եռահատորին շնորհահանդէսը:
Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին դեսպան Վ. Կարապետեան եւ Պառիի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Տարիօ Թիմուրեան: Եղիշէ Չարենցի կենսագրական եւ ստեղծագործական կեանքի, երեք հատորներու շուրջ տարուած աշխատանքին մասին ելոյթներ ունեցան` խմբագիր Նայիրա Ղազարեան, «Հրանդ Նազարեանց» կեդրոնի ղեկավար Քարլօ Քոփփոլա, հայ համայնքի ներկայացուցիչ, լրագրող Սիրանուշ Քուարանթա: