Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ – Գաղութ

Ապրիլ 3, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Ֆրանսա

 Նիսի Սուրբ Աստուածածին Հայկական Եկեղեցին Վերընդգրկուած Է Թեմի Կազմին Մէջ

Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք, թէ Նիսի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին, որ երկար տարիներու խոր վէճերէ ետք արտաքսուած էր Հայ առաքելական եկեղեցիէն եւ հետեւաբար` թեմէն, ներկայիս դարձեալ վերընդգրկուած է թեմի կազմին մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ շաբաթ, մարտ 15-ին, աղօթքէն ետք, տեղի ունեցաւ թեմական պատգամաւորներու տարեշրջանային ընդհանուր ժողովը Լիոնի «Կարպիս Մանուկեան» սրահին մէջ: Առաջնորդ Գրիգոր եպիսկոպոսի բարձր հովանաւորութեամբ, ժողովը վարեց Թեմական պատգամաւորական ժողովի փոխնախագահ Ժերար Սահակ Շխըրտըմեանը,  քանի որ նախագահ Ժիլպեր Տէրտէրեանը առողջական պատճառներով չէր կրցած մասնակցիլ:

Կէսօրէ ետք պատմական որոշում մը կայացուեցաւ Նիսի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ կրօնական միութեան թեմի կազմին մէջ վերընդգրկումը:

«Այս որոշումը նոր էջ մը կը բանայ մեր եկեղեցւոյ համար: Յառաջիկայ օրերուն վարչական քայլերու պիտի ձեռնարկուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Նիսի դատարանին մէջ, որպէսզի այս վերամիացումը պաշտօնապէս հաստատուի եւ անցումը յաջողութեամբ կատարուի», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ժողովի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հրատապ ուրիշ հարցի մը եւս` Ազրպէյճանի մէջ ապօրինի պահուող 23 հայ ռազմագերիներու վիճակին: Խոր քննարկումներէ ետք ժողովը միաձայնութեամբ որոշեց պատրաստել պաշտօնական յայտարարութիւն մը` անոնց ազատ արձակման կոչով: Այս յայտարարութիւնը, զոր պիտի ստորագրէ առաջնորդ սրբազան հայրը` Պատգամաւորական ժողովին անունով, պիտի ուղարկուի իշխանութիւններուն:

Անիկա կոչ կ՛ուղղէ Ֆրանսայի իշխանութիւններուն` միջամտելու միջազգային մակարդակի վրայ, որպէսզի ռազմագերիները, որոնք անմարդկային պայմաններու մէջ կը պահուին եւ միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտումներու զոհ են, ազատ արձակուին: Թեմը այսպիսով անգամ մը եւս կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը` ի նպաստ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ արդարութեան պաշտպանութեան:

Միացեալ Նահանգներ

«Թիւֆենքեան»-ի Հիմնադրութեան Յիսնամեակի Ձեռնարկին Հանգանակուեցաւ 950 Հազար Ամերիկեան Տոլար

22 փետրուարին «Տաղլեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ռիչըրտ Թիւֆենքեան Ազգային մանկամսուր-մանկապարտէզի հիմնադրութեան յիսնամեակը:

Տօնակատարութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ մեծարելու վարժարանին ուսուցիչները եւ նուիրատուները: Լուսարձակի տակ առնուեցան նաեւ դպրոցին իրագործումները:

Ալիս Պետրոսեան ողջունեց անկիւնադարձային այս տարեդարձը` շեշտելով, որ մանկամսուրը սիրով դաստիարակած է ազգին ապագան: «Թիւֆենքեան»-ի Ուսումնական մարմինի ատենապետ Արմէն Գրիգորեան  երախտագիտութիւն յայտնեց հիմնադիրներուն, նուիրատուներուն, նախկին վարիչներուն եւ յատկապէս Թիւֆենքեան ընտանիքին, ինչպէս նաեւ` «Երազակերտ» նուիրատուներ Քրիսթին եւ Ալեն Բարսեղեան ամոլին եւ «Ոսկեան» նուիրատուներ` Եմէնէճեան ընտանիքին ու GASKA Alliance հիմնարկութեան:

Տօնակատարութեան ընթացքին մեծարուեցան կրթական հաստատութեան աւելի քան 20 տարիներ ծառայած ուսուցիչները: Վարիչ Լորեթ Աւաննէսեան լուսարձակի տակ առաւ անոնց ունեցած կենսական դերակատարութիւնը աշակերտներուն բարգաւաճումին մէջ:

Ձեռնարկի ընթացքին յայտարարուեցաւ նուիրատուներու «Ծիրանի ծառ» նախաձեռնութեան մասին, որուն կարելի պիտի ըլլայ նուիրել միայն այս անկիւնադարձային տարեշրջանին ընթացքին` նպաստելու համար վարժարանին բարգաւաճման:

Աւարտին յայտարարուեցաւ, որ կարելի եղած է 950 հազար ամերիկեան տոլար հանգանակել` նպաստելու համար մանկամսուր-մանկապարտէզը արդիականացնելու նախաձեռնութեան:

Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան

26 փետրուարին Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունեց այցելութիւնը Հայկական ոսկրածուծի հիմնարկի ներկայացուցիչներուն` գլխաւորութեամբ վարչութեան նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի:

Այցելուները զեկուցեցին իրենց վերջին իրագործումներուն եւ հետագայ աշխատանքներուն մասին` ընդգծելով, որ վերջին ամիսներուն առաւել եւս ուռճացած է աշխատողներու թիւը, ինչպէս նաեւ նոյնքան աճած` այս ծրագիրով հետաքրքրուողներու թիւը, մարդկային կեանքի փրկութեան ի նպաստ:

Տոքթ. Ճորտըն բացատրեց նաեւ, որ հիմնարկը կը շարունակէ նոր նուիրատուներ գտնել աշխարհի տարածքին` ի նպաստ իրենց դիմող հիւանդներու առողջութեան վերականգնման եւ մարդկային կեանքերու փրկութեան, աւելցնելով, թէ որքան մեծ ըլլայ նուիրատուներուն թիւը, այնքան մեծ կ՛ըլլայ մահացու հիւանդութիւններ ունեցող մարդոց առողջանալու եւ կեանքին վերադառնալու հաւանականութիւնը. ապա ան վարչութեան անունով խնդրամատոյց եղաւ առաջնորդին, որ ճշդէ եւ գլխաւորէ մօտիկ կիրակի մը` իբրեւ աղօթքի օր:

Սրբազանը, իր կարգին, շնորհաւորեց պատասխանատուները եւ իրենց օգնական կամաւոր ծառայողները` ոսկրածուծի պատուաստման ճամբով իրենց կատարած յոյժ գնահատելի գործին համար եւ դիտել տուաւ, որ Մեծ պահոց շրջանի հոգեւոր արթնութեան եւ կեանքի նորոգման այս ներկայ օրերուն առաւել եւս կը շեշտուի մարդասիրական այսպիսի ծառայութիւններու կարեւորութիւնը մարդոց կեանքին մէջ:

Յետ խորհրդակցութեան աղօթքի օրուան թուական որոշուեցաւ կիրակի, 23 մարտը:

Ցեղասպանութեան 110-Ամեակի Ձեռնարկները` Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի Ուշադրութեան Առարկայ

6 մարտին առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունեց այցելութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան Լոս Անճելըսի Ոգեկոչման միացեալ մարմինի ատենապետ Դաւիթ Սամուէլեանի եւ անդամներու, ինչպէս նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան յանձնախումբի համաատենապետներէն Գարօ Խանճեանի եւ անդամներու` ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութենէն երկու մարմիններուն մօտ ներկայացուցիչ Ծովիկ Զէյթլեանի:

Այցելուները սրբազան հօր ներկայացուցին Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով նախատեսուած ոգեկոչական ձեռնարկներու բնոյթը, ժամանակացոյցը եւ այլ մանրամասնութիւններ, ապա հաղորդ դարձան սրբազանին պատկերացումներուն ու հայրական յորդորներուն: Առաջնորդը նաեւ շեշտեց մերօրեայ հայ սերունդներու պահանջատիրութեան ոգիի վերարծարծման կարեւորութիւնը:

Դոկտ. Վարուժան Գեղամեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

11 մարտին Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարան այցելեց Հայաստանէն ժամանած, Երեւանի պետական համալսարանի եւ Ամերիկեան համալսարանի դասախօս, պատմաբան եւ արեւելագէտ դոկտ. Վարուժան Գեղամեան: Ան հանդիպում մը ունեցաւ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի հետ` ներկայութեամբ Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեանի:

Դոկտ. Գեղամեան սրբազան հօր նուիրեց վերջերս տպագրուած «Թուրքիայի պատմութիւն. հարիւրամեայ հանրապետութեան քաղաքական ուրուագծերը, 1923-2023 թ թ.» ուսումնասիրական եւ պատմագիտական հատորը, որուն հեղինակներէն մէկն է ինք:

Ան 9 մարտին սոյն հատորին եւ «Հայաստանը նոր աշխարհում. ի՞նչ է մեզ սպասւում» թեմայով դասախօսութիւն մը ներկայացուց Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Ղուկասեան» սրահին մէջ` կազմակերպութեամբ Օրենճ Քաունթիի հայ համայնքին, որ նաեւ աջակցած էր սոյն հատորի հրատարակութեան:

Դոկտ. Գեղամեան իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց առաջնորդին այս հանդիպումին համար, որ նաեւ եղաւ առիթ մը` մտածումներ փոխանակելու եւ Հայաստանի ներկայ իրադարձութիւններու լոյսին տակ մտահոգութիւններ բաժնեկցելու: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց, որ Հայ առաքելական եկեղեցին ու հայկական սփիւռքը մեծ եւ գլխաւոր դերակատարութիւն ունին հայ պետականութեան պահպանման ու համահայկական իղձերու եւ ծրագիրներու իրագործման աշխատանքին մէջ:

Սրբազանը, իր կարգին, գնահատեց դոկտ. Գեղամեանին նուիրեալ եւ մասնագիտական աշխատանքը ու մաղթեց յարատեւ յաջողութիւն` անոր հետազօտական, ուսումնասիրական եւ պատմագիտական աշխատանքներուն մէջ:

Յունաստան

Ճորճ Մենեշեանի Գիրքին Ներկայացումը

Կազմակերպութեամբ  ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի Թեսաղոնիկէի գրասենակին, «Մանի շօ»-ի կազմակերպիչներուն առաջարկով, 15 մարտին Թեսաղոնիկէի «Հայաթ» հիւրանոցին մէջ «Մանի Շօ» ցուցադրութեան ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ միջազգայնագէտ եւ քաղաքական վերլուծաբան Ճորճ Մենեշեանի գիրքին շնորհահանդէսը, որ կը կոչուի «Յոյներ եւ հայեր. զուգահեռ կեանքեր, միլլեթէն դէպի ազգ-պետութիւն» («Արմենիքա» պարբերաթերթի հրատարակութիւն):

Օրուան  հանդիսավար, լրագրող Նիքոս Լատիանոս իր խօսքին մէջ շեշտեց արցախեան հարցի առկայութիւնը եւ կեղծ խաղաղութեան օրակարգը, որուն միջոցով Ազրպէյճան կը փորձէ ստրկացնել Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Ապա ելոյթ ունեցաւ Թեսաղոնիկէի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Սարգիս Տանկազեան, որմէ ետք Պոնտական պատմութեան ամպիոնի դասախօս Թէոտոսիս Քիրիքիտիս խօսք առնելով` անդրադարձաւ գիրքի պատմական եւ գիտական նիւթերու ներկայութեան եւ տարբեր փուլերու վերլուծման:

Հայ դատի յանձնախումբի եւ Թեսաղոնիկէի հայ գաղութին անունով Կիւլա Գասապեան ակնարկելով Արցախի անկման եւ ժողովուրդի տարագրութեան ցաւին` ընդգծեց, որ անոնք կը նոյնանան այդ մեծ ողբերգութեան հետ, որուն տառապանքը ապրեցան 1915-ի վերապրողները որպէս գաղթական` օտարութեան մէջ: Ան նաեւ շեշտեց, որ նոյն գաղթականները կարողացան ստեղծել նոր վերելք մը եւ իրագործեցին սփիւռքի համախմբումն ու պահանջատիրական շարժումը, որ ծնաւ 1965-ի պատմական հանգրուանին` հիմնուած անցեալի դառնաղէտ յիշողութիւններուն եւ ապրումներուն վրայ: Գասապեան կարեւոր նկատեց սփիւռք-Հայաստան յառաջիկայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը:

Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ նախարար Քոսթաս Կիւլեքաս մեծարեց յոյն եւ հայ ժողովուրդներու պատմական ու ներկայ ժամանակներուն շարունակուող բարեկամութիւնը` ընդգծելով, որ անոնք ունեցան նոյն աղէտալի անցեալը` նոյն թշնամիին կողմէ: Նախարարը նշեց, որ Թեսաղոնիկէի հայկական համայնքը կը մնայ քաղաքի ամէնէն աշխուժ եւ եռանդուն բջիջներէն մէկը: Կիւլեքաս հաստատեց, որ ինք կը մնայ միշտ հայերու եւ Հայաստանի կողքին:

Գիրքի հեղինակ Ճորճ Մենեշեան խօսեցաւ իր ուսումնասիրութեան մասին, ինչպէս նաեւ յունահայ համայնքի պատմական ընթացքին եւ ընդհանուր անցեալի մասին` յոյն գաղթական զանգուածներուն հետ, շեշտը դնելով ապրուած նոյն վէրքերուն եւ հասարակաց յիշողութեան վրայ: Ընդգծեց, որ հայերը վերջին 150 տարիներու պատմական զանազան փուլերուն, պատերազմեցան յոյներու կողքին` շարք մը մարտերու ընթացքին, հակառակ այն իրողութեան, որ հայեր եւ յոյներ ունեցած են տարբեր քաղաքական, պատմական եւ աշխարհագրական դիրքեր:

Այցելութիւն Առաջնորդ Սրբազան Հօր

17 մարտին Քոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Թաղային խորհուրդի ու Տիկնանց մարմինի կազմերուն, Ազգային առաջնորդարանի սրահին մէջ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեանին:

Ան եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով շնորհաւորեց առաջնորդ սրբազանին եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը եւ օծումը, որ տեղի ունեցաւ 23 փետրուարին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Ան սրբազան հօր մաղթեց` քաջառողջութիւն, ուժ, կարողութիւն ու յաջողութիւն:

Իր կարգին, սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն բարեմաղթութիւններուն համար` նկատել տալով, որ յաճախակի այցելութեամբ արդէն քաջատեղեակ դարձած է Քոքինիոյ հայութեան ու եկեղեցւոյ կարեւոր առաքելութեան: Ան յատկապէս գնահատեց Թաղային խորհուրդին եւ Տիկնանց մարմինի անդամներու նուիրեալ ծառայութիւնը:

Սրբազան հայրը անդրադարձաւ նաեւ երիտասարդները ներգրաւելու կարեւոր կէտին մասին` յայտնելով, որ ներկայ գիտութեան զարգացման եւ առօրեայ կեանքին յառաջացուցած պայմանները նկատի առնելով` եկեղեցին իր հոգեւոր մթնոլորտով պէտք է զգալի դարձնել երիտասարդներուն եւ զգացական գետնի վրայ պէտք է կապել զանոնք եկեղեցւոյ:

Հանդիպումի ընթացքին Թաղային խորհուրդի ու Տիկնանց մարմինի անդամները տեղեկութիւններ տուին եկեղեցւոյ հետ կապուած աշխատանքներուն, ծրագիրներուն եւ կարիքներուն մասին: Աւարտին անոնք սրբազան հօր յանձնեցին նուէր մը:

Վատիկան

Արամ Մանուկեանի «Սիկմա» Ժապաւէնը Ցուցադրուեցաւ Վատիկանի Մէջ` Որպէս Առաջին Հայկական Ժապաւէն, Եւ Արժանացաւ Մրցանակի

14 մարտին, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ յոբելեանին ընդառաջ, Վատիկանի «Սիքսթինեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բաց խօսքեր» ձեռնարկը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ Արամ Մանուկեանի «Սիկմա» ժապաւէնը, որ  պաշտօնապէս ընտրուած էր հազարաւոր ժապաւէններու մէջէն այդ երեկոյին համար եւ արժանացաւ մրցանակի այլոց կողքին: «Սիկմա»-ն, որ հրաշալի ակնարկ է պատերազմի, հաւատքի եւ յաղթանակի մասին, առաջին հայկական ժապաւէնն էր, որ կը ցուցադրուի Վատիկանի մէջ: Մրցանակը յանձնեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս, արխիւագէտ եւ գրադարանավար Անճելօ Վինչենցօ Զանի:

Արամ Մանուկեան պատիւ համարեց, որ ինք Վատիկանի կողմէ մրցանակ ստացած առաջին հայ բեմադրիչն էր եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այս յաջողութեան ճամբուն վրայ բոլոր աջակցողներուն:

Իտալիա

 Կուրճեանի «Ամերիկացի» Ժապաւէնը Արժանացաւ Իտալական Շարժապատկերի Փառատօնի Մրցանակի

Ամերիկահայ բեմադրիչ Մայքըլ Կուրճեանի «Ամերիկացի» ժապաւէնը արժանացաւ «Festival del Cinema Citta՛ di Spello» շարժապատկերի փառատօնի «Լաւագոյն միջազգային ժապաւէն» մրցանակին:

Ժապաւէնի բեմադրիչ եւ գլխաւոր դերակատար Մայքըլ Կուրճեան հեռակայ միջոցով մասնակցեցաւ 15 մարտին Ֆոլինէօ քաղաքի «Սան Տոմենիկօ» սրահին մէջ տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան: Մրցանակը յանձնուեցաւ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Մարիեթա Ստեփանեանին:

Պելճիքա

 «Նեմրութ» Պարի Եւ Երգի Խումբին Ելոյթ

16 մարտին Պելճիքայի Մեխելեն քաղաքին մէջ ելոյթ ունեցաւ «Նեմրութ» աւանդական պարի եւ երգի խումբի առաջին մենահամերգը` «Հոգեւոր Հայաստան» խորագիրով, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Լիանա Եղունեանի, որուն ընթացքին ներկայացուեցան հայկական աւանդական եւ ազգագրական պարեր, որոնք մեկնաբանուեցան տարբեր շրջաններու աւանդական տարազներով: Տեսարանները համալրուած էին յուզիչ երգերով, որոնք կ՛ընդգծէին հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը եւ հոգեւոր արժէքները:

Յայտնենք, որ «Նեմրութ» խումբը հիմնադրուած է 2019-ին, Մեխելենի մէջ,  Գագիկ Գինոսեանի աշակերտ, պարուսոյց Լիանա Եղունեանին կողմէ: Խումբին հիմնական առաքելութիւնն է պահպանել եւ տարածել հայկական աւանդական պարերն ու երգերը` նոր սերունդներուն փոխանցելով հին եւ հարուստ մշակոյթը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

9 «Կարելի Չէ» Ծնողներուն Համար

Յաջորդը

Մահացաւ Լիբանանեան Թատրոնի Խորհրդանշական Դէմքերէն Անթուան Քըրպեժ

RelatedPosts

78 Տարեկանին Մահացած Է Ֆրանսահայ  Անուանի Հաղորդավար Տանիէլ Պիլալեան
Գաղութէ Գաղութ

78 Տարեկանին Մահացած Է Ֆրանսահայ Անուանի Հաղորդավար Տանիէլ Պիլալեան

Մայիս 16, 2025
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Մայիս 15, 2025
«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?