Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Հանդիպում-Զրոյց` Լաթաքիոյ Նահանգապետ Մոհամետ Ուսմանի Հետ
Երեքշաբթի, 13 մայիս 2025-ի երեկոյեան, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արարատ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց` լաթաքիահայ միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ Լաթաքիոյ նահանգապետ Մոհամետ Ուսմանի միջեւ:
Նահանգապետին կ՛ընկերակցէին ոստիկանապետ Մուսթաֆա Սապուհ եւ վարչակազմի աշխատակից Ալի Ասի:
Եկեղեցւոյ շրջափակ ներկայացած էին թաղականութիւնը եւ միութեանց ներկայացուցիչները:
ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը հիւրերը դիմաւորեց եկեղեցւոյ շրջափակը, ապա ներկաները ուղղուեցան «Արարատ» սրահ:
Լաթաքիոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Վազգէն աւագ քհնյ. Քէօշկերեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի եւ Լաթաքիոյ հայ համայնքին կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց այս հանդիպումին համար` շեշտելով նման հանդիպումներու կարեւորութիւնը` ժողովուրդի լուսաբանման եւ զայն մտահոգող հարցերուն պարզաբանման գծով:
Թաղականութեան ատենապետ բժիշկ Մինաս Պալեան ներկայացուց հիւրերը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց:
Նահանգապետը այնուհետեւ ներկայացուց Լաթաքիոյ ներկայ վիճակը, անդրադարձաւ մարտ ամսուն Լաթաքիոյ մէջ պատահած դէպքերուն` շեշտելով, որ միասնաբար պիտի յաղթահարենք բոլոր դժուարութիւնները: Ապա ներկաները իրենց հարցումները ուղղեցին երկրի ապահովութեան, ընկերային վիճակին եւ տնտեսական պայմաններուն վերաբերեալ: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացած զրոյցին ընթացքին նահանգապետը պատասխանեց ուղղուած հարցումներուն:
Վարչակազմի աշխատակից Ալի Ասի անդրադարձաւ աւելի քան 10 տարիներու ընթացքին երկրի տնտեսական շրջափակման պատճառով յառաջացած ծանր պայմաններուն` լուսարձակի տակ առնելով ծառայողական ոլորտներու բարելաւման գծով տարուող աշխատանքներն ու մարտահրաւէրները:
Աւարտին նահանգապետը իր խօսքը ուղղեց լաթաքիահայութեան` շնորհակալութիւն յայտնելով մտահոգութիւններու թափանցիկ ներկայացման գծով, մաղթելով, որ նման հանդիպումներ կրկնուին, եւ սուրիական հայրենիքը յաղթահարէ իր դէմ ծառացած մարտահրաւէրները եւ բարգաւաճ օրեր ունենայ յառաջիկային, յատկապէս տնտեսական պատժամիջոցներուն ջնջումով, որ հանդիպումի նոյն ժամերուն յայտարարուեցաւ սուրիական պատկերասփիւռի կայանէն:
Քանատա
Մոնրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Թադէոս Յակոբեանի «Պատմական Հայաստանի Քաղաքները» Գիրքին Շնորհահանդէսը
Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, կազմակերպութեամբ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրակազմին, վերջերս Մոնրէալի «Կէօնճեան» կեդրոնին մէջ ունեցաւ «Հորիզոն»-ի կողմէ արեւմտահայերէնով վերահրատարակուած պատմաբան Թադէոս Յակոբեանի «Պատմական Հայաստանի քաղաքները» գիրքին շնորհահանդէսը:
«Հորիզոն»-ի խմբագրակազմի անդամ Սոնա Թիթիզեան ողջունեց ներկաները, ապա ներկայացուց գիրքին հեղինակը:
Գիրքը ներկայացուց «Հորիզոն»-ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքի խմբագիրներուն` վաստակաւոր ուսուցիչ, գրագէտ եւ մտաւորական Յարութիւն Պէրպէրեանին եւ «Ազդակ»-ի փոխխմբագիր Նորա Բարսեղեանին, որոնք գիրքը արեւմտահայերէնի վերածած էին, գիրքի սրբագրիչներուն` Սոնա Թիթիզեանին եւ Քրիստափոր Միքայէլեանին, որ նաեւ հեղինակն էր գիրքի ձեւայղացքին, ինչպէս նաեւ` Մոնրէալի Հայ կեդրոնի Տարեցներու միութեան, որոնք ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն` ստանձնած էին գիրքին մեկենասութիւնը:
Այնուհետեւ ան անդրադարձաւ գիրքին բովանդակութեան` հաստատելով, որ Յակոբեանի սոյն աշխատութիւնը կը հանդիսանայ այն միակ հազուագիւտ աղբիւրը, ուր մէկ հրատարակութեան մէջ համախմբուած կրնանք գտնել պատմական Հայաստանի, Արեւմտահայաստանի 72 հայկական բնակավայրերու տեղագրութիւնը: Ան ըսաւ, որ գիրքին մէջ ներառուած են հայկական բարձրաւանդակի այն բնակավայրերը, որոնք մաս կը կազմեն Մեծ Հայքին եւ կարգ մը բնակավայրեր` Փոքր Հայքէն, աւելցնելով, որ հեղինակը ոչ միայն հայկական քաղաքներու տեղագրութիւնն է, որ ուսումնասիրած է, այլեւ յատուկ նախաբանով մը, պատմական յետադարձ ակնարկով ներկայացուցած է նշեալ տարածաշրջանի հայկական բնակավայրերու գլխաւոր պատմական իրադարձութիւններու ժամանակագրութիւնն ու ընկերային-տնտեսական պայմանները:
Անդրադառնալով գիրքին արեւմտահայերէնով վերահրատարակուելուն` Գարագաշեան ըսաւ, որ այդ ծրագիրը կը նպատակադրէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժառանգներու սփիւռքի չորրորդ սերունդին համար դիւրընթեռնլի ըլլայ գիրքը, նաեւ, որ ի հարկին սփիւռքի վարժարաններու տնօրէնութիւններ կամ կրթական մարմիններ գիրքը նկատի ունենան որպէս երկրորդական վարժարաններու բարձրագոյն դասարաններու աշակերտութեան համար «Արեւմտահայաստանի քաղաքներն ու բնակավայրերը» խորագրով դասընթացքային ծրագիր:
Ան յայտնեց նաեւ, որ գիրքի աւարտին կը գտնենք քաղաքներու այբբենական կարգով բովանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ գիրքին մէջ հրատարակուած է արխիւային լուսանկարներու փոքր հաւաքածոյ, որ այսօր պահ դրուած է Պոսթընի ՀՅԴ արխիւին մէջ:
Գարագաշեան շեշտեց, որ այս գիրքը մեծ աղերս ունի նաեւ մեր այսօրուան իրականութեան հետ, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները «իրական» Հայաստանը պատմական Հայաստանին հակադրելու փորձութեան կ՛ենթարկուին: Ան հաստատեց, որ պատմական Հայաստանը հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան անբաժանելի մասնիկն է:
Իր ներկայացման աւարտին Գարագաշեան սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց Ցեղասպանութեան օրերուն, Մուսա Լերան հերոսամարտի ընթացքին, ֆրանսական ռազմանաւերու կողմէ մուսալեռցիներու փրկութեան արխիւային լուսանկարներու այն հաւաքածոն, որ Ֆրանսայի մէջ յայտնաբերուեցաւ 2017 թուականին:
Գնահատական խօսքով հանդէս եկաւ սրբազան հայրը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց խմբագիր Վահագն Գարագաշեանին, որուն նախաձեռնութեամբ յաջողած էր գիրքին արեւմտահայերէն տարբերակի հրատարակութիւնը, ապա դիտել տուաւ, որ գիրքը կու տայ ամբողջական պատկերը Արեւմտեան Հայաստանի մեր քաղաքներուն, գիւղերուն բնակչութեան, կեանքին, մշակոյթին, կոթողներուն, հարստութեանց եւ արժէքներուն: Սրբազանը նաեւ խստօրէն դատապարտեց Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւններուն Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հարցականի տակ դնելու փորձութիւնը, շեշտելով, որ այդ բոլորը ո՛չ նիւթ են խօսելու, ո՛չ վիճելու եւ ո՛չ ալ սակարկելու: Մենք պէտք է ճանչնանք մենք զմեզ, գիտնանք, թէ ո՛ւր ապրած են մեր նախահայրերը, ապա յաջորդող սերունդներուն փոխանցենք զանոնք եւ անվերապահօրէն շարունակենք մեր արդար իրաւունքներուն տիրանալու պայքարը:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Մոնրէալի Մէջ Նշուեցաւ «ՀՕՄ–ի Օր»-ը
Հովանաւորութեամբ ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Մոնրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերուն, նախագահութեամբ Ալիս Մարգարեանի, 4 մայիսին Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «ՀՕՄ-ի օր»-ուան տօնակատարութիւն:
Օրուան հանդիսավար Կարին Գասապեան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ այս տարի մենք կը տօնենք Հայ օգնութեան միութեան հիմնադրութեան 115-ամեակը, եւ միաժամանակ կը նշենք Քանատայի մէջ գործունէութեան 35-ամեակը աւելցնելով, որ 1910-ին, երբ ՀՕՄ-ը հիմնադրուեցաւ, անոր նպատակն էր ծառայել, մասնաւորապէս աջակցիլ, թիկունք կանգնիլ մեր իրաւազրկուած ժողովուրդին` բարելաւելով անոր կենցաղային պայմանները մեր պատմութեան դժուար ժամանակի ընթացքին: Եւ մինչեւ այսօր ՀՕՄ-ն ու ՀՕՄ-ականը կը մնան զոհողութեան եւ յանձնառութեան փաստը:
Լաւալի «Շուշի» եւ Մոնրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղերու ատենապետներ` Ալին Հատիտեան եւ Սօսի Չնկըրեան, սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուցին զոյգ մասնաճիւղերուն 2024-2025 տարեշրջանի գործունէութիւնը:
Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Փալանճեան, ուրախութեան ու հպարտանքի զգացումները արտայայտեց կազմակերպութեան ծաւալուն գործունէութեան համար` ազնիւ նպատակներ նուաճած ըլլալու արդար հպարտութեամբ: Ան նաեւ անդրադարձաւ Քանատայի մէջ ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան գործընթացին եւ ունեցած ներդրումին` Քանատայի տեղական կարիքներուն կրթական մարզին մէջ:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, նաեւ տեղի ունեցաւ զարդասեղներու տուչութիւն եւ գնահատագիրներու յանձնում:
Միացեալ Նահանգներ
«Արցախը Մե՛րն Է…» Պատմական Գիրքին Շնորհահանդէսը
Հովանաւորութեամ Հրանդ ծ. վրդ. Թահանեանի եւ նախաձեռնութեամբ Արեւելեան ԱՄՆ-ի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան, 13 մայիսին Պոսթընի մէջ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի շէնքին կից գտնուող «Բաբգէն Սիւնի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նայիրի Մկրտիչեանի հեղինակած «Արցախը մե՛րն է…» պատանեկան գիրքին շնորհահանդէսը:
Արեւելեան ԱՄՆ-ի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան փոխ-ատենապետ Սեդա Աղամեանց ներկայացուց գիրքի հեղինակ Նայիրի Մկրտիչեանի կենսագրականը, ապա հրաւիրեց հեղինակը` ներկայացնելու գիրքը:
Նայիրի Մկրտիչեան դիտել տուաւ, որ գիրքը գրուած է, երբ Արցախը շրջափակման մէջ էր, իսկ այդ իրավիճակը կը ներկայացուի կազմին վրայ պատկերուած թեք յուշարձանով, զոր պատանիները կը փորձեն ուղղել, իսկ ուղղելու համար պէտք է ճանչնան իրենց ինքնութիւնը: Այդ ինքնութեան մէկ մասնիկը Արցախն է` իր պատմութեամբ, խորհրդանիշներով եւ մշակութային արժէքներով, գիրքին մէջ տեղ գտած այդ տեղեկութիւնները իւրացնելով: Գիրքի վերջին նկարին մէջ պատանիները Արցախը կը միացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան:
Հրանդ ծ. վրդ. Թահանեան գնահատեց այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը եւ աւանդական ձեւով կատարեց գինեձօնի արարողութիւնը:
Աւարտին Նայիրի Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` ձեռնարկին ներկայ գտնուելու համար եւ կոչ ուղղեց միշտ ապրելու «Արցախը մե՛րն է…» կարգախօսով եւ հաւատալու, որ պիտի վերադարձնենք Արցախը:
Գերմանիա
Վահան Տէրեանի 140-Ամեակին Նուիրուած Մշակութային Երեկոյ
13 մայիսին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ մշակութային երեկոյ մը` նուիրուած հայ մեծանուն բանաստեղծ Վահան Տէրեանի ծննդեան 140-ամեակին:
Դեսպանութեան խորհրդական Լուսինէ Դաւթեանի բացման խօսքէն ետք ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխան, «Ջաւախք» հայրենակցական-բարեսիրական կազմակերպութեան նախագահ Շիրակ Թորոսեան:
Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ աւստրիացի նշանաւոր գրող Արթուր Շնիցլերի «Տիկին Պերթա Կարլան» գիրքին շնորհահանդէսը, որուն հրատարակութեան նախաձեռնողը եւ հովանաւորն է Շիրակ Թորոսեան: «Տիկին Պերթա Կարլան» վիպակը 1912-ին Վահան Տէրեան թարգմանած ու հրատարակած է հայերէն, իսկ այժմ վերահրատարակուած է երկու լեզուով` հայերէն եւ գերմաներէն:
Ձեռնարկի ընթացքին մեկնաբանուեցան Վահան Տէրեանի բանաստեղծութիւնները` հայերէն եւ գերմաներէն լեզուներով, ընկերակցութեամբ երաժշտական կատարումներու:
Ֆրանսա
Մտաւորական Եւ Բանաստեղծ Արշակ Չօպանեանին Նուիրուած Յուշատախտակ
14 մայիսին Փարիզի 9-րդ շրջանի Ժան-Պաթիսթ Սայ 9-ի մէջ տեղի ունեցաւ հայ մտաւորական, Ֆրանսայի մէջ Արմենոֆիլ շարժման առաջամարտիկ, բանաստեղծ եւ գրաքննադատ Արշակ Չօպանեանի յիշատակին նուիրուած յուշատախտակի բացում:
Ելոյթներով հանդէս եկան Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան, Փարիզի 9-րդ շրջանի քաղաքապետ Տելֆին Պիւրկլի, Յիշատակի եւ վեթերաններու հարցերով Փարիզի փոխքաղաքապետ Լորանս Փաթրիս, Արշակ Չօպանեանի անուան հիմնարկի նախագահ Ժան Սիրապեան:
Հայաստանի դեսպանը նշեց, որ յուշատախտակը զետեղուած է Փարիզի պատմական հայկական թաղամասի մէջ, որ իր կենսունակութեամբ 1920-ական թուականներէն ի վեր կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է հայ մտաւորականներու նոր սերունդի ձեւաւորման գործին մէջ, որոնց շարքին եղած է Արշակ Չօպանեանը:
Դեսպանը երախտագիտութիւն յայտնեց հայազգի մտաւորականի յիշատակի յաւերժացման ուղղուած նախաձեռնութեան համար, որ նաեւ խորհրդանշական տուրք է հայ-ֆրանսական բարեկամութեան: Դեսպանը ընդգծեց նաեւ Արշակ Չօպանեանին ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը 19-րդ դարու վերջաւորութեան Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդի նկատմամբ իրականացուող ջարդերէն ետք Ֆրանսայի մէջ Արմենոֆիլ շարժման մեկնարկի գործին մէջ:
Նետերլանտ
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Նուիրուած Պրոնզէ Բարձրաքանդակի Բացումը Ամսթերտամի Մէջ
10 մայիսին Ամսթերտամի Ս. Նիկողայոս մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին նուիրուած պրոնզէ բարձրաքանդակի բացման արարողութիւնը:
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան իր խօսքին մէջ նշեց արարողութեան խոր յուզական եւ հոգեւոր նշանակութիւնը` զայն համարելով յիշողութեան, հաւատքի ու յոյսի միաւորող խորհրդանիշ: Ան անդրադարձաւ 2015 թուականի ապրիլի 12-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարի մէջ տեղի ունեցած պատմական պահուն, երբ քահանայապետ Ֆրանչիսկոսը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ: Այս ճանաչումը ընդգծեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի հոգեւոր ժառանգութեան համամարդկային արժէքը եւ անոր խօսելու կարողութիւնը` բոլոր ժամանակներու մարդոց սիրտերուն` աղօթքի, կարեկցանքի եւ հաւատքի լեզուով:
Ուղերձով հանդէս եկաւ նաեւ Հաառլեմ-Ամսթերտամի կաթոլիկ թեմի առաջնորդ Եան Հենտրիքս եպիսկոպոսը, որ ընդգծեց Ամսթերտամի եւ հայ ժողովուրդի միջեւ պատմական եւ մշակութային դարաւոր կապերը` 17-րդ դարէն սկսեալ: Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի կրած դժուարութիւններուն, ժամանակակից պատերազմներէն մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, նշելով, որ ան երբեք պէտք չէ մոռցուի:
Եզրափակելով իր խօսքը` ան մաղթեց, որ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի յուշարձանը խաղաղութեան եւ հայ ժողովուրդի ազատութեան համար համատեղ աղօթքի խորհրդանիշը ըլլայ:
Խօսք առին, նաեւ նախաձեռնութեան հեղինակներ` «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Ամսթերտամ» հիմնադրամի ղեկավար Վահան Աւագեան եւ Համահայկական աշխարհագրական ընկերութեան նախագահ Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան, նաեւ բարձրաքանդակի հեղինակ` քանդակագործ Դաւիթ Երեւանցին: