Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած Եւրոպայի ուսանողական հաւաքը տեղի ունեցաւ 2-4 մայիս 2025-ին: Աշխարհի զանազան կողմերէն 20 երիտասարդ ուսանողներ հաւաքուեցան Վիեննայի մէջ եւ եռօրեայ աշխատանոցներու ու պտոյտներու ընդմէջէն ծանօթացան իրարու, լսեցին հայ մշակոյթի զանազան բնագաւառներու մասին դասախօսութիւններ եւ ունեցան աշխատանոցներ: Անոնք նաեւ այցելեցին Վիեննայի հայ գաղութի զանազան կեդրոններն ու տեսարժան վայրերը:
Հաւաքին բացումը կատարուեցաւ ուրբաթ, 2 մայիս 2025-ին: Հաւաքի պատասխանատու Արա Բարսեղեան բարի գալուստ մաղթեց ուսանողներուն եւ բացատրութիւններ տուաւ եռօրեայ ծրագիրի ու հաւաքին վերաբերող իրադարձութիւններուն մասին: Ապա հաւաքի Վիեննայի կազմակերպական աշխատանքներու պատասխանատու (ՀՄԸՄ-ի Վիեննայի մեկուսի շրջանի վարչութեան անդամ) Յակոբ Սահակեան գործնական ցուցմունքներ տուաւ մասնակիցներուն:
Խօսք առաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Պէյրութի գրասենեակի պատասխանատու Արին Գալուստեան եւ հակիրճ ակնարկով ներկայացուց Համազգայինի զանազան ծրագիրները` յատկապէս, երիտասարդական, պատանեկան եւ մանկական ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները:
Նոյն օրը Շաղիկ Շատոյեան ներկայացուց Վիեննայի հայկական գաղութի ստեղծման պատմութիւնը, որմէ ետք մասնակիցները այցելեցին Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցի, ինչպէս նաեւ եկեղեցիին բակին մէջ զետեղուած Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը:
Մելանի Գլընճեան հեռակապով միացաւ եւ խօսեցաւ «փոտքասթ»-ի ծրագիրին պատրաստութեան մասին: Ապա 4 խումբերու բաժնուած մասնակիցները սկսան զանազան նիւթերու մասին «փոտքասթ»-ի պատրաստութեան աշխատանքներուն:
Թենի Մաթեան պարի աշխատանոցի ընթացքին բացատրեց հայկական պարի իւրայատկութիւններու, տեսակներու, զանազան շարժումներու եւ տարազներու մասին: Հաւաքին մասնակիցները առիթը ունեցան հագնելու «Տէրեան մշակութային կեդրոն»-ին կողմէ աւանդական պարային գեղեցիկ տարազներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պատմէ իր պատմութիւնը: Սենեակը լեցուեցաւ հպարտութեամբ եւ յուզումով, երբ անոնք փորձեցին զանոնք եւ նկարուեցան:
Ապա միասնաբար քանի մը պար սորվեցան ու պարեցին:
ՀՄԸՄ-ի Վիեննայի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան հիւրասիրութեամբ ճաշը տեղի ունեցաւ ակումբէն ներս:
Երեկոյեան խումբը այցելեց «Time travel Vienna» եւ ծանօթացաւ Վիեննայի պատմութեան:
Երեկոյեան ընթրիքով փակուեցաւ առաջին օրուան յայտագիրը:
Եւրոպայի ուսանողական հաւաքի երկրորդ օրը Սէրուժ Յոփսէփեան ներկայացուց հայկական շարժապատկերի մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններ: Ան ցուցադրեց զանազան բաժիններ «Նամուսը», «Կտոր մը երկինք» եւ «Նռան գոյնը» ժապաւէններէն եւ խօսեցաւ անոնց իւրայատկութիւններուն մասին:
Վիեննայի քաղաքապետարանի ճաշարանին մէջ` Rathaus Keller, որ իւրայատուկ է իր շքեղութեամբ եւ հարուստ պատմութեամբ, ճաշակելէ ետք Աւստրիոյ խոհանոցի շնիցել ճաշը, խումբը ուղղուեցաւ Ֆրանց Վերֆելի յիշատակին զետեղուած յուշարձանին մօտ, ուր հանդիպում ունեցաւ Ռազմիկ Թամրազեանին (Հայ աւստրիական մշակութային միութեան հիմնադիր ղեկավար) հետ, որ յուշակոթողի զետեղման մտայղացողն է եւ պետական մակարդակի արտօնութիւն ստանալու հարցը հետապնդողը: Ան ներկայացուց յուշարձանի զետեղման պատմութիւնը:
Ապա խումբը գնումներու եւ շրջապտոյտի առիթ ունեցաւ ու Վիեննայի խաղավայրին մէջ կարուսելի ընդմէջէն երկինքէն կրցան դիտել ամբողջ Վիեննան:
Երեկոյեան ժամերուն յունական To Ellinkon ճաշարանին մէջ հայկական տոհմիկ ջերմ մթնոլորին մէջ շարունակուեցաւ ուրախ մթնոլորտը մինչեւ ուշ ժամեր:
Եութլինքսի երրորդ օրը մասնակիցները դիտեցին Սէրուժ Յովսէփեանին կողմէ պատրաստուած «Նահապետ» կարճ շարժապատկերը, որ գեղարուեստական եւ խորհրդանշական ոճով կ՛անդրադառնար հայ երիտասարդի մը ներքին պայքարին եւ անոր տալիք բարդ որոշումին, նոր պատահած ցեղասպանութենէ մը ետք:
Ապա Վիեննայի տեսարժան վայրերէ անցնելով եւ ճաշելէ ետք խումբը այցելեց Մխիթարեան միաբանութեան եկեղեցի, կեդրոնն ու թանգարանը, ուր դիմաւորուեցաւ Վահան վրդ. Յովակիմեանին կողմէ, որ ներկայացուց Մխիթարեան կեդրոնի մշակութային արժէքն ու հարստութիւնը: Միաբանութեան կեդրոնը չափազանց մեծ տպաւորութիւն ձգեց մասնակցողներուն վրայ, անոնք հիացմունքով արժեւորեցին կեդրոնին հարստութիւնն ու մշակութային հսկայական ժառանգութիւնը:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Եութլինքսի ներկայացուցիչ Յասմիկ Շահինեան Եութլինքսի յանձնախումբին անունով շնորհակալագիր մը յանձնեց Վարդան վրդ. Յովակիմեանին, եւ կեդրոնին նուիրուեցաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի հրատարակութիւններէն` «Վտանգուած ժառանգութիւն» Ա. հատորը:
Դարձեալ հաւաքի յանձնախումբին անունով շնորհակալագիրներ եւ յիշատակելի նուէրներ յանձնուեցան բոլոր դասախօսներուն եւ կազմակերպիչներուն, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր մասնակից ստացաւ հաստատագիր մը` իր մասնակցութեան համար:
Երեկոյեան ժամերուն տեղի ունեցաւ հրաժեշտի ընթրիք:
Համազգայինի Եւրոպայի ուսանողական հաւաքին փակումը կատարուեցաւ կիրակի, 5 մայիս 2025-ին: Վիեննայի մէջ հաւաքուած 20 երիտասարդ ուսանողներ եռօրեայ աշխատանոցներով, մշակութային դասախօսութիւններով տրուած գիտելիքներով, պտոյտներով եւ ընկերային մթնոլոտով յագեցած բաժնուեցան իրարմէ: