Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Յունաստան
Արցախի Վտանգուած Մշակութային Ժառանգութեան Նուիրուած Ելոյթ
Հովանաւորութեամբ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, կազմակերպութեամբ Հայ-յունական բարեկամութեան միութեան, 28 մարտին Աթէնքի թերթերու խմբագիրներու միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն, որ լուսարձակի տակ առաւ Ազրպէյճանի կողմէ ապօրինաբար բռնագրաւուած Արցախի հազարամեայ մշակութային ժառանգութեան հետեւողական կործանումը: Օրուան բանախօսն էր մշակութային ժառանգութեան փորձագէտ, Հայաստանի պետական համալսարանի դասախօս դոկտ. Արմինէ Տիգրանեան:
Ձեռնարկի սկզբնաւորութեան ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր ներկայացուած էր փաստագրական տուեալներ` ազրպէյճանցի զինուորներուն կողմէ հայկական մշակութային արժէքներու եւ յուշարձաններու ոչնչացման տեսարաններէ:
Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Հայաստանի մէջ առաջին դեսպան Լէոնիտաս Խրիսանթոփուլոս, որ բացատրեց ներկայացման բնոյթը եւ ներկայացուց դասախօսին կենսագրական գիծերը:
Իր կարգին, դեսպան Տիգրան Մկրտչեան անդրադարձաւ Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած մշակութային ցեղասպանութեան` կրօնական հազարամեայ կոթողներու, յուշարձաններու համակարգուած պղծումին ու ոչնչացման` շեշտը դնելով Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումներու ոտնակոխման վրայ, շեշտելով միջազգային ընտանիքը զօրաշարժի ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը` կասեցնելու համար հայկական հետքերու վերացման եղեռնը:
Հայ-յունական բարեկամութեան միութեան նախագահ Անտոնիս Փաւլիտիս իր խօսքին մէջ նշեց, որ Արցախի պատմամշակութային գանձարանի պղծումը` որպէս մշակութային ցեղասպանութիւն, աւելի ծանր կրնայ կշռել` նոյնիսկ կեանքեր խլելու ոճիրէն, որովհետեւ յուշարձանները ժողովուրդներու գոյութեան ու պատմական երթին խօսուն վկաները կը հանդիսանան: Ան անդրադարձաւ Նախիջեւանի հայկական մշակութային հետքերու ոչնչացման` ընդգծելով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պարտաւորութիւնը` տէր կանգնելու հայ ժողովուրդի գանձերու պղծումի կասեցման:
Այնուհետեւ դոկտ. Արմինէ Տիգրանեան ներկայացուց իր զեկոյցը` Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ արցախահայերու մշակութային իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ: Ան շեշտեց, որ Արցախի մշակութային կոթողներու ոչնչացումը կը կատարուի երկու ուղղութեամբ: Նախ` գետնին հաւասարեցնելով պատմական վանքեր, հնամեայ խաչքարեր, Հայոց ցեղասպանութեան կոթողներ, Արցախի ազատագրական պայքարի հերոսներու յուշարձաններ, ապա` այլափոխելով մեծ թիւով վանքերու եւ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցող պատմամշակութային կոթողներու դիմագիծը, ներկայացնելով զանոնք որպէս աղուանական մշակոյթի նմուշներ: Զեկոյցը կ՛ընդգրկէր փաստեր` Արցախի մշակութային գանձարանի խեղաթիւրման եւ պատմական հետքի ոչնչացման վերաբերեալ:
Դասախօսը անդրադառնալով Արցախի բնիկ ժողովուրդի տեղահանման` ահազանգեց նաեւ մշակոյթի այլ բնագաւառներու անհետացման վտանգին մասին, ինչպէս` թանկագին հրատարակութիւններ, քաղաքակրթական նմուշներ, թանգարաններ, կենցաղի ու աւանդական սովորութիւններու վտանգումը, որոնք մաս կը կազմեն դարերով ապրած հայութեան կարեւոր մէկ մասնիկի քաղաքակրթական հարստութեան: Ան նաեւ խօսեցաւ Արցախի պատմամշակութային գանձարանի բռնի անհետացման իրաւական ծալքերուն մասին, ընդգծելով միջազգային ատեաններու անյապաղ միջամտութիւնը` հայ ժողովուրդի կրած մշակութային ցեղասպանութիւնը կասեցնելու պարտաւորութեամբ:
Հայկազեան Համալսարանի Հիմնադրութեան 70-Ամեակի Նշում
2025 թուականը Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի հիմնադրութեան 70-ամեակն է: Այս առիթով, 6 ապրիլին Յունաստանի Քոքինիոյ (Աթէնք) Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գոհաբանական յատուկ պաշտամունք` ներկայութեամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ Առեւտրական եւ վարչագիտութեան կաճառի տնօրէն դոկտ. Ֆատի Ասրաուիի: Ներկայ էին` նաեւ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, «Ազատ Օր»-ի տնօրէն եւ «Արմենիքա»-ի խմբագիր Մայք Չիլինկիրեան, «Հայ Կեանք» պարբերականի խմբագիր Տիգրան Ապասեան, «Նոր Աշխարհ» շաբաթաթերթի խմբագիր Զաւէն Գրիգորեան եւ «Հայաստան» հիմնադրամի պատուոյ նախագահ դոկտ. Վաչէ Տէր Կարապետեան:
Պաշտամունքը, որ առաջնորդեց տեղւոյն հովիւ վեր. Վիգէն Չոլաքեան, կ՛ընդգրկէր փառաբանութեան երգեր, կիներու քառեակի կատարում, ընթերցումներ եւ աղօթքներ:
Վեր. Հայտոսթեան մատուցեց հովուական աղօթքը, կատարեց Սուրբ Գիրքի ընթերցումը եւ յղեց օրուան պատգամը` կեդրոնանալով ծառայութեան եւ սիրոյ վրայ` որպէս պատասխան Աստուծոյ մեզի տուած շնորհին: Վկայակոչելով պատմական իրողութիւններ` ան ընդգծեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհ Արմենակ Հայկազեանի նահատակութիւնը եւ ծառայութեան բարի օրինակը եւ ամերիկացի միսիոնար Էլիզապէթ Ուէպի նուիրուածութիւնը:
Պաշտամունքի աւարտին ներկայացուեցաւ տեսերիզ մը, ուր ներկայացուած էին Հայկազեան համալսարանի մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ:
Աւարտին եկեղեցւոյ «Հայկազեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին շնորհաւորական խօսքեր արտասանեցին վեր. Վիգէն Չոլաքեան եւ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, ապա հատուեցաւ Հայկազեան համալսարանի 70-ամեակի յիշատակի կարկանդակը:
ֆրանսա
Դոկտ. Հիլտա Գալֆայեան–Փանոսեան Ներկայացուց Իր «Արդարները` Հայոց Ցեղասպանութեան Դէմ Յանդիման» Նորատիպ Գիրքը
Կազմակերպութեամբ ֆրանսահայ Կապոյտ խաչի Պանիէօյի «Իսահակեան» մասնաճիւղին, 14 մարտին «Պանիէօ քաղաքի Փոլ Վայան-Քութիւրիէ սրահին մէջ դոկտ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան ներկայացուց իր «Արդարները Հայոց ցեղասպանութեան դէմ յանդիման» ֆրանսերէն գիրքը, որ հրատարակուած էր 2024 դեկտեմբերին «Գիրք» հրատարակչատան կողմէ:
Գիրքին մէջ բազմաթիւ փաստաթուղթերով ներկայացուած են երէկուան «Արդարները», բոլոր ազգութիւններէ, ներառեալ` թուրքերը, եւ` ժամանակակից «Արդարները», հիմնականին մէջ թուրքեր, որոնք չեն վարանիր վերահաստատելու պատմական ճշմարտութիւնը` իրենց կառավարութիւններու պաշտօնական կեղծիքներուն դիմաց:
Պոլիս
Զահրատի Հարիւրամեակին Առիթով Նոր Գիրքի Շնորհահանդէս Եւ Ցուցահանդէս
Օրհնութեամբ Սահակ Բ. պատրիարքին, հովանաւորութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին, հիւրընկալութեամբ «Գարակէօզեան տան», կազմակերպութեամբ «Ֆակտում» փաստագրական կեդրոնին, «Ակտուալ արուեստ» հրատարակչութեան եւ «Ժամանակ» օրաթերթին, վերջերս տեղի ունեցաւ Զահրատի 100-ամեակին առիթով նոր գիրքը շնորհահանդէս եւ ցուցահանդէս:
Գարակէօզեան վարժարանի տնօրէն Նարօտ Վերոնիկ Քուրուղօղլու ծանօթացուց օրուան իմաստը, Զահրատն ու անոր հերոսը` Կիկոն, ապա սրտի խօսքով հանդէս եկաւ ցուցահանդէսի համադրող Տիգրան Պասկեւիչեան, որ տեղեկութիւններ տուաւ դեկտեմբեր 2024-ին Երեւանի մէջ բացուած ցուցահանդէսի մասին:
«Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ Զահրատ իր առաջին բանաստեղծութիւնը հրատարակած է «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ` անդրադառնալով Զահրատի ու անոր գրականութեան կարեւորութեան եւ մեծութեան: Գօչունեան մաղթեց ունենալ Զահրատի նման նորանոր մեծութիւններ ամէն բնագաւառէ ներս: Գօչունեան նշեց, որ հոկտեմբեր 2024-ին, Յովակիմ վրդ. Սերովբեանի գլխաւորութեամբ, պատրիարքական աթոռի Հրատարակչական բաժանմունքը հրատարակեց Զահրատի հարիւր բանաստեղծութեանց հաւաքածոն, ինչպէս նաեւ` Օհան Շաշքալը եւ Արտաշէս Մարկոսեանը, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած էին Զահրատի երկերու հրատարակութեան մէջ:
Հմայեակ Ուղուրլեան ներկաներուն հաղորդեց Զահրատի կողակցին` Անայիս Եալտըզճեանի ողջոյնները:
Սահակ Բ. պատրիարք իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ յիշողութեան կարեւորութեան` շեշտելով, որ ստիպուած ենք մեր համայնքին յիշողութիւնը թարմացնել, որպէսզի կարենանք շարունակել մեր ճամբորդութիւնը կեանքի պատմութեան մէջ: Ան գնահատեց Զահրատը եւ անոր Կիկոյի միջոցով կատարած գործը` հաստատելով մեծանուն բանաստեղծի պարզութիւնը եւ համեստութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեան դրուատեց Զահրատն ու անոր արուեստը եւ պոլսահայ գրականութիւնը, նաեւ ցուցահանդէսի պատրաստութեան առիթով` Տիգրան Պասկեւիչեանն ու բոլոր գործակիցները:
Յանուն «Գարակէօզեան տան» խնամակալութեան` Գարուն Գովան յուշանուէր մը յանձնեց Տիգրան Պասկեւիչեանին, որ փոխադարձեց:
Աւարտին կատարուեցաւ գինեձօն եւ ցուցահանդէսի բացում, որ տեւեց մէկ շաբաթ:
Իտալիա
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Մուտն Ի Վիրապի Յիշատակութեան Օրուան Նշում
5 ապրիլին Իտալիոյ Նէափոլ քաղաքի (San Gregorio Armeno) Ս. Գրիգոր հայ եկեղեցւոյ մէջ պատարագով նշուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Մուտն ի վիրապի յիշատակութեան օրը` ներկայութեամբ Պելճիքայէն, Լեհաստանէն, Հոլանտայէն, Ֆրանսայէն եւ Իտալիոյ տարբեր մարզերէն ժամանած հայ ուխտաւորներու, նաեւ` հիւրերու եւ այլ անձնաւորութիւններու:
Պատարագը մատուցեց արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան:
Նէափոլի հոգեւոր առաջնորդի փոխանորդ Կայետանօ եպս. Քասթելլօ իր քարոզին մէջ ընդգծեց, որ այս տօնակատարութիւնը քրիստոնէական եղբայրական համագործակցութեան շօշափելի եւ կարեւոր խորհրդանիշ է, որ կը միաւորէ երկու եկեղեցիները: Անդրադառնալով, որ այս տարուան ընթացքին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ յոբելենական տարին կը համընկնէր Նիկիոյ Ա. Տիեզերական ժողովի 1700-ամեակի յիշատակութեան օրերուն, Քասթելլօ կարեւոր նկատեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի լուսաշող կերպարը` նշելով անոր առաքելութեան բնորոշ երկու հիմնական առաքինութիւններ` հաւատքն ու յոյսը:
Պատարագի աւարտին Խաժակ արք. Պարսամեան շնորհակալութիւն յայտնեց Կայետանօ եպս. Քասթելլոյին` նկատել տալով, որ այս տօնին առիթով ան եկած է այս ուխտավայրը` խոնարհելու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբազան մասունքներու առջեւ եւ վերստին յիշելու մեր արմատները, որ մենք քրիստոնեայ ժողովուրդ ենք: Ան աղօթեց, որ Տէրը խաղաղութիւն պարգեւէ ամբողջ աշխարհին եւ յատկապէս մեր հայրենիքին` Հայաստանի:
Պատարագէն ետք վանքի շրջափակին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան:
«Վերածնունդ. 101 Հայ Բանաստեղծութիւն» Հատընտիրի Շնորհահանդէսը
22 մարտին Միլանոյի «Հայ տուն» հայկական մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Վերածնունդ. 101 հայ բանաստեղծութիւն – 1890-1989» գիրքին շնորհահանդէսը, զոր կազմած եւ իտալերէնի թարգմանած է Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան աշխատակից Մարիամ Երեմեան: Ձեռնարկին մասնակցեցան` Միլանոյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, մշակոյթի գործիչներ եւ գրականութեան սիրահարներ:
«Վերածնունդ. 101 հայ բանաստեղծութիւն – 1890-1989» հատընտիրը կ՛ընդգրկէ 19-20 դարերու հայ բանաստեղծներու` Յովհաննէս Թումանեանի, Վահան Տէրեանի, Եղիշէ Չարենցի, Համօ Սահեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Գէորգ Էմինի, Պարոյր Սեւակի, Մետաքսէի, Ռազմիկ Դաւոյեանի իտալերէնի թարգմանուած 101 ստեղծագործութիւններ` վերջիններուն կեանքի մասին համառօտ ակնարկներով, իսկ գիրքին յառաջաբանի հեղինակն է Հռոմի «Լա Սափիենցա» համալսարանի փրոֆ. Մարքօ Պայիս:
Բացման խօսքին մէջ դեսպան Վլադիմիր Կարապետեան ներկայացուց հեղինակը եւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ նախաձեռնութեան պատմութեան: Ապա Մարիամ Երեմեան պատմեց գիրքը պատրաստելու գաղափարին մասին եւ անդրադարձաւ հայ բանաստեղծութեան զարգացման ուղիին եւ ընդգծեց սոյն նախաձեռնութեան մշակութային նշանակութիւնը:
Միացեալ Նահանգներ
Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմակալ Առաջնորդներուն Երկօրեայ Հանդիպումը
25 եւ 26 մարտին, հերթական հանդիպումներու շրջագիծին մէջ, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանին մէջ հիւրընկալեց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանը եւ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանը, եւ միասնաբար ունեցան երկօրեայ աշխատանքային նիստեր: Մնայուն օրակարգերու եւ ընթացիկ աշխատանքներու կողքին, անոնք յատուկ կերպով անդրադարձան նաեւ նոր հարցերու, ինչպէս` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 30-ամեակին նուիրուած հանդիսութեանց կազմակերպումը Հիւսիսային Ամերիկայի համայնքներէն ներս, վեհափառին Արեւմտեան թեմ հովուապետական այցելութիւնը եւ արժանաւոր ընդունելութեան կապուած աշխատանքային ծրագիրներու համադրումը, վեհափառի կողմէ 2025-ը աւանդութեանց վերակենսաւորման տարի հռչակումն ու հռչակագիրին մէջ ընդգրկուած կէտերու իրականացման ձեւերը, նաեւ` հայ համայնքները յուզող ընկերաբարոյական զանազան մտահոգութիւններ:
Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակի Նշում` Պոսթընի Մէջ
6 ապրիլին Ուաթըրթաունի Հայ մշակութային եւ կրթական կեդրոնին մէջ նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը` կազմակերպութեամբ շրջանի կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն:
Օրուան հանդիսավար «Սարդարապատ» կոմիտէութեան անդամ Անի Խաչատուրեան շեշտեց յարատեւ պայքարի եւ Հայոց ցեղասպանութեան գծով հետեւողական աշխատանքի կարեւորութիւնը:
ՀԲԸՄ-ի Նիւ Ինկլընտի նախագահ Արա Պալիքեան, իր կարգին, շեշտեց, որ դիւանագիտական բեմահարթակէն պէտք է շարունակ գործել, մանաւանդ երբ Ցեղասպանութէնէն 110 տարի ետք, այս անգամ Արցախն ալ իր գրաւուած տարածաշրջանով եւ բանտարկեալներով կը մտահոգէ հայորդին:
Օրուան բանախօսն էր «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի խմբագիր, «Արցախ Ֆոնտ»-ի հիմնադիր եւ տարիներ շարունակ Քըրք Գրիգորեանի «Լինսի» հիմնարկի փոխնախագահ Յարութ Սասունեան, որուն դասախօսութեան նիւթն էր` «Մոռցուած անմոռանալին. ՄԱԿ-ի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման 40-ամեակ»: Ան անդրադարձաւ ՄԱԿ-ի ցեղասպանութեան ճանաչման, անոր ներկայացուցած զեկոյցին, որ կը վերաբերէր ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման ու պատիժին եւ կը ներառէր նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ընդարձակ մատենագրութիւն:
Սասունեան նշեց, որ յուլիս 2022-ին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նախագահ Ապտուլլա Շահիտ այցելած էր Հայաստան, ուր հանդիպում ունեցած էր տարբեր անձնաւորութիւններու հետ, նաեւ ելոյթ ունեցած` արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական դպրոցի աւարտական արարողութեան ժամանակ: Սասունեան կարեւոր նկատեց դիւանագիտութեան դերը, որուն շտապ կարիքն ունի Հայաստանը:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Մանկագիր Ալիծ Աղպապեան Կնքեց Իր Մահկանացուն
Վերջերս Ամերիկայի մէջ անողոք հիւանդութեան պատճառով իր մահկանացուն կնքեց սփիւռքահայ մանկագիր, Լոս Անճելըսի «Ծիլուծառ» հայկական հրատարակչական ընկերութեան հիմնադիր Ալիծ Ճէպէճեան-Աղպապեան:
Ծնած էր Հալէպ, հասակ առած է Լիբանան, համալսարանական ուսումը ստացած էր Հայաստանի մէջ եւ գաղթելով Ամերիկա` իր հիմնական գործունէութիւնը ունեցած էր ամերիկահայ գաղութէն ներս: Հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու եւ նախաձեռնութիւններու:
Ալիծ Աղպապեան կողակիցն էր Հայ աւետարանական համայնքի գործիչ Հրայր Աղպապեանի, որ տարի մը առաջ կնքած էր իր մահկանացուն: Իր եղբայրն է Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր պատասխանատու Հրայր Ճէպէճեան, որ հաստատեց, թէ Ալիծ Աղպապեան ջատագովը եղաւ արժէքի կեանքի գիտակցութեան եւ հայ նոր սերունդին սորվեցուց հայուն մշակութային ժառանգը:
Քանատա
Մեծն Բրիտանիոյ Չարլզ Գ. Արքայի Թագադրութեան Շքանշանի Տուչութիւն
Կազմակերպութեամբ եւ ձեռամբ Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի, 22 մարտին Մոնրէալի La Corbeille Bordeau-Cartierville սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ Չարլզ Գ. արքայի թագադրութեան շքանշան տուչութիւն: Շքանշանի արժանացան` «Ջուխաճեան ընտանեկան հիմնադրամ»-ի նախագահ Մանուկ Ջուխաճեան, Մոնրէալի հայ համայնքի հիմնադիրներէն Յարութիւն (Արթօ) Մարգարեան, երկար տարիներ հայ համայնքին ծառայած ակնաբուժ-վիրաբուժ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, ազգային բարերար Շաքէ Պէնօհանեան-Կէօնճեան, հայ համայնքի կրթական, գեղարուեստական, մարզական, մշակութային եւ բարեգործական կարգ մը միութիւններու ծրագիրներու բարերար Անահիտ Տէր Կարապետեան-Մարգարեան:
Մելանի Ժոլի խօսք առնելով` մեծապէս գնահատեց պարգեւատրուողներուն ներդրումն ու ծառայութիւնը իրենց համայնքներուն, շրջաններուն եւ ընդհանուր Քանատայի բարգաւաճման, զարգացման եւ յառաջդիմութեան:
Նշենք, որ Մեծն Բրիտանիոյ Չարլզ Գ. արքայի շքանշանը կը շնորհուի նշանակալի ներդրում ունեցող անձերուն` Քանատայի մէջ հանրային ծառայութեան, արուեստի, կրթութեան եւ գիտութեան բնագաւառներէն մէկուն մէջ, կամ` Քանատայի որոշակի նահանգի, համայնքի կամ արտերկրի մէջ ակնառու ձեռքբերումներ նուաճած անձնաւորութիւններու, որոնք յաւելեալ վարկ եւ միջազգային ճանաչում կ’ապահովեն Քանատայի:
* Վերջերս Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի երկարամեայ նուիրեալ գործիչ Յակոբ Տէր Յակոբեան Վանքուվըրի մէջ հանդիսութեան մը ընթացքին պարգեւատրուեցաւ Անգլիոյ Չարլզ Գ. արքայի թագադրութեան մետալով: Ան իր երկար տարիներու ծառայութեամբ ու անխոնջ աշխատանքով մեծ ներդրում ունեցած է Վանքուվըրի հայ համայնքի եւ քանատական տարբեր կազմակերպութիւններու մէջ:
Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին Քանատայի կառավարութեան անունով պարգեւը Տէր Յակոբեանին յանձնեց Քանատայի խորհրդարանի պատգամաւոր եւ քաղաքացիութեան նախարար Թերի Պիչ: