Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Երկու Հայ Դերասաններ Ունեցող «Անորա» Ժապաւէնը Հինգ Օսքարներ Ստացաւ
2 մարտին տեղի ունեցաւ շարժապատկերի աշխարհահռչակ Օսքարներու մրցանակաբաշխութիւնը եւ օրուան մեծագոյն մրցանակակիրը հանդիսացաւ հայ դերասաններ Կարէն Գարակիւլեանի եւ Վաչէ Թովմասեանի մասնակցութեամբ պատրաստուած, բեմադրիչ Շան Պէյքըրի «Անորա» ժապաւէնը:
Ժապաւէնը, որ խլեց «Լաւագոյն շարժապատկեր»-ի մրցանակը, արժանացած էր նաեւ անցեալ տարուան Քաննի միջազգային փառատօնին հեղինակաւոր «Ոսկեայ արմաւենի» մրցանակին:
Կարէն Գարակիւլեան դերասան եւ բեմագիր է: Ան ծանօթ է գլխաւորաբար «Սթարլեթ» (2012), «Թանճերին» (2015) եւ «Ռետ Ռաքեթ» (2021) ժապաւէններով, իսկ Վաչէ (Վաչագան) Թովմասեան կատակերգակ է: Հայաստանի մէջ անոր «32 Ատամ» եւ «Վիթամին ակումբ»-ը մեծ տարածում գտած են: Ան դեր ունէր նաեւ 2012-ին հրապարակ հանուած Lost & Found in Armenia ժապաւէնին մէջ:
«Արցախը Մե՛րն Է…» Մանկապատանեկան Գիրքի Հրատարակութիւն
Վերջերս Արեւելեան Ամերիկայի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը, համագործակցութեամբ «ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ»-ի հետ, հրապարակեց «Արցախը մերն է…» մանկապատանեկան նկարազարդ գիրքը, որուն հեղինակն է Լիբանանի Համազգայինի հայագիտական հիմնարկի (լեզու եւ գրականութիւն), Երեւանի պետական համալսարանի (կրթութեան կառավարում` մանկավարժութիւն-հոգեբանութիւն) բաժինները, ինչպէս նաեւ Graphic Design դասընթացը աւարտած Նայիրի Մկրտիչեան: Գիրքին խմբագիրն է Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի (պատմութիւն) եւ Երեւանի պետական համալսարանի «Արուեստի պատմութիւն» բաժինը աւարտած Թամար Հերկելեան:
Գիրքը ներկայացուած է երկխօսութեամբ մը, որ կ՛ընթանայ երեխաներու եւ Արցախի միջեւ: Երեխաները Արցախին կ՛ուղղեն զիրենք հետաքրքրող հարցերը, իսկ վերջինը կը պատմէ իր` պատմութեան, բնութեան, եկեղեցիներու, զինանշանի, նահագներու եւ կարեւոր վայրերուն մասին: Գիրքի կազմի առաջին էջին վրայ ներկայացուած է Արցախի «Մենք ենք մեր սարերը» յուշարձանի թեք նկարը (հեղինակ` Մերի Ղարիպեան), զոր երեխաները կը փորձեն ուղղել, իսկ կազմի վերջին էջին` երեխաները Արցախը կը կցեն Հայաստանի Հանրապետութեան (հեղինակ` Նայիրի Մկրտիչեան):
Ֆրանսա
«Համախմբում Հայաստանի Համար Եւ Յաջակցութիւն Լեռնային Ղարաբաղի Տեղահանուած Ժողովուրդի» Խորագիրը Կրող Երկրորդ Աշխատաժողով
Նախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ժիլպեր-Լիւք Տվինազի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով միջազգային տեղեկատուական խումբի նախագահ Էթիեն Պլանի, նախագահութեամբ Լիոնի քաղաքապետ Կրեկորի Տուսէի եւ աջակցութեամբ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արման Խաչատրեանի, 3 մարտին Լիոնի Քաղաքային խորհուրդի նիստերու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Համախմբում Հայաստանի համար եւ յաջակցութիւն Լեռնային Ղարաբաղի տեղահանուած ժողովուրդի» խորագիրը կրող երկրորդ աշխատաժողովը: Աշխատաժողովին նպատակն էր շարունակել 14 մայիսի 2024-ին ծերակոյտին մէջ կազմակերպուած քննարկումը, որ նուիրուած էր ֆրանսական եւ Ֆրանսայի հայկական կառոյցներու կողմէ Հայաստանի մէջ ապաստանած Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան յատկացուող աջակցութեան աշխատանքներու համակարգումին:
Ելոյթ ունեցան Լիոնի քաղաքապետի տեղակալ, Ֆրանսայի Միաւորուած քաղաքներ կառոյցին մէջ Հայաստանի խումբի նախագահ Սոնիա Զտորովցոֆֆ եւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոտինիյի: Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան ներկայացուց «Սատար Արցախին» միութեան գործունէութեան նպատակները: Կլոր սեղաններով տեղի ունեցան քննարկումներ` Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածներու առողջապահութեան, կեցութեան, մասնագիտական կրթութեան, իրաւաբանական աջակցութեան, համարկման եւ վերադարձի իրաւունքի, ժառանգութեան եւ մշակոյթի պահպանման հարցերու վերաբերեալ:
Աշխատաժողովը եզրափակուեցաւ Լիոնի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Նարինէ Նիկոլեանի եւ Լիոնի քաղաքապետի տեղակալ Սոնիա Զտորովցոֆֆի ելոյթներով:
Գլխաւոր հիւպատոսը շնորհակալութիւն յայտնեց աշխատաժողովի նախաձեռնութեան համար, ինչպէս նաեւ Լիոնի քաղաքապետարանին` զայն հիւրընկալելուն համար, բարձր գնահատելով Ֆրանսայի կառավարութեան, տարածքային միաւորներու, պետական ու հասարակական մարմիններու եւ Ֆրանսայի հայկական կառոյցներու աջակցութիւնը Հայաստանէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած ժողովուրդին: Ան ներկայացուց տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը` անդրադառնալով «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին, խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածներու կարիքներու յաղթահարմանն ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ծրագիրներուն մասին` կարեւոր նկատելով այդ հարցին մէջ միջազգային գործընկեր երկրներու եւ կառոյցներու աջակցութիւնը:
Իտալիա
Մարթա Թոնճանիի «Քարրարան Կանչում Է Երեւանին» Գիրքին Շնորհահանդէսը
4 մարտին Իտալիոյ Քարրարա քաղաքի քաղաքապետարանի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Մարթա Թոնճանիի` Երեւան եւ Քարրարա քաղաքներու քոյր յայտարարուելուն 60-ամեակին նուիրուած «Քարրարան կանչում է Երեւանին» գիրքին շնորհահանդէսը:
Ելոյթներով հանդէս եկան` Քարրարայի քաղաքապետ Սերենա Արրիկի, քաղաքապետի մշակոյթի հարցերով խորհրդական Ճէա Տացցի, դեսպանութեան խորհրդական Մարիեթա Ստեփանեան, երկու քաղաքներու քոյրացման ժամանակաշրջանի Քարրարայի քաղաքապետ Մաուրիցիո Մարթինելլիի զաւակը Ֆիլիփփօ Մարթինելլի, Քարրարայի նախկին քաղաքապետ Ալպերթօ Փինչոնէ, քանդակագործ Վիգէն Աւետիս եւ ուրիշներ:
Գիրքին հեղինակը ներկայացուց Երեւանի եւ Քարրարայի քոյրացման օրէն մինչեւ այսօր երկու քաղաքներու միջեւ համագործակցութեան պատմութիւնը:
Փրոֆ. Քանեզի ներկայացուց` հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, մշակոյթը, տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրները:
Դեսպանութեան խորհրդական Մարիեթա Ստեփանեանի եւ Քարրարայի քաղաքապետին միջեւ կայացած հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Երեւանի եւ Քարրարայի միջեւ համագործակցութեան խորացման հեռանկարները:
Այցելութիւն կազմակերպուեցաւ 1967-ին Երեւանի կողմէ Կարրարային նուիրուած խաչքար-յուշարձանին:
«Հայաստան. Աւելի Քան 2000-Ամեայ Պատմութիւն» Խորագրով Իտալերէն–Անգլերէն Գիրքի Շնորհահանդէսը
28 փետրուարին Իտալիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ակումբին մէջ կայացաւ Կուլիելմօ Մարիանիի եւ Ռոպին Ֆոայի «Հայաստան. աւելի քան 2000-ամեայ պատմութիւն» խորագրով երկլեզու` իտալերէն եւ անգլերէն գիրքին շնորհահանդէսը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Մարիեթա Ստեփանեան:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Իտալիոյ նախկին դեսպան Մարքօ Քլեմենթէ, որ անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ աշխատած տարիներուն Հայաստանի, հայ մշակոյթի մասին իր ունեցած տպաւորութիւններուն: Գիրքին հեղինակները մանրամասնօրէն անդրադարձան իրենց կողմէ տարուած աշխատանքին` ներկայացնելով Կովկասի, Փոքր Ասիոյ եւ Իտալիոյ մէջ ներկայ հայ մշակոյթի ողջ համայնապատկերը:
Թեհրան
Վարդանանց Տօնի Նշում`
Նախաձեռնութեամբ Հայ մշակութային «Նայիրի» միութեան արուեստից բաժանմունքին, 28 փետրուարին միութեան կեդրոնատեղի «Սուքերեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բանախօսական- գեղարուեստական յայտագիր` նուիրուած Վարդանանց տօնին:
Օրուան հաղորդավարներ Հերմինէ Օրուջեան եւ Գամեր Աբնուսեան ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձան Վարդանանց պատերազմի պատմական տուեալներուն` մերթ ընդ մերթ ներկայացնելով հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարներուն մէջ Վարդանանց հերոսներուն թողած ազդեցութիւնը:
Օրուան բանախօսն էր Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի օգնական Առաքել աբղ. Գատեհճեանը: Ան անդրադառնալով Վարդանանց ոգիին` համեմատական կապեր հաստատեց այդ ժամանակաշրջանի եւ հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ներկայ պայմաններուն միջեւ, ընդգծելով, որ այսօր մենք կը վերյիշենք այն անմահ, անձնազոհ, քաջ ու յանդուգն նահատակ սուրբերը, որոնք մեր ազգի հաւատքին ու հայրենասիրութեան յաւերժական վահանները դարձան: Ան անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2025 թուականը «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի» հռչակումին` շնորհակալութիւն յայտնեց «Նայիրի» միութեան մեծ ընտանիքին, որ անսալով վեհափառի կոչին` կը նշէ Վարդանանց տօնը: Ան նաեւ անդրադարձաւ Վարդանանքի կարեւորութեան` շեշտելով, որ իր խորհուրդով յարատեւօրէն այժմէական տօն է: Ան նաեւ թուեց կարգ մը դասեր, որոնք կրնանք քաղել Աւարայրի ճակատամարտէն, որպէսզի զանոնք իրագործենք հայ կեանքին մէջ, ինչպէս` եկեղեցւոյ եւ պետութեան համագործակցութիւն, անզիջողութեան գաղափար, Վահանեանքը` շարունակութիւնը Վարդանանքին, անոնց ոգին եւ մթնոլորտը:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ միութեան վարչութեան նախագահ Սէրուժ Օհանեան: Ան կարեւոր նկատեց Վարդանանքի հոգիին սերմանումը նոր սերունդին մէջ, որ իր կարեւոր եւ անժխտելի դերակատարութիւնը ունի հայ ժողովուրդի գոյապայքարի առումով:
Աւարտին սրբազան հայրը կոչ ուղղեց երիտասարդութեան` ամուր պահել մեր եկեղեցական եւ ազգային արժէքները, ամրացնելով մեր հայրենիքի սահմանները, մեր Արցախի արդար իրաւունքներու պահանջը, որպէսզի ապագային ամբողջ աշխարհը տեսնելով իրենց պատրաստակամութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը` պարտաւորուի մեզի հետ հաշուի նստիլ եւ մեր կորսուած իրաւունքները վերադարձնել:
Իսակ Իւնանէսեանի Հեղինակած «Իրանի Հայերը Եւ Անուանի Իրանահայեր» Գիրքի Շնորհահանդէսը
Վերջերս Թեհրանի մէջ հրապարակուեցաւ «Իրանի հայերը եւ անուանի իրանահայերը» պարսկերէնով գիրքը` հեղինակութեամբ Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Իսակ Իւնանէսեանի: Արդարեւ, նախաձեռնութեամբ Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի «ՀՈՒՍԿ» հաստատութեան, յիշեալ փաստավաւերագրական գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 3 մարտին, Թեհրանի Հայ հասարակական միութեան (Հայ ակումբ) սրահին մէջ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հաղորդավար Սօսէ Իւնանէսեան, որ անդրադարձաւ Իրանի Եւ Հայաստանի պատմամշակութային ընդհանրութիւններուն եւ Իրանի մէջ իրանահայ համայնքի անմնացորդ դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ` «ՀՈՒՍԿ» հաստատութեան ծաւալած աշխատանքներուն, որոնց նպատակն է ներկայացնել իրանահայութեան եւ երկու ժողովուրդներու փոխգործակցութիւնը:
Ապա ցուցադրուեցաւ «ՀՈՒՍԿ»-ի բազմամեայ գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Օրուան բանախօսն էր արուեստի եւ մշակոյթի վերլուծաբան, համալսարանի դասախօս Արիասբ Դադբեհ, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Իրանի եւ հայ ժողովուրդի պատմական անցեալը, փոխգործակցութիւնը` հաստատելով դոկտ. Իսակ Իւնանէսեանի գրչին պատկանող գիրքին ունեցած դերակատարութեան իրանահայ համայնքը ներկայացնելու առումով:
Իրանի մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու հարցով հանրապետութեան նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Մահմուտ Ալաւի իր ելոյթին մէջ գնահատեց Իսակ Իւնանէսեանի կարեւոր քայլը իրանահայ համայնքի ականաւոր դէմքերը Իրանի հասարակութեան ներկայացնելու համար:
Ապա խօսք առաւ հասարակական հարցերով հանրապետութեան նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դոկտ. Ալի Ռապիի, որ կարեւոր նկատեց Իրանի բնակչութեան անբաժան մասնիկը համարուող իրանահայ համայնքի ազնիւ եւ անվերապահ աշխատանքները:
Իրաք
Պատարագի Մատուցում Հաւրէզքի Եւ Զախոյի Եկեղեցիներուն Մէջ
Տնօրինութեամբ իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի, 1 եւ 2 մարտին, Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հովիւ Սեպուհ քհնյ. Պաղտասարեան այցելեց Իրաքի հիւսիսային շրջանի քրտական մարզ, ուր պատարագ մատուցեց է Հաւրէզք գիւղի Ս. Սարգիս եւ Զախոյի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցիներուն մէջ:
Պատարագ Եւ Խաչքարի Օրհնութիւն
1 մարտին Հայֆայի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ուխտի պատարագ` ձեռամբ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան «Հելէն եւ Էտուարտ Մարտիկեան» թանգարանի եւ Սուրբ Թէոդորոս ձեռագրատան տեսուչ Արշակ աբղյ. Ղազարեանի: Օրուան պատգամը յղեց Թէոդորոս եպս. Զաքարեան:
Յաւարտ ս. պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Արծրունիներու թագաւորական տոհմի եւ Բէկ-Փիրումովներու իշխանական զինուորական տոհմի շառաւիղ Էմիլ Փիրումովի հոգւոյն յիշատակին, ապա տեղի ունեցաւ Ս. Եղիա եկեղեցւոյ բակին մէջ հանգուցեալ Էմիլ Փիրումովի նուիրատուութեամբ զետեղուած երկու խաչքարերու օրհնութեան արարողութիւնը` ձեռամբ Թէոդորոս եպս. Զաքարեանի:
Աւարտին Հայֆայի ՀՄԸՄ-ի սրահին մէջ մատուցուեցաւ հոգեճաշ:
Երուսաղէմ
Բուն Բարեկենդանի Տօնախմբութիւն
2 մարտին Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը, նախագահութեամբ լուսարարապետ սրբազան հօր, տօնախմբեց Բուն Բարեկենդանը: Տօնի առաւօտուն Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարին մէջ կատարուեցան գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութիւնները, ապա, համաձայն վերջին տասնամեակներու դասաւորումին, աւագ խորանին վրայ պատարագ մատուցեց Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարի աւագ լուսարար Բարսեղ ծ. վրդ. Գալէմտէրեան: