Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոլումպիա Համալսարանին Մէջ. «Կրթութիւն, Խաղաղութիւն Եւ Կամուրջ-Հաստատելու Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Դերակատարութիւնը» Նիւթով Դասախօսութիւն` Վեր. Փ. Հայտոսթեանի Կողմէ

March 10, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկազեան համալսարանի 70-ամեակի առիթով Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան 3 մարտ 2025-ին Քոլումպիա համալսարանի «Ֆեքըլթի հաուս»-ի մէջ ելոյթ ունեցաւ «Կրթութիւն, խաղաղութիւն եւ կամուրջ-հաստատելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն դերակատարութիւնը» վերնագիրով բովանդակալից դասախօսութեամբ: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Քոլումպիա համալսարանի Հայկական կեդրոնին կողմէ եւ կը վայելէր  հովանաւորութիւնը NAASR / Calouste Gulbenkian Foundation Lecture Series on Contemporary Armenian Issues, Columbia University Armenian Society եւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAA):

Դասախօսութեան  ներկայ էին յարգելի անձնաւորութիւններ, ինչպէս Վատիկանի` ՄԱԿ-ի մէջ արտակարգ եւ լիազոր դեսպան Կապրիել Ճորտանօ Կասիան, Լիբանանի մշտական առաքելութեան ղեկավար, ՄԱԿ-ի դեսպան Հատի Հաշեմը, Հայաստանի Հանրապետութեան ՄԱԿ-ի մէջ մշտական առաքելութեան առաջին քարտուղար Արսէն Քոթանճեանը, ակադեմիկոսներ, Արմենակ Հայկազեանի, որուն անունը կը կրէ համալսարանը, ծոռներէն երկուքը` Բեկի Մեհակեան-Տինկլեան եւ Տուք Մեհակեան, հոգեւորականներ, ուսանողներ, եւ Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտներ եւ բարեկամներ:

Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանը` Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտ, նաեւ դասախօս` Միջին Արեւելքի, Հարաւային Ասիոյ եւ ափրիկեան ուսումնասիրութեան (MESAAS)` Քոլումպիա համալսարանի մէջ, բացման խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց օրուան բանախօսը:

Դոկտ. վեր. Փ. Հայտոսթեան իր դասախօսութեան ընթացքին անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնէական համայնքներու անցեալին եւ առանցքային դերակատարութեան` յատկապէս կեդրոնանալով կրթութեան, առողջապահութեան եւ ընկերային համերաշխութեան մէջ անոնց ունեցած ներդրումներուն, որոնք կը կարեւորեն ինչպէս հակամարտութիւններու, այնպէս ալ բազմազանութեան ատեն: Ան ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց քրիստոնէական հաստատութիւններու վրայ, որոնց կարգին` Հայկազեան համալսարանի, լուսարձակի տակ առնելով անոնց ջանքերը հանդուրժողականութեան սնուցման, երկխօսութեան խթանման եւ որակեալ կրթութիւն ապահովելու առումով` իբրեւ մշակութային եւ կրօնական տարբերութիւնները կամրջելու միջոց:

Փ. Հայտոսթեան քննական հայեացքով ներկայացուց այն մարտահրաւէրները եւ կարելիութիւնները, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին այս համայնքները այսօրուան բարդ աշխարհաքաղաքական տարածքին խաղաղութիւն եւ հասկացողութիւն յառաջ տանելու իրենց առաքելութեան մէջ: Անոր տեսութիւնները կը շեշտէին այդ հաստատութիւններուն կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան եւ համագործակցութեան համար որպէս կենսական կամուրջ ծառայելու համար:

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ աշխուժ հարց ու պատասխան, որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ներկաները քննարկեցին դասախօսութեան նիւթին շուրջ ծագած հարցերը:

Գնահատելով դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանին ներդրումները` Հայկազեան համալսարանի 70-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ  անոր յանձնուեցաւ յատուկ յուշանուէր մը:

Նախորդը

Տոմս. Կէս Պրաւօ՜, Միրզոյեան…

Յաջորդը

«Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի Համար. 2025» Մրցոյթ

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.