Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 24, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Եգիպտոս

Լոյս Տեսաւ «Մարդկութեան Դէմ Ուղղուած Յանցագործութիւնները Հայերու Հանդէպ Եւ Միջազգային Պատասխանատուութիւնը» Խորագիրով Գիրքը

Նախաձեռնութեամբ Եգիպտոսի Հայ դատի մարմինին, վերջերս լոյս տեսաւ «Մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները հայերու հանդէպ եւ միջազգային պատասխանատուութիւնը» խորագրով գիրքը, միջազգային օրէնքի փորձագէտ տոքթ. Մոհապետ Հարպի կողմէ:  Գիրքը մասնագիտացուած ուսումնասիրութիւն է, որ կը քննէ հայերուն կրած ծանր վնասները միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն, որովհետեւ այդ խախտումները կը համարուին մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններ: Այս գիրքը կարեւոր իրաւաբանական աղբիւր է միջազգային իրաւունքի ոլորտի հետազօտողներու համար: Ան համակարգուած կերպով  կը ներկայացնէ այս յանցագործութիւններուն բնոյթը եւ կը բացատրէ անոնց իրաւական հիմքերը` կեդրոնանալով հայերու հանդէպ կատարուածին վրայ եւ ուրուագծելով այն հիմքերը, որոնք կ՛որոշեն միջազգային պատասխանատուութիւնը: Ան նաեւ կը քննարկէ եւ կը շեշտադրէ, որ պատմական արդարադատութիւնը վաղեմութեան ժամկէտ չի ճանչնար:

Միացեալ Նահանգներ

Վաստակաշատ Գործիչ Եւ ՀՕՄ–ի Ղեկավարներէն Հայկուշ Գեղինեան–Քոհլըր Կնքեց Իր Մահկանացուն

11 յուլիսին, 95 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքեց եռանդուն գործիչ եւ Հայ օգնութեան միութեան ղեկավարներէն Հայկուշ Գեղինեան-Քոհլըր:

Անոր մահը գուժեցին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն, ՀՕՄ¬ի Կեդրոնական վարչութիւնն ու ՀՕՄ¬ի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը:

Անոնք վկայեցին, որ իբրեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ ՀՕՄ-ի նուիրեալ անդամ ու Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին հաւատարիմ սատարող` Գեղինեան-Քոհլըր ռահվիրայ մըն էր, որուն` հայ ժողովուրդի իղձերուն նկատմամբ  յանձնառութիւնը զայն դարձուցին յարգելի գործիչ մը եւ բարերար մը:

ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» հիմնադրամի մեկնարկին վերաբերեալ անոր ստանձնած ղեկավարի դերը Ջաւախքի մեր հայրենակիցներուն ապահովեց գոյատեւելու համար պէտք եղած միջոցները: Ան դարձաւ ձայնը հայ իրականութեան մաս կազմող ձայն չունեցող Ջաւախքի հայութեան:

Անոր` Արցախին նուիրումը զայն մղեց ի մի բերելու նոյն գաղափարին նուիրուած մարդիկ` ներդրումներ կատարելու Շուշիի մէջ, քաղաքին պատմութիւնը պահպանելու եւ այդ համայնքին մէջ աշխատատեղեր ստեղծելու համար:

Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ 110-Ամեակ

Կիրակի, 22 յունիսին Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ 110-ամեակը նշուեցաւ փառաշուք կերպով` ներկայութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի, որ իր մատուցած  պատարագէն եւ «Հայր Մեր»-էն առաջ կիսասարկաւագ ձեռնադրեց` Արամ Բարնակեանը, փաստաբան Արմէն Մորեանը, Մարք Տիլսըզեանը եւ Յակոբ Քէյմեթճեանը: Ապա «Նախասարկաւագ Սուրբ Ստեփանոս»-ի գնահատագիրը յանձնեց Շանթ աւագ սարկաւագին, որ սուրբ խորանին վրայ ծառայած է 35 տարի` միաժամանակ վարելով Ազգային առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը` իբրեւ վարիչ-տնօրէն:

Այնուհետեւ սրբազան հայրը կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեան գիրը` ուղղուած եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանին, որով վեհափառը աւագութեան տիտղոս կը շնորհէր տէր հօր` անոր քսանամեայ բոլորանուէր ծառայութեան առիթով:

Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին` Սուրբ Էջմիածնի Կաթուղիկէի տօնին, յայտնելով, որ աստուածապարգեւ քրիստոնէական հաւատքը եղած է խարիսխը մեր գոյութենական ուխտագնացութեան` դարերու ընթացքին դարբնելով քրիստոնեայ հայու մեր ինքնութիւնը եւ դիմադրողականութիւնը` պայքարելու ներքին եւ արտաքին ամէն տեսակի փորձութեանց դէմ: Ան շնորհաւորեց Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ 110-ամեակը` որպէս զուգակշիռ խորհրդանիշ յետցեղասպանութեան հայ ժողովուրդի վերընձիւղման եւ բարգաւաճման:

Այս առիթով սրբազան հայրը դրուատեց Մեսրոպ քահանային 20-ամեայ անձնուէր ծառայութիւնը եւ մաղթեց, որ ան նոյն ոգիով, բանիւ եւ գործով շարունակէ իր ներդրումը բերել հայ կեանքէն ներս: Ան շնորհաւորեց նոր ձեռնադրեալ կիսասարկաւագները, որոնք տարբեր ասպարէզներէ գալով` յօժարակամ կը ծառայեն մայր եկեղեցւոյ մէջ, մաղթելով, որ յառաջիկային արժանի ըլլան սարկաւագութեան աստիճանին: Նաեւ գնահատեց Շանթ աւագ սարկաւագի բոլորանուէր ծառայութիւնը` նշելով, որ գրասենեակի աշխատանքային սահմաններէն դուրս գալով` ան իւրայատուկ ծրագիրներ կը մատուցէ հանրութեան քրիստոնէական դաստիարակութեան գծով:

Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք տեղի ունեցաւ 110-ամեակի եւ Մեսրոպ Ա. քհնյ. Լագիսեանի քահանայութեան 20-ամեակին նուիրուած տօնախմբութիւնը: Խորէն արքեպիսկոպոս կարդաց մայր եկեղեցւոյ 110-ամեակին նուիրուած հայրապետական կոնդակը, իսկ Նարեկ Ա. քահանայ` անոր աւագութեան տիտղոս շնորհող օրհնութեան գիրը:

Հանդիսավարութիւնը կատարեց փաստաբան Արմէն Մորեան` եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետը, որ նաեւ գլխաւոր բանախօսն էր: Ան անդրադարձաւ Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ պատմութեան, վերականգնումի աշխատանքին` տէր Մեսրոպի ղեկավարութեամբ, եւ վերջինիս քսանամեայ ծառայութեան` իբրեւ հովիւի: Այնուհետեւ եկեղեցւոյ բոլոր ծառայողները հրաւիրեց ոտքի ելլելու, եւ վայրկեան մը յոտնկայս լռութիւն տիրեց` ի յիշատակ անոնց, որոնք գործեցին ու անցան եկեղեցւոյ բարգաւաճման համար:

Խօսք առին փաստաբան Ռիչըրտ Սարաճեան եւ Յակոբ Ճամպազեան (Թորոնթօ), վերջինս` տեսերիզով: Մեսրոպ Ա. քհնյ. Լագիսեան խօսեցաւ իր քսան տարուան ծառայութեան եւ անոր ընթացքին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին, երբ մայր եկեղեցին կ՛առաջնորդէր դէպի վերանորոգում: Առաջնորդ սրբազան հայրը իր խորին գնահատանքը յայտնեց Մեսրոպ Ա. քահանայի ծառայութեան համար եւ անդրադարձաւ մայր եկեղեցւոյ կենսական նշանակութեան` ամերիկահայութեան պատմութիւնը հասկնալու համար:

Շանթ Տէր Մկրտիչեան Կլենտէյլի «Հորըս Մեն» Նախակրթարանին Տնօրէն Նշանակուեցաւ, Նաեւ Երեք Այլ Հայորդիներ Պաշտօնի Բարձրացում Ստացան

Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վերահսկիչ դոկտ. Տարնիքա Ուաթսըն 1 յուլիսին յայտարարեց, որ վեթերան կրթական մշակ Շանթ Տէր Մկրտիչեան նշանակուած է «Հորըս մեն» նախակրթարանին տնօրէն:

1992-էն ի վեր Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանին մէջ զանազան պաշտօններ ստանձնած Տէր Մկրտիչեան 2019-ին ստանձնած էր «Թոլ» միջնակարգի տնօրէնի օգնականի պաշտօնը:

Աւիկ Հրանդ Եահիեան նշանակուեցաւ «Թոլ» միջնակարգի տնօրէնի օգնական: Ան 2013-2017 դասաւանդած էր Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանին, իսկ անկէ ետք Կլենտէյլի «Քլարք» երկրորդականին մէջ: 2022-ին ան նշանակուած էր «Հուվըր» երկրորդականի տնօրէնի օգնական:

Դոկտ. Հուրի Քէօրօղլեան նշանակուեցաւ «Հուվըր» երկրորդական վարժարանին տնօրէնի օգնական: Ան 2005-էն ի վեր Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի զանազան վարժարաններու մէջ դասաւանդած էր եւ ստանձնած էր ուսուցիչներու խորհրդատուի պաշտօններ:

Իր կարգին, Նարինէ Փափազեան նշանակուեցաւ Քրեսենթա Հովիտի երկրորդական վարժարանի տնօրէնի օգնական: Ան իր ուսուցչութեան ասպարէզը սկսած է Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանին մէջ եւ 2022-ին ստանձնած էր «Ուեսթպրուք» վարժարանին տնօրէնի օգնականի պաշտօնը:

Քանատա

Կիրակնօրեայ Նոր Դասագիրքերու Շնորհահանդէս

Նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, 3 յուլիսին Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կիրակնօրեայ նոր դասագիրքերու շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ ազգային բարերար եւ դասագիրքերու մեկենաս Շաքէ Կէօնճեանի եւ դասագիրքերու հեղինակ Արշաւիր Գաբուճեանի:

Հանդիսավարներն էին զոյգ Կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտները, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն` արտայայտելով իրենց կապուածութիւնն ու սէրը Կիրակնօրեայ դպրոցին հանդէպ:

Ազգային առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Յակոբ վրդ. Եագուպեան իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը պէտք է նկատուի ոչ թէ ընտրելի, այլ անբաժանելի մասնիկը հայ ինքնութեան պահպանման գործին մէջ:

Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի տեսուչ Թորոս սրկ. Պապիկեան ներկայացուց Կիրակնօրեայ դպրոցի առաքելութիւնն ու կենսաւորութիւնը` կարեւոր նկատելով անոր պատմական արմատներն ու պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

Դասագիրքերու հեղինակ Արշաւիր Գաբուճեան ներկայացուց եռահատոր դասագիրքերու պատրաստութեան ամբողջ գործընթացը` խօսելով դասագիրքի բովանդակութեան, աշխատանքային գրքոյկի եւ ուսուցիչի ուղղեցոյցի մասին: Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր աշակերտ, ուսուցիչ կամ հաւատացեալ, երբ սոյն երեք դասագիրքերը կարդայ, կարդացած կ՛ըլլայ ամբողջ Աստուածաշունչը:

Այնուհետեւ կատարուեցաւ գինեձօնի արարողութիւն, որմէ ետք սրբազան հայրը արտասանեց իր սրտի խօսքը: Ան վերարժեւորեց կրթական այս նոր նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը մեր համայնքային կեանքէն ներս` ընդգծելով, որ դաստիարակութիւնը հիմնաքարը կը կազմէ մեր եկեղեցւոյ, ժողովուրդին եւ սերունդներու գոյատեւման: Ան իր երախտագիտութիւնը արտայայտեց Շաքէ Կէօնճեանին, որ իր լուման դրաւ այս աստուածահաճոյ ծրագիրի իրականացման, ինչպէս նաեւ Արշաւիր Գաբուճեանին` իր կատարած բծախնդիր աշխատանքին համար:

Արժանթին

Բացուեցաւ ԹՈՒՄՕ–ի Պուէնոս Այրեսի Կեդրոնը

3 յուլիսին Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի մէջ բացումը կատարուեցաւ Հարաւային Ամերիկայի ԹՈՒՄՕ-ի առաջին կեդրոնին` ներկայութեամբ քաղաքապետ Խորխէ Մաքրիի, կրթութեան նախարար Մերսետես Միկելի եւ ԹՈՒՄՕ-ի գործադիր տնօրէնուհի Մարի Լու Փափազեանի: Նախագիծը իրականացուեցաւ Պուէնոս Այրես քաղաքին եւ կրթութեան նախարարութեան համագործակցութեամբ: Կեդրոնին մէջ ամէն շաբաթ կրնան 6000 պատանիներ ուսում ստանալ:

Նոր կեդրոնը կը գտնուի Հարաւային Ամերիկայի ձեւաւորման ամէնէն մեծ կեդրոնին մէջ` Centro Metropolitano de Diseno – CMD, որ կառուցուած է 2000-ականներու սկիզբը եւ կը զբաղեցնէ 14 հազար քառակուսի մեթր տարածք, նախատեսուած դասընթացքներու, ցուցադրութիւններու եւ ձեռնարկներու համար:

2026-ին Պուէնոս Այրեսի հարաւային եւ հիւսիսային հատուածներուն մէջ պիտի բացուին ԹՈՒՄՕ-ի երկու կեդրոններ եւս` Արժանթինի մայրաքաղաքի պատանիներուն կարելիութիւն ընձեռելով ուսումնասիրել արհեստագիտութիւններու եւ ձեւաւորման մարզերը` անկախ իրենց ընկերային կարգավիճակէն:

Իտալիա

Իտալահայ Գրող Անթոնիա Արսլան Կը Մեծարուի Հայ–Իտալական Մշակութային Կապերու Ամրապնդման Մէջ Ունեցած Իր Ներդրումին Համար

8 յուլիսին Հայաստանի դեսպան Վլատիմիր Կարապետեան Փատովայի մէջ հանդիպում ունեցաւ իտալահայ գրող եւ հրապարակախօս Անթոնիա Արսլանի հետ:

Հանդիպումի  ընթացքին կողմերը քննարկեցին հայ-իտալական յարաբերութիւններուն, մշակութային կապերու զարգացման վերաբերող հարցեր:

Երախտագիտութիւն յայտնելով երկարամեայ բեղմնաւոր գործունէութեան համար` դեսպանը Արսլանին յանձնեց շնորհակալագիր` Հայաստանի եւ Իտալիոյ մշակութային կապերու ամրապնդման մէջ ունեցած վերջինիս ներդրումին եւ հայ մշակոյթը իտալացի հանրութեան ներկայացնելու անոր նշանակալի դերին համար:

Յունաստան

Հայկական Մշակոյթի Օրեր Ալեքսանտրուպոլսոյ Մէջ

Կազմակերպութեամբ Ալեքսանտրուպոլսոյ Թաղային խորհուրդին, 12 յուլիսին Ալեքսանտրուպոլսոյ «Ալթինալմազի» կեդրոնական բացօթեայ թատերասրահին մէջ  նշուեցաւ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ շինութեան մեկնարկի 150-ամեակը: Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Արմենուհի Գուրպանեան: Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին` Ալեքսանտրուպոլսոյ մետրոպոլիտ Անթիմոս, Քաղաքապետական խորհուրդի ատենապետը, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Սարգիս Տանկազեան եւ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Մարուքեանը, որոնք անդրադարձան քաղաքի հայ համայնքի պատմութեան եւ կարեւոր ներկայութեան շրջանին մէջ:

Օրուան բանախօսն էր պատմութեան ոլորտի գիտաշխատող եւ գիրքերու հեղինակ Լեւոն Տիլսիզեան: Ան ուրուագծեց Ալեքսանտրուպոլսոյ համայնքի պատմական շրջագիծը` ակնարկ մը նետելով 19-րդ դարէն հոն հաստատուած հայ զանգուածներուն եւ համայնքային սկզբնական կեանքին: Ան նշեց քաղաքի աշխարհագրական կարեւորութիւնը` ներգրաւելով հայկական ներկայութիւնը, ապա անդրադարձաւ Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք համայնքի կազմաւորման, որ ունեցաւ բեղուն գործունէութիւն եւ մշակութային ծաղկում: Ան նաեւ կատարեց ներկայ համայնքին եւ հայութեան ընկերային ու մշակութային դիմագիծի վերլուծումը:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան` Հայաստանի Ստեփանաւան քաղաքի «Անի պարային սթիւտիօ»-ի պատանիներու երկսեռ խումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Տաթեւիկ Իսպիրեանի եւ պարուսոյց Արթուր Միրզոյեանի, Քոմոթինիի մշակութային միութեան «Ուրարտու» խումբը, պարուսոյց` Ռուզաննա Զոհրապեան, Ալեքսանտրուպոլսոյ «Նռնենի» խումբը` ղեկավարութեամբ Նարինէ Շահզատեանի:

14 յուլիսին եկեղեցւոյ սրահին մէջ Թաղային խորհուրդը ճաշկերոյթով մը պատուեց բոլոր դերակատարները:

Զուիցերիա

Լոքառնոյի Ժապաւէններու Միջազգային Փառատօնին Բացումը Պիտի Կատարուի Թամարա Ստեփանեանի «Արթոյին Երկիրը» Ժապաւէնին Անդրանիկ Ցուցադրութեամբ

Փարիզաբնակ շարժապատկերի բեմադրիչ Թամարա Ստեփանեանի «Արթոյին երկիրը» ֆրանսահայկական ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութեամբ բացումը պիտի կատարուի Զուիցերիոյ Լոքառնօ քաղաքին մէջ, 6-16 օգոստոսին տեղի ունենալիք ժապաւէններու միջազգային փառատօնին: Ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի «Լա Փիազա Կրանտ» հրապարակին վրայ, ութ հազար հանդիսատեսներու համար: Ժապաւէնին դերասաններն են` Քամիյ Քոթեն, Զար Ամիր Էպրահիմի, Տընի Լաւան եւ Յովնաթան Աւետիքեան:

Ժապաւէնին ամփոփ պատումը Սելինը առաջին անգամ ըլլալով կ՛երթայ Հայաստան իր ամուսնոյն` Արթոյի մահուան պաշտօնական ձեւակերպումները կարգադրելու համար: Ան կ՛անդրադառնայ, որ Արթոն ստած է իրեն, պատերազմի մասնակցած եւ կեղծ ինքնութիւն որդեգրած է, իսկ անոր նախկին բարեկամները զայն դասալիք կը համարեն: Այսպիսով, Սելինին համար կը սկսի նոր ճամբորդութիւն մը` յայտնաբերելու համար Արթոյին անցեալը… 90-ականներու կռիւներուն մասնակցած եւ յաղթանակներ ապահոված, 2020-ի պատերազմի հաշմանդամներ… անվերջանալի պատերազմի մը յաճախանքը. կին մը ուրուական մը կը հետապնդէ: Ինչպէ՞ս ընել զայն թաղելու համար: Արդեօք կարելի՞ է մեռեալները փրկել:

Թամարա Ստեփանեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ այս մէկը ուրախութիւն եւ հպարտութիւն է իրեն համար, եւ  շատ կարեւոր է Հայաստանի համար` շնորհակալութիւն յայտնելով ժապաւէնին ստեղծագործական կազմին եւ բոլոր աջակցողներուն:

Նշենք, որ Զուիցերիոյ Թիչինօ գաւառի Լոքառնօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող այս փառատօնը Եւրոպայի մէջ չորրորդն է` Քաննի, Վենետիկի Պիենալի եւ Պերլինի փառատօներու շարքին:

 

 

 

Նախորդը

Եղանակի Հիւանդութիւններէն. Արեւահարութիւնը

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի Միամեայ Գործունէութիւնը

RelatedPosts

Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Օգոստոս 7, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 31, 2025
«Global Icon Award (Music) 2025»-ի «Global Symbol» Մրցանակը Շնորհուած Է Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեանին
Գաղութէ Գաղութ

«Global Icon Award (Music) 2025»-ի «Global Symbol» Մրցանակը Շնորհուած Է Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեանին

Յուլիս 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?