Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Օգոստոս 21, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

Ուաթըրթաունի Մէջ Բացում Արշիլ Կորքիի «Անցք» Որմազդին

Վերջերս, ի յիշատակ հայազգի հանրածանօթ նկարիչ Արշիլ Կորքիի, տեղի ունեցաւ այս առիթով յատուկ «Անցք» անունով որմազդի բացման հանդիսութիւնը:

Գործը, որ տեղադրուած է «Կրով սթրիթ»-ի անցուղիին մօտ, կը պատկանի Պրանտըն Կայա Մարշըլի, որուն օժանդակած են աշակերտներ Իզապել Կորհըմ եւ Չարլըթ:

Որմազդը հովանաւորած է շրջանի «Ուաթըրթաուն սէյվինկզ» դրամատունը եւ տեղադրուած է Կորքիի բնակած տան մօտակայքը:

Աւազանի անունով Ոստանիկ Ատոյեան` Կորքի հիմնական դեր ունեցած է գեղանկարչութեան վերացական արտայայտչապաշտ ուղղութեան վրայ: Ան կը նկատուի Միացեալ Նահանգներու ամէնէն ազդեցիկ նկարիչ-գծագրիչներէն մէկը: Կորքիի գործերը Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին իր ապրած տառապանքին եւ կրած կորուստներուն ազդեցութիւնը կը կրեն:

Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի Անգլերէն Նոր Հատորը` «Տը Քալըր Աֆ Չոյս»

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան վերջերս լոյս ընծայած է անգլերէն կարեւոր աշխատութիւն մը` «Տը  քալըր աֆ չոյս». Տի արմինիընզ էնտ տը փոլիթիքս աֆ ռէյս ին տի Եունայթըտ Սթէյթս էնտ Ճըրմընի (1890-1945)» (Ընտրութեան գոյնը. հայերը եւ ցեղային քաղաքականութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ Գերմանիոյ մէջ (1890-1945):

Սոյն աշխատութիւնը հրատարակած է գերմանական Brill | Schöningh հրատարակչատունը, որ հոլանտական համբաւաւոր «Պրիլ» հրատարակչական հաստատութեան անդամներէն մէկն է: Գիրքը երկրորդ հրատարակութիւնն է «Հայոց պատմութիւն եւ մշակոյթ» նոր մատենաշարին, զոր կը վարեն պատմաբաններ Աշոտ Հայրունի եւ Ռոպերթ Սուքիասեան:

Դոկտ. Մատթէոսեանի այս գործը առաջին անգամ ըլլալով ընթերցողին կը ներկայացնէ Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու անմարդկայնութեան եւ ցեղապաշտութեան պատմութիւն մը, որ վեր կ՛առնէ հայերու անցանկալի կարգավիճակը յատկապէս երկու աշխարհամարտերուն միջեւ: Անոնք պարտաւոր էին փաստել իրենց «ազատ սպիտակ անձեր» ըլլալու հանգամանքը Միացեալ Նահանգներու մէջ` երկու անգամ կանգնելով դատարաններուն առջեւ (1909 եւ 1924): Նացիական Գերմանիոյ մէջ պէտք էր փաստէին «արիական ցեղ»-ին պատկանելիութիւնը` իրենց գոյութիւնը պահպանելու համար: Գիրքը կը շրջագծէ այս բոլոր իրադարձութիւնները Ամերիկայի սպիտակութեան ու գաղթականութեան վէճերու եւ Գերմանիոյ օտարատեաց խօսոյթի ծիրին մէջ: Առաջինները յանգած են 1924-ի գաղթականութեան օրէնքին, որ նուազագոյնի իջեցուցած է արեւելեան ու հարաւարեւելեան Եւրոպայէն ու արեւմտեան Ասիայէն գաղթականներու, ներառեալ` հայերու թիւը, իսկ երկրորդը հայերն ու հրեաները նոյնացուցած է նացիականութեան օրերէն առաջ եւ անոնց ընթացքին:

«Փրոճեքթ Սէյվ»-ի Յիսնամեակին Առիթով 500 Հազար Տոլարի Նուիրատուութիւն

Վերջերս Մասաչուսեցի մէջ հիմնուած «Փրոճեքթ սէյվ» լուսանկարներու արխիւը, որ այս տարի կը տօնէ իր յիսնամեակը, 500 հազարի նուիրատուութիւն մը ստացաւ:

Մի ոմն խոստացած է 400 հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը: Իսկ Նիւ Եորքէն բարերար Սապին Հրեշտակեան նուիրած է 50 հազար եւ մաս կը կազմէ Հոգաբարձու խորհուրդին: Նիւ Եորքէն մի ոմն մը եւս, ի յիշատակ Միքայէլ եւ Քաթրին Հալէպեաններուն, նուիրած է 50 հազար  տոլար:

«Փրոճեքթ սէյվ»-ի գործադիր տնօրէն Արթօ Վոն դիտել տուաւ, որ սոյն օժանդակութիւնները կը հաստատեն հիմնարկի առաքելութեան կարեւորութիւնն ու առաջնահերթութիւնը եւ կ՛երաշխաւորեն  Հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի պահպանման շարունակականութիւնը` յաջորդ սերունդներու համար:

Ան շեշտեց, որ այս նուիրատուութիւնները արդիւնք են «Փրոճեքթ սէյվ»-ի յիսնամեակի ծիրէն ներս նախաձեռնուած յատուկ քայլերու, որոնք նպատակ ունին հիմնարկին գործունէութիւնը ծանօթացնել աւելի լայն շրջանակի մը, որ մասնակից է հայկական մշակոյթի պահպանման, լուսանկարչութեան եւ ընդհանրապէս ներգաղթի պատմութիւններու արժեւորումին: Ան ըսաւ, որ ստացուած միջոցները պիտի ծառայեն` աւելի լայնածաւալ հաղորդակցութեան, դրամահաւաքներու ամրապնդման, արհեստագիտական կարեւոր արդիականացումներու եւ նոր լիաժամ արխիւագէտի պաշտօնի ստեղծման,  աւելցնելով, որ այս նուիրատուութիւնները սկիզբն են աւելի ընդարձակ ու կայուն զարգացման ծրագրի մը: Անոնք հրաւէր մըն են բոլոր անոնց, որոնք հոգ կը տանին հայկական ժառանգութեան, մշակութային յիշողութեան ու ներգաղթի փորձառութեան` միանալու «Փրոճեքթ սէյվ»-ի առաքելութեան շուրջ:

Այս նիւթական օժանդակութիւններուն կողքին «Փրոճեքթ սէյվ»-ը վերջերս ստացաւ նաեւ կարեւոր արխիւային գործեր: Արաբական լուսանկարներու հիմնարկի համահիմնադիր եւ ժամանակակից հայկական շարժապատկերի աշխարհի կարեւոր դէմքերէն Նիկոլ Պեզճեան հիմնարկին տրամադրեց իր մօտ գտնուող հազարաւոր լուսանկարներ: Անոր հաւաքածոն կ՛ընդգրկէ ընտանեկան արխիւներ, իր պատրաստած ժապաւէններէն լուսանկարներ եւ անձնական գործեր: Պեզճեան ըսաւ, որ սոյն լուսանկարները կը պահպանեն յիշողութիւնն ու ինքնութիւնը եւ կը պարունակեն մշակութային ու պատմական տուեալներու յիշատակելի հարստութիւն եւ քանակ: Ան հաստատեց, որ այս քայլը պիտի ներշնչէ այլ հայ արուեստագէտներ, որպէսզի պահպանեն իրենց ժառանգութիւնը:

Բժիշկ եւ մարդասիրական գործիչ Քարոլան Նաճարեան, իր կարգին, նուիրեց տասնամեակներու լուսանկարներ, որոնք ինք եւ կողակիցը հաւաքած էին 1989-էն 2012-ի միջեւ իրականացուած յիսունէ աւելի մարդասիրական առաքելութիւններէն` դէպի Հայաստան եւ Արցախ: Նաճարեան շեշտեց, որ սոյն լուսանկարները կը դառնան պահպանուած պատմութեան մէկ մասը եւ կ՛երաշխաւորեն, որ հետազօտողները, ուսանողները եւ ապագայ սերունդները կարենան ականատես ըլլալ հայկական եւ մարդասիրական պատմութեան այս կարեւոր բաժնին:

Արթօ Վոն շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուներուն, որոնք իրենց ժառանգութիւնները պահպանելու համար կը վստահին «Փրոճեքթ սէյվ»-ին:

1975 թուականին Ռութ Թոմասեան հիմնեց «Փրոճեքթ սէյվ»-ը: Յիսուն տարի ետք այս հիմնարկը հաւաքած է 100 հազարէ աւելի բնօրինակ պատկերներ հայ ընտանիքներէն եւ համայնքներէն, որոնք կը ներկայացնեն` առօրեայ կեանքը, համաշխարհային իրադարձութիւնները, կրօնական արարողութիւններ եւ հանդիպումներ քաղաքական առաջնորդներու, արուեստագէտներու, գրողներու եւ ազատամարտիկներու հետ:

Թոմասեանի հանգստեան կոչուելէ ետք Արթօ Վոն նշանակուեցաւ գործադիր տնօրէն եւ նախաձեռնեց «Փրոճեքթ սէյվ»-ի առաջին մնայուն հանրային կեդրոնը ստեղծելու աշխատանքը` գրասենեակներով, կլիմայական պայմաններու հսկողութեամբ պահոցներով եւ ցուցասրահով:

«Փրոճեքթ սէյվ»-ը երախտագիտութիւն կը յայտնէ փաստաբան Գառնիկ Գէրկոնեանին եւ անոր «Գէրկոնեան Տաժանի» ընկերութեան անձնակազմին` 400 հազար տոլարի արժողութեամբ նուիրատուութեան գործընթացը իրականացնելու աշխատանքին մէջ:

Քանատա

Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցի Այցելեց Լիբանանի Հայկազեան Համալսարանի Տնօրէն Վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան

6 օգոստոսին Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցի այցելեց Լիբանանէն ժամանած Հայկազեան համալսարանի տնօրէն վեր. Փոլ Հայտոսթեան` ընկերակցութեամբ Թորոնթոյի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ պատ. Զոհրապ Սարգիսեանի եւ միջյարանուանական մարմինի ատենապետ Յակոբ Ճամպազեանի:

Հիւրերը դիմաւորուեցան եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գարեգին ծ. վրդ. Շխրտմեանի, եկեղեցւոյ հովիւ Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեանի եւ Մանօ սրկ. Ճենանեանի կողմէ:

Հայր սուրբը բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ ամփոփ կէտերու մէջ բացատրութիւն տուաւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ հոգեւոր ծառայութեան մասին:

Այցելութեան աւարտին գոհաբանական աղօթք արտասանուեցաւ բոլորին կողմէ:

«Արմէն Կարօ Եւ Շաքէ Կէօնճեան» Կեդրոնի Բարենորոգուած Շրջափակին Բացումը

4 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Մոնրէալի «Արմէն Կարօ եւ Շաքէ Կէօնճեան» կեդրոնի բարենորոգուած շրջափակին բացումը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանի, Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հայրենակիցներու:

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Գաթարոյեան: Ան ըսաւ, որ աւելի քան տասնեակ մը տարիներ առաջ, երբ կեդրոնի դիմացի սոյն տունը տրամադրելի դարձաւ, «Միհրան Փափազեան» կոմիտէն քաջ գիտնալով անոր գնման անհրաժեշտութիւնը` առիթը չփախցուց եւ տէր դարձաւ այս կալուածին, յիշեցնելով, որ նշեալ կեդրոնը հաւաքավայր դարձած է գաղութին ծառայող յարակից միութիւններուն: Ան յայտնեց, որ երբ կոմիտէութիւնը շրջափակը նորոգելու ծրագիրը մէջտեղ բերաւ, Շաքէ Կէօնճեան եւ անոր ընտանիքը, ինչպէս միշտ, պատրաստակամութիւն յայտնեցին հոգալու վերանորոգման բոլոր ծախսերը:

Գաթարոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն եւ օժանդակողներուն:

Ապա Շաքէ Կէօնճեանի եւ Զաւէն Կէօնճեանի ձեռամբ կատարուեցաւ ժապաւէնի հատումը:

Նոր Ջուղա

Համագործակցութիւն Նոր Ջուղայի Սուրբ Ամենափրկիչ Վանքի «Ս. Ներսէս Շնորհալի» Եւ Թեհրանի Հայ Մշակութային «Սիփան» Միութեան «Պարոյր Սեւակ» Գրադարաններու Միջեւ

2025 մայիսին մեկնարկեց Հայ մշակութային «Սիփան» միութեան «Պարոյր Սեւակ» գրադարանի աւելի քան 10 տարի դադրեցուած վերաշխուժացման աշխատանքը:

Այս ուղղութեամբ միութեան գրադարանի յանձնախումբի դիմումով Նոր Ջուղայի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում միութեան գրադարանի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Ժիզեթ Տէր Օհանեանի եւ Նոր Ջուղայի Ս. Ամէնափրկիչ վանքի «Ս. Ներսէս Շնորհալի» գրադարանի տնօրէն Վերգինէ Միրզախանեանի միջեւ:

Երկօրեայ համատեղ աշխատանքի ընթացքին տեղի ունեցաւ միտքերու եւ փորձառութիւններու փոխանակում ու սկիզբ առաւ երկու կեդրոններու համագործակցութիւնը` ապագայ ծրագիրներու իրականացման ուղղութեամբ:

 

Նախորդը

Նուռին Խորհուրդը Հայերուս Մէջ

Յաջորդը

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞

RelatedPosts

Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Օգոստոս 7, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 31, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?