Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Քանատա
Սարգիս Զէյթլեանի Կիսանդրիի Տեղադրման Արարողութիւն
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէին եւ մասնակցութեամբ շրջանի եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ու Լաւալի Հայ կեդրոնին մէջ գործող բոլոր քոյր ուղեկից կազմակերպութիւններուն, կիրակի, 3 օգոստոս 2025-ին, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ պատարագի, հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Լիզպոնի 5-ին նահատակութեան 42-ամեակին առիթով: ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէին կողմէ ծաղկեպսակը դէպի խորան առաջնորդեցին ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու անդամները:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, դարձեալ ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէին կազմակերպութեամբ, ներկաները համախմբուեցան Լաւալի Հայ կեդրոնին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ գաղափարի մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի տեղադրման արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան անոր եղբայրը` Հայկազ Զէյթլեան եւ իր ընտանիքը: Կիսանդրին կերտուած է քանատահայ արուեստագէտ Յակոբ Ճանպազեանի կողմէ:
Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրանդ Թաշճեան` ընդգծելով, որ Ս. Զէյթլեան իր ողջ կեանքի ընթացքին մնաց նուիրեալ` հայ ժողովուրդի Դատին եւ այդ ճամբուն վրայ ընտրեց դաշնակցական ոգին, գաղափարի գործիչի ուղին: Ան իր խօսքը եզրափակեց` հաստատելով, որ Ս. Զէյթլեան «պայթեցուց լռութիւնը, Լիզպոնը պայթեցուց լռութեան պատերը», եւ որ` այս կիսանդրին վկայութիւնը պիտի ըլլայ նաեւ արժանապատուութեան, պայքարի եւ ապագայի յաղթանակներու եւ` ոչ միայն անցեալի մաքառումներու եւ նահատակութեան:
Կիսանդրիի տեղադրման արարողութեան իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ, Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` կեդրոնանալով Սարգիս Զէյթլեանի բազմակողմանի գործունէութեան հաւաքական աշխատանքի եւ գործելակերպի նկատմամբ անոր ունեցած հաւատքին վրայ: Ան մասնաւորաբար շեշտեց, որ Զէյթլեան կը հաւատար գիտակից սերունդներու դաստիարակութեան, եւ իր արտայայտած մտքերն ու դրսեւորումները ներշնչման աղբիւր հանդիսացան, եւ մասնաւորաբար դաշնակցական երիտասարդութիւնը տոգորեցին ազգային գաղափարական ոգիով:
Կիսանդրիի տեղադրման արարողութիւնը աւարտեցաւ Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յակոբ քհնյ. Գեադայեանի աղօթքով:
Փորթուկալ
Գալուստ Կիւլպէնկեանի Մահուան 70-րդ Տարելից
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան հրաւիրուած էր Լիզպոն` մասնակցելու հայազգի նշանաւոր գործարար եւ բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի մահուան 70-ամեակի յիշատակին նուիրուած աւանդական ձեռնարկներուն: Այդ առիթով, յուլիս 18-ի առաւօտեան, սրբազան հայրը այցելած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւն, ուր հանդիպում ունեցած է հիմնարկութեան նախագահ Անթոնիօ Ֆէյժոյի եւ հիմնարկութեան Հայկական բաժինի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի հետ:
Նոյն օրը` São Sebastião da Pedreira եկեղեցւոյ մէջ Գալուստ Սարգիսի Կիւլպէնկեանի հոգիի խաղաղութեան համար տեղի ունեցաւ եկեղեցական արարողութիւն, որուն ընթացքին Խաժակ սրբազան «Հոգւոցն հանգուցելոց» աղօթք կատարեց եւ իր ուղերձը յղեց: Ան գովեստով խօսեցաւ հիմնարկութեան գործունէութեան մասին` նշելով, որ ան նախագահ Ֆէյժոյի առաջնորդութեամբ կրցած է նորարարութիւն ներմուծել, հիմնարկութեան արժէքներուն հաւատարիմ մնալով հանդերձ:
Ելոյթի կարեւոր պահերէն էր ապագայ սերունդներու նկատմամբ պատասխանատուութեան շեշտադրումը. «Ձեր ծրագիրներէն օգտուող երիտասարդները պէտք է կարենան այդ ձեռնարկներուն զգալ Կիւլպէնկեանի արժէքներու կենդանի շունչը: Այդ կերպ հիմնադիրին պատգամը եւ ձգած ժառանգութիւնը պէտք է գոյատեւեն ժամանակին ընդառաջ»:
Երեկոյեան սրբազանը մասնակցեցաւ հիմնարկութեան նուագախումբի տօնական համերգին:
Կիրակի, յուլիս 20-ին քաղաքի եւ շրջակայ վայրերու հայ հաւատացեալները մեծ գոհունակութեամբ մասնակցեցան São Sebastião da Pedreira եկեղեցւոյ մէջ սրբազան հօր ձեռամբ մատուցուած պատարագին` նուիրուած Պայծառակերպութեան (Վարդավառի) տօնին: Սրբազան հօր սպասարկեց Սպանիոյ եւ Փորթուգալի հոգեւոր հովիւ Թորոս քհնյ. Եսայեան: Պատարագէն ետք համայնքի անդամները սրբազանին գլխաւորութեամբ համախմբուեցան եկեղեցւոյ բակը կազմակերպուած տօնական սեղանին շուրջ, մտերմիկ ու բարեկամական մթնոլորտի մէջ:
Յունաստան
Լիզպոնի Գործողութեան 42-Ամեակի Նշում
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան, 27 յուլիսին տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 42-ամեակի նշում:
Նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեանի, Նէոս Քոզմոսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը անդրադարձաւ Լիզպոնի սխրագործութեան` նշելով հայրենիքի իտէալին հանդէպ հաւատարմութեան գիտակցութիւնը: Ան նշեց, որ ազատութեան եւ անկախ ապրելու գիտակից ըմբռնումները պատեցին հինգ հերոսներու աշխարհահայեացքը, որոնք իրենց զոհաբերութեան մէջէն ամէնուր տարածեցին զարթնումի ուղերձը եւ հայ ժողովուրդի դիմադրողականութեան ուժը: Ան կոչ ուղղեց` ներշնչուելու անձնազոհ մարտիկներու գիտակից զոհաբերութենէն եւ բոլորանուէր կամքով լծուելու հայրենիքի ծառայութեան վսեմ նպատակին:
Պատարագի աւարտին ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան անունով ուղերձ արտասանեց Օննիկ Պետրոսեան: Ան ըսաւ, որ 42 տարի ետք տակաւին լոյսը չէ մարած եւ այսօր կանգնած ենք նոր ժամանակի առջեւ, բայց նաեւ` յիշողութեան առջեւ: Ան դիտել տուաւ, որ Լիզպոնի հինգ երիտասարդներուն գործը պատահական միջադէպ մը չէր, այլ` քաջ արարք մը, որ նոր զէնքեր տուաւ հայութեան ու աշխարհին պարտադրեց արդարութեան համար մղած ամբողջ մեր ժողովուրդի պայքարը: Պետրոսեան հաստատեց, որ 42 տարիներ ետք ներկայ աշխարհի աղմուկին մէջ այդ ձայնը դեռ կը լսուի խուլ, բայց մշտական, աւելցնելով, որ հայ երիտասարդութիւնը կը լսէ պատգամը, որ ուղղակիօրէն իրեն կ՛ուղղուի Լիզպոնի արարքէն, մնալ քաջ, գիտակից, պահանջատէր եւ սկզբունքային եւ երբեք չզիջիլ ճնշումներուն կամ պայմաններուն բերումով: Ան շեշտեց, որ Հայ դատի պայքարը արդար պայքար է, ամբողջ ազգի մը համար արժանապատուութեան եւ արդարութեան համար մղուած պայքար է, աւելցնելով, որ պայքարը փոխած է ձեւը, բայց` ոչ նպատակը: Ան հաստատեց, որ պիտի չմոռնանք եւ պիտի չընկրկինք, որովհետեւ իրենց գործը ժառանգութիւն ձգեց մեզի, որ հպարտութիւն, բայց նաեւ պարտաւորութիւն է մեզի համար:
Իտալիա
Միջազգային Փառատօնին Արցախի Պետական Համոյթները Մասնակցեցան` Պարզելով Հայաստանի Ու Արցախի Դրօշները
Յուլիս 31-ին Իտալիոյ Սիկիլիոյ շրջանի Մեսսինա նահանգի Ռոքալումերա քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ միջազգային ազգագրական փառատօնին: Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Արցախի պարի եւ ազգային նուագարաններու պետական համոյթները մասնակցեցան` պարզելով Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակները:
Քանի մը տասնեակ երկիրներէ մշակութային պատուիրակութիւնները իրենց ազգային տարազներով մասնակից դարձան այս շքերթին, որուն ընթացքին հնչեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը:
Արցախի մշակոյթի պահպանման կեդրոնէն կը հաղորդեն, որ Արցախի դրօշին ծածանման ակնառու պահը յուզիչ եւ խորհրդանշական էր պատուիրակութեան համար` իբրեւ մշակութային ինքնութեան եւ շարունակականութեան հաստատում միջազգային հարթակին վրայ: «Մեր պատուիրակութիւնը արժանացաւ հանդիսատեսի ջերմ ընդունելութեան եւ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց կազմակերպիչներու ու միջազգային գործընկերներու շրջանակին մէջ», ի միջի այլոց նշուած է կեդրոնի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: