Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Լիբանանի Դեսպանի Բարի Երթի Այցելութիւն

30 յունիսին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Մեսրոպ արք. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Ազգ. վարչութեան ատենապետ Բագրատ Պալապանեանի եւ Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեանի, այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպան Ֆուատ Շհապ Տանտանի` բարի երթ մաղթելու, նկատի ունենալով անոր դիւանագիտական պաշտօնին աւարտը:

Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց դեսպանին աւելի քան եօթը տարիներու մատուցած ծառայութիւնը ընդհանրապէս Լիբանանի Հանրապետութեան եւ յատկապէս` ցուցաբերած օժանդակութիւնը եւ զօրակցութիւնը Ազգային առաջնորդարանին եւ հայ համայնքին: Սրբազանը հաստատեց դեսպանին ունեցած դրական կեցուածքը շրջանին մէջ հաստատուած հայ համայնքի նկատմամբ եւ անոր մնայուն պատրաստակամութիւնը եւ օժանդակութիւնը, եւ մաղթեց անոր յարատեւ վերելք ու աւելի բարձր պաշտօններու արժանացում:

Դեսպանը, իր կարգին, գոհունակութիւն յայտնեց այցելութեան համար` ողջունելով սրբազան հայրը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, յայտնելով իր պատրաստակամութիւնը` ջերմ յարաբերութիւնները շարունակելու թեմին եւ կաթողիկոսարանին հետ:

Քանատա

ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանի 35-Ամեակը

Նախաձեռնութեամբ ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ 35-ամեակի յանձնախումբին, 28 յունիսին Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ» մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Քանատայի անկախ շրջան դառնալուն 35-ամեակի հանդիսութիւն-ճաշկերոյթը` նախագահութեամբ Շաքէ Կէօնճեանի:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՕՄ-ի Մոնրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի անդամ Անի Թաշճեան, որ ըսաւ, թէ Հայ օգնութեան միութեան ներկայութիւնը Քանատայի մէջ խորունկ արմատներ ունի, եւ իր գործունէութիւնը սերտօրէն առնչուած է Քանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ հայ գաղութի կազմաւորման զանազան փուլերուն հետ: Ան դիտել տուաւ, որ ներկայիս տասը մասնաճիւղեր կը գործեն Քանատայի տարածքին: Ան հաստատեց, որ ՀՕՄ-ի Քանատայի շրջանը իր իւրայատուկ դրոշմը դրած է ՀՕՄ-ի համահայկական բոլոր ծրագիրներուն վրայ, կատարելապէս արժեւորած է իր առաքելութիւնը` ամէնուրեք սփռելով իր առատաձեռն բարիքները:

Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան իր օրհնութեան խօսքին մէջ ըսաւ, որ ՀՕՄ-ը ժողովուրդին ծոցէն ծնած, նոյն ժողովուրդին ծառայելու յանձնառութեամբ կը սկսի իր ճանապարհը, եւ այդ ճանապարհը ահաւասիկ 115 տարուան ճանապարհ մըն է: Կեանք մը, որ լի է` ամբողջանուէր ծառայութեամբ, սիրոյ, նուիրումի ու անշահախնդիր ծառայութեան:

ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Փալանճեան շեշտեց, որ ՀՕՄ-ը այսօր նախանձելի կազմակերպութիւն մըն է երեք առումով. առաջին` ՀՕՄ-ի առաքելութեան հաւատացողներու բանակի ուռճացումով ու հզօրացումով, երկրորդ` ՀՕՄ-ի կազմակերպութեան ունեցած հսկայ կառոյցով, երրորդ` ՀՕՄ-ի անդամական շարքերուն մէջ գործող ընկեր-ընկերուհիներու անսակարկ նուիրումով, աւելցնելով, որ այս կարեւոր տարեդարձին պէտք է խոստանանք շարունակել մեր սերտ գործակցութիւնը, հաւատարիմ մնանք մեր սկզբունքներուն, որպէսզի միասին ապահովենք ոչ միայն ՀՕՄ-ի պայծառ երթը, այլ նաեւ` մեր բոլորիս երթը, մեր գաղութի պայծառ ապագան:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Քանատայի շրջանի ներկայացուցիչ Արմինէ Կարապետեան մաղթեց, որ Քանատան, ինչպէս վերջին 35 տարիներուն, շարունակէ նոյն աշխուժութեամբ կամաւոր իր առաքելութիւնը:

Օրուան նախագահ Շաքէ Կէօնճեան իր սրտի խօսքին մէջ գնահատեց բոլոր  ՀՕՄ-ուհիները, որոնք իրենց ընտանեկան ու անձնական ժամերը նուիրեցին ՀՕՄ-ի սուրբ գործին:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ ՀՕՄ-ի Քանատայի շրջանի 35-ամեայ գործունէութիւնը ծանօթացնող տեսերիզ մը, որուն յաջորդեց 35-ամեակի մրցանակներու տուչութիւն:

Միացեալ Նահանգներ

ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան Մարզախաղերու «Յաղթանակի Պարահանդէս»-ը

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, 28 յունիսին «Ֆերմոնտ Սենչըրի Փլազա» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նաւասարդեան 48-րդ մարզախաղերու «Յաղթանակի պարահանդէս»-ը` «Միասնութիւն, յաղթանակ եւ տօնակատարութիւն» նշանաբանով:

Ձեռնարկին կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետ Սիւզի Ծերունեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Փիեր Մանուկեան ողջունեց ներկաները եւ դրուատեց Նաւասարդեան 48-րդ մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Վահագն Թովմասեանի նուիրումը եւ ղեկավարութիւնը: Պարահանդէսին ընթացքին մեծարուեցաւ Նաւասարդեան 48-րդ մարզախաղերու տիպար ՀՄԸՄ-ական, Ինլընտ Էմփայըրի «Արազ» մասնաճիւղէն Վազգէն Գալայճեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մեծարումին համար` յայտնելով, որ ՀՄԸՄ-ի «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանով ծառայելը իրեն համար մեծ պատիւ եւ վստահութիւն է:

Ապա տեղի ունեցաւ Նաւասարդեան խաղերու նախագահին ժապաւէնին փոխանցումը Մայք եւ Եւելինա Սարեան ամոլէն Ճան եւ Սինթիա Անտոնեան ամոլին, որուն ընթացքին Մայք Սարեան յայտնեց, թէ Անտոնեանները կը հանդիսանան նուիրումի եւ տեսլականի մարմնացում` դրուատելով ՀՄԸՄ-ի նկատմամբ անոնց քաջալերող եւ իսկական սէրը:

Ճան Անտոնեան հպարտութեամբ եւ համեստութեամբ յայտնեց, որ ինք եւ իր կինը մեծ պատիւ կը համարեն իրենց այս դերը` դրուատելով անմնացորդ նուիրումը կամաւորներուն, որոնք կենսական ուժը կը հանդիսանան Նաւասարդեան մարզախաղերուն:

Տօնակատարութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ դրամահաւաք:

Նշենք, որ Նաւասարդեան 48-րդ մարզախաղերուն փառատօնը տեղի ունեցաւ 3-6 յուլիսին, Պըրմինկհեմ վարժարանին մէջ, մասնակցութեամբ զանազան արուեստագէտներու:

Յունաստան

Սիրիզա Կուսակցութեան Նախագահը Այցելեց Թեսաղոնիկէի Հայկական Կեդրոն

Անցեալ շաբաթ ՍԻՐԻԶԱ կուսակցութեան նախագահ Սոքրաթիս Ֆամելոս, ընկերակցութեամբ Թեսաղոնիկէի շրջանի երեսփոխաններ Քաթերինա Նոթոփուլուի եւ Խրիսթոս Եանուլիսի, այցելեց Թեսաղոնիկէի հայկական համայնքի կեդրոն եւ տեսակցութիւն ունեցաւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի, տեղական «Յ. Գասապեան» կոմիտէի եւ Հայ դատի յանձնախումբի անդամներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան հայութեան եւ հայկական գաղութին հետ աղերս ունեցող հարցեր:

Առաջին հերթին հայկական կողմը ներկայացուց Արցախի հիմնախնդիրի պատմական զարգացումը` շեշտելով Ազրպէյճանի յարձակողապաշտութեան վրայ, որ յանգեցաւ Արցախի շրջափակման ու հայաթափման: Անոնք նշեցին, թէ բացի հայ ժողովուրդի կրած ցեղասպանութենէն ու իր սեփական հողերու կորուստէն` Ազրպէյճան հետեւողականօրէն կ՛անհետացնէ հայկական մշակութային բազմադարեան հետքերը եւ կը խեղաթիւրէ պատմական ճշմարտութիւնը, եւ խստօրէն դատապարտեցին յունական կուսակցութեան երեսփոխանի այցելութիւնը Արցախի բռնագրաւեալ հողեր` մաս կազմելով ազրպէյճանական քարոզչական արշաւին, նաեւ` պահանջելով, որ նման պարագաներու յոյն ներկայացուցիչները պէտք է աւելի զգուշ եւ աչալուրջ ըլլան Ազրպէյճանի ծաւալած քարոզչութեան հանդէպ, որ նպատակ ունի խեղաթիւրել հայկական պատմական եւ իրաւական խնդիրները:

Անդրադարձ եղաւ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համագործակցութեան` նշելով քաղաքական եւ իրաւական գործընթացը, որ ներկայիս կ՛իրականացուի երկու կողմերէն:

Խօսակցութեան նիւթ եղաւ նաեւ Թեսաղոնիկէի հայ համայնքի գործունէութիւնը` անոր հասարակական, կրթական եւ մշակութային երեսներով: Յատուկ նշում եղաւ Հ. Գ. Խաչի Ծաղկոցին մասին` ընդգծելով նաեւ կարգ մը խնդիրներուն մէջ յունական կողմին զօրավիգ կանգնելու անհրաժեշտութիւնը:

Այցելութենէն ետք ՍԻՐԻԶԱ-ի նախագահի մամլոյ գրասենեակը յայտարարութիւն տարածեց, որուն մէջ ան կը նշէ երկու ժողովուրդներու բազմադարեայ պատմութիւնը, յատկապէս` Օսմանեան կայսրութեան ցեղասպանութենէն մինչեւ տարագրութիւն:

Ան նշեց, թէ իր քաղաքական միաւորումը կը դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութինը, ինչպէս նաեւ` Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը Արցախի վրայ, ապօրինի ներխուժումը եւ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանումը իր օճախէն: Յայտարարութիւնը յայտնեց իր հակառակութիւնը ռազմական գործողութիւններուն եւ կը դատապարտէ միջազգային ընտանիքի մեղսակից լռութիւնը: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ կուսակցութիւնը միշտ կանգնած է հայ ժողովուրդի եւ անոր արդար իրաւունքներու կողքին:

 

 

 

 

 

Նախորդը

10 Նշան, Որ Դուք Բաւարար Ջուր Չէք Խմեր

Յաջորդը

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Խոնարհութիւնը Ապացուցող Փաստագրական Հրապարակում

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?