Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 17, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

Արցախահայութեան Վերադարձի Իրաւունքի Իրացման Մասին Զուիցերիական Նախաձեռնութեան Նուիրուած Ներկայացուցչական Քննարկում Քոնկրեսին Մէջ

8 յուլիսին Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին մէջ տեղի ունեցաւ  քոնկրեսական ճեպազրոյց` նուիրուած բռնի տեղահանուած արցախահայութեան հաւաքական եւ պաշտպանուած վերադարձը կազմակերպելու զուիցերիական խաղաղութեան նախաձեռնութեան, մասնակցութեամբ` աւելի քան Քոնկրեսի 200 աշխատակիցներու, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու, նախկին դիւանագէտներու եւ փորձագէտներու:

Բանախօսներն էին` Զուիցերիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներ Էրիխ Ֆոնտոպել եւ Լուքաս Ռէյման, Միջազգային քրիստոնէական համերաշխութիւն կազմակերպութեան նախագահ Ճոն Էյպնըր, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան:

Բանախօսութիւնը սկսաւ ծերակուտական Քրիս Սմիթի գրասենեակի ղեկավար Մարք Միլոշ: Բանախօսներէն իւրաքանչիւրը անդրադարձաւ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրաւական, դիւանագիտական եւ մարդկային կողմերուն:

Իր կարգին, Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան նշեց, որ իրական խաղաղութիւնը` կայուն եւ երկարաժամկէտ, չի կրնար Հայաստանին պարտադրուիլ զէնքի սպառնալիքով` մարդու իրաւունքներուն, միջազգային իրաւունքին եւ Արցախի բնիկ հայկական բնակչութեան հաշուոյն,  աւելցնելով, որ «խաղաղութեան պայմանները», որոնք այժմ կը պարտադրուին Երեւանին` որպէս միակողմանի հնազանդութիւն ցեղասպանական Ազրպէյճանին, պէտք է մերժուին: Անհրաժեշտ է ձեւաւորել նոր խաղաղութիւն` հիմք ունենալով արցախահայութեան ապահով վերադարձը իր հայրենիք:

Զուիցերիոյ պատգամաւոր Էրիխ Ֆոնտոպել ներկայացուց նախաձեռնութեան ծագումը` որպէս անձնական պարտաւորութիւն, որ ստանձնած էր 2024 թուականին` Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին, հանդիպելով Արցախէն տեղահանուած անձերու:

Պատգամաւոր Լուքաս Ռէյման ընդգծեց, որ Ազրպէյճանի գործողութիւնները կոպտօրէն կը խախտեն միջազգային իրաւունքը, նկատել տալով, որ արցախցի հայերու վտարումը միջազգային մարդկային իրաւունքի լուրջ խախտում է: Ան հաստատեց, որ  Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կայքին մէջ յստակօրէն կը նշէ, որ քաղաքացիական բնակչութեան դէմ յարձակումները եւ «բնակչութեան ապօրինի տեղահանումը պատերազմական յանցագործութիւններ են: Ան ըսաւ, որ ԵԱՀԿ-ը կրնայ կարեւոր դեր խաղալ, յատկապէս նկատի առնելով, որ Զուիցերիան 2026 թուականին կը ստանձնէ կառոյցի նախագահութիւնը, աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգները կրնան օգնել վերակենդանացնելու Մինսքի խումբը` նպաստելով հարկադիր տեղահանուածներու վերադարձին: Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան, որ ներկայիս կը համակարգէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբը, շեշտեց, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է յարգէ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները եւ յայտարարէ վերադարձի պայմանները` հիմնուած իրաւունքներու եւ երաշխիքներու վրայ,  աւելցնելով, որ ասիկա պարզապէս տեղական կամ ցեղային խնդիր չէ, այլ մարտահրաւէր է` ուղղուած միջազգային կարգին եւ մարդու իրաւունքներու նկատմամբ արեւմտեան յանձնառութիւններու արժանահաւատութեան:

Քանատա

Մոնրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Աղթամար» Պատկերագիրքի Շնորհահանդէսը

Կազմակերպութեամբ «Բաստրմաճեան հիմնադրամ»-ի Վարչական խորհուրդին եւ համագործակցութեամբ Համազգայինի Քեպեքի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան, պոլսահայ ՄԷԿ մշակութային միութեան եւ Թէքէեան մշակութային միութեան, 6 յունիսին Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հրայր Բազէ Խաչերեանի եւ Լիլիթ Խաչատրեանի «Աղթամար» պատկերագիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքը հրատարակուած է «Բաստրմաճեան հիմնադրամ»-ի մեկենասութեամբ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արէն Մելքոնեան, որ յայտնեց, թէ ինք վերջերս աւարտած է ՄըքԿիլ համալսարանի ճարտարապետութեան բաժանմունքը` մագիստրոսական կոչումով, որուն համար իր աւարտական թեզով ներկայացուցած է Հայաստանի երկրորդ ամենամեծ քաղաքի` Գիւմրիի մէջ ճարտարապետական իւրայատուկ ծրագիր մը: Ան ողջունեց նաեւ իր թեզի ղեկավար Վետանդա Պալպահատուրը եւ ՄըքԿիլ համալսարանի իր դասընկերները, որոնք ներկայ էին սոյն շնորհահանդէսին: Մելքոնեան յայտնեց, որ ինք «Բաստրմաճեան հիմնադրամ»-ի սաներէն է եւ վայելած` անոր առատաձեռն աջակցութիւնը: Ան ըսաւ, որ «Աղթամար» պատկերագիրքը յոյժ կարեւոր աշխատանք մըն է, որովհետեւ կը վկայէ Հայաստանի կրօնական ճարտարապետական հարուստ ժառանգութեան մասին:

Խօսք առաւ «Բաստրմաճեան հիմնադրամ»-ի Վարչական խորհուրդի ատենապետ Նուշիկ Էլոյեան, որ նախ ակնարկ մը նետելով հիմնադրամի գործունէութեան վրայ` ըսաւ, որ հիմնադրամը կ՛աջակցի Մոնրէալի հայազգի եւ հայկական երկրորդական վարժարանէ շրջանաւարտ համալսարանական ուսանողներուն` շնորհիւ իր կրթաթոշակային ծրագրին, որ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ ակադեմական գերազանցութեան եւ կամաւոր գործունէութեան, կը նպաստէ հայկական դպրոցներու կրթական նախագիծներուն եւ արդիականացման ծրագիրներուն, կ՛աջակցի անհատական կամ խմբային նախաձեռնութիւններու` հայկական ժառանգութեան պահպանման եւ յառաջխաղացման նուիրուած, ինչպէս նաեւ կը խրախուսէ երիտասարդներու կողմէ եւ իրենց նուիրուած նախաձեռնութիւնները, որոնք կը միտին անոնց համախմբման եւ հայկական ժառանգութեան խթանման:

Էլոյեան անդրադառնալով նաեւ հայկական մշակութային ժառանգութեան վերջերս առաւել եւս վտանգուած ըլլալուն` շեշտեց, որ այսօր անհրաժեշտ է հայկական մշակութային ժառանգութիւնը պահպանել եւ փոխանցել, եւ այս մէկը մեր հաւաքական պարտականութիւնն է: Ան ըսաւ, որ ներկայացուցած գիրքը կը վկայէ հայկական ճարտարապետական հարուստ ժառանգութեան եւ քրիստոնէական Հայաստանի պատմութեան մասին, որ փորագրուած է անոր հազար ու մէկ եկեղեցիներու քանդակուած որմնանկարներուն վրայ:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ պատկերագիրքի ստեղծման եւ անոր աշխատանքի գործընթացը ներկայացնող տեսերիզ մը:

Հրայր Բազէ Խաչերեան տեսերիզի եւ սահիկներու միջոցով նախ ներկայացուց գիրքին համահեղինակ Լիլիթ Խաչատրեանը, ապա մանրամասն բացատրութեամբ ներկայացուց գիրքին մէջ տեղ գտած տեղեկութիւններն ու պատկերները, յայտնեց, որ գիրքը արդիւնք էր 27 տարիներու ընթացքին 34 ուղեւորութիւններու դէպի Աղթամարի վանք: Ան անդրադարձաւ կարգ մը յայտնաբերումներու, որոնք ի յայտ եկած էին այս գիրքի պատրաստութեան շնորհիւ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հեղինակին կողմէ գիրքի մակագրում եւ վաճառք:

Իրան

12-Օրեայ Պատերազմէն «Արարատ» Մարզաւանի Կրած Վնասներու Գնահատումը

1 յուլիսին Իրանի նախագահի կրօնական համայնքներու հարցերով զբաղող յատուկ յանձնակատար հոճաթոլլահ Ալաւի այցելեց Թեհրանի «Արարատ» մարզաւան եւ ծանօթացաւ 12-օրեայ պատերազմին ռմբակոծութեան պատճառով վնասներ կրած բաժիններու իրավիճակին:

Մարզաւանի պատասխանատուները դիտել տուին, որ բացի փշրուած ապակիներուն եւ պատուհաններուն վերանորոգումէն, մարզադահլիճներէն մէկուն առաստաղին կրած վնասը մտահոգիչ է` նկատի ունենալով ճարտարապետական ստուգումներու անհրաժեշտութիւնը, որ երկար ժամանակի կը կարօտի: Անոնք յոյս յայտնեցին, որ յանձնակատարին այցը պիտի նպաստէ շուտափոյթ լուծում գտնելու այս հարցին:

Լուսաբանական Հանդիպում` 12-Օրեայ Պատերազմի Օրերուն Կատարուած Աշխատանքներու Վերաբերեալ

Նախաձեռնութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովին եւ Թեմական խորհուրդին, 7 յուլիսին Ազգային առաջնորդարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լուսաբանական հանդիպում մասնակցութեամբ` Իրանի Իսլամական խորհրդարանի մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեանի, Թեհրանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի ատենապետներ` Սուրիկ Աբնուսեանի եւ Սեւակ Հաթամեանի, Թեհրանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ Վարուժ Յովհաննիսեանի եւ խորհուրդի դիւանին ու անդամներուն, որուն ընթացքին խորհրդարանի պատգամաւորը եւ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները ներկայացուցին 12-օրեայ պատերազմի ընթացքին Ազգային իշխանութեան կատարած աշխատանքները:

Հանդիպման ներկայ էին` Պժ-ի պատգամաւորներ, ազգային մարմիններու, կառոյցներու, միութիւններու վարչութիւններու նախագահները, հայկական վարժարաններու տեսուչ-փոխտեսուչները, ծնողական խորհուրդներու նախագահներն ու ներկայացուցիչները եւ եկեղեցական խորհուրդներու նախագահները:

Հանդիպման սկզբնաւորութեան Թեհրանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ Վարուժ Յովհաննիսեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց պատերազմի օրերուն Ազգային իշխանութեան կողմէ կատարուած աշխատանքները` նշելով, որ հանդիպման նպատակն է համախորհուրդ քայլեր ձեռնարկել որեւէ արտակարգ իրավիճակներու մէջ Ազգային իշխանութեան հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ աւելի սահուն աշխատանքներ իրականացնելու համար:

Ան նշեց, որ պատերազմի առաջին օրէն իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի միջոցով մօտէն հետեւած է հարցերուն, եւ ընդգծեց, որ սրբազան հայրը նաեւ դասաւորած էր տարբեր եկեղեցիներու քահանայ հայրերուն` վերահասութիւն տալու իրենց շրջանի հայրենակիցներու խնդիրներուն:

Վարուժ Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ կեանքի կոչուեցաւ հինգ անդամներէ բաղկացած կեդրոն մը` աշխատանքները համակարգելու համար: Կեդրոնը յայտարարած էր թէժ գիծ, կապ  հաստատուած էր հայ բժիշկներու հետ, նաեւ հայ բժիշկները իրենք կապ հաստատելով Ազգային իշխանութեան հետ` համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած էին: Կեանքի կոչուած էր տեղեկատուական գրասենեակ, որուն աշխատանքները կ՛իրականացնէր «Ալիք» օրաթերթը, որուն գլխաւոր խմբագիրը ամէնօրեայ տեսահոլովակներով համայնքը իրազեկ կը պահէր տեղի ունեցող հարցերու մասին: Շինարարական մարմինի անդամները պատերազմի օրերուն այցելած էին Իրան-Իրաք պարտադրեալ պատերազմի օրերուն նախատեսուած քանի մը ապաստարաններ եւ նպատակայարմար քանի մը դպրոցներ, որպէսզի անոնք օգտագործուին անհրաժեշտութեան պարագային: Կապ  հաստատուած էր նաեւ Կարմիր մահիկ կազմակերպութեան հետ, իսկ «Ա. Աւետիսեան» ազգային բուժարանը իր պատրաստակամութիւնը յայտնած էր շուրջօրեայ սպասարկման համար: Ազգային իշխանութիւնը Արաքի, Ռաշտի, Գորգանի, Ղազուինի գործխորհուրդներուն հետ համադրութիւններ կատարած էր, որպէսզի ազգապատկան կեդրոնները յարմարեցուին եւ տրամադրուին ցանկացող ընտանիքներուն:

Թեմական խորհուրդի ատենապետը կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ թէեւ պատերազմէն առաջ խորհրդարանի պատգամաւորները եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչները մեկնած էին Անթիլիաս` մասնակցելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ժողովին, սակայն պատերազմը սկսելէն անմիջապէս ետք, պատգամաւորները վերադարձան եւ Արա Շահվերդեան անմիջապէս լծուեցաւ աշխատանքի` պետական մարմիններուն հետ անհրաժեշտ համադրութիւնները կատարելու համար: Ան ընդգծեց, որ պատգամաւորը եւ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները այցելեցին ռմբակոծումէն տուժած «Ալիք» օրաթերթ, «Արարատ» մարզաւան, Ս. Մինաս եկեղեցի եւ տուժած հայ ընտանիքին: Վարուժ Յովհաննիսեանը գնահատանքով անդրադարձաւ այս ընթացքին ԿՕՄ-ի աշխատանքներուն:

ՊԺ-ի ատենապետ Սուրիկ Աբնուսեան գնահատելով մասնակիցներու ներկայութիւնը` կարեւորութեամբ անդրադարձաւ 12-օրեայ պատերազմի օրերուն Իրանի եւ ի մասնաւորի իրանահայութեան միասնականութեան: Ան կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ արտակարգ իրավիճակներու ընթացքին յոյժ կարեւոր է իրազեկ ըլլալ իրարու մասին, ունենալ անհրաժեշտ հեռաձայնի թիւեր, ըլլալ զգօն, պատրաստ, խուճապի չմատնուիլ, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ լաւագոյնս կողմնորոշուիլ: Ան կարեւոր նկատեց նաեւ ազգային արխիւներու եւ գոյքերու հաւաքագրման ու ապահովման անհրաժեշտութիւնը, ա՛լ աւելի կազմակերպուած ըլլալը, ըսի-ըսաւներու չտրուիլը, համախմբուիլը, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ արտակարգ որեւէ իրավիճակի մէջ լաւագոյնս դիմագրաւել դժուարութիւնները:

Հանդիպման ընթացքին պատգամաւոր Արա Շահվերդեանը, որ մաս կը կազմէ Իսլամական խորհրդարանի մէջ կեանքի կոչուած արտակարգ իրավիճակներու 36 անդամներէ բաղկացած կազմին, համապարփակ գիծերով անդրադարձաւ պետական շրջանակներուն, որոնց կարգին Կարմիր մահիկի եւ Արտակարգ իրավիճակներու կեդրոնական գրասենեակին հետ կատարած համադրութիւններուն:

Ան գնահատանքով անդրադարձաւ Ազգային իշխանութեան, բոլոր կառոյցներուն, մարմիններուն եւ Թեհրանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին կից մօտիկ քաղաքներու գործխորհուրդներու գործողութիւններուն, որոնք անյապաղ քայլեր ձեռնարկեցին: Ան յոյս յայտնեց, որ բոլոր խնդիրները լաւագոյնս կը կարգաւորուին, եւ բոլորը կը վերադառնան բնականոն կեանքին:

Թեհրանի հայոց թեմի ՊԺ-ի ատենապետ Սեւակ Հաթամեան կարեւորութեամբ անդրադառնալով այն հանգամանքին, որ անհրաժեշտ է հայահոծ տարբեր քաղաքամասերուն մէջ կեանքի կոչել արտակարգ իրավիճակներու կեդրոններ, եւ կեդրոններուն մէջ ամբարուին անհրաժեշտ պարագաները, որովհետեւ ոչ միայն պատերազմի պահուն պէտք է զգօն ըլլալ, այլեւ անհրաժեշտ է զգօն ըլլալ նաեւ բնական աղէտներու ժամանակ:

Աւարտին ներկաներուն առիթ տրուեցաւ ներկայացնելու իրենց առաջարկները եւ դիտարկումները:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Ողջերթի Այցելութիւն Քաթարի Մէջ Լիբանանի Դեսպանին

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Մեսրոպ արք. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Քաթարի Ազգային Երեսփոխանական ժողովի անդամ տոքթ. Հրաչ Բարսեղեանի եւ Ազգային վարչութեան անդամ Միրէյ Աղազարեանի, 9 յուլիսին Տոհայի երկօրեայ այցելութեան ծիրէն ներս այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպան Ֆարահ Պըրիին:

Այցելութեան հիմնական նպատակը բարի երթ մաղթել էր դեսպանուհիին իր դիւանագիտական պաշտօնին աւարտին Քաթարէն ներս եւ յաջողութիւն մաղթելու նշանակուած նոր պաշտօնին` որպէս Անգլիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան: Այս առիթով սրբազան հայրը, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Ազգային իշխանութեան եւ Տոհայի հայ համայնքին,  բարձր գնահատեց անցնող աւելի քան հինգ տարիներու ընթացքին Պըրիի ունեցած նպաստը ընդհանրապէս Լիբանանի Հանրապետութեան եւ մասնաւորաբար Տոհայի մէջ հաստատուած հայ համայնքին նկատմամբ:

Դեսպանը, իր կարգին, գոհունակութիւն յայտնեց անցնող տարիներուն ընթացքին սրբազան հօր եւ հայ համայնքին միջեւ ստեղծուած ջերմ յարաբերութեանց համար, ինչպէս նաեւ մատնանշեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ վեհափառ հայրապետին հետ ստեղծուած յարաբերութիւնները սերտօրէն պահելու եւ շարունակելու յառաջիկայ տարիներուն դիւանագիտական ծառայութեան ծիրէն ներս:

Աւարտին սրբազան հայրը Ազգային իշխանութեան եւ հայ համայնքին կողմէ յուշանուէր մը յանձնեց  դեսպանին:

 

Նախորդը

Հետաքրքրական. Ո՞վ Էր Յովհաննէս Թումանեանի Մայրը` Սարի Աղջիկ Սոնան

Յաջորդը

«Global Icon Award (Music) 2025»-ի «Global Symbol» Մրցանակը Շնորհուած Է Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեանին

RelatedPosts

Ակնէս Վահրամեան «Դպրոցասէր»-ի Յարկին Տակ
Գաղութէ Գաղութ

Ակնէս Վահրամեան «Դպրոցասէր»-ի Յարկին Տակ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Հոկտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?