Գահիրէի մէջ մեծ շուքով նշուեցան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 107-րդ եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-րդ տարեդարձները:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Եգիպտոսի ՀՅԴ կազմի ատենապետ տոքթ. Արմէն Մազլումեան, որ անդրադառնալով օրուան խորհուրդին` շեշտեց, որ ամբողջ հայ ժողովուրդի միացեալ ճիգերով հայը հասաւ համաժողովրդային յաղթանակի, բայց եւ այնպէս, 1918-1920-ականներուն Դաշնակցութիւնը կեդրոնական դեր խաղցաւ Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան գործին մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ, հակառակ կարճ տեւողութեան, Ա. Հանրապետութիւնը դարձաւ հայկական ինքնիշխանութեան զարկերակը: «Բայց մեր պայքարը չաւարտեցաւ 1920-ին: ՀՅԴ-ն ազգային ինքնութեան ջահը պահեց սփիւռքի մէջ` հիմնելով դպրոցներ, թերթեր, կազմակերպութիւններ եւ ազգային շունչով դաստիարակեց երիտասարդութիւնը` պահպանելով լեզուն, հաւատքը, պատմութիւնն ու ազգային ոգին, որ դրսեւորուեցաւ աւելի ուշ Արցախի ազատագրութեամբ», ըսաւ ան:
Մազլումեան անդրադարձաւ մերօրեայ վտանգներուն, յատկապէս այն երեւոյթին, որ նոր աշխարհակարգ կը ձեւաւորուի ամբողջ տարաշրջանի մէջ: «Թշնամին կ՛աշխատի ջնջել մեր պատմութիւնը, բաժնել մեր ժողովուրդը եւ քանդել այն սիւները, որոնք կը պահեն` մեր ինքնութիւնը, լեզուն, եկեղեցին, մեր հողերը եւ ինքնիշխանութիւնը: Պէտք է զգաստ ըլլանք եւ գործօն: Հայրենիքին պէտք չէ միայն յիշողութիւնը: Մեր գործով, բազուկներով, սփիւռքի եւ հայրենիքի համատեղ ջանքերով կարելի է դիմագրաւել ամենադժուար մարտահրաւէրները:
«Եկէք` տօնենք Հայաստանի անկախութեան 107-ամեակը` ոչ որպէս հեռաւոր փառքի արձագանգ, այլ` որպէս կենդանի հրաւէր: Եկէք` նշենք Դաշնակցութեան 135-ամեակը` ոչ որպէս կուսակցութեան պատմութեան, այլ` որպէս ազգային փրկութեան ճամբայ Հայաստանի եւ Արցախի համար», եզրափակեց Արմէն Մազլումեան:
Ապա Անուշ Թորիկեան եւ Կրեթթա էսմէրեան ասմունքեցին Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկը» քերթուածը, որմէ ետք ներկաները հետեւեցան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նուիրուած վաւերագրական տեսերիզի մը` Սիմոն Վրացեանի ձայնով, ուր նուիրեալ դաշնակցական եւ պետական լրջախոհ նախկին վարչապետ Վրացեան կը պատմէր իր յուշերը:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ այս առիթով Լիբանանէն յատուկ հրաւիրուած Վահրամ Էմմիեանը, որպէսզի փոխանցէ օրուան խորհուրդը: Ան իր խօսքը սկսաւ պատմական ակնարկով մը, ապա լուսարձակի տակ առաւ այն, թէ ինչպէ՛ս հայ ժողովուրդը Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն հազիւ 3 տարի անց, վերապրելու իր հազարամեայ կամքին շնորհիւ, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ գոյութենական ճակատամարտերէ ետք յաղթանակ արձանագրելով` 28 մայիս 1918-ին հռչակած է իր անկախութիւնը, եւ թէ ինչպէ՛ս Հայաստանը հարուածած 1988-ի երկրաշարժէն երկու տարի ետք հայ ժողովուրդը դարձեալ ժամադրուած էր իր ճակատագիրին հետ, այս անգամ` Արցախի մէջ:
Ան անդրադարձաւ Արցախի դէմ Պաքուի շղթայազերծած յարձակման` փաստելով, որ հայ ժողովուրդը հարիւր տարուան ընթացքին 2-րդ անգամն ըլլալով ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ: «Իրողութիւն մը, որ հետեւանք է Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ շարունակուող անպատժելիութեան մթնոլորտին: Այսուհետեւ պէտք է 1915-ի Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման կողքին նաեւ աշխատանք տանիլ հայոց 2-րդ ցեղասպանութեան ճանաչման համար եւ ցեղասպանութեան կրկնութիւնը օգտագործել իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ Թուրքիոյ կողմէ փոխհատուցման ու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման կարեւորութիւնը առաւել եւս ընդգծող փաստ: Իրենց անվտանգութեան դարպասի կորուստով այսօր վտանգուած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու անոր բնակչութիւնը», ըսաւ բանախօսը:
Ան յիշեցուց, թէ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներն ու հայ պատանդները Պաքուի մէջ կտտանքներու եւ կեղծ ու շինծու դատավարութեան կ՛ենթարկուին:
Շեշտելով, որ հայութեան հասած հարուածը ծանր էր ու ցնցիչ, Վ. Էմմիեան վստահեցուց սակայն, որ ոչինչ աւարտած է: «Այսօր ազգովին կը գտնուինք ծանր ու ոչ նախանձելի կացութեան մը մէջ, սակայն այս բոլորը ժամանակաւոր են: Մեզմէ հեռու պահենք ամէն վհատութիւն, յուսալքութիւն ու պարտուողականութիւն: Յիշենք, որ 1915-ի Ցեղասպանութենէն եւ 1988-ի երկրաշարժէն ետք ալ կը գտնուէինք շատ ծանր վիճակի մէջ, սակայն անոնց յաջորդեցին փառապանծ յաղթանակներ», նշեց ան:
Ապա բանախօսը լուսարձակի տակ առաւ Դաշնակցութեան 135-րդ տարեդարձը ու շեշտեց. «1919-ի աշնան Երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ-ի 9-րդ Ընդհանուր ժողովը որդեգրեց «Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան»-ի գաղափարը` իբրեւ նպատակ: Նոյն Ընդհանուր ժողովը նաեւ բանաձեւեց, որ Ղարաբաղը եւ Զանգեզուրը «անբաժան մասն են անկախ եւ միացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան», եւ նորընտիր ՀՅԴ Բիւրոյին յանձնարարեց «բոլոր քայլերը առնելու Զանգեզուրն ու Ղարաբաղը միացնելու հանրապետութեան»:
Բանախօսը իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Ինչպէս 70 տարիներ Հայաստանի վերանկախացման հաւատացինք, այսօր ալ կը հաւատանք, որ հայ ժողովուրդի Արցախ վերադարձը ի վերջոյ պիտի իրագործուի, ուստի այս հաւատքով եւ միջազգային օրէնքով զինուած` կը գործենք այդ նպատակի իրագործման համար»:
Ապա իր պատգամը յղեց Եգիպտոսի թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան, որ անդրադառնալով Հայոց պատմութեան` ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը խաղաղ կեանք քիչ ունեցած է, նոյնիսկ հարիւրամեակներ շարունակ պետականութիւն չէ ունեցած, սակայն` «Հայ ժողովուրդի զաւակները իրենց միտքերուն, զգացումներուն մէջ միշտ վառ պահած են հայրենիք ունենալու եւ պահելու գաղափարը ու ատոր համար մղած են ազատագրական պայքար` ունենալով հերոսական պահեր ու հերոսներ… Նոյնիսկ եթէ պետութիւն չենք ունեցած, սակայն իբրեւ հայ ազգ եւ ժողովուրդ` բնակած ենք մեր հայրենի հողին վրայ, պահած ենք` ազգային մեր ինքնութիւնը, նկարագիրը, լեզուն, մշակոյթը»:
Սրբազանը շեշտեց, որ հայրենիք ունենալու համար միայն հողը բաւարար չէ, այլ կարեւոր են սահմանները, հզօր բանակը, այդ հողին վրայ ապրող հայութիւնը, ուստի` «Առանց մեր ներկայութեան, հայու ներկայութեան, բարոյական նկարագիր ունեցող հայ ընտանիքի ներկայութեան, գաղափարակիր հերոսներու ներկայութեան` կարելի չէ հայրենիք ունենալ»:
Սրբազան հայրը շնորհաւորեց ՀՅԴ հիմնադրութեան 135-րդ եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 107-րդ տարեդարձները` դրուատելով Եգիպտոսի մէջ ազգային մեր բոլոր միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն միջեւ համագործակցական աշխատանքը, յատկապէս` ազգին միասնականութեան, ինքնութեան պահպանութեան, կրթութեան եւ դաստիարակութեան հարցերուն մէջ, «Անկախաբար իրենց գաղափարական մօտեցումներէն` բոլորը կեդրոնացած են ազգային մեր ինքնութիւնը պահող ամենակարեւոր կառոյցներէն մէկուն` եկեղեցիին շուրջ եւ անոր միջոցով իրենց գործունէութիւնը կը ծաւալեն»:
Տօնակատարութեան աւարտէն ետք տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ ներկաները զրուցելով եւ կարծիքներ փոխանակելով ազգային եւ քաղաքական ներկայ իրադարձութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ գնահատելով ձեռնարկի կազմակերպիչները` հեռացան սրահէն: