Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Հայաստանի Վերանկախացման Եւ Արցախի Անկախացման  25-Ամեակներու Նշում 15  հոկտեմբերին Քեսապի մէջ նշուեցաւ  Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անկախութիւններու անկախացման 25-ամեակը:                                                                           Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Դալար Թութիկեան-Գերպապեան, որ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի ազատատենչութեան, անկախ պետութիւն կերտելու անոր մղած  դարաւոր  պայքարին եւ ազգային հարցերու շուրջ   հայութեան միասնականութեան: Ան կարեւոր նկատեց տքնաջան աշխատանքն ու յարատեւ պայքարը` ազգային իրաւունքներու վերատիրացման եւ երազանքներու...

Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ

Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ

Փարիզի Եունիվերսիթէ թաղի իր կեդրոնատեղիին մէջ, երկուշաբթի, 14 նոյեմբերին, Ֆրանսայի նախկին նախագահ եւ նախագահական թեկնածու Նիքոլա Սարքոզի ընդունեց հայ համայնքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Սոյն հանդիպումը կայացաւ քանի մը օր ետք Լիոնի շրջանի հանդիպումէն: Արդ, Հանրապետականներու կուսակցութիւնը (Les Républicains - LR) նախագահական իր թեկնածուն ճշդելու համար որոշած է կազմակերպել նախնական ներքին ընտրութիւններ: Այս ընտրապայքարի ծիրին մէջ թեկնածուներէն նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Պոլիս Վանի Նուիրուած Գիտաժողով` «Հրանդ Տինք» Հիմնարկին Նախաձեռնութեամբ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի կեդրոնին մէջ անցած շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ երկօրեայ գիտաժողով մը` «Վանի եւ շրջակայքի հասարակական, մշակութային ու տնտեսական պատմութիւն» խորագիրով: Այս նպատակով հիմնարկին կողմէ հրաւիրուած էին բազմաթիւ պատմաբաններ ու գիտնականներ, որոնց կարգին անշուշտ կան նաեւ հայեր` գլխաւորութեամբ մեծանուն պատմաբան ու ցեղասպանութեան նիւթի մասնագէտ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը: Մասնակիցներուն շարքին...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Քրիս Պոհճալեան Զեկուցեց Արցախի Մասին Կազմակերպութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Հայ մշակութային «Արցախ ֆոնտ»-ին եւ «Թիւֆէնքեան» հիմնարկին,  29 հոկտեմբերին Մանհաթընի «Թիւֆէնքեան» հաստատութեան ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատու` Անդրանիկ Գասպարեան, բարի գալուստի իր խօսքին մէջ տեղեկութիւններ փոխանցեց վերջին ամիսներուն Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ յատկապէս քառօրեայ պատերազմին մասին: Ան շեշտեց, որ Ազրպէյճանի...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Դամասկոսի «Էրեբունի» Մասնաճիւղի Առօրեայէն Երեքշաբթի, 25 հոկտեմբերին, Դամասկոսի «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիահայ օգնութեան խաչի «Էրեբունի» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսութիւնը` ներկայութեամբ 40 ընկերուհիներու: Յանձնախումբի ատենապետ Թալին Քալեմքեարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա ներկայացուց դասախօս Յասմիկ Գույումճեանի հակիրճ կենսագրականը եւ հրաւիրեց զայն ներկայացնելու «Օգտակար բոյսերու գործածութիւնը` առանց որեւէ քիմիական նիւթերու օգտագործման»...

Գաղութէ- Գաղութ

Գաղութէ- Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յունաստան Հայ Մշակոյթի Երեկոյ Նէա Զմիռնիի Մէջ Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի եւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան, 1 հոկտեմբերին Նէա Զմիռնիի բացօթեայ պուրակին մէջ տեղի ունեցաւ փառատօն` մասնակցութեամբ աւելի քան 1800 ներկաներու: Փառատօնի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի պարախումբը, որ իր ներկայացումները կատարեց տեսերիզներու ցուցադրութեամբ:   Եգիպտոս Հայագիտական Գիտաժողով Գահիրէի Համալսարանէն Ներս Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին Գահիրէի...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յորդանան Յորդանանի Մէջ Հայկական Մշակոյթի Օրերու Կազմակերպման Վերաբերեալ Քննարկում Աշխատանքային այցելութեամբ Ամման գտնուող Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան 4 հոկտեմբերին հանդիպում ունեցած է Յորդանանի Թագաւորութեան մշակոյթի նոր նշանակուած նախարար Նեպիհ Շուքամի հետ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին հաղորդեցին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն` աւելցնելով. «Դեսպան Փոլատեան շնորհաւորեց Նեպիհ Շուքամը` մշակոյթի նախարարութեան...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Հայաստանի Եւ Արցախի Անկախութեան 25-Ամեակներուն Նուիրուած Ձեռնարկներ Ռուսիա 21 սեպտեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի Տաւրիտեան պալատին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին: Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի 25-ամեայ անկախութեան կարեւոր փուլերուն` ընդգծելով, որ անկախ հանրապետութեան բնորոշ իրաւական, տնտեսական, ընկերային եւ այլ մարզերու համակարգային փոփոխութիւններուն զուգահեռ, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը ստիպուած...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Հայաստանի Եւ Արցախի Հանրապետութեանց 25-Ամեակի Նշում Պաղտատ Շաբաթ, 24 սեպտեմբերի երեկոյեան, Պաղտատի հայ ԵԵ միութեան (ՊՀԵԵ) սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ` թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի, կազմակերպութեամբ` ՊՀԵԵ-ի, ԻՀՏՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի վարչութիւններուն, տեղի ունեցաւ գրական-գեղարուեստական երեկոյ` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւններուն 25-ամեակներուն: Հանդիսութեան մասնակցեցաւ Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կցորդ Սմբատ Խաչատրեան:   Աւստրալիա Հովանաւորութեամբ Հայկազուն եպս....

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յորդանան «Վարդավառ» Երգչախումբի Անդրանիկ Ելոյթը Նուիրուած Կոմիտասի Յիշատակին Հովանաւորութեամբ Հաշիմական ընտանիքի իշխանուհի Ռիմ Ալիի եւ նախագահութեամբ Ամմանի քաղաքապետ Աքըլ Պըլթաճիի, 29 օգոստոսին Ամմանի «Հուսէյն» մշակութային կեդրոնի թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ յորդանանահայ «Վարդավառ» երգչախումբին անդրանիկ ելոյթը` խմբավարութեամբ հայ արուեստի կատարող, երաժիշտ, երգահան, խմբավար Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեանի: 30 անդամներէ բաղկացած երգչախումբը կեանքի կոչուեցաւ 2016-ի սեմին: Համերգին ընթացքին իր մասնակցութիւնը բերաւ...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա «Հեքիաթը Կը Կանչէ» Թատերախաղի Բեմադրութիւն Օգոստոս ամսուան սկիզբէն մինչեւ սեպտեմբերի առաջին շաբաթը ՀԲԸՄ-ի մատենագիտական յանձնախումբը  անվճար, շաբաթական հերթականութեամբ, կազմակերպեց «Հեքիաթը կը կանչէ» թատերական ձեռնարկը: Իւրաքանչիւր ելոյթի ընթացքին մեծ մայրիկի պատմողական ոճով կը ներկայացուէին զանազան հեքիաթներ` հայ փոքրիկը առնչելու հայ գիրքի ու գրականութեան հարուստ աշխարհին: Մեծ մայրիկի օգնականներն էին` զատկաճճին, շնիկը, ծաղրածուն եւ այծիկը: Դերակատարները դպրոցական աշակերտներ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Ֆրեզնոյի Համալսարանի Այցելու Դասախօս Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանի Հանրային Դասախօսութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան մասնագիտութիւնը հաստատած «Քլարք» համալսարանէն դոկտորի առաջին վկայականը ստացած Խաչիկ Մուրատեան նշանակուած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի հայագիտական ուսմանց ծրագիրի «Հենրի Ք. Գազանճեան Գազան» այցելու դասախօս: Առ այդ, կազմակերպուած են հանրային երեք դասախօսական ձեռնարկներ, որոնք տեղի պիտի ունենան Ֆրեզնոյի համալսարանի գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրզ» սրահին...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Պոլիս «Ո՞վ Են Այս Հայերը» Գիրքը` Թրքերէնով Վերջերս, «Արաս» հրատարակչատունը համագործակցութեամբ, «Հայ Հիմնարկ»-ը լոյս ընծայեց «Ո՞վ են այս հայերը» խորագիրը կրող գիրք մը` թրքերէնով: Անգլերէն բնագիրէ թարգմանուած այս գիրքին հեղինակն է Սուզըն Փոլ Փեթի, որուն հետ գործակցած են Գագիկ-Ստեփան Սարգիսեան եւ Մարալ Քերովբեան: Գիրքը թրքերէնի թարգմանած է Լորա Սար, իսկ գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարած է Մելիսա Արսէնեան: Նշենք,...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնին Նուիրուած Արարողութիւններ  Սուրիա Հալէպ Կիրակի, 7 օգոստոսի առաւօտեան Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ զանգը ղօղանջեց` աւետելու Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը: Տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ, ապա խաղողօրհնէք: Օրուան պատարագիչն էր Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան: Խաղողօրհնէքը սկիզբ առաւ դպիրներու մուտքով, որմէ ետք ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, տարիներու աւանդոյթին համաձայն, խաղողը ներկայացուցին Ս. խորան, ուր կատարուեցաւ խաղողօրհնէքը,  որուն ընթացքին...

Լիզպոնի Հինգ Հերոսներուն Երեսուներեքերորդ Տարելիցը Մարսէյի Մէջ

Լիզպոնի Հինգ Հերոսներուն Երեսուներեքերորդ Տարելիցը Մարսէյի Մէջ

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ Երէկուան պէս կը յիշեմ, որ 33 տարի առաջ հարիւրաւոր հայրենասէր ազգակիցներ Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին եւ անոր Ժան Կուժոն թաղը եկած էին` յարգելու Լիզպոնի թրքական դեսպանատունը գրաւած հինգ հերոս նահատակներուն յիշատակը: Ներկաներուն բաժնուած թռուցիկին վրայ դրոշմուած էին Լիզպոնի հերոսներուն նկարներն ու անունները` ֆրանսերէն հետեւեալ պատգամով.  «Թող այս դէմքերը քանդակուին ձեր յիշողութեանը մէջ»: Գուցէ շատերը յիշեն,...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Լիզպոնի Հինգ Տղոց Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ 30 յուլիսին «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Քրիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի հինգ տղոց յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ` կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի գայլիկ-արծուիկներու միաւորներուն: Յայտագիրը կը բովանդակէր Լիզպոնի գործունէութեան մասին դասախօսութիւն, հերոսները անմահացնող երգի ուսուցում, ձեռային աշխատանք եւ մարզանք: Առտու տեղի ունեցաւ քայլարշաւ դէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր գայլիկ-արծուիկները մոմավառութիւն կատարեցին...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Կիպրոս Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան 90-Ամեակ 14-21 յուլիսին կարգ մը ձեռնարկներով նշուեցաւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան 90-ամեակը: Այս առիթով կազմակերպուած էր խրախճանք մը` վարժարանի շրջափակէն ներս: Օրուան հանդիսավար մելգոնեանցի Արսինէ Շիրվանեան իր սրտի խօսքին մէջ  յոյս  յայտնեց, որ 90-ամեակի այս տօնակատարութիւնը առիթ կ՛ըլլայ ՄԿՀ-ի առաքելութեան վերանորոգ սկիզբի մը: Օրուան  պատգամախօս, վաստակաշատ  ուսուցիչ, տնօրէն եւ գեղանկարիչ Վարդան Թաշճեան կոչ ուղղեց,...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Դամասկոս ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի Մասնաճիւղի Սկաուտական Խորհրդաժողով Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան առաքելութիւնը լաւագոյնս յառաջ տանելու եւ գիտակից հայ սերունդներ պատրաստելու միտումով, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւնը կազմակերպեց Դամասկոսի մասնաճիւղի սկաուտական խորհրդաժողով` ներկայութեամբ Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ  Գէորգ Գալեմքերեանի , ուրբաթ, 15 յուլիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 9:00-ին,  Դամասկոսի «Ա. Ահարոն-եան» կեդրոնի «Տիգրան Ստեփանեան» սրահին մէջ: Մասնակցութեամբ  ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի մասնաճիւղի վարչութեան, Սկաուտական...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ատրպատական Ս. Թադէի Եռօրեայ Ուխտագնացութիւնը Նախաձեռնութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան, 62-րդ տարին ըլլալով, 14-16 յուլիսին տեղի ունեցաւ տարեկան եռօրեայ ուխտագնացութիւնը դէպի Արտազի Ս. Թադէոս առաքեալի վանքը` հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի: 14 յուլիսի երեկոյեան Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան ժամանեց վանք, ուր արժանացաւ ժողովրդային դիմաւորութեան` օրհնելով հացն...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Հոգեհանգիստ Եւ Յիշատակի Հանդիսութիւն Նուիրուած Սուրիահայ Ընդհանուր Նահատակաց Եւ Րաֆֆի Պչաքճեանի Աւստրալիա 10 յուլիսին, Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս.  պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` սուրիահայ նահատակներու հոգիներուն եւ հալէպահայութեան ապահովութեան ընդհանուր պատասխանատու, նահատակ Րաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութեան քառասունքին առիթով: Այնուհետեւ Ուիլուպիի Հայ մշակութային կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ հոգեճաշ: Պարթեւ քհնյ. Գարագաշեանի օրհնութեան աղօթքէն ետք, օրուան  հանդիսավար Ալին...

Page 38 of 43 1 37 38 39 43

Արխիւներ