Հաղորդագրութիւն. Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Մարդասիրական Օգնութիւնը Ուքրանահայ Գաղթականներուն
Սփիւռքահայ այլ համայնք մը վտանգուած է այսօր: Այս անգամ Ուքրանիոյ հայ համայնքն է: Ուքրանիոյ պատերազմը արտակարգ աղէտի պատճառ դարձած է, եւ շտապ օգնութիւնը անհրաժեշտ է այս պատերազմէն տուժած հայերուն համար: Ուքրանիայէն ստուար թիւով անհատներ եւ ընտանիքներ ապահով ապաստանարան կը փնտռեն սահմանամերձ երկիրներու մէջ, ինչպէս` Լեհաստանի, Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ: Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը` Եւրոպայի Հայ աւետարանական ընկերակցութեան եւ Պուլկարիոյ ծառայութեան դաշտի...




















