Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Գամիշլիի Մէջ Հանդիսաւոր Տօնակատարութեամբ Նշուեցաւ ՀՅԴ 131-Ամեակը
Հանդիսապետութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ ՍԵՄ-ի «Նիկոլ Դուման» մասնաճիւղին, վերջերս Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 131-ամեակը` «Յաւերժական պայքար» խորագիրով:
Օրուան հանդիսավարներ Յարութ Մելքոնեան եւ Լուսին Մելքոնեան ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու անմահ նահատակներուն յիշատակը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ պատկան մարմինի ներկայացուցիչ Խաչիկ Մելքոնեան, որ պարզաբանեց Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը` նկատել տալով, որ ան եղած է հաւատարիմ աւանդապահը հայոց պատմութեան եւ աննահանջ առաջամարտիկը մեր ազգային ազատագրական պայքարին, աւելցնելով, որ ՀՅԴ-ն արժանավայել կենսունակութեամբ պիտի շարունակէ պայքարը` զոհաբերութեան բոլոր ճակատներուն վրայ, աննահանջ ոգիով եւ անսասան կամքով, հայութեան հետ, հայութեան միջոցով եւ հայ ժողովուրդի պայծառ ապագային ի խնդիր:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ցուցադրուեցաւ նաեւ ՀՅԴ ամփոփ պատմութեան տեսերիզը` պատրաստութեամբ Մանուկ Դաւիթեանի:
Օրուան պատգամը յղեց տոքթ. Ռուբէն Գէորգեան, որ նշեց, թէ ՀՅԴ երիտասարդութիւնը համախմբուած` կը բարձրացնէ «Յարատեւ պայքար` մինչեւ ամբողջական իրաւունքներու արդար հատուցում» կարգախօսը, ինչ որ փաստօրէն կը հաստատէ, որ Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ տիրական ներկայութիւնը սփիւռքի մէջ` որպէս ջահակիրը համազգային ուխտի` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականով: Գէորգեան պատմական անդրադարձ մը կատարեց Դաշնակցութեան գործունէութեան մասին` պարզելով Հայաստանի ներկայ քաղաքական իրադարձութիւններու հետեւանքներն ու այդ քաղաքականութեան վրայ ազդող ուժերու էութիւնը: Եզրափակելով իր խօսքը` ան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը ժամանակի ընթացքին վերափոխեց հայու հոգին, ազգային գիտակցութեամբ լուսաւորեց ու կենսաւորեց հայ մարդը` զայն վերադարձնելով իր ցեղային ակունքներուն եւ վերազինելով իր տոհմային անկորնչելի առաքինութիւններով:
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Մասիս եպս. Զօպուեան, որ գնահատեց տօնակատարութեան կազմակերպիչ մարմինը, երիտասարդութեան աշխուժ եռանդը, միութենական հսկայ աշխատանքը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց Սուրիոյ տարածքին հայութեան ազգային դրոշմի պահպանման համար: Ապա սրբազանը անդրադարձաւ Դաշնակցութեան դերակատարութեան` սփիւռքի մէջ հայապահպանման գործընթացին մէջ, մանաւանդ` Սուրիոյ պատերազմի եւ տագնապի տարիներուն: Սրբազան հայրը նորանոր վերելք մաղթեց Գամիշլիի մէջ գործող միութիւններուն, ազգային մարմիններուն եւ հաստատութիւններուն, յաղթական երթ` Հայաստանին, Արցախին, Սուրիոյ եւ անոր նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատին:
Հանդիսութենէն ետք նոյն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում եւ խրախճանք, որուն ընթացքին Վրէժ Եագուպեան շնորհաւորեց կուսակցութեան ծառայութեան 131-ամեակը` հաստատելով, որ ան պայքարը պիտի շարունակէ մինչեւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտում:
Հայ Ծերանոցի Տնօրէն Աւօ Գաթրճեանի Այցելութիւնները
* 11 յունուարին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ ծերանոցի տնօրէն, մտաւորական Աւօ Գաթրճեանի:
Աւօ Գաթրճեան սրբազան հօր նուիրեց իր հեղինակութեամբ վերջերս հրատարակուած «Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» գիրքը` ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադառնալով գիրքի հրատարակութեան ընթացքին եւ անոր բովանդակութեան:
Յիշենք, որ 7 դեկտեմբեր 2021-ին, «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրական կազմին եւ Համազգայինի Գիր եւ գրականութիւն մասնագիտացած մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ Աւօ Գաթրճեանի նոր հրատարակուած գիրքին շնորհահանդէսը:
Մասիս եպս. Զօպուեան գնահատեց Աւօ Գաթրճեանը` որպէս տնօրէն Հայ ծերանոցէն ներս իր տարած նուիրական աշխատանքին համար, իսկ գիրքի հրատարակութեան առիթով շնորհաւորեց զայն եւ դրուատիքով անդրադարձաւ անոր մտաւորական գործունէութեան ու յատկապէս հայ ժողովուրդի պատմութեան կարեւոր մէկ փուլը հրատարակութեամբ լուսարձակի տակ առնելուն համար:
* 15 յունուարին Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի պետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Հայ ծերանոցի տնօրէն, մտաւորական Աւօ Գաթրճեանը, որ համայնքապետին նուիրեց իր հեղինակութեամբ վերջերս հրատարակուած «Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» գիրքը` ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադառնալով գիրքի հրատարակութեան ընթացքին եւ անոր բովանդակութեան:
Հանդիպումին ընթացքին վերապատուելին բարձր գնահատեց Աւօ Գաթրճեանը գիրքի հրատարակութեան առիթով, ինչպէս նաեւ գնահատեց անոր ծաւալած բազմաբնոյթ գործունէութիւնները եւ նուիրական աշխատանքը Հայ ծերանոցէն ներս:
Քանատա
Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշան Շնորհեց Սարգիս Սրկ. Յովհաննէսեանին
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով գնահատեց Սարգիս սրկ. Յովհաննէսեանի Հայ եկեղեցիէն ներս երկար տարիներու ծառայութիւնն ու վաստակը:
Արդարեւ, 6 յունուար 2022-ին Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ս. պատարագէն ետք Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան կարդաց վեհափառ հայրապետին սրբատառ կոնդակը, որով ան բարձր կը գնահատէր Սարգիս սրկ. Յովհաննէսեանի նուիրումն ու աշխատանքը, յատկապէս` ձայնագրեալ շարականներու հատորներուն պատրաստութեան մէջ անոր ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը: Կոնդակի ընթերցումէն ետք սրբազան հայրը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով զարդարեց Սարգիս սրկ. Յովհաննէսեանին կուրծքը:
Լոյս Տեսաւ Տարօն Եւ Տաթեւիկ «Աղաւնոյ Վանք» Մանկապատանեկան Պատմուածքի Գրքոյկը
Հրամանաւ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի եւ հրատարակութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Հայեցի դաստիարակութեան բաժանմունքին, լոյս տեսաւ ՏԱՐՕՆ ԵՒ ՏԱԹԵՒԻԿ «ԱՂԱՒՆՈՅ ՎԱՆՔ» մանկապատանեկան պատմուածքի գրքոյկը: Սոյն գրքոյկին պատմութեան յղացումը կը պատկանի Վահագն Գարագաշեանին, ներշնչուած` Յովհաննէս Թումանեանի համանուն բանաստեղծութենէն, իսկ նկարազարդումը` Սիլվա Խաչերեանին:
Բոլոր տարիքներու յարմարող եւ դաստիարակչական բովանդակութեամբ այս հատորը իր ներդիրին ունի նաեւ նոյն բովանդակութեամբ ու նկարազարդումներով պատրաստուած մանկական տեսերիզ մը, որ պատրաստուած է Հայաստան` մեկենասութեամբ «Մանուկ Չուխաճեան» ընտանեկան հիմնադրամին: Շարժապատկերին մէջ Տաթեւիկին ձայնը կը մարմնաւորէ Արազ Չարեանը, իսկ Տարօնին ձայնը` Ռուբէն Գարայեանը:
Միացեալ Նահանգներ
Սրբազան Հօր Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Ընթրիքը Յոյսի Եւ Հեռանկարներու Նոր Սկիզբ
6 յունուար 2022-ին Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի աւանդական ընթրիքը` հիւրընկալութեամբ ազգային բարերար Կարօ եւ Սօսէ Էշկիեան ամոլին, ներկայութեամբ շուրջ 300 պաշտօնական անձնաւորութիւններու, ազգայիններու, բարերարներու եւ հիւրերու:
Աւանդական ընթրիքին խօսք առին` օրուան հանդիսավար Գարեգին քհնյ. Պետուրեան, Տիկնանց օժանդակ մարմինի ատենապետուհի Վանիա Պապիկեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան: Ներկաները տեսերիզով հաղորդ դարձան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան ընթրիքին առիթով օրհնութեան գօտեպնդող խօսքին եւ ուղենիշ պատգամին:
Սրբազան հօր պատգամը թաթաւուն էր Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան խորհուրդով, կառուցուած էր Ազգային առաջնորդարանի միամեայ գործունէութեան հաշուետուութեան սկզբունքով եւ առլցուն էր յոյսով ու նոր հեռանկարներով: Ան առաջին հերթին անդրադարձաւ բացուող նոր` 2022 տարեշրջանը վեհափառ հայրապետի կողմէ «Սփիւռքի տարի» հռչակման կարեւորութեան` ընդգծելով, որ սփիւռքը ո՛չ սահմանուած երկիր է, ո՛չ ինքնուրոյն պետութիւն է, ո՛չ մինուճար լեզու է, ո՛չ ալ միատարր ժողովուրդ է, այլ Հայաստան հայրենիքէն դուրս, այս երկրագունդի գրեթէ բոլոր ցամաքամասերուն վրայ եւ երկիրներուն մէջ ապրող հայերու ամբողջութիւնն է: Ան շեշտեց, որ վեհափառ հայրապետը այսօրուան սփիւռքը կը բնորոշէ` իբրեւ աւանդական, խորհրդային ու հայաստանեան սփիւռքներու աններդաշնակ խառնուրդ մը, որ տարբեր մտածողութիւններու հանդիսարան է: Սրբազանը հաստատեց, որ անցեալին Հայ եկեղեցի՛ն էր մեր ազգը առաջնորդող հաստատուն վէմը, յատկապէս` պետականութեան բացակայութեան դարերուն ու մանաւանդ սփիւռքի մէջ, աւելցնելով, որ այսօր եւս Հայ եկեղեցին առա՛նցքն ու հէ՛նքն է` ազգի ցեղային յատկանիշներու, հոգեւոր ու ընկերային առանձնայատկութիւններու, քաղաքական իրաւունքներու եւ մշակութային գանձերու ոչ միայն պաշտպանութեան, այլեւ առաւելագոյնս գնահատման ու ծաղկումին:
Իր խօսքի աւարտին սրբազանը յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց օրուան հիւրընկալ Կարօ եւ Սօսէ Էշկիեան ամոլը:
Ընթրիքի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Թեհրան
Քաղաքային Պաշտօնեաներու Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան
Թեհրանի երրորդ քաղաքամասի քաղաքապետ դոկտ. Համիտ Ճաւանի, ընկերակցութեամբ քաղաքամասի առաջին շրջանի քաղաքապետ Մոզաֆարի, Թաղային խորհուրդի քարտուղար Մարիամ Շահեդեանի եւ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, վերջերս այցելեց «Արարատ» մարզաւան:
Կազմակերպութեան նախագահ Հենրիկ Խալոյեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան անցեալն ու անոր ունեցած դերակատարութիւնը Իրանի հայ համայնքի եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ երկրի մարզամշակութային եւ հասարակական ծիրէն ներս: Քաղաքապետը ծանօթացաւ նաեւ մարզաւանի տարբեր բաժիններուն եւ տարուող աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ ներկայ դժուարութիւններուն, մարզաւանի կանաչապատման, անհրաժեշտ նորոգումներուն եւ այլ հարցերու: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ փոխադարձ համագործակցութեան եզրերը:
Քաղաքապետը շնորհաւորելով Նոր տարին եւ Ս. Ծննդեան տօները` գոհունակութիւն յայտնեց մարզաւան այցելութեան առիթով եւ վստահեցուց, որ իր ղեկավարած կառոյցը բոլոր հնարաւորութիւններով օգտակար պիտի հանդիսանայ մարզաւանի դժուարութիւնները արագ հարթելու ուղղութեամբ:
Հենրիկ Խալոյեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն մարզաւան այցելութեան համար` հաստատելով, որ երկու կողմերու յարաբերութիւնները զարգանալով` կազմակերպութիւնը հնարաւորութիւն կ՛ունենայ առաւել եւս օգտուելու քաղաքապետարանի ընձեռած հնարաւորութիւններէն մարզաւանի որոշ դժուարութիւնները հարթելու եւ առաւելագոյնս ծառայելու հասարակութեան` իր բազմակողմանի ծիրին մէջ:
Աւարտին յուշանուէր մը յանձնուեցաւ քաղաքապետին: