Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ – Գաղութ

Փետրուար 17, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  

Աւստրալիա

ՀՅԴ, ՍԴՀԿ, ՌԱԿ Աւստրալիոյ Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

1 փետրուարին ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրով տեղի ունեցաւ հանդիպում մը ՌԱԿ Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան եւ ՍԴՀԿ Աւստրալիոյ Վարիչ մարմինի ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան  գաղութը յուզող զանազան հարցեր: Ներկաները խօսեցան նախորդ երկու տարիներուն «Քորոնա» ժահրի եւ հայ ժողովուրդի դիմագրաւած զանազան մարտահրաւէրներու ձգած ազդեցութեան եւ այդ առնչութեամբ գաղութի կազմակերպութիւններուն տանելիք աշխատանքներուն մասին: Քննարկումներուն մաս կազմեցին համագաղութային մարմինները, ծրագիրները եւ աշխատանքները, ինչպէս նաեւ` «Հայաստան», համահայկական հիմնադրամի Աւստրալիոյ մասնաճիւղի աշխատանքներուն առնչուող հարցեր:

Կողմերը անդրադարձան Հայաստանի ներկայ քաղաքական իրավիճակին, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի, Արցախի ու Ջաւախքի օժանդակութեան աշխատանքներուն եւ այդ առնչութեամբ համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն:

Սուրիա

Հաղորդագրութիւն` Համազգայինի Գամիշլիի «Աւետիս Ահարոնեան» Մասնաճիւղի Անդամական Ընդհանուր Ժողովին

30 յունուարին «Խորէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Աւետիս Ահարոնեան» մասնաճիւղի անդամական  ժողովի Բ. նիստը:

Ժողովը  քննեց օրակարգի կէտերը` սկսեալ շրջանային ԻԳ. պատգամաւորական ժողովէն բխած բանաձեւերէն: Ապա կարդացուեցաւ վարչութեան երկամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը եւ ուրախութեամբ հաստատեց գաղութէն ներս համազգայինի ընդարձակումը  ու մշակութային գործունէութեան ծաւալումը: Ժողովը ներկայացուց շինիչ առաջարկներ, որոնց իրագործման  յանձնառու կը մնայ նորակազմ վարչութիւնը: Ընթացքին խօսք առաւ վարչութեան ատենապետ Յակոբ Պարսումեանը, որ շեշտեց, թէ Համազգայինի 2022-ի  սեւեռակէտը պէտք է դարձնել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի  սրբատառ կոնդակին հռչակագիրը, որ կը կրէ «Սփիւռքի տարի» խորագիրը:

Ապա ժողովը ընտրեց  նոր վարչութիւն` բաղկացած հետեւեալ անդամներէ`

Յակոբ Պարսումեան, Յասմիկ Պոզոյեան, Յասմիկ Տիգրանեան, Մանուկ Դաւիթեան, Կարպիս Շիրիքճեան, Ռուզան Պետրոսեան, Դալար Տօնապետեան, Վահէ Յովհաննէսեան եւ Քրիստափոր Միքայէլեան:

Աւարտին Շրջանային վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ Ռիթա Տէր Սարգիսեան խօսք առնելով` շեշտեց  կազմակերպչական աշխատանքին կարեւորութիւնը, յատկապէս` երիտասարդականացնելով համազգայինի շարքերը եւ զարկ տալով քարոզչական աշխատանքին համացանցային հարթակին ճամբով հայ մշակոյթի ոգին վառ պահելու նորահաս սերունդներուն մօտ:

Թեհրան

Հայ Դատի Յանձնախումբի Նախագահին Այցելութիւնը Սրբազան Հօր

22 յունուարին, Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Իսիկ Իւնանէսեան  այցելեց  Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցաւ թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանին հետ:

Ան սրբազան հօր ներկայացուց Հայկական հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն` «ՀՈՒՍԿ» հաստատութեան վերջին շրջանին ունեցած գործունէութիւնները` ընդգծելով, որ այս տարի կ՛աւարտի հաստատութեան հիմնադրութեան 40-ամեակը, եւ այդ ուղղութեամբ ծրագրած են յատուկ ձեռնարկներով եւ հրատարակչական աշխատանքներով նշել զայն:

Սրբազան հայրը գնահատեց «ՀՈՒՍԿ» հաստատութեան նուիրական առաքելութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց հաստատութեան գործունէութեան:

Նոր Ջուղա

Վերջին Հրաժեշտ` Ազգային–Հասարակական Գործիչ Վահէ Թորոսեանի

7 փետրուարին տեղի ունեցաւ ազգային-հասարակական գործիչ, ՀՅԴ Իրանի հարաւային շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, «Ալիք» օրաթերթի ներկայացուցիչ Նոր Ջուղայի եւ Նոր Ջուղայի Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնեայ` Կրօնական խորհուրդի գործավար Վահէ Թորոսեանի յուղարկաւորութիւնը:

Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Նոր Ջուղայի հայոց ազգային գերեզմանատան մէջ` նախագահութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն:

Թաղման արարողութեան ներկայ էին` Իրանի Իսլամական խորհրդարանի մէջ հարաւային եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւորներ Ռոհերթ Բեգլարեան եւ Արա Շահվերդեան, թեմի ազգային մարմիններու եւ ենթամարմիններու անդամներ, Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը, շրջանի եւ Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբերու եւ «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչները, Նոր Ջուղայի եւ Շահինշահրի միութիւններու եւ հայոց ազգային դպրոցներու ներկայացուցիչները եւ հոծ թիւով հայ ու պարսիկ հայրենակիցներ:

Թաղման կարգի աւարտին Նոր Ջուղայի շրջանի ընկերներու անունով Ժորժիկ Մատթէոսեան անդրադարձաւ հանգուցեալի կենսագրական գիծերուն: Ան յայտնեց, որ Վ. Թորոսեան գիտակցական ամբողջ կեանքը անցուցած է կուսակցական աշխատանքներու մէջ: 2000 թուականին Արցախի մէջ եղած է Լաչինէն Գանձասար քայլարշաւի մասնակիցներէն: Իր գերագոյն նպատակը Արցախն էր: Իրեն համար կարեւոր էր ինքնազարգացումը: Օժտուած էր մարդկային բարձր յատկանիշներով: Ազնիւ էր, ընկերական եւ հոգատար` մանաւանդ կարիքաւորներու նկատմամբ, որոնց օժանդակելու համար տարբեր միջոցներ կը ձեռնարկէր:

ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Իրանի հարաւային շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի անունով դամբանական խօսք արտասանեց Թաթուլ Օհանեան: Ան նշեց, որ Վահէն օժտուած էր մարդկային բարձր գիտակցութեամբ եւ յատկութիւններով: Կը յարգէր մարդը` որպէս Աստուծոյ եւ բնութեան ստեղծագործութիւն, ինչպէս նաեւ` իւրաքանչիւր ազգի բջիջ: Անոր համար կարեւոր էր ազգերու գոյութիւնը եւ աներկբայ կը ծառայէր իր ժողովուրդին: Ան խորապէս կը գիտակցէր կառոյցներու կարեւորութեան եւ հաւաքական աշխատանքի իմաստին:

Դամբանական արտասանեց նաեւ Իրանի հիւսիսային շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արամ Շահնազարեանը: Ան նկատել տուաւ, որ կորսնցուցած են ընկեր մը, նուիրեալ մարդ մը, գաղափարական մարտիկ մը, որուն համար բացարձակ արժէքներ էին հայրենիքն ու հայ ժողովուրդը, որ իր ողջ գիտակցական կեանքը նուիրեց ծառայելու հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին: Ծառայելու հայ ժողովուրդի դատին, ծառայելու Հայ դատի իտէալներու իրականացման:

ՀՅԴ «Ռուբէն» երիտասարդական եւ «Թադէոս Թադէոսեան» պատանեկան միութիւններու անունով խօսք առաւ Մեղրի Ղուկասեանը: Ան ըսաւ, որ մարդիկ կան, որոնք իրենց սկզբունքներով, պատրաստակամութեամբ, պարտաճանաչութեամբ եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ ոչ միայն շրջապատի յարգանքն ու համակրանքը կը վայելեն, այլեւ իրենց հեղինակութեամբ կ՛արժեւորեն ղեկավարի տիպարը եւ որակ կու տան մեր ազգային կեանքին: Անոնցմէ մէկն էր Վահէ Թորոսեանը, որ իր կեանքի կարճ, բայց բովանդակալից տարիները նուիրաբերեց իր հայրենիքին, հարազատ գաղթօճախին, իր որդեգրած գաղափարին եւ ընտանիքին:

Սպահանի հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան անունով դամբանական խօսք արտասանեց Սիփան եպս. Քէչէճեան, որ անդրադառնալով Վահէի կենսագրութեան, անոր գործունէութեան եւ ստանձնած պարտականութիւններուն`  յայտնեց, որ ան իր վեհ պաշտօնի բարձր աթոռը վերածեց դիտարանի եւ երբեք չներկայացաւ որպէս ձեռնածալ, հրահանգող ղեկավար, այլ միշտ հանդիսացաւ առաջնագիծին վրայ մարտնչող պահապան զինուոր եւ պաշտպանող հայորդի:

Սրբազան հայրը փոխանցեց նաեւ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի, թեմի նախկին առաջնորդ եւ ներկայիս Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, նաեւ գաղութին մէջ գործող խորհուրդներու, միութիւններու, յանձնախումբերու, վարչութիւններու, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնէութեան եւ դիւանատան ցաւակցութիւնները:

Աւարտին պարսկերէնով խօսք առաւ Գեղարդ Մանսուրեանը, որ անդրադարձաւ հանգուցեալի կենսագրական գիծերուն:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը խոր վիշտով գուժեց «Քրիստափոր» ԿԿ ներկայացուցիչ, ազգային գործիչ Վահէ Թորոսեանի անժամանակ մահը, որ տեղի ունեցաւ 3 փետրուարին, Նոր Ջուղայի մէջ,  հիւանդութեան պատճառով:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը վշտակցեցաւ նուիրեալ դաշնակցականի հարազատներուն եւ ընկերներուն:

Պոլիս

Երաժշտական Հպում` Անմահ Բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի «Տրտունջք»-ի

Արեւմտահայ գրականութեան ամենակարեւոր բանաստեղծներէն Պետրոս Դուրեանի «Տրտունջք» քերթուածը նորովի հանդէս եկաւ երգչուհի Մարալ Այվազի ձայնով: Երգը յօրինեց եւ մշակեց յայտնի երաժիշտ Նորայր Տեմիրճեանը:

1851-ի ծնունդ սկիւտարցի Պետրոս Դուրեան չքաւորութիւններով պատուած կեանքին տեւողութեան բազմազան տխրութիւններ ապրած, երիտասարդ տարիքին թոքախտի պատճառով մահացած էր: Իր կարճատեւ կեանքի ընթացքին յօրինած է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ, թատերագրութիւններ, վարած է դերասանական պաշտօններ, եղած է նաեւ լրագրի եւ հանդէսի խմբագիր:

Ամերիկաբնակ երաժիշտ Նորայր Տեմիրճեան, որ երկար տարիներ ստեղծագործութիւններով նպաստած է թուրք Փոփ երաժշտութեան, Դուրեանի այս քերթուածէն հատուածներ առնելով` մեղեդիներու կը միացնէ զանոնք: Յետոյ կապ կը հաստատէ Մարալին հետ, որպէսզի ձայն տայ երգին:

Երգին առթիւ նկարահանուած տեսահոլովակին մէջ երգչուհին ճամբորդելով դէպի անցեալ` ականատես կը դառնայ բանաստեղծի ներաշխարհական ապրումներուն, կեանքի պայքարին, արարիչի դէմ յանդիմանութեան ու կը կիսուի անոր վիշտերը:

Տեսահոլովակի բեմադրութեան աջակցութիւն բերաւ դերասան Եղիա Աքկիւնը, նկարահանումները կատարեց Սելման Պոզքըրը, ընդհանուր կազմաւորութիւնը իրագործեց Մարալ Այվազ: Իսկ բանաստեղծի դերը ստանձնեց` Անդրանիկ Պաքըրճըօղլուն:

Նշենք, որ երգչուհիին համար երգը յատուկ իմաստ կ՛ունենայ, քանի որ այս տարի Պետրոս Դուրեանի ծննդեան 170-ամեակն է:

Մարալ Այվազի «Տրտունջք» երգը տեղադրուած է բոլոր թուային երաժշտական հարթակներուն, իսկ տեսահոլովակը, որ թրքերէն եւ անգլերէն տողատակի տարբերակներով պատրաստուած է, հասանելի է երգչուհիին պաշտօնական եութուպեան ալիքէն:

Հռոմ

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքին Եւ Ֆրանսիսքոս Պապին Միացեալ Պատարագը

Տեառնընդառաջի տօնին առիթով Հռոմի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որուն ընթացքին Հռոմի  Ֆրանսիսքոս պապը եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքը` Ռաֆայէլ Պետրոս 21-րդ,  հաստատեցին եկեղեցական ամբողջական հաղորդութիւնը: Հռոմի քահանայապետը 23 սեպտեմբեր 2021 թուակիր կոնդակով հաստատած էր Հռոմի եկեղեցւոյ եւ հայ կաթողիկէ նորընտրեալ պատրիարքին ու անոր նուիրապետութեան եւ ժողովուրդի միջեւ ս. հաղորդութիւնը:

Եկեղեցական աւանդութեան համաձայն,  նորընտիր պատրիարքը իր ընտրութեան օրը քահանայապետին ներկայացուցած է հաւատացեալներուն հաղորդութիւն շնորհելու խնդրանք:

Միացեալ Նահանգներ

Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւելեան Շրջանը Կը Ձեռնարկէ Դրամահաւաք «Պնակ Մը Կերակուր» Ծրագիրին Համար

Սիրոյ ամիսը նշելու համար Հայ օգնութեան միութեան Արեւելեան Ամերիկայի շրջանը փետրուարին, սիրոյ ամսուան ընթացքին, կը ձեռնարկէ դրամահաւաք` աջակցելու Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքի «Տաք ճաշ» ծրագիրին:

«Տաք ճաշ» ծրագիրի միջոցաւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ Հայ օգնութեան միութեան կամաւոր ընկերուհիները տաք ճաշ կը պատրաստեն համայնքի այն ընտանիքներուն համար, որոնք դժուարութեամբ սնունդ կրնան ապահովել իրենց ընտանիքի անդամներուն: Լիբանանի ՀՕՄ-ը շաբաթը մէկ անգամ ճաշ կը մատուցէ 800 համայնքի անդամներուն, իսկ Սուրիոյ ՀՕՄ-ը` շաբաթական երկու անգամ 350 ճաշ:

ՀՕՄ-ի  Արեւելեան Ամերիկայի ատենապետ  Քարոլին Շմաւոնեան կոչ ուղղեց  գաղութի բարերարներուն` կիսելու իրենց սէրը փետրուար ամսուան  ընթացքին` առատաձեռնօրէն նուիրելով  պնակ մը կերակուր նախաձեռնութեան, ուրախացնելու եւ ոգեւորելու Լիբանանի եւ Սուրիոյ համայնքի զաւակները այս դժուար եւ անորոշ ժամանակներուն: Ան հրաւիրեց բոլորը միանալու սոյն դրամահաւաքին եւ նիւթապէս օժանդակելու, որպէսզի կարենան շարունակել այս կարեւոր մարդասիրական առաքելութիւնը եւ օգնել բոլոր անոնց, որոնք կը պայքարին անօթութեան դէմ այս ճգնաժամի պայմաններուն:

Նախորդը

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները. Ճիշդ Եւ Սխալ Կարծիքներ` Անքնութեան Մասին

Յաջորդը

Տեառնընդառաջի Նախատօնակի Նշում ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին Մէջ

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Օգոստոս 18, 2022
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Օգոստոս 11, 2022
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Օգոստոս 4, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In