Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Լոյս Տեսաւ Հալէպահայ Գրող Լեւոն Շառոյեանի «Դեգերումներ…» Շարքին Երրորդ Հատորը
Վերջերս լոյս տեսաւ հալէպահայ մտաւորական, գրող Լեւոն Շառոյեանի «Դեգերումներ հայ գիրի եւ պատմութեան գետեզրին» երրորդ հատորը: Շարքին Ա. հատորը հրատարակուած էր 2016-ին, իսկ երկրորդը` 2018-ին: Հեղինակը Դիմատետրի իր էջին վրայ կ՛արձանագրէ, որ նորատիպ Գ. հատորը (2022 թուակիր) արտաքին կերպարանքով ու ծաւալով նախորդներուն հարազատ կրկնօրինակն է: Այս եւս 320 էջ է ու պատկերազարդ, տպուած է Հալէպի «Ոսկետառ» տպագրատան հոգածութեամբ: «Երբ որ ձեռք առնէք նորատիպ հատորը, հրաշալի առիթներ պիտի գտնէք այնտեղ` դեգերելու համար ԺԹ. դարու կէսերէն մինչեւ մեր օրերը երկարող ժամանակահատուածին մէջ: Նախ պիտի ժամադրուիք Վոսփորի գեղածիծաղ ափերուն ու շնչէք այն եզակի մթնոլորտը, զոր մեզմէ մէկուկէս դար առաջ շնչած էին մկրտիչ պէշիկթաշլեաններն ու սրբուհի տիւսաբները: Յետոյ անցում մը պիտի կատարէք դէպի մեր կորուսեալ գաւառը` հետիոտն շրջելու համար Սրուանձտեանց Գարեգին վարդապետին հետ թեւանցուկ` վերջաւորութեան հասնելու համար Սեբաստիա, ուր ձեզ պիտի ողջունէ Բրգնիկի մեծանուն զաւակը` Դանիէլ Վարուժան: Սեբաստիոյ մէջ պահ մը պիտի հիւրընկալուիք բանասէր ու կրթական մշակ Կարապետ Գաբիկեանի յարկին տակ: Ան հպարտութեամբ ցոյց պիտի տայ ձեզի իր թանկարժէք ուսումնասիրութիւնները: Յետոյ ման պիտի գաք Խարբերդի ու անոր ոսկեղէն դաշտին մէջ` մերթ հանդիպելով Թլկատինցիին ու մերթ Բենիամին Նուրիկեանին, որ պիտի պատմէ ձեզի Ամերիկայի կեանքէն ու ցոյց տայ իր հրատարակած «Նոր Գիր» հանդէսին հաւաքածոները: Շահան Ռ. Պէրպէրեանն ալ պիտի ողջունէ ձեզ սրտագին: Խոհուն իմաստասէրի իր զրոյցներով պիտի հմայէ բոլորդ: Պիտի պատմէ Պոլսոյ, Գահիրէի, Երուսաղէմի ու Անթիլիասի իր ուսուցչագործական տարիներէն: Այնուհետեւ երկիւղածութեամբ պիտի թակէք դուռը Երուսաղէմի հայոց Սրբոց Յակոբեանց դարաւոր վանքին: Պիտի դեգերիք վանքին շուրջբոլորը` ձեր հանապազօրեայ հացը կիսելով Դուրեան եւ Գուշակեան զմայլելի պատրիարքներուն հետ, ձեր կողքին ունենալով Աղաւնունի ու Պողարեան սրբազանները, Եղիվարդը, բանաստեղծ Անելն ու արձակագիր Վահրամ Մավեանը: Դեռ, զրոյցի պիտի նստիք ժամանակակից դէմքերու հետ եւս.` Մխիթարեան հայրեր, տոքթ. Ռ. Ճեպեճեան, գրագէտ Ռ. Հատտէճեան ու մա՛նաւանդ Կ. Պոլսոյ տարաբախտ Մեսրոպ պատրիարքը, որուն թարմ շիրիմին դիմաց, իր բարոյական ներկայութեան առջեւ, պիտի խոկաք երկարօրէն… Կասկած չունինք, որ այս Գ. հատորը եւս յափշտակութեամբ ու հաճոյքով պիտի կարդացուի մեր համակիր ընթերցողներուն կողմէ, ինչպէս կարդացուեր էին նախորդները: Հոն տեղադրուած գրական ու պատմական նիւթերը մէկ կողմէ պիտի ջրդեղեն ընթերցողին հայագիտական պաշարը, միւս կողմէ ալ` արեւմտահայերէն մեր ոսկեղնիկ լեզուին հետ գլուխ-գլխի պիտի թողուն զայն: Ի դէպ, «Դեգերումներ…»-ու այս Գ. հատորը, որ լոյսին կու գայ երկիրը տրորող տնտեսական շատ սուր տագնապի մը մթնոլորտին մէջ, վերջին երեք տարիներուն Հալէպ հրատարակուած հայերէն առաջին գիրքն է…», կ՛եզրափակէ հեղինակը:
Միացեալ Նահանգներ
Առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Ընդունեց Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի Ներկայացուցիչները
11 փետրուարին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Հայկական ոսկրածուծի հիմնարկի ներկայացուցիչներուն` գլխաւորութեամբ վարչութեան նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի, որոնք Ազգային առաջնորդարան եկած էին առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութիւնը ստանալու` իրենց հետագայ ծրագիրներու յաջողութեան համար:
Հանդիպման ընթացքին առաջնորդ սրբազան հայրը բարձր գնահատեց Հայկական ոսկրածուծի հիմնարկի առաքելութիւնն ու կամաւորներու միջոցով ծաւալած գործունէութիւնը:
Ս. Ստեփանոս Ամէնօրեայ Վարժարանը Հարիւր Հազար Տոլարի Կտակ Ստացաւ
Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանը, որ Նիւ Ինկլընտ շրջանի միակ հայ կրթօճախն է, ստացաւ հարիւր հազար ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւն մը` Էտիլ Մանուէլեանի կտակէն: Մանուէլեանի որդին` Մեթիու Տէր Մանուէլեան յայտնեց, որ իր մայրը մեծապէս երախտապարտ էր դպրոցի խաղացած դերին համար` թէ՛ հայ համայնքի եւ թէ՛ աշակերտներու կեանքին մէջ, եւ այդ երախտապարտութիւնը կը տարածուի դպրոցի ղեկավարին, հոգաբարձութեան, ուսուցիչներուն, աշակերտներուն, իրենց ծնողներուն, ինչպէս եւ դպրոցի աջակիցներուն վրայ:
Դպրոցի տնօրէնուհին Հուրի Պոյամեան, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց եւ մեծապէս գնահատեց Էտիլ Մանուէլեանի ցանկութիւնը` հայեցի դաստիարակութիւնը յաւերժացնելու իր կտակով: Ան նկատել տուաւ, որ ազնուահոգի նուիրատուութիւնը ներդրում մըն է բոլոր աշակերտներուն երկլեզու եւ երկմշակութային գերազանց կրթութիւն մատուցելու իրենց առաքելութեան մէջ:
Դպրոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Մայքըլ Կիւզէլեան դպրոցի հոգաբարձութեան եւ ամբողջ համայնքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Տէր Մանուէլեան ընտանիքին:
Յայտնենք, որ այս առիթով յուշատախտակ մը պիտի զետեղուի դպրոցին մէջ:
Յունաստան
Եդուարդ Եւ Աննա – Մարինա Սագայեան Ամոլի Գործերուն Ցուցահանդէսը
Կազմակերպութեամբ Թեսաղոնիկէի թանգարանին, 4 փետրուարին տեղի ունեցաւ արուեստի ցուցահանդէսի բացում, որուն ներկայ գտնուեցաւ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ թանգարանի տնօրէնուհի Ալեք-սանտրա Վութիրա, որ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք քաջալեր կը հանդիսանան արուեստը հասարակութեան առաւել եւս ճանչցնելու: Վութիրա ներկայացուց երկու հանրածանօթ արուեստագէտներ Եդուարդ Եւ Աննա-Մարիա-Սագայեան ամոլը:
Երկու արուեստագէտները խօսք առնելով` ներկայացուցին իրենց գործերը եւ իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին ներկաներու քա-ջալերանքին եւ ի մասնաւորի առաջնորդ սրբազան հօր ու անոր պատուիրակութեան, որոնք պատուեցին եւ յարգեցին իրենց արուեստի աշխատանքը:
Աւարտին, առաջնորդ սրբազան հայրը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց երկու արուեստագէտներուն` իրենց կատարած հմայիչ աշխատանքին եւ յաջողութիւն մաղթեց:
Ցուցահանդէսը պիտի երկարի մինչեւ 17 ապրիլ 2022:
Սրբազան Հօր Այցելութիւնները
* 4 փետրուարին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան իր Թեսաղոնիկէ այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Նէա Քրինիի եւ Քալամարիայի մետրոպոլիտ` Յուստինոս Պարտաքաս սրբազանին հետ: Առաջնորդին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Թեսաղոնիկէի հովիւ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան եւ Թեսաղոնիկէի
«Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի անդամ Մարտիկ Մարտիկեանը:
Հանդիպման ընթացքին երկու հոգեւոր հայրերը խօսեցան այն մասին, որ պէտք է շարունակել ամուր պահել հայ եւ յոյն եկեղեցիներու սերտ, բարեկամական ու եղբայրական յարաբերութիւնները: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ առաւել եւս ճանչնալու երկու շրջաններու գաղութներու կեանքը, առաքելութիւնը, ծառայութիւնն ու տարած գործունէութիւնը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:
* 9 փետրուարին առաջնորդ սրբազանը հանդիպում ունեցաւ Թեսաղոնիկէի Նէափոլի եւ Սթաւրուփոլի շրջաններու մետրոպոլիտ Վառնավաս Թիրիս սրբազանին հետ: Առաջնորդին կ՛ընկերակցէր Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան:
Երկու կողմերը խօսեցան հայ եւ յոյն եկեղեցիներու ամուր ու եղբայրական յարաբերութեան, միջեկեղեցական ու միջկրօնական նախկին եւ ներկայ հանդիպումներուն մասին, ինչպէս նաեւ զիրար տեղեակ պահեցին շրջաններու գաղութներու կեանքին, առաքելութեան, ծառայութեան ու տարած գործունէութեանց մասին: Տեղի ունեցան յուշանուէրներու փոխանակում: Յատկանշական է, որ յոյն մետրոպոլիտը առաջնորդ սրբազան հօր նուիրեց գեղեցիկ եւ շքեղ պանակէ մը:
Թեհրան
Համազգայինի Մասնակցութիւնը Թեհրանի Միջազգային Թատերական Փառատօնին
6-11 փետրուարին Թեհրանի մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆաճր» միջազգային թատերական փառատօնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի Սօս Սարգսեանի անուան թատերախումբը:
Հայաստան-Իրան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման երեսնամեայ յոբելեանի շրջանակներէն ներս եւս տեղի ունեցան ձեռնարկներ, եւ թատերախումբը բեմադրեց Յովհաննէս Թումանեանի «Լոռեցի Սագոն» գործը` բեմադրութեամբ Նարինէ Գրիգորեանի, մասնակցութեամբ դերակատարներ Արման Նաւասարդեանի, Յարութիւն Սարգիսեանի եւ Միլենա Ղազարեանի: Թատրոնի բեմանկարիչն էր Վիքթորիա Ռիեթօ-Յովհաննէսեան, իսկ լոյսերու ձեւաւորման պատասխանատուն էր Զարուհի Թարխանեան:
Ներկայացումները տեղի ունեցան «Նազերզատէ» սրահին, ինչպէս նաեւ Թեհրանի եւ Սպահանի` Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան սրահներուն մէջ` հետաքրքրութեան առարկայ դառնալով թէ՛ տեղացի եւ թէ՛ իրանահայ հանդիսատեսներուն:
Համազգային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Նարինէ Գրիգորեան յայտնեց, որ 5 օրուան ընթացքին ներկայացուցած են 4 ներկայացումներ եւ ներկայ գտնուած են շարք մը բեմադրութիւններու աւելցնելով, որ երկրորդ անգամ ըլլալով իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն փառատօնին: Ան նկատել տուաւ, որ ցանկութիւն յայտնած են մշակութային յարաբերութիւնները աւելի ընդլայնելու համար աւելցնելով, որ իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30-ամեակի առիթով Համազգայինի թատրոնը նախատեսած է կարգ մը ծրագիրներ: Գրիգորեան յայտնեց, որ մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած են թէ հայ համայնքը, թէ՛ դեսպանատունը եւ թէ՛ իրանական կողմը:
Ներկայացումներուն ներկայ գտնուեցան Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արսէն Աւագեան եւ դեսպանութեան անձնակազմը:
Ատրպատական
ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ի Կողմէ Հրապարակուած Ս. Թադէի Եռօրեայ Ուխտագնացութեան Հռչակագիրի Յանձնում
9 փետրուարին Ազգային առաջնորդարանի «Էմիլ Յակոբեան» սրահին մէջ Իրանի Եկեղեցիներու պահպանութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Շերլի Աւետեանի ձեռամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի յանձնուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ հրապարակուած Ս. Թադէի եռօրեայ ուխտագնացութիւնը միջազգայնօրէն ճանչցող պաշտօնական հռչակագիրը:
Դոկտ. Շերլի Աւետեանին կ՛ընկերակցէին նոյն հիմնարկութեան ճարտարապետական խումբի օգնականներէն Արգիշտի Մկրեան, Ալեն Գրիգորեան եւ Սեւան Արթունեան:
Սրբազան հայրը ողջունելով հիւրերը, առաջին հերթին, ազգային իշխանութեան եւ անձնապէս իր անունով շնորհաւորեց դոկտ. Աւետեանի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական բարձր գնահատանքին արժանանալը եւ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրումը:
Սրբազանը կրկին անգամ անդրադարձաւ դոկտ. Աւետեանի «Իրանի հայկական եկեղեցիները» կոթողային գիրքի հրատարակութեան, որուն շնորհահանդէսը տեղի ունեցած էր Երեւանի եւ Թեհրանի մէջ: Այս առիթով սրբազան հայրը յայտնեց, որ Թեմական խորհուրդին որոշումով երրորդ շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Թաւրիզի մէջ, յատկապէս որովհետեւ գիրքին մէջ տեղ գտած եկեղեցիներու լուսանկարներուն մեծ մասը Ատրպատականի հայոց թեմի եկեղեցիներն են:
Շերլի Աւետեան իր կարգին իր երախտագիտութիւնը յայտնելով ջերմ արտայայտութիւններուն համար` հաւաստիացուց, որ իր պատկան պետական հիմնարկութեան բոլոր աշխատակիցներուն հետ կը փորձեն լաւագոյնը իրականացնել` յատկապէս մեր պատմական վանքերու բարւոք պահպանման ի խնդիր: Դոկտ. Շերլի յառաջիկայ աշխատանքներու յատուկ նախագիծը ներկայացուց ժողովականներուն: Ան ուրախութեամբ առաջնորդ սրբազանին յանձնեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ հրապարակուած Ս. Թադէի եռօրեայ ուխտագնացութեան ճանաչման հռչակագիրը, որուն պատրաստութեան մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցած էր սրբազան հայրը:
Թեմական խորհուրդի ատենապետ Գագիկ Ճորճեանը գնահատական խօսք ուղղելով` բարեբախտութիւն համարեց, որ վերջին 10 տարիներու ընթացքին սրբազան հօր եւ Շերլի Աւետեանի կատարած հրատարակութիւններով եւ սերտ համագործակցութեամբ, Ատրպատականի հայոց թեմը հայ կեանքին մէջ ուշադրութեան կեդրոն դարձաւ, յատկապէս` պատմական վանքերու եւ կոթողներու վերայայտնութեամբ: