Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Մարտ 24, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ 

Սուրիա

 Սրբազան Հօր Անդրանիկ Այցելութիւնը Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկ

Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական հիմնարկի վարչութեան հրաւէրով 10 մարտին  Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական հիմնարկ, շրջեցաւ դասարանները, զրուցեց ուսանողութեան հետ, ապա մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ Շրջանային վարչութեան, հիմնարկի վարչութեան, դասախօսական կազմին եւ տնօրէնութեան հետ:

Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց տարուած անձնուէր աշխատանքը եւ անմնացորդ նուիրումը, որոնց շնորհիւ հիմնարկը 25 տարիէ ի վեր անխափան կը գործէ` հակառակ Սուրիոյ պատերազմին եւ տնտեսական ծանր պայմաններուն:

Թեհրան

Արա Շահվերդեանի Հանդիպումը Կրթա–Դաստիարակչութեան Նախարարութեան Թեհրան Նահանգի Ընդհանուր Պատասխանատու Ալիրեզա Քարիմեանի Հետ

Վերջերս Իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեան հանդիպում ունեցաւ կրթա-դաստիարակչութեան նախարարութեան Թեհրան նահանգի ընդհանուր պատասխանատու Ալիրեզա Քարիմեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան կրթութեան եւ գիտութեան համակարգերու որակի վերաբերեալ հարցեր: Արա Շահվերդեան ներկայացուց հայկական դպրոցներու դժուարութիւնները եւ խնդիրները, բարձրակարգ կրթական չափորոշիչներու պահանջներուն համապատասխան դարձնելու եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացման վերաբերեալ նախարարութեան աջակցութեան տրամադրման վերաբերեալ հարցեր:

Ալիրեզա Քարիմեան իր կարգին կարեւոր նկատեց հայկական դպրոցներու առաքելութիւնը` Իրանի մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու տեսակէտէ եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց` նպաստելու դպրոցներու զարգացման:

Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ Տարելիցը Ոգեկոչող Յանձնախումբին Ծրագիրները

Թեհրանի հայոց թեմի Թեմական խորհրդին կողմէ կեանքի կոչուած Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 104-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւններու Կեդրոնական յանձնախումբին ունեցած հանդիպումներու ծիրին մէջ, 16 մարտին «Արամ Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց մը յանձնախումբի դիւան Ալֆրետ Քէշիշեանի, Արա Գալստեանի եւ Ժորժ Մանուկ Խուտավերդեանի հետ: Հարցազոյցի ընթացքին անոնք ընդգծեցին, որ բոլոր աշխատանքներուն նպատակն է ժողովուրդի հոգիին մէջ  միշտ վառ պահել մեր սրբադասուած նահատակներուն արդար պահանջներուն ձայնը եւ ապացուցել, որ պայմանները չեն կրնար փոխել հայ ժողովուրդի վճռակամութիւնը` հետամուտ ըլլալու իր արդար դատին, եւ նշեցին, որ յանձնախումբը կը մշակէ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման նուիրուած  շարք մը ծրագիրներ, ինչպէս` աշակերտական ձեռնարկ, կրօնական արարողութիւններ, ժողովրդային նախաձեռնութիւններ, գեղարուեստական կեդրոնական ձեռնարկ: Անշուշտ այս բոլորը պիտի իրագործուին, եթէ համավարակը արտօնէ:

Նոր Ջուղա

 «Նահատակներու Յիշատակի Օր»-ուան Առիթով Հանդիպում Նահատակներու Ընտանիքներուն Հետ

Ամէն տարի,  22 մարտին կը նշուի «Նահատակներու յիշատակի օր»-ը:

Արդարեւ, Իրան-Իրաք պարտադրեալ պատերազմին թեմի հայ նահատակներու յիշատակը մեծարելու նպատակով, նախաձեռնութեամբ Սպահանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին, 13 մարտին Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Ծաղկեայ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում նահատակներու ընտանիքներուն հետ` ներկայութեամբ թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեանի, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Վրէժ Տէր Մարտիրոսեանի,  խորհուրդի անդամ Սարմէն Մինասեանի, Կրօնական խորհուրդի անդամ Սագօ Տէր Յովհաննիսեանի, Սպահանի նահատակներու եւ անձնուրացներու հարցերով հիմնարկի հետ կապ Զարեհ Ղարախանեանի եւ նահատակներու հարազատներուն:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ առաջնորդ սրբազանը, որ նկատել տուաւ, թէ հաւաքուած ենք մեծարելու եւ յարգանքի տուրք մատուցելու ութամեայ պաշտպանութեան տարիներու ընթացքին, յանուն ծննդավայր հայրենիքի պաշտպանութեան մարտի դաշտ նետուած եւ զոհուած թեմի հայ նահատակներուն յիշատակը:

Ան շեշտեց, որ գնահատելի երեւոյթ է Իրանի մէջ թէ՛ պետական մակարդակով եւ թէ՛ ժողովուրդին կողմէ պատերազմի նահատակներուն տածուող այս մակարդակի սէրն ու յարգանքը եւ անոնց արժեւորումը, աւելցնելով, որ այս մէկը պէտք է օրինակ հանդիսանայ այլ երկիրներու` նոյնպէս վերաբերելու, ինչպէս նաեւ` ուշադրութեան կեդրոն դարձնելու անոնց ընտանիքները:

Իր կարգին, Վրէժ Տէր Մարտիրոսեան անդրադարձաւ Իրանի ամբողջականութիւնը պահպանելու ճանապարհին զոհուած հայորդիներու արիութեան եւ անձնազոհութեան` հաստատելով, որ անոնք ոչ միայն Սպահանի, այլ Իրանի ամբողջ ժողովուրդին պարծանքն ու հպարտութիւնն են:

Այնուհետեւ առիթ տրուեցաւ նահատակներու հարազատներուն` արտայայտուելու, որոնք իրենց նահատակ զաւակներուն մասին յուշեր պատմեցին:

Այնուհետեւ Զարեհ Ղարախանեան տեղեկացուց, որ Սպահանի նահանգապետարանի, Արուեստի կեդրոնի եւ հեռուստատեսութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ, պիտի նկարահանուի Իրան-Իրաք պարտադրեալ պատերազմի թեմի հայ նահատակներու զոհաբերութեան մասին պատմող հայերէնով շարժապատկեր մը, որ պիտի ցուցադրուի թէ՛ Իրանի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ, եւ խնդրեց նահատակներու ընտանիքներուն համագործակցութիւնը կազմակերպիչներուն հետ:

Աւարտին սրբազան հայրը  աղօթեց Աստուծոյ, որ նահատակներուն հոգիները խաղաղութեան մէջ պահէ եւ երկինքի արքայութեան արժանացնէ:

Այնուհետեւ ծաղիկներ եւ նուէրներ յանձնուեցան նահատակներու ընտանիքներուն:

Յունաստան

Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Յոյն Պատմաբանի Գիրքին Շնորհահանդէսը` Աթէնքի Մէջ

Աթէնքի «Պացիուլաս» հրատարակչութեան գրախանութին մէջ տեղի ունեցաւ յոյն պատմաբան Ալեքսանտրոս Պիղատասի «Ազգ ու ազգային փոքրամասնութիւններ. Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւն» գիրքին շնորհահանդէսը: Այս մասին կը յայտնեն Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն` նշելով, որ ձեռնարկին մասնակցեցաւ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Մկրտչեան:

Դեսպան Մկրտչեան, իր խօսքին մէջ ողջունած է նշեալ աշխատութիւնը եւ կարեւոր համարած է անոր առանձնայատկութիւնները: Ան մասնաւորապէս առանձնացուցած է աշխատութեան մէջ ընդգծուած այն հանգամանքը, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը որքա՛ն ազդած է յունահայ համայնքի ձեւաւորման վրայ: Դեսպանը նաեւ կարեւոր համարած է երիտասարդ գիտնականին կողմէ առանձնացուած այն միտքը, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ոչ միայն կարեւորութիւն ունի պատմական յիշողութեան եւ արդարութեան վերականգման համար, այլ նաեւ` մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան տեսանկիւնէն, եւ այդ իմաստով Ցեղասպանութեան ճանաչումը Ցեղասպանութիւնը գործածներու իրաւայաջորդներուն կողմէ միայն կրնայ խորհրդանշել տուեալ պետութեան եւ հասարակութեան հասունութիւնը: Դեսպանը նաեւ անդրադարձած է ՄԱԿ-Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին մէջ Հայաստանի հեղինակած «Ցեղասպանութեան կանխարգելման բանաձեւեր»-ու կարեւորութեան, եւ ընդգծած է այն հանգամանքը, որ բազմաթիւ պետութիւններ, ներառեալ` Յունաստանը, հանդէս եկած են իբրեւ բանաձեւի համահեղինակ:

Գիրքին մէջ կ`ուսումնասիրուին հայ ժողովուրդի պատմութեան ցաւալի էջերը, Ցեղասպանութեան նախորդած իրադարձութիւնները եւ հանգամանքները, միաժամանակ անդրադարձ կը կատարուի հայկական սփիւռքի ձեւաւորման գործընթացին, ինչպէս նաեւ` ցեղասպանութեան յանցագործութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման ուղղուած ջանքերուն: Գիրքը իր ուրոյն դերակատարութիւնը ունի Հայկական հարցի, ինչպէս նաեւ հայերը ծրագրուած բնաջնջելու քաղաքականութեան շուրջ իմացութեան գործին մէջ:

Գիրքի շնորհահանդէսին խօսք առաւ նաեւ Յունաստանի ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յարութիւն Սպարթալեանը:

Քուէյթ

Հայաստանի Լեռներու Զուլալ Ջուրը Արդէն Կարելի Է Գտնել Քուէյթի Մէջ

17 մարտին Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս ծ. վրդ. Մանուէլեան Ազգային առաջնորդարանի  մէջ ընդունեց այցելութիւնը տեղացի գործարար Մունաֆ Հուսէյնի, որուն կ՛ընկերակցէր Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Կարօ Տեկիրմէնճեանը:

Գործարարը պատմեց, թէ ինչպէս Հայաստան այցելած է, հմայուած է անոր գեղեցկութեամբ եւ որոշած` Հայաստանի լեռներու զուլալ` «RARE» մակնիշի ջուրը ներածել Քուէյթ:

Այժմ հայկական բնական հանքային «RARE» ջուրը կարելի է գտնել Քուէյթի Ատելիէի, Մուշրեֆի եւ Եարմուքի շուկաներուն մէջ:

Միացեալ Նահանգներ

«Սփիւռքի Տարուան» Առիթով Հիւսիսային Ամերիկայի Առաջնորդները Ունեցան Խորհրդակցական Հանդիպումներ

Մարտ ամսուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան եւ Քանատայի թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան աշխատանքային հանդիպումներ ունեցան Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ, իսկ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան նիստերուն միացաւ առցանց դրութեամբ:

Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմակալ առաջնորդներուն միջեւ գործակցութիւնը եւ աշխատանքային խորհրդակցական հանդիպումները մասնաւորաբար` «Սփիւռքի տարի»-ի առիթով, թեմերուն եւ յատկապէս եկեղեցական կազմակերպչական կեանքին նոր շեշտ կու տան եւ քրիստոնէական ծառայութեան առջեւ նոր հորիզոններ կը բանան:

Արդարեւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական ուղղորդող ցուցմունքները կեդրոնական մասը կը կազմեն Հիւսիսային Ամերիկայի Ազգային առաջնորդարաններու եւ ծուխերու վերաշխուժացման ու ծառայութեանց դաշտերու ընդարձակման գործին մէջ:

Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ Համազգայինի Հանգանակութեան Հաւաք Եւ Կոչ Զօրակցութեան

Նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի, 13 մարտին Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ: Օրուան խորհուրդին մասին խօսեցաւ սրբազան հայրը:

Պատարագի աւարտին «Բաշալեան» սրահին մէջ սրբազան հայրը նախագահեց Համազգայինի կողմէ կազմակերպուած հանգանակութեան` ի նպաստ Արցախի եւ Լիբանանի (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի) հայ ուսանողներուն, ինչպէս նաեւ հայերէնի ուսուցիչներու պատրաստութեան` մեր վարժարաններու մէջ դասաւանդելու համար, որմէ գոյացաւ 25 հազար ամերիկեան տոլարի գումար մը:

Եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, մեծ գոհունակութեամբ յայտնեց, որ պսակաձեւ ժահրի ստեղծած տագնապէն ետք այս առաջին ձեռնարկով մայր եկեղեցին իր բնականոն կեանքին կը սկսէր: Այնուհետեւ յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին Լալիկ Վարդանեան` Համազգային, Նիւ Եորք, Մարիա Եփրեմեան` ՀՕՄ-ի Նիւ Եորքի «Մայր» մասնաճիւղ), Դրօ Թիւրպէնտեան` ՀՅԴ Նիւ Եորքի «Արմէն Գարօ» կոմիտէ, Արեւիկ Գաբրիէլեան` Համազգայինի Արեւելեան շրջանի ատենապետուհի եւ Անի Չաղլասեան` ՀՅԴ-ի Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէ, որ այցելած ըլլալով հայրենիք` սահիկներով ներկայացուց Արցախի կեանքը:

Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած սոյն ազգաշէն արշաւը: Ան նկատել տուաւ, որ Համազգայինը` որպէս մշակութային միութեան մը անունը, նաեւ մտածողութեան մը ուղղութիւնը կը պատգամէ, աւելցնելով, որ ոմանց համար հայ ժողովուրդը իր գոյութեամբ եւ երազներով կ՛ըմբռնուի Երեւանի շրջակայքով, առաւելագոյնը` մկրատուած Հայաստանով, իսկ ուրիշներու համար`  Քալիֆորնիայէն Արցախ եւ Արցախէն մինչեւ Աւստրալիա: Սրբազան հայրը ողջունեց ներկաները` վստահեցնելով, որ իրենց ներկայութիւնը պիտի ալիքաւորուի ի խնդիր սփիւռքի հզօրացման եւ հայրենիքի զօրակցութեան:

Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը կոչ ուղղեց համայն հայութեան հաւատալու եւ յուսալու սփիւռքի եւ հայրենիքի մեր ժողովուրդի անսասան երթին եւ արդար իրաւունքներու պաշտպանման ու տիրացման:

Քանատա

Ընդունելութիւն Ի Պատիւ Լեւոն Աֆէեանի ՀՀ Պատուաւոր Հիւպատոս Նշանակման

16 մարտին Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան ընկերակցութեամբ Յակոբ աբղ. Եագուպեանի, ներկայ գտնուեցաւ Մոնրէալի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ պատուաւոր հիւպատոս Լեւոն Աֆէեանի գրասենեակի բացման հանդիսութեան` ներկայութեամբ  Քանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի:

Սրբազան հայրը շնորհաւորեց հիւպատոսը եւ բարի երթ մաղթեց անոր հայրենանուէր առաքելութեան:

Նոյն օրը, երեկոյեան, Մոնրէալի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Լեւոն Աֆէեանի շնորհաւորութեան հաւաքը: Ընդունելութեան ներկայ էին Մոնրէալի եւ Լաւալի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ հոգեւոր կառոյցներու ներկայացուցիչներ: Քանատայի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի կողմէ սոյն ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան առաջնորդարանի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները` գլխաւորութեամբ ատենապետ Ծովիկ Թերզեանի:

 

 

 

 

Նախորդը

Առողջապահական. Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ. Ի՞նչ Գիտենք Ջուրի Մասին

Յաջորդը

Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի Ձեռնադրութեան Արարողութիւնը

RelatedPosts

Հայ Դատի Համակարգի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Վարշաւայի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին
Գաղութէ Գաղութ

Հայ Դատի Համակարգի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Վարշաւայի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի  Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով
Գաղութէ Գաղութ

Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի
Գաղութէ Գաղութ

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?