Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Քանատա
Սումկայիթի Ջարդերը Դատապարտող Բողոքի Հաւաք ՀՅԴ ՔԵՄ–ի Կազմակերպութեամբ
34 տարի առաջ Ազրպէյճանի Սումկայիթի քաղաքին մէջ հայ քաղաքացիներու դէմ գործադրուած ջարդերուն եւ վայրագութիւններուն յիշատակման առիթով փետրուար 26-ին բողոքի իրենց ձայնը բարձրացուցին Վանգուվըրի հայ համայնքի անդամները:
Բողոքի հաւաքը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին կողմէ: Հաւաքը կայացաւ Քանատայի հանրային ռատիոկայանի Վանգուվըրի կեդրոնատեղիին դիմաց, իբրեւ բողոք, 34 տարի առաջ Սումկայիթի մէջ կատարուած սպանդին: Ցուցարարները ազրպէյճանական ռազմական յանցագործութիւնները եւ Սումկայիթի ջարդերը դատապարտող պաստառներ պարզեցին:
Խորհրդակցական Հանդիպում` Առաջնորդ Սրբազան Հօր Եւ Քանատայի Հայկական Վարժարաններու Տնօրէններու Միջեւ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի «Սփիւռքի տարի» հռչակագիրի աշխատանքային ծիրին մէջ եւ անսալով «Սփիւռքի ներկան վերակազմակերպելու եւ ապագան հունաւորող ճամբաներ ու միջոցներ որոնելու» վեհափառ հայրապետի կոչին, հովանաւորութեամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, 19 փետրուարին Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ խորհրդաժողով մը, մասնակցութեամբ Քանատայի ամէնօրեայ վարժարաններու տնօրէններուն` նպատակ ունենալով միատեղ ջանքերով մտածել Քանատայի տարածքին հայ դպրոցներու առանցքային կարեւորութեան մասին եւ միասնական ճիգերով անոնց ապագան հունաւորող ճամբաներ ու միջոցներ որոնել:
Սոյն խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Պօղոս վրդ. Գազանճեան` Նարեկ վարժարան, Շահէ Թանաշեան` ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան վարժարան, Րաֆֆի Սարգիսեան` ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարան եւ Լոռի Ապրագեան` Ս. Յակոբ ազգային վարժարան: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Յակոբ աբեղայ Եագուպեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Ծովիկ Թերզեան, նաեւ Հրաչ Գասպար, Ալֆրետ Պօղոսեան եւ դիւանապետը:
Հանդիպման ընթացքին հիմնականօրէն արծարծուեցան ու քննարկուեցան հայկական վարժարաններուն վերաբերող հետեւեալ օրակարգերը. ա) Սփիւռքի հայ դպրոցը` 2025 թուականին. այս մասին ամփոփ ներկայացումներ եղան տնօրէններուն կողմէ, բ) Հայ դպրոցի կարիքներն ու մարտահրաւէրները, գ) Հայ դպրոցի առաքելութիւնը սփիւռքի մէջ. այս մասին ներկայացուեցան տեսակէտեր եւ տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում, դ) Այլ դպրոցական ծրագիրներ, որոնք օգտաշատ են հայ դպրոցին համար:
Իր օրհնութեան խօսքին մէջ սրբազան հայրը գնահատեց հայկական վարժարաններուն տարած անխոնջ աշխատանքները` ի խնդիր նոր սերունդներուն հայեցի դաստիարակութեան, գնահատեց տնօրէններուն ու ուսուցիչներուն վաստակը` շեշտելով, որ հայ դպրոցը օրրան է ու ազգային գանձը քանատահայ գաղութին եւ այդ հաստատութիւններէն շրջանաւարտ աշակերտները պէտք է դառնան գաղութի վաղուան ղեկավարները, մեր հաստատութիւններուն եւ արժէքներուն պահապանը` համայնքային կեանքին մէջ իրենց բերած գործնական ներդրումով:
Կիպրոս
Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ներկայացուցիչները Այցելեցին Կիպրոսի Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Խրիսոսթոմոս Բ. Արքեպիսկոպոսին
23 փետրուարին, Նիկոսիոյ արքեպիսկոպոսարանին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչները` Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան եւ Միջեկեղեցական յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Կիպրոսի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Խրիսոսթոմոս արքեպիսկոպոսին եւ փոխանցեցին վեհափառ հայրապետին եղբայրական ջերմ ողջոյններն ու շուտափոյթ ապաքինման բարեմաղթութիւնները:
Այնուհետեւ, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան զեկուցեց յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ ժողովուրդին դիմագրաւած ընկերատնտեսական մարտահրաւէրներուն եւ, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ, հայ եկեղեցւոյ եւ մեր բոլոր կառոյցներուն կատարած զօրակցական աշխատանքներուն մասին: Իսկ Խորէն արք. Տողրամաճեան խօսեցաւ կիպրահայութեան ու Կիպրոսի վերաբերող հարցերուն մասին:
Արքեպիսկոպոսը նաեւ հետաքրքրուեցաւ Հայաստանի ապահովական կացութեամբ եւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան ու վկայութեան կենսական հարցով:
Հանդիպման աւարտին, Խրիսոսթոմոս արքեպիսկոպոս իր եղբայրական ջերմ ողջոյնները յղեց վեհափառ հայրապետին եւ յոյս յայտնեց մօտ օրէն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հանդիպիլ կաթողիկոսին:
Վրաստան
ՀՕՄ–ի Աջակցութեամբ Ջաւախքի Մէջ Բացուած Է «ԹՈՒՄՕ»-ի Կեդրոն
17 փետրուարին Վրաստանի հայաբնակ Ջաւախքի շրջանի Ախալքալաք քաղաքի «ԹՈՒՄՕ» կեդրոնին մէջ սկիզբ առին առաջին աշխատանքները: «ԹՈՒՄՕ»-ի եւ Հայ օգնութեան միութեան Ջաւախքի մասնաճիւղի գործակցութեան շնորհիւ աւելի քան 200 պատանիներ արդէն արձանագրուած են` կեդրոն այցելելու եւ ճարտարագիտութեան ու ձեւաւորման հմտութիւններ ձեռք բերելու նպատակով:
«ԹՈՒՄՕ»-ի գլխաւոր տնօրէն Մարի Լու Փափազեան յայտնեց, որ իրենց համար շատ խորհրդանշական է Ախալքալաքի մէջ «ԹՈՒՄՕ» կեդրոն բանալը` աւելցնելով, որ, որպէս միջազգային վայր, որ կը ծառայէ հարիւրաւոր հայ պատանիներու, այս նոր տուփը ցոյց կու տայ մեր առաքելութիւնը` հասնելու իւրաքանչիւր հայ համայնքի սահմաններէն այն կողմ:
Ախալքալաք կեդրոնը առաջին քայլն է «ԹՈՒՄՕ»-ի անվճար կրթական ծրագիրը Ջաւախքի դեռահասներուն հասանելի դարձնելու, ապագային կարելի է ընդլայնումի ծրագիրներ իրականացնել:
Միացեալ Նահանգներ
Թաներ Աքչամ Նշանակուեցաւ «Խոստումը» Հայկական Հիմնարկին Ցեղասպանութեան Ուսումնասիրութեան Ծրագրի Վարիչ
Վերջերս Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ գործող «Խոստումը» հայկական հիմնարկի Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ծրագրի վարիչ նշանակուեցաւ յայտնի ցեղասպանագէտ Թաներ Աքչամ, որ Մեսեչուսեց նահանգի Քլարք համալսարանի ցեղասպանագիտութեան բաժանմունքի վարիչն է:
Այլախոհ թուրք պատմաբանը հեղինակած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին շարք մը հատորներ, որոնցմէ մէկն է «Սպանութեան հրամաններ. Թալէաթ փաշայի հեռագիրները եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը»:
«Խոստումը» հայկական հիմնարկի վարիչ Էն Գարակէօզեան վստահեցուց, որ Աքչամի յաւելումը զարկ պիտի տայ համալսարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին նոր եւ բազմակողմանի ուսումնասիրութիւններու:
Յայտնենք, որ «Խոստումը» հայկական հիմնարկը հաստատուած է հանգուցեալ ազգային բարերար Գըրգ Գըրգորեանի կտակած 20 միլիոն տոլարի նուիրատուութեան միջոցով:
Սուրիա
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան Ժողով
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, 15 փետրուարին տեղի ունեցաւ Ա. զեկուցական ժողովը, որուն իրենց մասնակցութինը բերին Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական հիմնարկի, «Լեւոն Շանթ» թատերական, «Բ. Կանաչեան» երաժշտական դպրոցի, «Զուարթնոց» երգչախմբային միաւորներու եւ «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութիւնները եւ հաշուեքննիչ մարմինը:
Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Տիքպիքեան բարի գալուստի խօսքով բացուած յայտարարեց ժողովը, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր այս շրջանին:
Ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց վարչութեան անցնող երկամսեայ աշխատանքները եւ յառաջիկայ երկամեայ ծրագիրը:
Ապա խօսք առին վարչութիւններու ներկայացուցիչները: Ժողովը լսեց իւրաքանչիւրին ծրագիրը, մտահոգութիւններն ու առաջարկները եւ հաշուեքննիչ մարմինի թելադրութիւնները` հաշուապահական ճիշդ հիմունքներով եւ միատեսակ ծրագիրով առաջնորդուելու: