Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Թեհրան
Այցելութիւն` «Ալիք» Օրաթերթի Խմբագրատուն
«Ալիք» թերթի 90-ամեայ յոբելեանը եւ Ամանորը շնորհաւորելու նպատակով 4 յունուարին «Ալիք» այցելեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասը` գլխաւորութեամբ Մաշտոց քհնյ. Խաչատուրեանի:
Հիւրերը սկսան Տէրունական աղօթքով, շարականներու երգեցողութեամբ եւ ազգային յեղափոխական երգերու կատարմամբ, որմէ ետք անոնց բացատրութիւններ տրուեցան օրաթերթի պատմականին, առօրեայ աշխատանքներուն, հրատարակութեան դժւարութիւններուն եւ հարցերուն մասին: Հիւրերը յայտնեցին իրենց տեսակէտներն ու հարցերը, ապա այցելեցին «Ալիք»-ի տպարան եւ «alikonline»-ի գրասենեակ:
Ատրպատական
Ս. Ծննդեան Ընդունելութիւն
2 յունուարին Ուրմիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն ի պատիւ նեստորական ասորիներու Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ կազմակերպուած Ս. Ծննդեան ընդունելութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան:
Հանդիսութեան ընթացքին բեմ հրաւիրուելով` օրուան առիթով իր պատգամը յղեց սրբազան հայրը: Ան ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն խաղաղ համակեցութեան եւ համագործակցութեան վրայ, որ փոքրամասնութիւնները կ՛ապրին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ, նկատել տալով, որ փոխադարձ յարգանքը ակներեւ է քրիստոնէական եւ իսլամական տօներուն առիթով, երբ մենք` որպէս քրիստոնեաներ, կը յարգենք երկրի իսլամական օրէնքները, ինչպէս նաեւ տօնական առիթներով մեր յարգանքը կ՛ընծայենք ժողովուրդին: Սրբազանը հաստատեց, որ նոյն յարգանքը կը տեսնուի իրենց կողմէ: Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առին նաեւ նահանգապետի ներկայացուցիչ Ռեզա Իպրահիմի, Իսլամական մշակոյթի տարածման եւ փոքրամասնութիւններու հիմնարկութեան ընդհանուր տնօրէն Ալիրեզա Նովրուզի, Իրանի Իսլ. խորհրդարանում ասորական համայնքի պատգամաւոր Շարլի, որ նաեւ խօսեցաւ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեանէին անունով, ինչպէս նաեւ` ասորի կաթոլիկ եւ նեստորական ասորի համայնքներու հոգեւորականները:
Աւարտին բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ Յիսուսի յայտնութիւնը խորհրդանշող գծանկարին, որ գծագրուած էր նկարիչ Խաղանիի կողմէ: Նոյն նկարէն կրկնօրինակներ նուիրուեցան բոլոր բանախօսներուն, ինչպէս նաեւ` Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդին:
Յունաստան
Երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեան Հանդիպեցաւ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ
Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեան, որ Յունաստան կը գտնուէր մասնակցելու Յունաստանի Քորֆու կղզիին մէջ տեղի ունեցած միջազգային Ուղղափառ խորհրդարանական միութեան երկօրեայ ժողովներուն, 13 դեկտեմբերին կարճ ժամանակով գտնուեցաւ Աթէնք եւ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ «Ազատ Օր»-ի խմբագրութեան հետ:
Ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ միջազգային խորհրդաժողովի աշխատանքներուն ու իր մասնակցութեան, ապա զրոյցը ծանրացաւ Սուրիոյ հայ գաղութի ներկայ իրավիճակին եւ ապագայի հեռանկարներուն վրայ:
Երեսփոխանը յայտնեց, որ անցեալի անապահով պատերազմական վիճակը, որ կը տիրէր հալէպահայութեան մօտ մինչեւ քանի մը տարի առաջ, շրջանցուած է շնորհիւ պետութեան եւ բանակի յաջողութիւններուն: Սակայն ռազմական իրավիճակը փոխարինուեցաւ տնտեսական պատերազմով ու զանազան սեղմումներով: Այս իրողութիւնը ժողովուրդին վրայ բաւական ծանր կը կշռէ, որովհետեւ տնտեսական տագնապը տարածուած է ամբողջ երկրին մէջ եւ կ՛ազդէ իւրաքանչիւր քաղաքացիի վրայ: Տարրական դժուարութիւններու ալիքին մէջ գոյութիւն ունի վառելանիւթի տագնապ, սղաճը համատարած ճնշումներ կը գործէ, իսկ երկրի ընդերքը գտնուող ուժանիւթը կը գտնուի զանազան օտար բանակներու հսկողութեան տակ: Ուժանիւթի տագնապը կը պատճառէ նաեւ շուկայի մէջ ապրանքներու, սննդեղէնի եւ ամէնօրեայ կարիքներու ահաւոր սղաճ: Միւս կողմէն` եկամուտները զգալիօրէն նուազած են:
Խօսելով սուրիահայ գաղութի մասին` Ժ. Ռէյիսեան յայտնեց, որ համայնքի կարելիութիւնները կը մնան սահմանափակ, թէկուզ արտասահմանէն ամէն տեսակի օգնութիւն կը հասնի, սակայն այն բաւարար չէ` հոգալու հսկայ կարիքները: Հակառակ այս բոլոր դժուարութիւններուն` համայնքը կը շարունակէ աշխուժ ազգային, հոգեւոր, մշակութային եւ կրթական կեանք ունենալ ու չյանձնուիլ կացութիւններուն: Գաղութը կը պահէ իր գոյնը եւ բնոյթը`հակառակ արտագաղթին եւ հայութեան թիւի նօսրացումին:
Յատուկ անդրադարձ եղաւ յունահայ ազգային եւ միութենական կառոյցներուն կողմէ Լիբանանի եւ Սուրիոյ գաղութներու զօրակցութեան համար կազմակերպուած հանգանակութեան:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Այցելութիւնը «Ազատ Օր»-ի Խմբագրատուն
Երկուշաբթի, 3 յունուար 2022-ի կէսօրին յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ առաջնորդական փոխանորդ Յովհաննէս ծ.վրդ. Սաղտըճեան այցելութիւն տուին «Ազատ Օր»-ի խմբագրատուն:
Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի առիթով Սրբազան հայրը իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց թերթի պաշտօնէութեան` մաղթելով բեղուն եւ արգասաբեր տարի մը: Երկու հիւրերը անդրադարձան անցնող տարուան ընթացքին համավարակի դժուար պայմաններուն տակ ստեղծուած ազգային եւ հոգեւոր իրականութեան, ապա զրոյցը ընթացաւ ազգային կեանքի վերաշխուժացման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ համայնքային վերակազմակերպման օրակարգին եւ գաղութային գործօններուն միջեւ գործակցութեան լայն դաշտին շուրջ: Ընդգծուեցաւ հոգեւոր, կրթական եւ դաստիարակչական բնագաւառներու հզօրացման անհրաժեշտութիւնը, երիտասարդութեան ներգրաւումը եւ ժողովուրդին մէջ ազգային եւ գաղութային հիմնախնդիրներուն հանդէպ ներգրաւուածութիւնը բարձր պահելու ուղղութեամբ հիմնական քայլերու կիրարկումը: Առաջնորդ Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց «Ազատ Օր»-ի առաքելութիւնը յունահայ կեանքին մէջ` որպէս գաղութի բազկերակը ըլլալու իրողութիւն եւ ընդգծեց թերթի ներդրումը հայ մամուլի անդաստանէն ներս:
Միացեալ Նահանգներ
ՀՅԴ-ի 131-Ամեակի Նշում
3 դեկտեմբերին աւելի քան երկու հարիւր հայորդիներ հաւաքուած էին Տիթրոյթի մօտակայ Նորթվիլ շրջանի «Միտոպրուք քաունթրի քլապ»-ի սրահին մէջ` նշելու համար ՀՅԴ-ի 131-ամեակը: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր տեղւոյն «Ազատամարտ» կոմիտէին կողմէ:
Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արամ Գալուստեան, որ նախապէս հանդիպած էր շրջանի ՀԵԴ-ի ու ՀՄԸՄ-ի անդամներուն հետ եւ երկարօրէն զրուցած:
Արամ Գալուստեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ առանց ՀՅԴ-ի` դժուար թէ շարունակուէր հայոց պատմութիւնը: Ան անդրադարձաւ ներկայ օրերուն ո՛վ է դաշնակցականը հասկացողութեան, կուսակցութեան ներքին ժողովրդավարութեան պատմական հոլովոյթին եւ անոր կարեւորութեան, որ հիմնական գաղտնիքն է կուսակցութեան գոյութեան եւ ապագայի յառաջընթացին, շեշտը դնելով 131-ամեայ կենսափորձին վրայ, որ արդիւնքն է պատմական երթին, ուղիին, փորձառութեան:
Ան շեշտեց կարեւորութիւնը ուսանողութեան, երիտասարդութեան եւ պատանեկան միութիւններու դերակատարութեան, անոնց նկատմամբ ՀՅԴ միշտ ցուցաբերած է յատուկ ուշադրութիւն եւ հոգածութիւն: Բանախօսը կարեւորեց Հայ դատը եւ անդրադարձաւ տարուած աշխատանքներուն, նուաճումներուն, գրասենեակներուն ծաւալած մասնագիտական աշխատանքներուն եւ յատկապէս անոնց նկատմամբ ժողովուրդին ցուցաբերած զօրակցութեան ու հաւատքին:
Այնուհետեւ «Ազատամարտ» կոմիտէութէնէն Րաֆֆի Ուրլեան եւ Ճորճի-Անն Օշական յատուկ յուշանուէրներ յանձնեցին ՀԵԴ-էն ներս գործօն անդամներ Վրէժ Տաուլիի (ատենապետ) եւ Արաքսի Թոսունեանի (փոխատենապետ): Իբրեւ տիպար համակիր` յուշանուէրներ ստացան նաեւ Սիլվա Սաղըրեան եւ Շողեր Ուրլեան: Սաղըրեան հետեւողական աշխատանք տարած է շրջանի Հայ դատի մարմինէն ներս, իսկ Ուրլեան տեղւոյն Համազգայինի մասնաճիւղի ատենապետուհին է, որ իր կարգին անդադար գործած է, յատկապէս` լիբանանահայութեան օժանդակութեան ծիրէն ներս:
Պերճուհի Տարաքճեան ստացաւ իր հօր` Համազասպ Արսլանեանի յիշատակին յուշանուէր մը: 1905-ին ծնած, Համազասպ 1933-ին եղած է շրջանը կազմակերպող տիպարներէն մէկը:
Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան Դրօ Գրիգորեան եւ Արա Տապանճեան:
Անուշաւան Արք. Դանիէլեան` Քընեթիքըթի Մէջ
2 յունուարին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան նոր տարուան իր անդրանիկ այցելութիւնը շնորհեց Նիւ Պրիթընի (Քընեթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցիին: Սրբազան հայրը նախքան իր քարոզը նկատել տուաւ, թէ փափաքած է, որ այդ կիրակի աղօթակից ըլլայ այդ շրջանի ժողովուրդին, որովհետեւ Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցիէն ետք Ս. Ստեփանոս եկեղեցիին ծուխը թեմի հնագոյն գաղութն է, որ 97 տարիներու ծառայութեամբ վառ պահած է հայ հաւատքը, ինքնութիւնը, մշակոյթն ու ընկերային կեանքը, նկատել տալով, որ եկած է անձամբ խոնարհելու այդ սքանչելի զոհաբերութեան առջեւ: Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը օրուան Աւետարանի ընթերցումը վերակենդանացուց` կապելով մերօրեայ կեանքին:
Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած հաւաքի ընթացքին սրբազան հայրը բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ հովիւ Կարապետ քհնյ. Թէլֆէեանի, հոգաբարձութեան եւ յարակից մարմիններու տքնաջան նուիրուածութիւնը, մանաւանդ «Քորոնա» ժահրի տագնապի ընթացքին եւ մաղթեց, որ գաղութը ամենայն պատշաճութեամբ իր հարիւրամեակը տօնախմբէ բնականոն պայմաններու մէջ:
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ Սրբապատկերի Օծում

2 դեկտեմբերին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան պատարագեց ու քարոզեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագի աւարտին սրբազան հայրը օծեց Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին սրբապատկերը` բարերարութեամբ Միւռօ եւ Քրիստին Ունճեան, տոքթ. Միշէլ եւ Սոնիա Նալպանտեան եւ տոքթ. Ժագ եւ Ռոզեթ Խուրի ամոլներուն:
Սրբազան հայրը գնահատեց եկեղեցւոյ հովիւ Ներսէս Ա. քհնյ. Մանուկեանի նախանձախնդրութիւնը եւ նուիրատուներու քաջալերանքը` ի պայծառութիւն եկեղեցւոյ, եւ հրաւիրեց, որ հաւատացեալներու կեանքին մէջ միշտ ներկայ ըլլան Հայ եկեղեցւոյ սուրբ հայրերը, մանաւանդ` Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետը, որուն «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքը առօրեայի 24 ժամերու ընկերակիցն է:
Իզապէլ Պայրագտարեան Կը Հրապարակէ Հայկական Մանկական Երգեր
Լիբանան ծնած, քանատացի-ամերիկաբնակ սոփրանօ Իզապէլ Պայրագտարեան վերջերս հրապարակեց հայկական մանկական երգերու նոր ձայնագրութիւն մը, «Armenian Songs for Children»:
Անձնական ծրագիր մըն է, որով Իզապէլ յարգանքի տուրք կը մատուցէ իր ազգային ժառանգութեան եւ կ՛ընտրէ հոգեցունց ու յուզիչ օրօրերգերու փունջ մը ` քաղուած հայ ժողովուրդի յիշողութիւններէն եւ փորձութիւններէն: 29 երգերը կը բովանդակեն պատմական Հայաստանի, Օսմանեան կայսրութեան, Ցեղասպանութեան եւ հետագայ տարիներու ժամանակաշրջանը : Այս ձայնագրութիւնը կը բովանդակէ երգեր ու մշակումներ` հայութեան կողմէ շատ սիրուած, ժողովրդական երգերու երաժիշտ- բանահաւաք Կոմիտաս վարդապետի եւ իր երկու աշակերտներու` Բարսեղ Կանաչեանի եւ Կանաչեանի ժամանակակից Միհրան Թումաճեանի երգերը:
Փառաբանուած իր երաժշտական գիտելիքներու, ճոխ ձայնի, տպաւորիչ եւ զգայուն ելեւէջներու տիրապետութեան համար Իզապէլ երախտագիտութեամբ կը պատմէ երգերու այս հաւաքածոյի ուսումնասիրութեան եւ մշակման գործնթացին մասին, որոնցմէ շատերը անտեսուած էին, կամ` անհոգութեան մատնուած, իսկ բազմաթիւ երգեր անձնապէս ինք կ՛երգէր` որպէս աղջնակ մը, նախակրթարանի տարիներուն:
Պայրագտարեան նկատել տուաւ, որ այդ երգերը իրեն ցոյց տուած են, որ երաժշտութիւնը իսկապէս ուժ ունի անցեալն ու ապագան կամրջելու եւ ձայն տալու այն ձայներուն, որոնք վաղաժամ լռութեան մատնուեցան` ցեղային, ազգային եւ կրօնական դաւանանքի պատկանելութեան պատճառներով, աւելցնելով, որ չկայ կեանքի եւ գոյատեւման աւելի լաւ տօնակատարութիւն, քան` երգ կամ մեղեդի երգելը:
Իզապէլին համար այս երգերու հաւաքածոյի սերմերը ցանուած էին իր մէջ, երբ ան դեռ շատ փոքր էր: Աղօթքները, օրօրերգերն ու մանկական երգերը, որոնք մայրը կ՛երգէր իրեն համար, անցեալին կ՛երգուէին Ատանայի, Սեբաստիոյ, Կեսարիոյ, Ակնի, Տիգրանակերտի, Վանի, Խարբերդի եւ Անիի մէջ ու կը փոխանցուէին սերունդէ սերունդ` ի վերջոյ հասնելով իր մեծ մեծ մօրը` Իզապէլ Սէրայտարեանին, մեծ մօրը` Մարիին, երկուքն ալ վերապրողներ` Հայոց ցեղասպանութենէն եւ զանգուածային տեղահանութիւններէ, իր մօրը, որ այս երգերը կ՛երգէր իր զաւակներուն, իսկ Իզապէլ այսօր շարունակելով այս աւանդութիւնը կ՛երգէ իր զաւակներուն:
Քանատա
Արցախեան Պատերազմին Նահատակ 40 Զինուորներու Ընտանիքներուն Օժանդակութիւն Ի Յիշատակ Հանգուցեալ Վրէժ Չաթալեանի
Հովանաւորութեամբ Քանատայի հայոց թեմիս առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, առաջնորդարանի Ազգային վարչութեան անդամ ու բարերար Նազար Չաթալեան ութ հազար ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեց իր հօր` հանգուցեալ Վրէժ Չաթալեանի յիշատակին, որ բաշխուեցաւ արցախեան պատերազմին նահատակուած 40 զինծառայողներու ընտանիքներուն:
Նշենք, որ հանգուցեալ Վրէժ Չաթալեանը եւս բարերար էր եւ յայտնի լուսանկարիչ, որ ՀՄԸՄ-ի ճամբով իր հայրենանուէր ծառայութեամբ արժանացաւ բազմաթիւ գնահատագրերու: Ան իր մահկանացուն կնքեց 9 նոյեմբեր 2021-ին, Ալմելոյի մէջ, Հոլանտա:
Իր խօսքին մէջ սրբազան հայրը գնահատեց թեմի բարերար Նազար Չաթալեանին ջանքերը` նշելով, որ մեր նահատակ զինուորները իրենց կեանքերը ընծայեցին հայրենիքի պաշտպանութեան համար, իսկ մենք պարտաւոր ենք օժանդակել անոնց որբացած ու անտէր ընտանիքներուն, որպէսզի հեղ մը ամոքենք անոնց վշտացած սրտերը եւ յոյսի նշոյլ մը պարգեւենք անոնց զաւակներուն:
Ուքրանիա
Ս. Աստուածածին Եկեղեցին` Լվովի Ամենայայտնի Կրօնական Շինութիւններու Ցանկին Մէջ
Զբօսաշրջիկներու շրջանին մէջ Լվովի ամենայայտնի կրօնական շինութիւններու ցանկին մէջն է նաեւ Ս. Աստուածածին հայկական եկեղեցին:
Լվովի եկեղեցիները, Ուքրանիոյ այլ քաղաքներու եկեղեցիներու շարքին, ակնյայտօրէն առանձնայատուկ են իրենց գեղեցկութեամբ եւ վեհութեամբ:
Novini.LIVE վարկանիին մէջ նշուած են զբօսաշրջիկներու շրջանին մէջ ամենայայտնի հոգեւոր վայրերը:
Ս. Աստուածածնի վերափոխման հայկական եկեղեցի Լվովի ամենահին կրօնական ճարտարապետական յուշարձաններէն է: Ան Լվովի պատմական կեդրոնի` հին քաղաքի ճարտարապետական յուշարձաններու մասն է: Եկեղեցի ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ:
Եկեղեցիներու կառուցումը, նոյնականացումը, վերականգնումն ու պահպանումը Ուքրանիոյ մէջ հայկական սփիւռքի հիմնական գործունէութիւններէն է: Ուքրանիոյ հայերու միութեան նախագահ Վիլեն Շատւորեան յայտնած է, որ հայկական աւանդոյթներով եկեղեցին ոչ միայն հոգեւոր կեդրոն է, այլ նաեւ` մշակութային կեդրոն: